Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Անգարան Նոր Ոտնձգութեան Մը Սեմին

Յունիս 10, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Իւրաքանչիւր ազգ իրաւունք ունի պահանջելու պատշաճ վերաբերմունք, ոչ մէկ երկիր պէտք է բռնաբարէ որեւէ այլ երկրի տարածքը»

Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրք
(1881-1938)

Արդեօք սուլթանամէտ Էրտողանը քաջատեղեա՞կ է իր «հօր»` «թուրքերու հօր» Աթաթուրքի այս խօսքին: Իմաստուն խօսք մը, որ վստահաբար մնացած է միայն իբրեւ խօսք, նոյնինքն` իր տիրոջ կողմէ: Հաւանաբար ընթերցողը անպատշաճ նկատէ Աթաթուրքէն նման մէջբերում, սակայն թշնամիին դէմ իր զէնքով կռուելու տրամաբանութիւն մըն ալ կայ:

Բաց աչքերով եւ օր ցերեկով կը տեսնենք, թէ անդին, Էրտողանի համար դիւրին էր բացէ ի բաց եւ խղճի ամենայն հանգստութեամբ (բոլորովին այլ հարց, թէ ան խիղճ հասկացութեան հականիշն է) սպառնալ` Սուրիոյ սահմանին մօտ գտնուող քիւրտերուն. «Մեր համբերութիւնը հատած է: Վերջնական դասաւորումներն ու պատրաստութիւնները կը կատարենք, պիտի անցնինք գործողութեան»:

Ամենայն պարզութեամբ, եւ այդ ալ քանիերո՛րդ անգամն է, որ Էրտողան, ոտնակոխ ընելով ամէնէն տարրական պատշաճութիւնը (Արցախի 44-օրեայ պատերազմին իր ներդրումին մասին խօսիլն ու յիշելը բաւարարէն աւելի է), կրկին պիտի բռնաբարէ դրացի երկրի մը, այս պարագային Սուրիոյ տարածքը:

Այս անգամ տարբեր է «սենարիօ»-ն: Ըստ Էրտողանի, շուրջ 550 մղոն երկարութիւն ունեցող հարաւային սահմանը վտանգաւոր դարձած է` տարածաշրջանին մէջ գործող «քիւրտ ահաբեկիչներ»-ու պատճառով: Հետեւաբար, Անգարա մտադրած է քսան մղոն (30 քմ) լայնքով անվտանգութեան գօտի մը ստեղծել:

Այս նպատակով, խօսակցութիւններ հնչած էին հոկտեմբեր 2019-ին, եւ Անգարա համոզած էր Ուաշինկթընն ու Մոսկուան` վերոյիշեալ խորութեամբ «ահաբեկչութենէ զերծ գօտի» մը ստեղծելու ծրագիրին շուրջ: Այդ ուղղութեամբ ցարդ ոչ մէկ քայլ առնուած էր, եւ ահա, վերջին օրերուն ծրագիրը սկսած է արծարծուիլ` հնչեղութիւն ստանալով:

Այս` «քիւրտ ահաբեկիչներ» եզրն ալ գործածուեցաւ վերջերս Էրտողանի կողմէ, որ բիրտ կերպով դէմ կանգնեցաւ Շուէտի եւ Ֆինլանտայի` ՕԹԱՆ մուտքին` յայտարարելով, թէ անոնք «քիւրտ ահաբեկիչներու ապաստան տուած են»: Ոչ ոք ըսաւ, թէ Էրտողան իր դաշնակիցները շանթաժի ենթարկելու եւ անոնցմէ շահեր ապահովելու նոր խաղաքարտ մը գտած է: Կը յիշէ՞ք գաղթականներու տագնապը…:

Էրտողանի համար Սուրիոյ մէջ գործող քրտական ուժերը կապ ունին Թուրքիոյ մէջ գործող Քիւրտ բանուորական կուսակցութեան (PKK) հետ եւ լուրջ սպառնալիք կը հանդիսանան Թուրքիոյ: Էրտողան կը թուի մոռցած ըլլալ, թէ քրտական այդ ուժերն էին, որ արեւմտեան եւ յատկապէս ամերիկեան ուժերուն հետ գործակցելով` կրցան չէզոքացնել ծայրայեղ իսլամական խալիֆայութեան մը հիմնումը եւ ցայսօր շրջանին մէջ կրցած են կացութեան տէր դառնալ: Զարմանալի չէ, որ կը մոռնայ, որովհետեւ այդ ծայրայեղականները զինողն ու զանոնք շահագործողը… ի՛նք էր:

Նախապէս ալ, թրքական բանակը ամերիկեան բանակին օժանդակութեամբ, թափանցած է Սուրիոյ սահմաններէն ներս, այն պատրուակով, որ… իսլամ ծայրայեղականներու դէմ պայքար կը մղէ: Սակայն այս անգամ տարբեր է իրավիճակը: Անգարայի թիրախը քիւրտերն են, որոնք մնացին Արեւմուտքի ամէնէն վստահելի ուժերը, իրենց իրողական տիրապետութեան տակ առնելով Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան շրջանէն շօշափելի տարածաշրջաններ…:

Ամերիկացի մօտաւորապէս հազար զինուոր կայք հաստատած է այդ շրջանին մէջ. «կանաչ լոյս» մը` Փենթակոնին կողմէ, առիթ պիտի ընծայէ թրքական ներխուժումին, ինչ որ կրնայ ահաւոր կացութիւն մը ստեղծել եւ յատկապէս թեւեր տալ ծայրայեղ իսլամականներուն, որոնք աշխուժացուցած են իրենց գործունէութիւնը:

«Քիւրտ ահաբեկիչներ»-ը չեն միայն Էրտողանի ղեկավարութեան «աքիլլէսի կրունկ»-ը, այլ նաեւ տնտեսական դաժան պայմանները` ապրուստի սղութիւն եւ թրքական լիրայի արժեզրկում:

Նմանօրինակ զինուորական գործողութեան մը պարագային, յստակ է, թէ այդ անվտանգութեան գօտին բաւական մը հարթած կ՛ըլլայ Էրտողանեան  այլ երազի մը` համաթրքականութեան ճամբան, իսկ անկէ քիչ մը աւելի արեւելք, կը տարածուի թրքական թիրախներուն մէկ այլ գօտին` «Զանգեզուրի միջանցք»-ը, որուն իրականացման նպատակով գետնի վրայ հսկայական աշխատանք կը տարուի:

Հետեւութիւններ ընելու դաշտը շատ ընդարձակ է. սա կը թելադրէ, որ կարելի չէ մտահան ընել, թէ Թուրքիա ՕԹԱՆ-ի անդամ է, ու հակառակ Ռուսիոյ հետ բարեկամութիւն խաղալու երեւոյթներուն (նկատի ունենալով նաեւ, որոշ շահերու զուգորդութեան գիծերը), ան հետեւողականօրէն իր շահերը կը հետապնդէ Արեւմուտքին հետ իր զինակցութեան յենելով, իսկ ասդին, Երեւանի հաւկուր վարիչները «խաղաղութեան դարաշրջան» կ’երազեն Թուրքիոյ ու անոր լծակից Ազրպէյճանին հետ, վաղն ալ սահմանազատումի բանակցութիւններու պիտի նստին, չանդրադառնալով (արդեօ՞ք), որ գործնապէս տրամադրութիւն ցոյց կու տան դիւրացնելու համաթուրանականութեան տարածման քայլերը, ամբողջ Արցախն ու Հայաստանէն ալ մասնիկներ «արդէն Ազրպէյճանին կը պատկանէին»-ի պէս «գիւտերով…»:

Նախորդը

Մեծ Երկրի Մը Նախագահին` Իր Ժողովուրդի Բանաստեղծութեան Հատընտիրին Առթած Միտքերով

Յաջորդը

«Ես Եմ, Ես Կա՛մ». 44-Օրեայ Պատերազմի Նահատակներու Ստեղծագործութիւններու Ցուցահանդէս Եւ Համանուն Խորագիրով Գիրքի Շնորհահանդէս

RelatedPosts

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մեծապէս Կը Սխալին
Անդրադարձ

Մեծապէս Կը Սխալին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. «Մեր Ժողովուրդը Ո՞ւր Է…»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?