Անդրադարձ

Սթափելու Ժամանակը

Համապարփակ Խաղաղութի՞ւն, Թէ՞ Համապարփակ Կործանում

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ 15 յունիս 2022-ին Ազգային ժողովի գարնանային նստաշրջանի վերջին նիստին (ամառնային արձակուրդէն առաջ), որ յատկացուած էր 2021 թուականի պիւտճէի կատարողականի հաշուետուութեան, Նիկոլ Փաշինեան հանդէս եկաւ եզրափակիչ ելոյթով: Ելոյթը գրեթէ կապ չունէր պիւտճէին հետ: Արցախին տրամադրուած յատկացումներու աննախընթաց ծաւալներու մասին նշումէ մը ետք,- Արցախը մոռցուած չըլլալու յիշեցման փորձ մը,- Նիկոլ Փաշինեան իր ծաւալուն ելոյթը յատկացուց... Արցախի կարգավիճակին եւ «խաղաղութեան» քաղաքականութեան:...

Մինչեւ Ե՞րբ

Մենք Կը Շարունակենք Անպայմա՛ն

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ Երեսփոխանական ընտրութիւնները եղան ու անցան: Այսպէս` ընտրութենէ ընտրութիւն բարեսիրական եւ բարեգործական նախաձեռնութիւնները թափ կ՛առնեն: Ընտրութիւններէն ետք կ՛ամայանայ հրապարակը, կը շոգիանան նպաստներ բաժնողները, կը կորսուին բարեգործական նախաձեռնութիւնները: Բնականաբար, կը բացայայտուի, որ անոնց նպատակը ո՛չ բարեգործութիւնն էր, ո՛չ բարեսիրութիւնը, ոչ ալ ուրիշ բան: Նպատակը քուէ գողնալն էր: Կաշառք բաժնելը, խաբելը, սուտ խոստումներ տալը: Ընտրութիւնները անցեալ են արդէն: Եւ ահա մեր...

Հպարտ Եմ, Որ Պապս Դաշնակցական Է Եղել, Հպարտ Եմ Երիտասարդ Դաշնակցականներով, Հայաստանի Համար Պայքարողներով. Գաբրելեանով

Հպարտ Եմ, Որ Պապս Դաշնակցական Է Եղել, Հպարտ Եմ Երիտասարդ Դաշնակցականներով, Հայաստանի Համար Պայքարողներով. Գաբրելեանով

Այսօր կարող եմ անկեղծօրէն ասել, որ վերջապէս Հայաստանի ընդդիմութիւնը դարձել է լուրջ ուժ. իր թելեկրամեան ալիքում գրել է ռուսաստանահայ մետիամակնաթ, հրատարակիչ Արամ Գաբրելեանովը: «Վերջապէս նրանք հասկացան, որ իրենց պէտք է հզօր ուժ, որը կը տապալի ազգի դաւաճաններին: Եւ Հայաստանի հրապարակներում հաւաքուած այս բոլոր հրաշալի մարդիկ վերածուել են քաղաքականապէս կազմակերպուած հզօր լեռնային գետի: Ուշադրութիւն մի՛ դարձրէք դաւաճաններին, ջղագարներին ու նվնվացողներին. նրանք...

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Բաժանարար

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Բաժանարար

ՀՀ Ազգային ժողովի «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» ընդդիմադիր խմբակցութիւնները յունիսի 3-ին հրաւիրել էին խորհրդարանական արտահերթ նիստ: Նիստի նպատակն էր ընդունել յայտարարութիւն, ըստ որի, Հայաստանի Հանրապետութիւնն աջակցելու է Լեռնային Ղարաբաղի ժողովրդի ինքնորոշման իրաւունքի իրացմանը եւ ԼՂՀ միջազգային ճանաչմանը, անընդունելի է համարուելու հակամարտութեան այնպիսի լուծումը, որի դէպքում Արցախը կարող է յայտնուել Ազրպէյճանի կազմում, ՀՀ-ի ու ԼՂՀ-ի միջեւ պէտք է ապահովուի յուսալի ցամաքային...

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ-ի Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2022-ի 6-րդ Թիւը

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ-ի Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2022-ի 6-րդ Թիւը

Լոյս տեսաւ «Դրօշակ» պարբերականի յունիսեան թիւը: Պաշտօնաթերթի խմբագրականը անդրադարձ է Հայաստանի ներքաղաքական անհանգիստ կեանքին` ժողովրդական շարժման եւ կառավարող բռնիշխանութեան հակազգային գործունէութեան: Քաղաքագէտ Հրանտ Մելիք Շահնազարեան քննութեան առարկայ դարձուցած է բանակցային գործընթացները, որոնք զուգահեռաբար տեղի կ՛ունենան Մոսկուայի եւ Պրիւքսէլի մէջ: «Դրօշակ»-ի էջերու մէջ զետեղուած է նաեւ Աւօ Գաթրճեանի «Համաթրքականութեան-համաթուրանականութեան գաղափարախօսութիւնը սերմանող թուրք ղեկավարներու եւ գործիչներու վարքագիծը» խորագրեալ հետաքրքրական յօդուածին երրորդ, ամփոփիչ...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Անտառի Փսփսուքը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Ժողովուրդիս

ՀՌԻՓՍԻՄԷ ԿՏՈՅԵԱՆ Մինչեւ ե՞րբ այսպէս պիտի նստիք անփոյթ, Ահա թշնամին հասած է մեր դուռը, Ցնծացէ՛ք, ելէ՛ք, երգ ու ծիծաղով դիմաւորեցէք, Տեսէք, թէ վաղուան ի՞նչ պատուհաս մտքին կը բերէ: Միթէ դուք խո՞ւլ էք կամ` խելագարած, Միթէ չէ՞ք լսած հայուն կոտորած, Հարիւր ամեակներ մոլորած նստած Իրար կը գոռաք անգիտակցաբար: Արդեօք ձեր սրտին չի՞ խօսիր Շիրազ Կամ` Չարենց, Մալխաս, կամ` Պարոյր Սեւակ, Պիտի...

Յովսէփ Տէր Գէորգեան. «Փաշինեանի Փարիզ  Այցելութիւնը Փորձ Մըն Է Քաղաքական  Մուրացկանութեամբ Օրինականութիւն Գտնելու»

Պայքարը Պիտի Շարունակուի Եւ Ընդարձակուի Նոր Ոճով Ու Միջոցներով

ՅՈՎՍԷՓ ՏԷՐ ԳԷՈՐԳԵԱՆ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Ինչպէս միշտ, անցնող օրերուն/ամիսներուն դաշնակցական երիտասարդութիւնը ստանձնեց իր պատմական դերը եւ խանգարեց հայութեան շահերը հարուածող ծրագիրները: Պայքարը պիտի շարունակուի եւ ընդարձակուի նոր ոճով ու միջոցներով: Ոչ մէկ ուժ կրցած է շեղել մեր երիտասարդութիւնը իր նպատակներէն, որ տոգորուած է յարատեւ պայքարի գաղափարներով, յանուն ազգային շահերու: Այս դաստիարակութիւնը փոխանցուած է սերունդէ սերունդ` Քրիստափորէն Արամ, Դրոյէն Համբիկ,...

Ռազմիկ  Դաւոյեան

Տունս Քանդել Կ՛ուզեն Պարիսպ Կը Շինեմ

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ Եղեռնը յարութիւն առած մոմիայի նման կը շրջագայի: Այս ցեղերը ձրձիտ` չղջիկներու նման խաւար փչելով Մթագներ են ներկաս,  Տո՛ւնս քանդել կ՛ուզեն: Իսկ ես կանգնած Ներքնաբերդիս դարախարիսխ շեմին, Ապաւինած` զէնքիս բազմակառոյց թեմին, Ննջեցեալներուս եւ որդիներուս շունչին Բարի բառեր մի՜ սպասեր ինձմէ, դարձաւ հոգիս Աղէտակիր, աղէտահար, աղէտատեաց, Արարա՛տ, աչքերդ բաց: Ճառակտուր ճահուկներ իրենց խօսքի ճանկերով Պատմութեանս դարահիւս դիմագիծը կը քերծեն: Պատմութիւնս...

Մարօ Մինասեանի Ընտանիքին

Մարօ Մինասեանի Ընտանիքին

ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԵՐՐՈՐԴ ՆԱԽԱԳԱՀ Խոր ցաւով տեղեկացայ Հայ օգնութեան միութեան վաստակաշատ գործիչ եւ նախկին ատենապետուհի Մարօ Մինասեանի մահուան մասին: Մարօ Մինասեանի երկար տարիների ջանքերով եւ նուիրուածութեամբ Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի համար դժուարին ժամանակներում մարդասիրական եւ բարեգործական ծրագրերով լուծուել են համահայկական բազմաթիւ խնդիրներ: Այդ թւում նրա գործուն մասնակցութեամբ կեանքի են կոչուել ՀՕՄ-ի Ախուրեանի մօր եւ մանկան կենտրոնը, Արցախի «Սօսէ»...

Վա՛րձքդ Կատար, Տիկի՛ն Մարօ

Վա՛րձքդ Կատար, Տիկի՛ն Մարօ

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ Տիկին Մարոյի անժամանակ մեկնումով մինչեւ այսօր չեմ կրցած հաշտուիլ ու իրողութիւնը ըմբռնել: Տակաւին ամիսներ առաջ Լիբանան այցելած էր, երբ հանդիպեցանք, զրուցեցինք, անցեալի դրուագները վկայակոչեցինք: Ան անդրադարձաւ իր ուսուցչական ասպարէզին եւ գոհունակ ժպիտով ու հպարտութեամբ արտայայտուեցաւ իր դաստիարակած սերունդներուն ձեռք բերած արդիւնքներով ու նուաճումներով: Տիկին Մարոն Այնճարի «Ազգ. Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» վարժարանի անգլերէն լեզուի ուսուցիչն էր ու իր մանկավարժական հմտութեամբ...

Գէորգ (Ճորճ) Տէր Պետրոսեանի Յիշատակին

Գէորգ (Ճորճ) Տէր Պետրոսեանի Յիշատակին

Քառասուն օրեր առաջ անակնկալ կերպով առյաւէտ հեռացար մեզմէ: Անսպասելի բացակայութեանդ ծանրութիւնը արդէն քառասուն օրեր շարունակ ընկերակցեցաւ մեզի ու պիտի շարունակէ մնալ ազդու: Ամբողջ կեանք մը Լիբանանի մէջ ապրեցաւ, հոն գործեցիր, կերտեցիր ընտանիք, որուն համար հանդիսացար պարկեշտ հայր: Նուիրական ու անսակարկ կերպով ծառայեցիր նաեւ լիբանանահայ մեծ ընտանիքիդ` եկեղեցւոյ, Դաշնակցութեան, ՀՄԸՄ-ին, որոնք արժէքաւոր եւ անբաժան երրորդութիւն էին քեզի համար, եւ որոնց համար...

Ակնարկ.   Խնամքով Շրջանցումներ Եւ Հարուած` Հայկական Բանակցային Դիրքերուն

Ակնարկ. Խնամքով Շրջանցումներ Եւ Հարուած` Հայկական Բանակցային Դիրքերուն

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը խորհրդարանի նիստին յայտարարեց. «Բանակցային գործընթացի ամբողջ պատմութեան ընթացքին, թէ՛ Ռոպերթ Քոչարեանը եւ թէ՛ Սերժ Սարգսեանը, այդպիսով նաեւ անոնց քաղաքական արբանեակ Դաշնակցութիւնը Արցախը ճանչցած են իբրեւ Ազրպէյճանի մաս եւ/կամ չեն առաջնորդուած «Արցախը երբեք պիտի չըլլայ Ազրպէյճանի կազմին մէջ» սկզբունքով»: Ընդհանուր պետութեան տեսութենէն Քի Ուեսթ կամ մատրիտեան (ապա` նորացուած), սկզբունքներ, հասնելով լաւրովեան կամ քազանեան գաղտնազերծուած փաստաթուղթերուն տարընթերցումներ կատարելը եւ...

Սփիւռքի Տարի 2022. Լիբանանահայը` Քանատահայ – 1 Կարօտ

Լիբանանահայը` Քանատահայ – 3. Աղջիկ Մը Եւ Երեք Չղջիկ

ՍՈՒՐԷՆ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Ընկերուհիիս` Սիլվային հետ, շաբաթավերջերուն Թորոնթոյի մօտակայ փոքր քաղաքները կամ գիւղերը կ՛այցելէինք, ան կը սիրէր գիւղական շուկաներէ բանջարեղէն, պտուղ եւ մեղր գնել: Այս պտոյտներէն մէկուն ընթացքին Փորթ Հոփ կոչուած փոքրիկ քաղաքը այցելեցինք, որ շատ սիրուն քաղաքապետարան մը ունէր: Օնթարիօ նահանգի հազուագիւտ վայրերէն էր, որ տափարակ չէր. քաղաքին կեդրոնէն Կանարասքա գետը կը հոսէր, որուն եզերքէն մարդիկ ձուկ կ՛որսային: Քաղաքը շատ...

Դպրեվանքը 85-Ամեայ Առաքելութեան Ընդմէջէն (Թիւ 1).  Կիլիկեան Դպրեվանքը`  Սփիւռքեան Հոգեմտաւոր Ջրտուք

Մանրապատումներ

ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ (91) Հինգ տարեկան եմ, եւ հօրենական մեծ մայրս կ՛որոշէ, որ դպրոց չունեցած եւ կիրակի օրերը մեր թաղի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ  մէջ շապիկ պիտի հագնիմ: Կը դիմէ ժամկոչին` Միքայէլ Պայրագտարեանին, որ կ՛ըսէ, թէ եկեղեցին շապիկը եւ ժամագիրքը կու տայ, իսկ մենք կաշիէ, առջեւը գոց հողաթափը պէտք է բերենք: Մեծ մայրս զիս աւանդատուն կը տանի եւ հասակիս յարմար շապիկն...

Նուիրում, Ծանրակշիռ Ու Անկորնչելի Վաստակ. «Տէրզօրեան Երգերի Մէկ Քառատողն Անգամ Շառաչուն Ապտակ Է Հայակերներին…»

Նուիրում, Ծանրակշիռ Ու Անկորնչելի Վաստակ. «Տէրզօրեան Երգերի Մէկ Քառատողն Անգամ Շառաչուն Ապտակ Է Հայակերներին…»

ՅԱԿՈԲ ՍՐԱՊԵԱՆ Ինքնամոռաց նուիրումի, մարդկային կարողութիւնների մասին մտորելիս երբեմն ապշում ես` մի՞թէ հնարաւոր է... Բայց երբ մօտիկից ես շփւում նմանների հետ, ծանօթանում նրանց սխրալից գործունէութեանը, վաստակին, համոզւում ես, որ, այո՛, հէնց այսօր կողքիդ ապրում են մարդիկ, որոնք համընդհանուր երախտագիտութեան են արժանի, անսակարկ մեծարման ու հիացումի: Նրանցից է բանահաւաք, ցեղասպանագէտ, բանասիրական գիտութիւնների դոկտոր, փրոֆեսէօր, գիտութեան վաստակաւոր գործիչ Վերժինէ Սվազլեանը, որ վեց...

Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ

Անդրադարձ. Կոչ` Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Պայտընի, Ֆրանսայի Նախագահ Մաքրոնի, Անգլիոյ Վարչապետ Ճոնսընի Եւ Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ Միշէլի

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ 27 յուլիս 2021-ին «Ռուսիոյ նախագահ Փութինի «Պատմութեան վերադառնալու շահեկան ելոյթները եւ հայկական դիւանագիտութեան ու մամուլին անհաւատալի անտարբերութիւնը» (1) խորագիրով «Ազդակ»-ի մէջ լոյս տեսած յօդուածիս միտք բանին շատ ճիշդ էր, քանի որ մի՛այն «Սփութնիք Արմենիա»-ն անդրադարձած էր նախագահ Փութինի նշեալ շահեկան յօդուածին եւ ելոյթին, իսկ «Հայրենիք»-ը (Պոսթըն) եւ «Լուսաւոր Աւետիս» կայքէջը օրին վերահրատարակեցին այս յօդուածս, մնացեալը, ցարդ, տարի մը...

ՓԹԻԹ-ի Կայքին Բարեփոխումն Ու Փթթումը

ՓԹԻԹ-ի Կայքին Բարեփոխումն Ու Փթթումը

«Քորոնա» համավարակի պարտադրած նոր ապրելակերպը եւ առցանց ուսուցումի կիրարկումը ապացուցեցին, որ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքի (ԳԿՀ-ՀԲ) որդեգրած ուղղութիւնը` արեւմտահայերէնի զարգացումը իրականացնել զանազան առցանց նորարար ծրագիրներով, տեղին ու իրաւացի էր: Կրթական նոր ծրագիրներու եւ մանաւանդ երիտասարդներու նորարար մօտեցումներու արեւմտահայերէնով ստեղծագործելու ջանքերը քաջալերելու քաղաքականութեան մէջ ներառուեցաւ նաեւ ՓԹԻԹ մանկապատանեկան կայքի վերանորոգումն ու աշխուժացումը: 2010 թուականին թիւ 0 փորձառական համարով հրապարակ իջած...

Ինչո՞ւ Օտարով Օտարանալ

Աշխատէ՛, Սակայն` Մի՛շտ Լռութեամբ

ԱՒԵՏԻՔ ԱԲՂ. ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ Որքան մարդ, այնքան` բնաւորութիւն. որքան անհատ, այնքան` մտայնութիւն. որքան էակ, այնքան մտածելակերպ, եւ որքան արարած, այնքան` տարօրինակութիւններ: Մարդիկ կան, որոնք լուռ ու մունջ կը նստին, կ՛աշխատին եւ կարճ ժամանակ մը ետք կը զարմացնեն շրջանակ մը ամբողջ, իսկ անդին կան այլ բնաւորութեամբ մարդիկ, որոնք իրենց չըրածը ըրածի եւ նոյնիսկ յաջողածի պէս ներկայացնելէ ետք, կը սկսին թմբուկով աջ...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի Խօսքը` «Կանք Ու Կը Մնանք» Խորագիրով Յաղթանակի Փառատօնին

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի Խօսքը` «Կանք Ու Կը Մնանք» Խորագիրով Յաղթանակի Փառատօնին

Սրբազան հայր, հոգեւոր հայրեր, Ձեր օրհնաբեր ներկայութիւնը յաղթանակի այս տօնակատարութեան եւ ձեր բարոյական զօրակցութիւնը ընտրութիւններուն ընթացքին, ձեր կոչերով, որ մեր ժողովուրդը իր համայնքի ճիշդ ներկայացուցիչները ընտրէ, մեծապէս գօտեպնդեցին մեզ եւ մեծապէս ծառայեցին մեր ժողովուրդին համար իբրեւ ճառագայթ` ճիշդ ընտրութիւնը կատարելու: Շնորհակալութիւն սրբազան հայր եւ ձեր ճամբով` մեր բոլորին սիրելի վեհափառ հայրապետին: Սիրելի աննման ժողովուրդ, աննման հայեր, որոնք արիաբար ծնունդ տուին...

Անդրադարձ.  Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը

Անդրադարձ. Սփիւռքի Տարի 2022 – Ե. Ինչու Երկրորդ Սերունդին` Իմ Սփիւռքս Վտանգուած Չէր

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Յօդուածաշարքիս Ա., Գ., եւ Դ. մասով անդրադարձ կատարուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով զանգուածային սփիւռք դարձած առաջին սերունդին մասին, որ շուրջ 600 տարի առանց հայկական պետականութեան, թէ՛ իր հողին վրայ եւ թէ՛ ալ մայր հողէն հեռու, մեծ ու փոքր գաղութներու մէջ հայ մնացած էր եւ հայկական մշակոյթ ծաւալած: Ցեղասպանութեան տարիներուն, երկրէն դուրս, հայկական մեծ, աշխոյժ, ու մշակոյթով հարուստ գաղութները կը...

Page 254 of 807 1 … 253 254 255 … 807

Արխիւներ