Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Եռաբլուրէն… Դէպի Ապագայ»

June 14, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Մայիս ամսուն 25-ն է, արդէն Երեւան հասած ենք` մասնակից ըլլալու Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Պատգամաւորական ժողովին:

Նախքան ժողովի պաշտօնական բացումը, առաւօտեան ժամը 9:00-ին պատգամաւորներս կը տեղաւորուինք մարդատար ինքնաշարժներուն մէջ ու կ’ուղղուինք Եռաբլուր` նահատակներու «բնակավայր»:

«Զուարթնոց» օդակայանէն Երեւան ճանապարհին, մեր հայեացքները, առանց փնտռտուքի, կ’իյնան նահատակներու շիրիմներուն հովանի ընող Հայաստանի ու փոքր մասամբ Արցախի հանրապետութիւններու եռագոյն դրօշներով ողողուած բարձրութիւններուն վրայ:

Եռաբլուր գացող մեր մարդատարը դանդաղօրէն, բայց յամառօրէն կը բարձրանայ Եռաբլուրի գագաթը ու կանգ կ’առնէ հսկայ քարաշէն կոթողին մօտ:

Գագաթէն մեր առջեւ բացուած տեսարանը կը յորդէր «գեղեցկութեամբ»: «Դիմացն Արարատ…», թախծոտ, սիրտ ու կոկորդ պրկող «գեղեցկութեամբ»: Մահ ու նահատակութիւն ժայթքող «գեղեցկութեամբ»:

Հաւաքաբար կ’ուղղուինք այնտեղ` 2020-ի արցախեան 44-օրեայ պատերազմին ինկած նահատակներու տեղամասը:

Այդ բաժինի կեդրոնական մասին վրայ բարձրացած է նահատակներու այդ հոյլին նուիրուած յուշակոթող մը:

Ակնյայտ է, որ հազարաւոր նահատակներուն պարագաները, այնտեղ, յաւիտենական քունի մտած իրենց հարազատները (ըլլան անոնք` ամուսիններ, հայրեր, եղբայրներ, զաւակներ…) կը փորձէին յաւիտենականացնել իրենց ենթագիտակցութեամբ… անոնց համար սարքելով շքեղ շիրիմներ:

Մահուան շքեղութիւն: Մահ ու շքեղ շիրիմներու հայկական փարատոքս` հակասութիւն:

Յուշակոթողին կից ու շուրջ բոլորը հաւաքուած` ականջալուր կ’ըլլանք միութեանս շրջանաւարտ Կեդրոնական վարչութեան ժողովիս մեկնարկի բացման խօսքին, Եռաբլուրէն, ընկ. Մկրտիչ Մկրտիչեանին կողմէ արտասանուած:

«Աւարտած փուլի մը, նոր քառամեակի մը դիմաւորութեան շեմին, այս մեկնարկը խոստմնալից եւ ուրախ հանգրուանէ մը սկսելու փոխարէն` կը սկսի մեր ազգային ողբերգութեան «վկաներու» հաւաքական դամբարանէն, սակայն` նոր կամքով, նոր կորովով, յաղթանակի հասնելու նոր վճռակամութեամբ»: Այս բառերով ու գաղափարներով սկսաւ ան իր խօսքը:

Ապա ընդգծեց. «Հասարակաց (իմա` ազգին ու հայրենիքներուն…) համար զոհաբերուած կեանքերուն յարգանք մատուցելու իրողութիւնը հայութեան նկարագրին ու մշակոյթին կը պատկանին: Անոնց յարգանքի ու երախտագիտութեան արտայայտութիւն է, գաղափարական, նիւթական ու այլ առաւելութիւններ ընծայած մեր հայորդիները մեծարելու քայլ է…»:

Ապա ան ընդգծեց. «Իմացեալ մահով անմահութիւն գտած նահատակներուն ազգին անմահութիւն պարգեւելու կտակը անցած է մեզի…»:

«Եռաբլուրը մահաստան է,- ընդգծեց ան,- «ափսոսանքի պահեր ապրելու, բայց միաժամանակ կեանքի վերադառնալու աղբիւր է…»:

Խօսքը եզրափակելով` ըսաւ. «Համազգայինի Պատգամաւորական ժողովը, որ միութեան գերագոյն ժողովն է, մահաստան Եռաբլուրէն` աւելի լաւ օրեր դիմագրաւելու կամքով ընթացք կու տայ նոր քառամեակին»:

Ամէն մէկս իր յուզումներուն մէջ պլլուած, խմբակներով ման կու գանք շիրիմներուն մէջէն` որոնելով մեր ճանչցած ու չճանչցած նահատակներուն` Յարութ Բանոյեանի, Մոսիկ Սեքլէմեանի ու Յակոբ Ասթարճեանի` սուրիահայ նահատակներուն շիրիմները:

Այստեղ, մեզի հետ է Շուշիի «Վարանդա» մանկապատանեկան երգչախումբի բազմամեայ ղեկավար Զաքար Քէշիշեանը, որ կ’որոնէ իր արցախցի, երէկուան «Վարանդա»-ի պատանի երգող, այժմ որպէս նահատակ Եռաբլուրի մէջ ննջած իր աշակերտները, կամ անոնց ողջ մնացած պարագաներուն (քոյր, եղբայր…) հետ` տասնեակ մը այլ շիրիմներ:

Այնտեղ, Եռաբլուր միայն մենք` համազգայնականներս չէինք եկած այցելելու նահատակներուն շիրիմները: Տասնեակներ եկած են իրենց յաւիտենական հանգիստը գտած մարտիրոսներու այցելութեան, խունկ ու մոմ վառելու..

Հայեացքս, թաց նայուածքս, շիրիմներուն մէջէն բարձրացած` եռագոյն դրօշներուն ընդմէջէն կ’իյնայ մշուշապատ Արարատին վրայ: Ան դարաւոր ու լուռ վկան է հայութեան բազմադարեան արեւշատ ու լուռ օրերուն:

Մեր հոգիներուն պրիսմակին ընդմէջէն պարզօրէն կը տեսնենք, որ Արարատը` Մեծ Մասիսը տխուր ու թախծոտ է, թէկուզ արեւաշող ու մշուշին մէջէն փայլող սէգ գագաթը վաղուան ճերմակ ու վառ արշալոյսի մը գաղտնի փայլքը կը սփռէ իր վիհերէն ու խորշերէն:

Արարատը թախծոտ ու տխուր է, որովհետեւ Հայաստանի Հանրապետութեան մերօրեայ վարչախումբը անառիկ Արցախի Հանրապետութեան տարածքին մեծ մասը կամովին, նախածրագրաւորումով յանձնած է ոսոխին, թուրքի կովկասեան տեսակին` ազերիին, ու փոխանակ համազգային ուժերու լարումով 107 տարիներ առաջ Հայոց ցեղասպանութեան բիւրաւոր նահատակներու արեամբ ներկուած Արեւմտեան Հայաստանի բռնագրաւուած հողերու պահանջատիրութեան դիմելու` ապազգային ու պարտուողական կարգախօսերով պատրաստ ու հետամուտ է Արցախի մնացեալ մասը, Սիւնիքի ու հայաստանեան այլ տարածքները նուիրելու ոսոխներուն` ազերիին ու թուրքին:

Արարատը ինչպէ՞ս կրնայ ուրախ ըլլալ, երբ ականատես է, թէ ինչպէ՛ս Հայաստանի նորակազմ թէ նորով համալրուած, թրքաբարոյ ոստիկանութիւնը, թուրքին յատուկ վայրագութեամբ, «ասֆալթին կը փռէ» ընդդիմութեան խաղաղօրէն բողոքող ցուցարար հայորդիները, որոնց պահանջն է պահել ու պահպանել հայրենիքը` Հայաստանն ու Արցախը ու կասեցնել ապազգային վարչախումբին ընթացքը…

Արարատը ինչպէ՞ս կրնայ գորշ, թախծոտ ու տխուր չըլլալ, երբ ականատես կ’ըլլայ զինք բռնագրաւող, իր դարաւոր թշնամիին կամքի գործադրման` հայ սեպուած խումբի մը ձեռամբ, երբ ականատես է հայութեան լիցքաթափումին եւ ուծացման գործընթացին, երբ կը տեսնէ, որ ազգն ու հայրենիքը մաշումի ու զառիթափի ուղիին վրայ կը տատանին:

Արարատը թախծոտ ու տխուր ըլլալու դեռ հազար ու մէկ պատճառ ունի:

Բանաստեղծ Գէորգ Էմին խորհրդային օրերուն գրած «Գնա՛ կռունկ» բանաստեղծութեան մէջ գովքը հիւսելով Խորհրդային Հայաստանին` կ’ըսէր.

«Եւ նախանձից Մասիսն անգամ

Թեքուել է, որ Արաքսն անցնի…»:

Այսօր Սիսն ու Մասիսը շփոթած են ու շուարած` Արաքսն անցնելո՞ւ, թէ՞ Հայաստանն ու հայրենիքը լքելու ու պանդխտանալու, երթալու  …

Մասիսը նոյնիսկ վկայ է, որ նախանձի շատ բան ալ չէ մնացած: Ան իրազեկ է, որ հազար ու մէկ լոյսերու մէջ լողացող Երեւանի կերպարին տակ թաղուած ու պահուած են սեւ ու մռայլ իրականութիւններ, իսկ այդ փայլքը մակերեսային պատրանք ու խաբկանք է: Ան` Մասիսը իր խորաթափանց աչքերով տեսած է ու կը տեսնէ այն վիհը, զոր կը սպասէ հայութեան. գուցէ իր Մասիսի վիհերէն, որուն դժբախտաբար անհաղորդ են բազմաթիւ հայորդիներ:

Մենք բարձրադիր Մասիսին հայեացքին մէջ տեսանք այն, որ կ’անտեսեն իշխանաւորները:

Տեսնել` կը նշանակէ ներքուստ տառապիլ ու բաժնել Մասիսի վիշտն ու թախիծը:

Հարկ է լեցուիլ կամքով, լաւատեսութեամբ, վաղուան պայծառ արշալոյսի մը յոյսով ու լոյսով…

Եւ այսպէս, Եռաբլուրի մէջ թաղուած մարտիրոսներուն շիրիմներուն, անոնց մէջ ծածանող եռագոյն դրօշներուն ու բոլորիս պահապան Մասիսին` Արարատին արձակած վաղուան լուսապայծառ արշալոյսի հեռանկարով կը վերադառնանք Երեւան, սկսելու մեր` Համազգայինի գերագոյն ժողովը:

Հայութեան եւ Եռաբլուրի նահատակներուն կտակը, թախիծն ու սուգը ետին ձգելով` լաւատեսութեամբ վաղուան դիմելու կանչն է:

Երեւան, 31 մայիս 2022

 

Նախորդը

Մանրապատում

Յաջորդը

Անդրադարձ. Սփիւռքի Տարի 2022 – Ե. Ինչու Երկրորդ Սերունդին` Իմ Սփիւռքս Վտանգուած Չէր

RelatedPosts

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի. Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը

November 7, 2026
Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է
Անդրադարձ

Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է

November 7, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Համազգային Համախմբում

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.