Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Դիմադրութեան» Շարժման Կարմիր Գիծերը

Յունիս 13, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի մէջ «Դիմադրութեան» շարժման մասնակիցներ հարց կու տան, թէ ինչո՞ւ լիբանանահայութիւնը, հակառակ անցեալին բազմիցս հաստատուած իրողութեան, չ՛արձագանգեր աւելի քան քառասուն օրերէ ի վեր ծաւալող ցոյցերուն, հաւաքներուն եւ քայլարշաւներուն: Կը բացատրեմ, որ տնտեսական ու ընկերային դժուար պայմաններու տակ, քաղաքական սուր ճգնաժամի առկայութեամբ կայացած երեսփոխանական ընտրութիւնները, առժամաբար կլանած են բոլորին ուշադրութիւնը: Այլապէս դժուարին կացութեան մէջ, երեսփոխանական ընտրութիւնները կայացան համաձայն ընտրական բարդ, հակասական ու անարդար օրէնքի մը, որ կը սպառնար հայ համայնքի իրաւունքները խախտել ու խորհրդարան բերել հայանուն, բայց հայութեան հետ ոչ մէկ առնչութիւն ունեցող անհատներ: Թէժ պայքարով կայացած ընտրապայքարէ մը ետք, ՀՅ Դաշնակցութեան թեկնածուները կրցան տիրանալ հայութեան յատկացուած վեց աթոռներէն երեքին: Դժբախտաբար, հայկական միւս կուսակցութիւնները յաջողութիւն չարձանագրեցին, եւ մնացած երեք աթոռներուն տիրացան հայանուն անծանօթներ:

Ընտրութիւնները աւարտած են, ու թէեւ քաղաքական ճգնաժամը չէ յաղթահարուած ու տնտեսական սուր տագնապը կը շարունակուի, լիբանանահայութիւնը բնականաբար պիտի վերադառնայ իր աւանդական ապրելակերպին, այսինքն` հայրենակեդրոն աշխուժ գործունէութեան:

Հայրենական իրականութիւնը տիրապետուած է 44-օրեայ պատերազմին, պարտութեան եւ Ազրպէյճանի հետ բանակցութիւններու, գործող իշխանութիւններու պարտուողական քաղաքականութեան նիւթերով: Հակաքարոզչական շփոթեցնող արշաւներու

առանցքը առնելու համար, կը մէջբերեմ «Դիմադրութեան» շարժման օրակարգային նախադրեալները, որոնք կը ներկայացուին իբրեւ Հայաստանի ժողովուրդին, ո՛ղջ հայ ազգին կողմէ «կարմիր գիծեր»: Ստորեւ` այդ բանակցային «կարմիր գիծերը»:

1) Հայաստան պէտք է աջակցի Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի լիարժէք գործադրման:

2) Արցախը երբեք պիտի չըլլայ Ազրպէյճանի կազմին մէջ:

3) Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան միջեւ պէտք է ըլլայ յուսալի ցամաքային կապ. Արցախ անքլաւ պիտի չըլլայ:

4) Հայաստանի Հանրապետութիւնը Արցախի ժողովուրդի անվտանգութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի իրականացման երաշխաւորն է:

5) Սահմանագծման եւ սահմանազատման աշխատանքները պէտք է իրականացուին Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքէն Ազրպէյճանի զօրքերու դուրս բերման նախապայմանով:

6) Սահմանագծման եւ սահմանազատման աշխատանքներուն հիմամբ կը բացառուի Հայաստանի Հանրապետութեան ամբողջականութեան խաթարումը:

7) Հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ կը բացառուի որեւէ համաձայնութիւն, որ հարցականի տակ կը դնէ Հայոց ցեղասպանութիւնը:

8) Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ ճանապարհներու ապաշրջափակումը չի կրնար տեղի ունենալ միջանցքային տրամաբանութեամբ:

Ինչպէս յստակօրէն կ՛երեւի այս պահանջներէն, աթոռակռիւի նմանող որեւէ բան չկայ «Դիմադրութեան» շարժումի դիրքորոշման մէջ: Իշխանափոխութեան պահանջը արդիւնք է այն քաղաքական դիրքորոշման, որ փաշինեանական իշխանութիւնները կը ցուցաբերեն պահուըտելով «խաղաղութիւն» անորոշ տարազին ետին: Անոնք կ՛ըսեն, որ բոլոր հարցերը քննուած են անցեալ յունիսին կայացած ընտրապայքարի ընթացքին, ու ժողովուրդը իր ընտրութեամբ համաձայնութիւն յայտնած է իրենց դիրքորոշման: Ճշմարտութիւնը այն է, որ ընտրապայքարի ընթացքին ազգային նուազագոյն պահանջները ոչ իսկ արծարծուած են ու ընտրող ժողովուրդը պարզապէս խաբուած է` կարծելով, որ պատերազմին պարտուած իշխանութիւնները տէր պիտի կանգնին ազգին ու հայրենիքին իրաւունքներուն` «կարմիր գիծերուն»:

Անգամ մը եւս կրկնենք, որ հայրենի հասարակութեան բարոյական առողջացման, քաղաքական ազգային տեսլականի որդեգրման, Հայաստանի ու Արցախի ազատութեան եւ անկախութեան երաշխաւոորման համար, ներկայ քաղաքական խմբաւորման փոփոխութեան այլընտրանք չկայ: Ազգային ուժերը պէտք է փոխարինեն անընդունելի զիջումներու գնով կեղծ խաղաղութեան ձգտող անկարողներու ապազգային խմբաւորումը:

Պայքարը ազգային է. ան պիտի շարունակուի մինչեւ վերջնական յաղթանակ:

 

 

 

Նախորդը

Նշմար. Վարձկանը Վարձկան Է Եւ Վերջ

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?