ԴՈԿՏ. ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՏԱԳԷՍԵԱՆ
Սիրելի՛ ընթերցող,
Լծուած եմ բաղնիքի հայկական թասերը ուսումնասիրելու աշխատանքին: Առաջին յօդուած մը լոյս ընծայած եմ «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»-ի 2022/1 հատորին մէջ: Ներկայիս կը ջանամ նիւթեր հաւաքել բաղնիքի հայկական կաւամաններու մասին (կից նկարը): Եթէ ունիք նման կաւաման մը, հաճեցէք հաղորդակցիլ հետս` կաւամանին նկարը եւ չափագրութիւնները տրամադրելու համար:
Ուսումնասիրութիւնը նպատակ կը հետապնդէ հայ պղնձարուեստի սպիտակ էջերէն մէկը փաստագրել եւ համապատասխան նիւթերով ամրագրել` իբրեւ հայկական պղնձարուեստի իւրօրինակ դրսեւորում:
Հեռաձայնիս թիւն է 00916 (3)712058: Իսկ ելեկտրոնային հասցէս` adakessian@haigazian.edu.lb,
նամակատան հասցէս`
Antranik Dakessian, Haigazian University,
P.O. Box 11-1748, Riad El Solh 1107 2090, Beirut Lebanon:
Յարգանօք`
ԴՈԿՏ. ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՏԱԳԷՍԵԱՆ


