Անդրադարձ

Ակնարկ.  Առանցքային Դաշնակիցին Ակնկալութիւնները

Ակնարկ. Առանցքային Դաշնակիցին Ակնկալութիւնները

Շուէտի եւ Ֆինլանտայի` ՕԹԱՆ-ին միանալու դէմ Անգարայի վեթոն առեւտուրի դրուած է: Անգարան կը յիշեցնէ իր նախապայմանները վեթոն վերցնելու համար` ճշդել վերաբերում ահաբեկչական կազմակերպութիւններու. մասնաւորաբար` անոնք Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան նկատմամբ իրենց վերաբերմունքը չեն որոշած: Նաեւ յստակացնել իրենց դիրքորոշումը  Ֆաթհուլլա Կիւլենի կազմակերպութեան նկատմամբ, որ մասնաճիւղեր ունի այդ երկիրներուն մէջ: Վեթոյի առաջին յայտարարութեան ոճին եւ նոյնիսկ բովանդակութեան նկատմամբ որոշակի մեղմացում կարելի է նկատել:...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Նշմար. Ճոնսընի Ուսապարկը Ըլլալ Մերժողներ

Ճոնսըն կը տօնէ օրէնքի խախտումը Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Բրիտանիոյ քաղաքական բեմին վրայ մօտաւորապէս տարի մը առաջ լարուած քաղաքական ռումբ մը պայթումի վիճակին հասաւ երկուշաբթի, 6 յունիսին, երբ վարչապետ Պորիս Ճոնսընի Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավարութիւնը` անոր օրինազանցութիւնը աններելի նկատելով, վստահութեան քուէի պահանջ դրաւ: Ի՞նչ օրինազանցութիւն ըրած էր Ճոնսըն: Արդեօք իր համակիրները խորհրդարանին վրայ յարձակումի՞ մղած էր: Արդեօք իր երկրին հողերէն մաս մը թշնամիներո՞ւն...

Երբ Անգլիական Բապը Կը Վերածուի Հայկական Առաջնորդարանի

Երբ Անգլիական Բապը Կը Վերածուի Հայկական Առաջնորդարանի

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ Իւրաքանչիւր երկիր ունի իր մշակութային իւրայատկութիւնը եւ կենցաղը: Կենցաղն ու ապրելակերպ կը հանդիսանան երկրի մը բնութագիրը, պիտակը:  Իւրաքանչիւր երկիր, ուր այցելեմ, կը տեսնեմ այս իւրայատկութիւնները եւ անոր միջոցով մարդոց ապրելակերպը: Ճիշդ-սխալի եւ կամ լաւ-վատի հարց չկայ: Պարզապէս կան աշխարհի մշակութային եւ կենցաղային տարբեր սովորութիւններ եւ արժէքներ, որոնք կը ստեղծեն գունաւոր եւ այլազան պիտակներով մեծ խճանկար մը: Անգլիան...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.   Դաշնակցութեան Գործը Արդա՛ր Է

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Դաշնակցութեան Գործը Արդա՛ր Է

ԱՆԻ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ Երեսփոխանական վերջին ընտրութիւններուն լիբանանահայութիւնը անգամ մը եւս հաստատեց, որ Դաշնակցութիւնը` հակառակ իր դէմ կատարուած դաւադրութիւններուն եւ ցեխարձակումներուն, ճակատագրական այս դժուար փուլէն յաղթական կրնայ դուրս գալ: Լիբանանահայութիւնը մնաց հաւատարիմ իր պաշտած կուսակցութեան` ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ: Իր խոհեմ կեցուածքով լիբանանահայութիւնը յաղթական դուրս եկաւ եւ փաստեց, որ ի՛նք չի դաւաճաներ այն կուսակցութեան, որ 132 տարի շարունակ մնաց ժողովուրդին կողքին, ծառայեց անոր...

Ակնարկ.  Ծովային Սահմանազատումն ու Նախապայմանները

Ակնարկ. Ծովային Սահմանազատումն ու Նախապայմանները

Իսրայէլ երէկ նոր իրավիճակ ստեղծեց Լիբանանի ուղղութեամբ: Կատարուածը ոտնձգութիւն է այն առումով, որ նախքան ծովային սահմանազատում կատարելը, Իսրայէլ վիճելի տարածքներ իրը նկատելով կը ձեռնարկէ հորատման աշխատանքներու: Պաշտօնական Պէյրութի տեսակէտը պարզ է. վիճելի շրջանին մէջ իսրայէլեան որեւէ աշխատանք կամ գործունէութիւն, սադրանք եւ թշնամական արարք է Լիբանանի նկատմամբ: Ընդծովեայ ուժանիւթի շահագործման հանգոյցը միջազգային ընտանիքի արծարծած հիմնահարցերէն մէկն է: Նախապայմանային քաղաքականութեան մէկ կարեւոր...

Գէորգ Նալպանտեանի Յիշատակին

Գէորգ Նալպանտեանի Յիշատակին

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ  «Քորոնա» ժահրի ստեղծած համաճարակային վիճակէն ի վեր լիբանանահայ թատերական կեանքը ցնցումներ ապրեցաւ, բաւական կորուստներ ունեցաւ: Վերջինը եղաւ անցնող շաբաթավերջին, երբ հողին յանձնեցին «Փորձառական թատրոն»-ի, «Գասպար Իփէկեան»-ի եւ «Թէաթրոն» թատերախումբերու վաստակաւոր դերասան Գէորգ Նալպանտեանը: Զոհրապ Եագուպեանի, Վիգէն Ստեփանեանի, Դաւիթ Յակոբեանի, Ռոպերթ Առաքելեանի, Յակոբ Տէր Ղուկասեանի եւ Սուրէն Խտըշեանի բեմադրութիւններուն մասնակցած Գէորգ Նալպանտեանի բեմական ներկայութիւնը իւրայատուկ էր ու տպաւորիչ: Երիտասարդ...

Իշխանութիւններ – Ընդդիմութիւն Վիհը

Իշխանութիւններ – Ընդդիմութիւն Վիհը

Ա. Ա. Հայաստանի իշխանութիւններուն եւ ընդդիմութեան միջեւ տարակարծութիւնները բնաւ լաւատեսութիւն չեն ներշնչեր: Մինչ ազրպէյճանական կողմը վերջին օրերուն իր հռետորաբանութեան դարձեալ թափ տուած է` յայտարարելով, որ Հայաստան պէտք է նոր իրողութիւններուն ճիշդ գնահատականներ տայ, հայաստանեան քաղաքական կեանքին մէջ տիրական է խոր տարակարծութիւնը, ինչ կը վերաբերի Հայաստան - Ազրպէյճան բանակցութիւններուն օրակարգին եւ Արցախի վերջնական կարգավիճակին, որ տագնապին էութիւնն է: Ընդհանուր իրավիճակին լոյսին...

Սթափելու Ժամանակը

Մերժում Անպատիւ Խաղաղութեան

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Ուրբաթ, 3 յունիս 2022-ին պատահեցաւ ինչ որ նախատեսուած էր: Հայաստանի խորհրդարանի ընդդիմադիր երկու խմբաւորումներուն` Հայաստան եւ Պատիւ ունեմ դաշինքներուն կողմէ հրաւիրուած Ազգային ժողովի արտահերթ նիստը տեղի չունեցաւ, մեծամասնութեան չգոյութեան պատճառով: Մեծամասնական իշխող կուսակցութեան պատգամաւորները չներկայացան ժողովին: Ի՞նչ էր ընդդիմութեան նախաձեռնութեան պատճառը: Հայաստան աշխուժօրէն ընդգրկուած է Ազրպէյճանի հետ բանակցային գործընթացի մը մէջ, որուն վերջնական նպատակը խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութիւնն է:...

Ամուսնութիւնը Գերազանցող Յարաբերութիւն. Խալիլ Ժըպրանի Եւ Մերի Հասքըլի Սիրային Սքանչելի Նամակները

Ամուսնութիւնը Գերազանցող Յարաբերութիւն. Խալիլ Ժըպրանի Եւ Մերի Հասքըլի Սիրային Սքանչելի Նամակները

Անգլերէնէ թարգմանեց ԶԱՐՄԻԿ ՉԻԼԱԲՕՇԵԱՆ-ՊՕՂԻԿԵԱՆ 12 փետրուար 1972-ին հրատարակուած է «Սիրուած մարգարէն. Խալիլ Ժըպրանի եւ Մերի Հասքըլի սիրային նամակները եւ Մերիի անձնական ամսագիրը» գիրքը` խմբագրութեամբ Վերժինիա Հիլուի: Գիրքը լուսարձակի տակ կ՛առնէ լիբանանցի խորհրդապաշտ երիտասարդի եւ ամերիկացի տնօրէնուհիի մը յարաբերութիւնները, որոնց անձնական գրառումներն ու նամակները կը բացայայտեն իրենց փոխադարձ, անքակտելի սէրը: Հետագային Մարիա Փոփովայի գրախօսականին մէջ կը կարդանք. Իր մահէն շուրջ դար...

Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը

Քեզի Ի՞նչ…

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Քեզի ի՞նչ... Երկու բառ: Կոպիտ խօսք եւ նոյնքան ալ խիստ ու կոշտ: Պոռթկում, որ վէճի ու վիճաբանութեան դուռ ալ կրնայ բանալ: Թէեւ հոգեբան մը չեմ եւ մանաւանդ շատ հեռու` նման տիտղոսէն, բայց գուշակ ըլլալու կարիք չկայ, որովհետեւ հաւանաբար ձեր խօսակցութիւններու ընթացքին յաճախ դո՛ւք ալ գործածած ըլլաք: Բայց, ուրկէ՞ ո՛ւր յանկարծ նման «բաներ» եկած ու նստած են մտածումներուս բազմազան...

Սփիւռքի Տարի 2022. Լիբանանահայը` Քանատահայ – 1 Կարօտ

Լիբանանահայը` Քանատահայ – 2. Հիւսիսայգ

ՍՈՒՐԷՆ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Վազգէնին հետ յաճախ սուրճ խմելու կ՛երթայինք, եւ ինք միշտ կ՛ուզէր «Էրզ» անունով միջինարեւելեան հսկայ նպարավաճառատան սրճարանի բաժինը երթալ: - Վազգէ՛ն, ա՛լ ձանձրացայ այս սրճարանը գալէն, ի՞նչ համ կ՛առնես` չեմ գիտեր, - ըսի օր մը: - Նայէ՛, երբ որ այս խանութը մտնեմ, արդէն համեմներուն բոյրերը տունս կը յիշեցնեն ինծի: - Աստուծոյ սիրոյն, տունէն դուրս կ՛ելլես, որ տո՞ւնդ յիշես: -...

Մեր Կորուստները.  Իրաքահայ Վաստակաւոր Ազգային Գործիչ Տոքթ. Վեհունի Մինասեան

Մեր Կորուստները. Իրաքահայ Վաստակաւոր Ազգային Գործիչ Տոքթ. Վեհունի Մինասեան

Օրեր առաջ մեզմէ առյաւէտ բաժնուած, իրաքահայ վաստակաւոր գործիչ, բեղուն գրիչի տէր տոքթ. Վեհունի Մինասեան երկար տարիներէ «Ազդակ»-ի հաւատարիմ յօդուածագիրներէն է: Անոր գրութիւններով, յատկապէս Իրաքի գաղութին եւ անոր պատմութեան վերաբերող, հարստացան ոչ միայն «Ազդակ»-ի էջերը, այլ նաեւ իրաքահայութեան պատմութիւնը: Նուազ հետաքրքրական չէ Վ. Մինասեանի «Ուխտի ճանապարհներ» խորագրեալ յօդուածաշարքը, ուր ան կը ներկայացնէ հայութեան համար յատկանշական դեր եւ արժէք ունեցող դէմքերու շիրիմներ...

Հարցազրոյց Պօղոս Սնապեանին Հետ. 1979

Սուրիոյ Հիւսիսի Հայաբնակ Շրջանները

ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Հայոց Մեծ եղեռնէն ճողոպրած ու սուրիական անապատի թրքական սպանդանոցներէն ազատած հայու բեկորները տեղաւորուեցան կառափնատի ճանապարհին վրայ գտնուող շրջաններուն, աւաններուն մէջ: Անոնք սփռուած էին, Սուրիոյ հիւսիսի` Թուրքիոյ սահմանին վրայ գտնուող գօտիին մէջ: Արեւմտեան Հայաստանի արեւելեան շրջաններէն տարհանուածները կը տեղակայուէին ու ապաստան կը գտնէին Սուրիոյ Ռաքքա եւ Հասիչէ նահանգներուն հիւսիսը: Յիշենք անոնցմէ Գամիշլին ու Տէրիքը, Տըրպէսիէն եւ մերձակայ գիւղերը...

Նամականի

Անդրադարձ. «Հայ Մ՛է, Որ Սպաններ Է Թուրք Մը…» (Թուրքիոյ Ի Շահ` Արեւմուտքին Ուղղակի Եւ Անուղղակի Քարոզչութիւնը Նորութիւն Չէ)

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Վերոնշեալ խորագիրով Ֆլորա-Անահիտ «Հայրենիք» ամսաթերթի հոկտեմբեր 1963-ի թիւին մէջ (1) գրած է անզգամ «արեւմուտքցիներուն»` եւրոպացի եւ ամերիկացի, հայերուն հանդէպ վերաբերմունքին մասին հետեւեալ դրուագը. «1918-ի զինադադարէն սկսեալ Պոլսոյ մէջ Որբահաւաք մարմինը լծուած էր տենդոտ գործունէութեան` 1915-ի արհաւիրքէն ողջ մնացած հայ որբերը որոնելու, գտնելու եւ թուրքերու, քիւրտերու քովէն զանոնք փրկելու նուիրական ուխտով: «Որբահաւաքներէն շատերը սրտաճմլիկ պատմութիւններ ունէին, զորս կարելի չէր...

Ակնարկ.   Խորհրդարանի Համապատկեր  Եւ Ընտրութեան Նկատառելի Շարժառիթներ

Ակնարկ. Խորհրդարանի Համապատկեր Եւ Ընտրութեան Նկատառելի Շարժառիթներ

Լիբանանի նորընտիր խորհրդարանը ընտրեց իր նախագահը, փոխնախագահն ու դիւանը: Խորհրդարանական նախկին մեծամասնութեան դիմագիծը պահպանուած է ընդհանրապէս: Խորհրդարանի նախագահի ընտրութեան նախօրեակին խորհրդարանական ընդդիմութեան որոշ շրջանակներու ներկայացուցիչներ շտապեցին յայտարարելու, որ շրջուած է խորհրդարանական մեծամասնութիւնը: Յայտարարութիւնը աւելի քարոզչական բնոյթ ունէր, պարզ այն պատճառով, որ ընտրուած թեկնածուներու պատկանելիութիւններու կամ քաղաքական արեւելումներու ճիշդ հաշուարկը չէր կատարուած: Խնդիրը այս պարագային այն էր, որ համաշխարհային լրատուամիջոցներու ամէնէն...

Վարդան Պետրոսեանի Յարգուած «Խոստում»-ը  Տպաւորեց Լիբանանահայ Հանդիսատեսը

Վարդան Պետրոսեանի Յարգուած «Խոստում»-ը Տպաւորեց Լիբանանահայ Հանդիսատեսը

Ն. Բ. Որքան տպաւորիչ եւ գոհացուցիչ է տաղանդաւոր արուեստագէտ եւ մենակատար Վարդան Պետրոսեանը անգամ մը եւս տեսնել ու ըմբոշխնել Լիբանանի մէջ` «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի բեմին վրայ: Որքան մեծ կարելիութիւն ունի մենակատարութեան այս վարպետը ցաւը, տխուր երեւոյթները, խոցող իրականութիւնները ամենայն անմիջականութեամբ ու դիւրութեամբ հասցնելու սրահը լեցուցած հանդիսատեսներուն, որոնք լարուած կերպով հետեւեցան ներկայացման: Որքան տպաւորիչ է, որ խնդուք լսուէր սրահին մէջ,...

Իսրայէլեան Ուժերը Պաղեստինցի Լրագրող Մը Սպաննեցին

Շիրին Ապու Աքլէ` Ճշմարիտ Խօսքի Ուժը Մարմնաւորողը

ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ Մինչ աշխարհը Ռուսիան կը մեղադրէ եւ անոր դէմ պատժամիջոցներ որդեգրելու մասին կը խօսի, ոչինչ կը կատարուի պաղեստինցիներուն զօրակցելու նպատակով: Պաղեստինցի ակներեւ լրագրող Շիրին Ապու Աքլէի վայրագ սպանութենէն ետք, արաբական աշխարհի եւ ընդհանրապէս աշխարհի տարբեր անկիւններուն, ինչպէս նաեւ Հարաւային Ափրիկէի խմբագրատուներուն եւ պատկերասփիւռի կայաններուն մէջ բռնկեցաւ անբացատրելի ցասում մը` գործուած այս անարգ ոճիրին նկատմամբ: 11 մայիս 2022-ին Շիրին Ապու...

Ամէն Բարիք Մէկ Տեղ Չըլլար

Ամէն Բարիք Մէկ Տեղ Չըլլար

ԼԱԽՏ ՄԱԿ-ը ընդառաջացած է Անգարայի բոլոր պաշտօնական փաստաթուղթերուն մէջ Թուրքիոյ անունը Թուրքիոյ Հանրապետութենէն Թիւրքիէի Հանրապետութեան փոխելու խնդրանքին: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտնեց, որ ատիկա մաս կը կազմէ «միջազգային ասպարեզի մէջ երկիրի հեղինակութիւնը բարձրացնելու» քայլերուն: Խնդիրն այն է, որ անգլերէնի մէջ Թուրքիոյ անունը` «Թըրքի»-ն, հնդկահաւ կը նշանակէ, ինչ որ չի նպաստեր երկիրի մը հեղինակութեան: Այս իրողութիւնը առաւել նուաստացուցիչ էր...

Դպրեվանքը 85-Ամեայ Առաքելութեան Ընդմէջէն (Թիւ 1).  Կիլիկեան Դպրեվանքը`  Սփիւռքեան Հոգեմտաւոր Ջրտուք

Մանրապատումներ

 ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ (70) «Էր Ֆրանս»-ով Փարիզէն Մոնրէալ կը ճամբորդեմ: Օդանաւը երկու ժամէն աւելի է արդէն օդին մէջն է, սակայն ճաշի սպասարկութիւն չի կատարուիր: Շուրջս կը նայիմ, ամէն մարդ տոպրակներ բացած է եւ բաներ մը կ՛ուտէ: Քովս նստողն ալ «Մաք Տանըլտ»-ի տոպրակ մը բացած` համպըրկըր ու ֆրենչ ֆրայզ կ՛ուտէ եւ քոքա քոլա կը խմէ: «Օդանաւին մէջ ճաշ պիտի չտա՞ն», կը...

Տիգրանակերտցի Արտուշը Համացանցով  Հայերէն Թերթ Կը Կարդայ Բայց Չի Հասկնար

Տիգրանակերտցի Արտուշը Համացանցով Հայերէն Թերթ Կը Կարդայ Բայց Չի Հասկնար

ՄԱԿԱՐ ի Գաղիա Տիգրանակերտցի Արտուշ գրասէր է, հայերէն գիրքերու գրադարան ալ ունի տունը: Սարկաւագ է: Հիմա յառաջդիմած է, համակարգիչ ունի, Հայաստանի եւ սփիւռքի թերթերը կը կարդայ: Ինչպէս ինք կ՛ըսէ` տուն զգալու եւ հոսանքին մէջ ըլլալու համար: Եթէ թերթ չկարդացող սփիւռքի ղեկավարները Արտուշին չափ հայ կեանքին հետեւէին, լաւատեղեակ կ՛ըլլային եւ օգտակար գործ կ՛ընէին: Թէեւ թաղի ազգին խելք բաժնող «ծագումով հայերը» Արտուշը...

Page 256 of 807 1 … 255 256 257 … 807

Արխիւներ