Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սփիւռք` Շատերու «Ծանօթ» Եւ Նոյնքան Ալ «Անծանօթ»

Յունիս 14, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Անմեղ հարցում մը. արդեօ՞ք օր մը դուք ձեզի եւ կամ հեռու-մօտիկ հայրենիքի ձեր բարեկամներէն մէկուն հարցուցած էք, թէ իրեն համար ի՞նչ կը նշանակէ սփիւռք, եւ կամ արդեօ՞ք ծանօթ է սփիւռք կոչուած բառին եւ անոր ետին թաքնուած իմաստ-խորհուրդին:

Պարզապէս` հետաքրքութիւն: Որովհետեւ կը կարծեմ, որ շա՜տ շատեր, երբ սփիւռք բառը լսեն, անպայման «տոլարը» իրենց աչքին առջեւ կը պարզուի: Առանց վիրաւորանքի ըսեմ, որ նման մօտեցում միշտ նկատած եմ հայրենի պատասխանատուներու մօտ: Որովհետեւ տեսնուած է, որ տասնամեակներէ ի վեր սփիւռք կոչուածը իրենց համար ուրիշ բան չէ եղած, եթէ ոչ` Երեւանի հրապարակը «սարքողը», կամ արցախեան հողաշերտի մը վրայ անձնապէս վար ու ցան «ընող» մը, եւ կամ շրջանի մը կամ մարզի մը մէջ նոր շէնք, տուներ, խանութներ եւ կամ գինիի նոր գործարան մը «բացողը» եւ, աւելի՛ն, սահմանամերձ եւ կամ մօտիկ գիւղերէն մէկուն դպրոցի մը, մանկապարտէզի մը կամ փողոցի մը նորոգութիւնները եւ շինարարական աշխատանքները նիւթապէս հովանաւորող բարերարը: Այլ խօսքով` իր տոլարներով ներդրում «ընող» հայը:

Աստուած տայ, որ այս մատնանշումներուս մէջ սխալած ըլլամ: Բայց եւ այնպէս, հակառակ սփիւռքի եւ կամ սփիւռքահայուն ներքին տագնապներուն, հարցերուն, դժուարութիւններուն եւ կեանքի գոյատեւման սպառնացող «վտանգներուն», նման բարեսիրական աշխատանքներն ու սրտաբուխ ներդրումները, հայրենիքը շէնցնելու եւ ձեւով մը անոր ծրագիրներու իրականացման օգտակար դառնալու այս քայլերը միշտ եւ մեծապէս գնահատելի եւ նոյնքան ալ օրինակելի նկատուած են:

Բայց «դրամը երկու կողմ ունի» ըսած են մեր մեծերը: Ճիշդ են: Ուստի, իմ կարծիքով, այս բոլորին ետին սփիւռքի մէջ անպայման կայ եւ ըլլալու է դրական խթան-մղում մը, որ թէեւ տեսանելի չէ եւ սակայն ծնած է անոր մտքին ու հոգիին մէջ բոյն դրած հայրենասիրական ոգիէն:

Սփիւռք. պատի՛ւ իրեն, ան միշտ իր ներսիդին ունեցած է եւ տակաւին ունի հայկականութիւն կոչուած տագնապը: Տասնամեակներ հեռու մնալով հայրենի հողէն եւ ջուրէն` արդէն օտար արեւներ անցած են անոր մազերէն: Ու եթէ զինք քիչ մը աւելի մօտէն դիտելու ըլլանք, իր աչքերէն կարելի պիտի ըլլայ կարդալ իր հայու հոգին ու սիրտը, որովհետեւ ի՛նք միշտ փորձած է հայութեան հրապարակէն չհեռանալ եւ նոյնիսկ հայ կեանքը իրեն համար դարձնել իբր մեծ հանք, ուրկէ կրնայ պեղել անհատնում սէրն ու գիտակցութիւնը` հանդէպ հայրենիքին եւ հայութեան:

Տարիներ շարունակ ան երկար լռութեամբ խօսած է: Նոյնիսկ հայրենիքէն ներս առանց դիրք եւ պաշտօն ունենալու` նուիրաբերած: Հաւատացէ՛ք, այնքան ներուժ ու տրոփում ունի իր սիրտը, որ նոյնիսկ իրեն հետ խօսիլն ու շաղուիլը հոգեկան վայելքի պահեր կ՛ապահովեն դիմացինին:

Արդ, այս բոլորէն ետք, չէ՞ք կարծեր, որ ժամանակը եկած է, որ ինքն ալ մուտք գործէ հայրենի մտածումին, ծրագրումներուն եւ վերականգնումի աշխատանքներուն մէջ: Մէկ խօսքով, սփիւռքը իրապէս եւ անշահախնդիր կապել Հայաստանին, մասնակից դարձնելով անոր ներքին եւ արտաքին ծրագրումներուն, գործունէութեան: Վերջապէս, ինքն ալ ըլլայ մնայուն եւ գործօն ներկայութիւն մը` իր իսկ հարազատ հայրենիքէն ներս, որովհետեւ կը հաւատանք, որ տասնամեակներու վրայ արտերկրի մէջ իր ձեռք ձգած փորձառութիւնը նոր շունչ եւ ոգի կրնայ տալ եւ բերել հայրենի քաղաքական, տնտեսական, ընկերային կեանքին ու ոլորտին: Աւելի մօտէն փորձեցէ՛ք զինք դիտել եւ պիտի ականատես ըլլաք, որ ան միշտ տառապած է յատկապէս հայրենի ցաւերով: Անկասկա՛ծ: Ո՛չ ոք կրնայ ուրանալ:

Ան նաեւ ունի կանաչ երեւակայութիւն: Տաք շունչ եւ ուժ: Ու ամէն առիթով «հասած» է իր հայրենիքին ու նոյնիսկ ողբացած` հայու կորսուած աշխարհին: Անարդարութեան դէմ հրապարակային բողոքած է: Արդարութիւնը փնտռած եւ միշտ դիմած է առ որ անկ է: Յանուն հայրենի շահերուն ու անոր հողերու պաշտպանութեան` կռուած ու իր արիւնը թափած է: Միշտ հաւատացած է հայրենիքի վաղուան արեւին: Իր պայքարի զէնքը եղած է հայու իր ոգին, իր լեզուն եւ այս մոլորակին վրայ ազատ ու անկախ ապրելու իր կամքը: Հաւատացած է, որ ինք մեծ դեր ունի խաղալիք հայրենի աշխարհէն ներս: Այս մէկուն գիտակցիլ է պէտք: Ներկայ ազատ եւ անկախ հայրենիքը ինք տասնամեակներով երազած է եւ իր յաջորդ սերունդները այդ ոգիով դաստիարակած: Կամքով եւ ոգիով եղած է ուժեղ, որովհետեւ իր հոգեկան սնունդը Արարատէն առած է: Եթէ մօտէն հետեւինք հայ սփիւռքի ամէնօրեայ հեւքերուն, մտահոգութիւններուն եւ մանաւանդ մաշումին, այն ժամանակ միայն կրնանք հասկնալ, թէ տակաւին դամոկլեան սուրի նման անոր գլխուն կախուած է տխուր եւ վշտալի իրականութիւնը: Եզրակացութիւն` վտանգը բացայայտ է: Բայց… բայց միշտ հայրենիքին ծառայելու ոգին ամուր եւ անխախտ պահած է իր մէջ: Ուրեմն պէտք չէ թերագնահատել իր ուժերն ու զգացումները, իր կարողութիւններն ու ծրագրումները: Զինք լաւապէս ճանչնալու համար ամէնէն առաջ պէտք է մտնել իր հայու մորթին տակ: Անոր սրտին հասնելու համար նախապայման է անոր արիւնին հետ հոսիլ, որովհետեւ ան կը հաւատայ, որ օր մը պիտի գայ ժամանակը, երբ իրեն հետ միատեղ շինարար ձեռքեր պիտի շարժին նորակերտելու հայրենի ՏՈՒՆԸ:

Ու այս մէկը իրականացնելու համար նոր ներգաղթ մը կազմակերպելու հեռանկարը պէտք է որ ունենան հայրենի իշխանութիւնները: Տակաւին ուշ չէ: Այս մէկը կ՛ենթադրէ ունենալ քաղաքական միտք եւ հասունութիւն: Թէեւ տառապանքի, սարսափի, մտահոգութեան եւ դառնութեան ու անստուգութեան ճիրաններուն մէջ ակօսած է իր դէմքը, թէեւ միշտ ձուլման վտանգով ապրած է, սակայն սփիւռքը մեծապէս հաւատացողն է հայրենիքի վաղուան լոյսին եւ արեւին: Ուստի կը կարծեմ, որ իրեն առիթ պէտք է տրուի հայրենիքէն ներս բոլորին հետ  ձեռք-ձեռքի քալելու եւ ապրելու` իբրեւ մէկ հայութիւն:

Արդ, նաեւ յիշենք, որ մենք ազգովին տառապած ժողովուրդ եղած ենք: Հոգիով լեցուն ժողովուրդ, եթէ կ՛ուզէք: Մեր ճակատագիրը մեր պատմութիւնն է: Նաեւ յիշենք, որ այս հոգեպէս «տառապեալ» սփիւռքը կը հաւատայ, որ միասնաբար եւ մէկ յարկի տակ կարելի պիտի ըլլայ հայրենիքը ծրագրուած եւ համախորհուրդ «նորոգել» եւ «վերանորոգել»: Այս բոլորին իրականացման համար, նոր եւ դրական մտածողութեան պահանջ է պէտք: Ներկայացուած կամ հրամցուած այս կէտ-առաջարկները առարկայական ձեւով ընկալելու պատրաստակամութիւն, բարի կամեցողութիւն է պէտք: Ներկայ բոլորիս ծանօթ եւ հարազատ ու անհաճոյ պայմաններու տակ անյապաղ հարկադրուած ենք միասին ապրելու: Ու հակառակ սփիւռքի բազմազան մտահոգութիւններուն եւ հայապահպանման ամէնօրեայ սուր ու անհաւասար պայքարին, հակառակ ձուլման վտանգին` ան տակաւին յուշ չէ դարձած:

Այսօր Հայաստանը պարտաւոր է սփիւռքահայուն համար ստեղծել ենթահողը, որպէսզի ան կարենայ առաւել ներդրում կատարել Հայաստանի մէջ: Ուստի ժամանակն է բանալու ենթագիտակցութեան կորսուած ծալքերը` տեսնելու համար այս պարզ իրականութիւնը: Ա՛լ կը բաւէ իրարու յոյս ծախենք: Վերջ ի վերջոյ պէտք է գտնել իրականութիւնը: Մտահոգ հայու մը համար լուրջ վախի ստուեր մըն է այս մէկը, որ կարծես սկսած է նշմարելի դառնալ ամէն տեղ:

Ու այս մէկը իբրեւ յանձնառութիւն ընդունիլը քաջութեան համազօր է: Ի սէր Աստուծոյ, 21-րդ դար կ՛ապրինք, գոնէ փորձենք ապրիլ իբրեւ մէկ ամբողջութիւն: Այս ձեւով անկասկած մեր հայրենիքի եւ հայու ապրելու միջուկը պիտի կարենանք բազմացնել եւ զօրացնել: Գէթ ազգովին ըլլանք, ինչ որ այսօրը կը պահանջէ, իբրեւ մէկ բռունցք: Միասին բանանք մեր պատմութեան էջերը եւ միասին նորը գրենք: Վերջ ի վերջոյ բոլորս ալ երազ ունեցող մարդիկ ենք: Ուրեմն բոլորս ալ յատուկ առաքելութիւն մը ունինք: Ու մեր այս մեծ երազը իրականացնելու համար կարիքը ունինք հզօր պետականութեան: Միասնաբար կառուցենք:

Այս բոլորէն ետք եւ անկեղծօրէն ինծի այնպէս կը թուի, թէ հայրենի մեր ժողովուրդին մեծ տոկոսը, դժբախտաբար, ցարդ չէ տեսած սփիւռքահայուն իրական երեւոյթը: Անոր համար սփիւռքի իր հարազատ հայրենքէն ներս անոր ծրագիրներուն եւ որոշումներուն, աշխատանքներու իրականացման իր մասնակցութիւնը անժխտելի անհրաժեշտութիւն նկատած ենք: Սփիւռքը միայն իր նիւթականով կամ ներդրումով  կամ զբօսաշրջիկի տարազով պահելը պատմականօրէն մեծ սխալ է: Ժամանակն է զինք գործնական քայլերով մասնակից դարձնել հայրենիքի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան ոլորտներուն եւ նոյնպէս` երկրի բազմազան ծրագրումներու իրագործումներուն:

Այլ խօսքով, սփիւռքը չզրկել հայրենի մթնոլորտէն: Այս առթիւ լուրջ մտածողութիւն է պէտք: Կարկտան որոշումները չեն ապահովեր վաղուան մեր յոյսը: Փորձենք, սփիւռք եւ հայրենիք, դառնալ մէկ ամբողջութիւն, ոչ միայն բառերով, այլ` գործնական: Թող բոլորով միասին մեր ցեղին աւազանին մէջ վերանորոգենք հայութեամբ ապրելու մեր ցանկութիւնը: Ահա՛ սփիւռքեան երդումն ու սրբազան ուխտը:

bedig43@aol.com

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (13 Յունիս 2022)

Յաջորդը

Կեանքը Տարբեր Է Հոս…

RelatedPosts

Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի
Անդրադարձ

Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի

Մայիս 12, 2025
«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար
Անդրադարձ

«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար

Մայիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Այժմու Աշխարհաքաղաքական Իրավիճակը Հարաւային Կովկասի Մէջ

Մայիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?