Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ` 24 մայիսին Հայաստանի Գիտութեան ազգային ակադեմիայի գրականութեան հիմնարկի դահլիճին մէջ կայացաւ բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր Վարդան Դեւրիկեանի «Վասպուրականի արծիւը հայ գրականութեան անդաստանում» գիրքին շնորհահանդէսը:
Ձեռնարկին խօսք առաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան:
Ստորեւ` անոր խօսքը:
Համազգայինի կողմէ այսօր պաշտօնապէս հանրութեան տրամադրութեան տակ դրուող Վարդան Դեւրիկեանի «Վասպուրականի Արծիւը հայ գրականութեան անդաստանում» հատորը կը հրատարակուի Խրիմեան Հայրիկի ծննդեան 200-ամեակի առիթով: Արդ, Մկրտիչ Խրիմեան ծնած է 1820 թուականի ապրիլի 20-ին Վանի Այգեստան քաղաքամասին մէջ: Յամենայն դէպս հատորը ամիսներէ ի վեր պատրաստ է եւ աւելի քան երկու տարիներու այս յապաղումը ունի իր բազում բանաւոր պատճառները. մարդկութիւնը կրծող համավարակը, համայն հայութիւնը տագնապեցնող հայրենիքի անմխիթար կացութիւնը, Համազգայինի նստավայրի` Լիբանանի պարզած տագնապահար պատկերը, բայց մասնաւորաբար` հեղինակի բազմազբաղութիւնն ու գիրքի պարունակութիւնը տեւապէս հարստացնելու գովելի ու բծախնդիր դրական մարմաջը. ընդունինք նաեւ, որ կամքէ անկախ պատճառներով այս շնորհահանդէսը մէկէ աւելի անգամներ յետաձգուեցաւ: Հրապարակային շնորհակալութիւն կը յայտնենք հեղինակին` իր կատարած մասնագիտական աշխատանքին համար: Ինք ստանձնած է նաեւ պատրաստել այլ երախտաւորի մը` Հայր Ղեւոնդ Ալիշանին վերաբերող հատոր մը նո՛յնպէս անոր ծննդեան 200-ամեակի առիթով: Երկուքն ալ, Խրիմեան ու Ալիշան, իրենց արժանաւոր տեղը ունին հայկական Զարթօնքի ռահվիրաներու փաղանգին մէջ:
Ամէն պարագայի մենք ձեր ներողամտութիւնը կը խնդրենք այսօր ներկայացուող գիրքի տպագրութեան եւ շնորհահանդէսի յապաղումին համար: Պէտք է ըսել նաեւ, որ այս շնորհահանդէսը ծրագրուած էր կատարել Արցախ` Գանձասարի վանքէն ներս, որ յատուկ խորհուրդով կապուած է Խրիմեան Հայրիկի անունին. Արցախը եւ յատկապէս Գանձասարը հայութեան ազատագրական ոգիի կիզակէտներէն են: Անոր եկեղեցին կը կրէ Խրիմեանի աւազանի անունը, իսկ ԺԷ. եւ ԺԸ. դարերու խաչմերուկին այդտեղ եղած կամ ատկէ անցած են նորագոյն ժամանակներու հայ ազատագրական պայքարի նշանաւոր առաջին գործիչներէն` Իսրաէլ Օրի, Յովսէփ Էմին եւ Գանձասարի Եսայի Հասան-Ջալալեան կաթողիկոսը:
Իսկ Խրիմեան Հայրիկ ի՛նքը արդէն դիմադրութեան եւ ազատագրական պայքարի մղիչ հիմնական ուժերէն հանդիսացաւ: Բացայայտ, հրապարակային ու խիզախ կերպով Օսմանեան իշխանութիւններու երեսին նետեց Երկաթէ շերեփի ձեռնոցը, երբ երկաթի հումքը հազիւ նետուած էր դեռ իր ազդելու ջերմաստիճանին չհասած ձուլարանի կրակին մէջ:
«Si vis pacem para bellum». լատիներէնով այս նշանաւոր նախադասութիւնը, «եթէ խաղաղութիւն կ՛ուզես, պատրաստէ՛ պատերազմը», բազմաթիւ անգամներ լսեցինք ու կարդացինք` վերջին տարիներուն մեր հայրենիքի անհեթեթ քաղաքական վիճակը մեկնաբանելով: Խաղաղութիւնը բարի կամեցողութեամբ եւ գեղեցիկ նախադասութիւններով չեն վաստկիր. սովորաբար զայն կը պարտադրեն: Մենք պատերազմի չպատրաստուեցանք, պատերազմը եկաւ, պիտի գար անխուսափելիօրէն. պատերազմին պատրաստ չըլլալով` բնականաբար պարտուեցանք, հազարաւոր զոհեր տալով ու վտանգելով մեր պետութեան գոյութիւնը: Մեր անմիջականօրէն հետագայ կեանքը հարկ է այդ պարտութեան աչքին խորքին նայելով դասաւորել` մտածելով գալիք յաղթանակներուն եւ զանոնք կարելի դարձնող ուղիներուն եւ միջոցներուն մասին:
Ինչպէս այլապէս գիտենք եւ կ՛իմանանք նաեւ այսօր ներկայացուող երկէն, Խրիմեան Հայրիկ ինքնապաշտպանութեան կենսական անհրաժեշտութեան մասին խօսած է «Երկաթէ շերեփ»-էն առաջ` արդէն 1877-ին ծայր առած ռուս-թրքական պատերազմի շրջանին հայկական գաւառներու մէջ տեղի ունեցած հայկական ազգաբնակչութեան դէմ հալածանքներու եւ ջարդերու առիթով: Ան հայութիւնը կը յորդորէ, որ ինքզինք պաշտպանէ, որովհետեւ իշխանութիւնները երբեք պիտի չպաշտպանեն կայսրութեան հայ ազգաբնակչութիւնը. ընդհակառակը` կառավարութիւնը պիտի քաջալերէ նախայարձակ քիւրտերը, որոնք արդէն իշխանութիւններէ՛ն ստացած են հայը կոտորելու եւ հարստահարելու հրահանգը:
Երբ, ռուս-թրքական պատերազմի աւարտէն ետք, Խրիմեան Հայրիկ Պոլսոյ պատրիարքին կողմէ կը գործուղուի Պերլինի վեհաժողով` գլխաւորելով հայկական պատուիրակութիւնը շրջապատին կը հասկցնէ, թէ ինք այդտեղ պիտի խօսի «բոլորին հասկնալի լեզուով` արցունքի լեզուով»: Իսկ Պերլինէն վերադարձին, յուսախաբ ու ձեռնունայն, Մկրտիչ Խրիմեան հրապարակային կերպով կը քարոզէ հայոց պատմութեան անցած «Երկաթէ շերեփ»-ի խօսոյթը, որպէսզի կարելի ըլլայ ստանալ կեանքի եւ ինչքի ապահովութեան անբռնաբարելի տարրական իրաւունքները` պահպանելով հանդերձ ինքնութիւնն ու ինքնուրոյնութիւնը:
Երկաթէ շերեփի յորդորը Խրիմեան Հայրիկի հասարակական գործունէութեան ամէնէն ցցուն դրուագն է թերեւս, բայց անիկա առանձին երեւոյթ չէ: Ան երկաթէ շերեփը կ՛ուզէ գործածել պարզապէս արժանապատիւ խաղաղութիւնը բերելու եւ հաստատելու իր բազմաչարչար ժողովուրդին համար: Քանի անգամներ օսմանեան իշխանութիւններուն կողմէ իր աշխատանքի վայրերէն այլուր տարագրուած է ան գաւառի հայութեան հանդէպ անմարդկային վերաբերումին դէմ բողոքելուն համար: Ան հրաժարած է Կոստանդնուպոլսոյ հայոց պատրիարքի պաշտօնէն` չհանդուրժելով գաւառի հայ ազգաբնակչութեան դէմ կատարուած հարստահարութիւններու եւ այլ մեծ ու փոքր ոճիրներու հանդէպ ցուցաբերուած անտարբերութիւնն ու անգործութիւնը: Ան նպաստած է հայկական գաղտնի կազմակերպութիւններու ստեղծումին գաւառի հայ ազգաբնակչութեան հալածանքներուն դիմադարձելու նպատակով: Մէկ խօսքով` իր գրական արտադրութիւններուն չափ եւ անոնցմէ աւելի` ան ունեցած է խրոխտ հասարակական գործունէութիւն, որ աննկատ չէ անցած օսմանեան իշխանութիւններուն կողմէ. ան պետական որոշումով աքսորուած է իր ժողովուրդէն հեռու` Երուսաղէմ:
Իր հասարակական բեղուն գործունէութեան կողքին` Խրիմեան Հայրիկ փայլուն կերպով զբաղած է նաեւ սերունդներու դաստիարակութեամբ, իբրեւ ժառանգաւորաց դպրոցներու հիմնադիր ու ղեկավար, բայց նաեւ` որպէս հասարակութեան դաստիարակ. «Պապիկ եւ թոռնիկ» երկը միայն նոր սերունդին ուղղուած խրատներ չեն, այլ` հայ հասարակութեան բոլոր խաւերուն:
Կեանքը ցոյց տուաւ, որ մեր հասարակութիւնը աւելի քան երբեք պէտք ունի Խրիմեան Հայրիկի նման հասարակական գործիչներու` հայրենասէր, հաւատաւոր, անհրաժեշտօրէն իրեն պէս որակաւոր ու գործունեայ: Այսօր ժողովուրդ ու պետութիւն զգետնած վերջին պատերազմի, անոր ծագումի եւ արդիւնքի առարկայական քննարկումը տակաւին չէ կատարուած. ատկէ կը խուսափին պարտութեան անմիջական պատասխանատուները, որոնք դժբախտաբար կը շարունակեն իրենց պաշտօնավարութիւնը` արհամարհելով քաղաքական բանականութեան բոլոր սկզբունքները: Այդ պատճառով կը շարունակուի հայոց պետութեան արիւնահոսութիւնը, քանի արիւնահոսութեան հիմնական պատճառը չէ վերցուած: Հայրենիքով եւ սփիւռքներով` ամբողջ ազգ մը երկար ատեն թմբիրի մէջ շուարած մնալէ ետք` այս օրերուն վերջապէս արթննալու վրայ է. մինչեւ վերջերս ցուցաբերուած զանգուածային անտարբերութիւնը ազգը կ՛առաջնորդէր դէպի կործանում:
Վերջին քառասնամեակի ընթացքին հայութեան ելեւէջները հարեւանցի միայն դիտելով կարելի է եզրակացնել, որ խորհրդային ժամանակաշրջանի վերջին տասնամեակին հայրենիքի զանգուածներու ազգային ջիղը աւելի զգայուն էր, քան` անկախութեան հռչակումէն երեսուն տարիներ ետք: Ատիկա կը նշանակէ, թէ ապազգային ուժեր տասնամեակներ շարունակ իրենց քանդիչ գործունէութիւնը անարգել զարգացուցած են Հայաստանի իշխանութիւններու կուրացած աչքերուն տակ: Հայրենիքէն ներս հայութեան ինքնապահպանման բնազդը կարեւոր չափով բթացած էր:
Այս կացութեան հիմնական դարմանը մէկ է: Առանց սպասելու յարմար պայմաններու ստեղծման, ձեռնարկել ազգային դաստիարակութեան վերածաղկումին ո՛չ միայն հանրային կրթութեան մարզէն ներս, այլ առհասարակ հասարակութեան վրայ ժողովրդային համալսարաններու միջոցով եւ զանգուածային լրատուամիջոցներու նպատակասլաց օգտագործումով: Ազատութեան ու փրկութեան առաջնորդող կրթական-դաստիարակչական նոր ծրագիրը կը սպասէ իր հեղինակին:
Խրիմեան Հայրիկի այսօր հանրութեան ներկայացուող հատորը այդ հսկայ ծրագրի մէկ չնչին մասնիկը կը ներկայացնէ միայն:
ՄԿՐՏԻՉ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ
Երեւան, 24 մայիս 2022