«Եռաբլուրէն… Դէպի Ապագայ»
ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Մայիս ամսուն 25-ն է, արդէն Երեւան հասած ենք` մասնակից ըլլալու Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Պատգամաւորական ժողովին: Նախքան ժողովի պաշտօնական բացումը, առաւօտեան ժամը 9:00-ին պատգամաւորներս կը տեղաւորուինք մարդատար ինքնաշարժներուն մէջ ու կ’ուղղուինք Եռաբլուր` նահատակներու «բնակավայր»: «Զուարթնոց» օդակայանէն Երեւան ճանապարհին, մեր հայեացքները, առանց փնտռտուքի, կ’իյնան նահատակներու շիրիմներուն հովանի ընող Հայաստանի ու փոքր մասամբ Արցախի հանրապետութիւններու եռագոյն դրօշներով...


















