ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Սիմոն Վրացեանին ընտանիքը Նոր Սալա` իրենց գիւղը կը վերադառնայ, ուր Սիմոն թեմական վարժարանը կը յաճախէ, եւ այնտեղ դասընկերոջ մը հրաւէրով կուսակցական կը դառնայ: Սակայն, առաջին անգամ ժողովատեղիին հասցէն սխալելով, փոխանակ հնչակեան գործիչին դուռը զարնելու` դաշնակցականին դուռը կը զարնէ, հոն ալ կը մնայ եւ այդպիսով դաշնակցական կը դառնայ: Եթէ ռուսական Տիմաշովկա գիւղը մնային, Սիմոն իր պատանեկութեան երկուստեք առաջին սիրոյն` ռուս Մարիային հետ պիտի ամուսնանար, եւ իր կեանքը բոլորովին այլ ընթացք կրնար ունենալ (1):

Թեմական վարժարանը աւարտելուն առիթով, իր ուսուցիչին` տեսուչի օգնական Վահան Քիրլեանի ճիգերուն շնորհիւ, Վրացեան երկրորդական ուսման համար շուրջ 1200 քմ. հարաւ` Էջմիածինի Գէորգեան ճեմարանը կը ղրկուի` իբրեւ գիշերօթիկ աշակերտ եւ ապագայ կղերական: Քիրլեանի կարգադրութեամբ նաեւ, Սիմոն նախ տեղւոյն Գէորգ Չէօրէքճեան սարկաւագին քով (ապագայ կաթողիկոս) ճեմարանի համար նախապատրաստական դասերու կը հետեւի:
Ահաւասիկ` Սիմոնը յանձնառու հայ պահող ազդակներուն շղթան. նախ` ազգային աւանդապաշտ եւ եկեղեցասէր ծնողքը, ապա դպրոցը, ապա իր պատանեկութենէն սկսեալ կուսակցական պատրաստութիւնը եւ վերջապէս` աշակերտին ունակութիւնները քաջալերող եւ ուղղորդող հայ ուսուցիչը: Տուն, Եկեղեցի, Դպրոց եւ Ակումբ` ՏԵԴԱ (շարքը կարեւոր չէ, պարզապէս աւելի լաւ կը հնչէ): Վրացեան իր ետին թողուց պատմական եւ յուշագրական արժէքաւոր գիրքեր, որոնց գումարը քանի մը հազար տպագիր էջերէ կը բաղկանայ, նաեւ իբրեւ զանազան օրաթերթերու խմբագիր եւ աշխատակից` բազմահարիւր յօդուածներ գրած է, երբեմն` առօրեայ դրութեամբ:
Նոր Սալայի եւ ցարական Ռուսիոյ տիրապետութեան տակ գտնուող հայկական եկեղեցիներուն եւ դպրոցներուն այս դրութիւնը, սակայն, երկրորդ անգամ մեծ հարուած կը ստանայ, երբ 3 յուլիս 1916-ի որոշումով, փոխարքայ Նիքոլայ Նիքոլայեւիչը Կովկասի շրջանը կը վերածէ հայութեան դէմ բռնակալութեան` ռուսացումի քաղաքականութիւն պարտադրելով (2): Առաջինը1885-ին էր, երբ Կովկասի փոխարքայ Ալեքսանտր Տոնտուքով Քորսաքով հրամայեց փակել բոլոր հայկական թեմական վարժարանները, փոխարինելով զանոնք ռուսական վարժարաններով: Թէեւ յաջորդ տարի վերաբացուեցան հայկական վարժարանները` սակայն կը քաջալերուէր ուսուցանել ռուսերէնը` հայերէնի փոխարէն: Այլ դրսեւորում էր նաեւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ կալուածներուն բռնագրաւումը ու որեւէ հայկական ազգային երեւոյթներուն եւ կուսակցութիւններուն դէմ հալածանքը (3):
Ուրեմն, Վրացեանին ընտանիքը եւ իրենց նման ցարական ռուսական տիրապետութեան շրջանի հայերը, արդէն 1885-էն ետք, հակառակ պետական սեղմումներուն եւ հալածանքին` պահեցի՛ն հայ ազգային եկեղեցին, դպրոցը եւ մշակոյթը` ՏԵԴԱ-ն: Ակումբ ըսելով` կը հասկնանք հայ ազգային, մշակութային, բարեսիրական, մարզական, հայրենակցական, տոհմիկ, քաղաքական-կուսակցական, ընկերային, տիկնանց եւ այլն հայերու հաւաքավայրը:
1917-էն սկսեալ պոլշեւիկեան յեղափոխութիւնը եկաւ ջնջելու ազգային պատկանելիութիւնները, եկեղեցին ու կրօնը եւ իրենցմէ զատ` միւսներուն կուսակցութիւնները: Իսկ Հայաստանի խորհրդայնացումով փորձանքներուն վրայ աղէտ մը եւս աւելցաւ. անոնք աղաւաղեցին հայոց լեզուն ստեղծելով նոր ուղղագրութիւն մը, որպէսզի նոր սերունդը դժուարութիւն ունենայ անցեալին հետ կապ պահելու` հայոց պատմութիւնն ու գրականութիւնը կարդալու, իւրացնելու, եւ մանաւանդ` բաժանում մը ստեղծելու խորհրդային միութենէն դուրս ապրող «ազատ աշխարհի» հայութեան հետ:
Համայնավարները եկեղեցիները փակեցին կամ քանդեցին: Վրացեանին տեսածներէն, 1792-ին բացուած, Նոր Նախիջեւանի Ս. Խաչ եկեղեցին փակ մնալէ ետք, 1972-ին թանգարանի վերածեցին եւ միայն 2000-ին, իբրեւ եկեղեցի, համայնքին վերադարձուցին: Իսկ պատմական Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, որ 1965-ին համայնավարներուն կողմէ քանդուած էր, շնորհիւ ռուսահայ Կարապետեան եւ Ղազարեան ընտանիքներու բարերարութեան` նոյն վայրին մէջ Ս. Յարութիւն եկեղեցին կը կառուցուի, որուն օծումը տեղի կ՛ունենայ 29 մայիս 2011-ին: Եւ ինչպէս նախորդ մասով տեսանք, այս եկեղեցւոյ կից կը բացուի դպրոց եւ հայկական մշակութային ակումբ` «Հայորդեաց տուն»: Ուրեմն ՏԵԴԱ-ն սկսած է վերականգնիլ Ռոստովի այժմու համայնքին մէջ: Սակայն յստակ չէ, թէ այս աշակերտները Հայաստանէն նոր գաղթողներո՞ւ զաւակներն են, թէ՞ խառն, բնիկներու եւ նորերու: Կը յուսանք, որ այս օրինակը նախկին խորհրդային բոլոր հայկական համայնքներուն համար վարակիչ կը դառնայ թէ՛ բնիկներուն եւ թէ՛ ալ նորերուն:

Հայրս (1912-1990) Հալէպի գաղթականներու հիւղաւանին մէջ պատանի տարիքին, սնունդի պակասին պատճառով, երկու տարի անկողինի ծառայելէ եւ մահամերձ վիճակէն ապաքինելէ ետք, հիւղաւանին մօտակայ, «Թելսիզ թելեֆոն» կոչուած դաշտին մէջ կը միանայ իրեն նման ոսկերիչ աշկերտներու թաղային «Համազասպ» ֆութպոլի խումբին, որ «դաշնակցականներուն» խումբը կը նկատուէր: Հակառակ մօրեղբօրը բողոքին` իր հօր եւ մօրն իսկ հրահանգով, հայրս ոչ թէ միայն կը մնայ ֆութպոլի այս խումբին մէջ, այլեւ մօրեղբօր բողոքի օրն իսկ կ՛անդամակցի դաշնակցական պատանեկան միութեան եւ այդպէս ալ կը մնայ մինչեւ կեանքին վերջը: Մեծ մայրս` Արաքսի Չէքիճեան, եկեղեցասէր ու հաւատացեալ էր, ան միսիոնարուհի Աննա Հետուիկ Պուհլի (Anna Hedwig Buhl) օգնականներէն` «Մայրիկ»-ն էր, տես`(4), (5):
Հայրս հայկական մանկապարտէզը եւ նախակրթարանի քանի մը տարիները Այնթապի մէջ անցընելէ ետք, ուր ամէն առաւօտ պարտադիր թրքերէն եւ թրքական «հայրենասիրական» երգեր կ’երգէին, Հալէպի Ալէփփօ քոլեճին մէջ միջնակարգ ուսում կը ստանայ, ապա կը մտնէ գործի ասպարէզ: 1929-ին, արդէն 17 տարեկանին, ոսկերչական նուրբ գործեր (չիֆթի` ունելիի գործ) կ’արտադրէր` արծաթէ թելերով թիթեռնիկներու եւ այլ տեսքով զարդասեղներ շինելով: Ինքնուսուցումով մանտոլին եւ ջութակ կը նուագէր նաեւ, որեւէ այլ լարային նուագարան` կիթառ եւ այլն կրնար նուագել:
Անյագ ընթերցասիրութեամբ յեղափոխական գրականութիւն, վէպեր, «Ազդակ», «Դրօշակ» եւ այլ գրական պարբերաթերթեր կարդալով` բաւական լաւ հայերէն գրելու եւ շարադրելու մակարդակ ունեցաւ եւ 1975-էն սկսեալ, ձեռագիր հազար էջէ աւելի իր յուշերը գրեց: Այս յուշերէն` Այնթապի մասին գրածներէն փոքր մաս մը լոյս տեսաւ «Նոր Այնթապ» պարբերականի, ութ թիւերուն մէջ (1980-1992): 1960-ական տարիներուն «Ազդակ»-ին մէջ ալ գրութիւններ ունի, «Լիբանանցի» ծածկանունով, որոնցմէ երկրորդին խորագիրն է` «Խապրիկներ խորհրդային երկիրներէն»:

Ահաւասիկ հօրս յանձնառու հայ մնալու պարագային ալ ՏԵԴԱ-ն գործօն դեր ունեցած էր, ուր Վրացեանին նման` մայրն էր մղիչ ուժը: Սակայն, կարեւոր տարբերութեամբ մը: Իրենց հայ ըլլալուն պատճառով ցեղասպանութեան ենթարկուած, հրաշքով փրկուած ու թուրք կառավարութեան եւ թուրքերուն վայրագութիւնն ու թալանը տեսած, դրացիներուն եւ ազգականներուն դաժան սպանութիւնը տեսած ու իրենց տուներէն եւ քաղաքներէն բռնի կերպով տեղահանուած գաղթականներուն հայկական ինքնութիւն քարոզելը ուղղակի անհեթեթութիւն պիտի ըլլար: Այս վերապրող սերունդին հայ ազգային պատկանելիութիւնը երբե՛ք վտանգուած չէր:
Խիստ կարեւոր էր, որ աշխարհի տարածքին, մինչեւ Չինաստան եւ Ամերիկաները հասած, ցիրուցան այս պարտադիր գաղթական դարձած ժողովուրդը պէտք էր հաւաքուէր, խնամք ստանար ու կազմակերպուէր` իբրեւ հայկական սփիւռք, հայ մնալու` պատմական ժառանգութիւնով, լեզուով, մշակոյթով` երգով, պարով, երաժշտութիւնով, խոհանոցով, աւանդութիւններով եւ հաւատքով` մի՛շտ նպատակ ունենալով վերատիրանալ իրենցմէ բռնի կերպով խլուած Արեւմտահայաստանին, գիւղերուն, քաղաքներուն, տուներուն ու կալուածներուն:
Ահա հոս է, որ զանազան մակարդակներու վրայ, հայկական կուսակցութիւններուն կողքին, նաեւ հայկական ինքնաբուխ իրերօգնութեան կազմակերպական մեքենան սկսաւ աշխատիլ, որպէսզի այս նոր գաղթավայրերուն մէջ ՏԵԴԱ-ներ ստեղծուին: Ինչպէս Ա. մասին մէջ տեսանք, Չինաստանի պարագային, նախ «հայկական կոմիտէներ» կազմուեցան, որոնք բնազդաբար եկեղեցի ունեցան, որուն համար դպրաց դաս ունեցան, դպրոց եւ երգչախումբ յառաջացուցին, հաւաքուեցան ու իրարու տէր կանգնեցան եւ հայկական այլ համայնքներու հետ կապ հաստատեցին, որպէսզի իբրեւ հայ ապրին, եւ մեր ազգը գոյատեւէ:
Առիթը չեմ ունեցած Վրացեանին հանդիպելու, սակայն վերոնշեալ բոլոր յուշերը, գիրքերը եւ մամուլին մէջ` 1918-1922, շատ մը գրած յօդուածները կարդալով` անոր ծանօթացած եմ, իսկ երկրորդը արդէն հայրս էր: Սփիւռքահայու երկու տեսակ` իրարմէ շուրջ 2500 քմ հեռու եւ իրարմէ շուրջ 30 տարի տարբերութեամբ ծնած, այս երկու տարբեր օրինակները ցուցանիշներ ունին, որոնք կ՛օգնեն հասկնալու եւ ծրագրելու սփիւռքի մէջ հայ մնալու լաւագոյն ընթացքը: Նշենք կարգ մը երեւոյթները.
1.- Երկուքն ալ ազատ, անկախ Հայաստանի մէջ ծնած չէին, բայց իբրեւ հայ մեծցան ու ապրեցան:
2.- Երկուքն ալ, հակառակ հայկականութեան դէմ պետական-վարչական հալածանքի, հայ դպրոց յաճախեցին եւ հայեցի կրթութիւն ստացան:
3.- Երկուքին ծնողներն էին, որոնք դէպի հայ վարժարան եւ, հօրս պարագային, հայկական կուսակցութեան անդամակցութեան մղեցին:
4.- Երկուքն ալ պատանի տարիքին հայ կազմակերպութեան մը` կուսակցութեան անդամակցած էին, այս պարագային` ՀՅԴ:
Սփիւռքահայութեան մասին մասնագիտական հարցախոյզեր եւ գիտական ուսումնասիրութիւններ կատարուած են, որոնցմէ է վարժարանի դասընկերոջս եւ երբեմնի թաղեցիս` դոկտ. Յակոբ Տէր Կարապետեանին ուսումնասիրութիւնները եւ գիրքը (անգլերէն) «Հայկական ցեղային ինքնութիւնը իր բնաբանին մէջ` ընդհանուր եւ ընկերային-հոգեբանական դիտանկիւնէն» (6) եւ «Հայկական Սփիւռքի Հարցախոյզ» 2018 եւ 2019 ծրագիրները, եւ այլ ուսումնասիրութիւններ, որոնց յաջորդիւ անդրադարձ պիտի կատարուի:
22 մարտ 2022
(Շար. 4/5)
- «Կեանքի ուղիներով», Սիմոն Վրացեան, Ա. հատոր, երրորդ տպագրութիւն, Համազգայինի «Վահէ Սեթեան» տպարան, 2007, Պէյրութ, էջ 8-63:
- «Հայաստանի Հանրապետութիւն», Սիմոն Վրացեան, Բ. տպ. Պէյրութ, 1958, տպարան «Մշակ», «Զինադադար եւ «Մութ ձեռքի» աշխատանքը Կովկասում» գլուխ, էջ 63:
- https://en.wikipedia.org/wiki/Russian_Armenia
- https://haroutchekijian.wordpress.com/2019/04/24/մարդասէր-միսիոնարուհի-աննա-հետուիկ-պ/
- «ԱԶԴԱԿ» Բացառիկ, 24 Ապրիլ, 2019:
- «Armenian Ethnic Identity in Context: Empirical and Psychosocial Perspective», ? Haigazian University Press, Beirut, January 1, 2018, pp 269.
- https://www.armeniandiasporasurvey.com/