Գրողը կը գրէ ինքզինք ունկնդրելով, բայց նաեւ` զինք լսողը եւ ընթերցողը: Գրել մենաւոր հաճոյք չէ: Միշտ կայ միւսը:
Հետաքրքրական եւ օգտակար է լսել ընթերցողը: Ան բնական ամբողջացումն է գրողին, alter ego-ն: Ընթերցողը պէտք է լսել ո՛չ անպայման գնահատանքի համար, այլ մանաւանդ` իր ակնկալութիւններուն: Ընթերցողները յաճախ կ’ըսեն, որ «բարձր հայերէնով մի՛ գրէք, մեծ բառեր մի՛ գործածէ՛ք», ոմանք կ’ըսեն, որ` «Ըսուածներու կողքին դրէ՛ք մեր հասկցած լեզուով թարգմանութիւնը», կ’ըսեն` «Կարճ գրեցէ՛ք, տասը բառով ամփոփեցէ՛ք»:
Այս բոլորը, ի հարկէ, անկախ բովանդակութենէն, որուն մասին միշտ տարբեր կարծիքներ կան, քանի որ իրենք իրենց «առանձնութեան պահերուն», ինչպէս կ’ըսեն, միշտ մտածած կ’ըլլան արծարծուած հարցերուն մասին:
Միշտ կարծիքի ազատութեան թելադրած սկզբունքէն մեկնելով` փորձենք հասկնալ ակնկալութիւնները եւ թելադրութիւնները:
Ի՞նչ բան է «բարձր հայերէնը»: Ան հայերէն բառապաշարի ճիշդ գործածութիւնն է: Ճիշդ հայերէն բառը չգործածելով` կ’աղքատացնենք լեզուն եւ արտայայտուած միտքերը, կը մեռցնենք ինքնուրոյնութեան յատկանիշ դիպուկ եւ պատմութիւն ունեցող բառերը:
Հեռատեսիլի հանրածանօթ գրական յայտագիրներու վաստակաւոր հաղորդավար ֆրանսացի Պերնար Փիվօ քննադատական եւ ճիշդ հաստատում մը ունի այս մասին. «Բառերու անհետացումով յուզուող մարդիկ հազուագիւտ են: Մինչդեռ անոնք (բառերը) մեզի շատ աւելի մօտ են, քան` coléoptère միջատը: Անոնք մեր գլխուն մէջ են, մեր աչքին առջեւ, մեր լեզուին վրայ, մեր գիրքերուն մէջ, մեր յիշողութեան մէջ: Աստուած գիտէ, որ նախաձեռնութիւններ անպակաս են, ո՛չ բազուկները, ո՛չ ալ դրամը` պահելու համար մշակութային ժառանգութիւնները, մինչ բառերը անոնց մաս կը կազմեն, որքան` քարերը, կերպասները, յախճապակին, ոսկին եւ արծաթը, անոնք շատերը չեն հետաքրքրեր: Բառերու բնապահպանութիւնը թոթովող է»:
Ֆրանսացին մտահոգ է իր լեզուի բառերու պաշտպանութեամբ, երբ Ֆրանսայի մէջ ամէն տարի հազարաւոր նոր գիրքեր լոյս կը տեսնեն, ուր կան բազմաթիւ գրական եւ քաղաքական հրատարակութիւններ, կայ ակադեմիա, որ կը հսկէ լեզուին, կ’որոշէ նոր բառերու եւ եզրերու որդեգրումը: Օրինակ, coléoptère բառին հայերէնը չգտայ: Ինչպէս Հայաստան կ’ըսեն եասաման` հայերէն եղրեւանիի փոխարէն, չենք գործածեր ո՛չ հիրիկը, ո՛չ հօրուտը, կ’ըսենք իրիս եւ ժոնքիյ, նոյնիսկ երբ կը բուսնին մեր պզտիկ պարտէզին կամ պատշգամի թաղարներուն մէջ, ծաղիկները կը սիրենք, կը խնամենք, անոնց անունները չենք գործածեր: Օրինակներ էին:
Ինչպէ՞ս կ’ըլլայ ինքնապաշտպանութիւնը` առանց ինքնութեան: Բառերը ինքնութիւն են: «Բարձր հայերէն մի՛ գրէք»-ը պէտք է հասկնալ` հայերէն բառերը իրենց իմաստներով մի՛ գործածէք, որ է` խօսեցէ՛ք եւ գրեցէ՛ք Շաւարշ Միսաքեանի բանաձեւումով` «հաց-պանիրի հայերէն»: Այս ընթացքը, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), մեր նահանջներու տխուր պատկերն է: Վերականգնումի փաստ պիտի ըլլայ եղրեւանիի, հիրիկի եւ հօրուտի մուտքը մեր կեանքին մէջ: Նաեւ` Հայաստան, դեռ գումարելով մաղատանոսը, նաանան, մարուլը, փոխան` ազատքեղի անանուխի, հազարի: Եթէ մենք կեանք չտանք մեր բառերուն, այդ ոչ ոք պիտի ընէ մեր փոխարէն, մենք ալ` որպէս ինքնուրոյն ժողովուրդ, պիտի երթանք անհետացող բառերու ետեւէն: Այս իրատեսութիւն է:
Այս հրաժարումները երբեմն զաւեշտական կը դառնան: Օր մը քանի մը ընկերներով Հայաստանի յայտնի հիւրանոցներէն մէկուն կողքի ճաշարանն էինք: Ճաշացուցակը կարդացի, menu-ն: Աստուած հոգին լուսաւորէ, Զարթօնքի սերունդի աւագներէն Նահապետ Ռուսինեան պիտի ըսէր ճաշոց: Ճաշոցին կամ ճաշացուցակին մէջ կարդացի սալատ մարուլով (խաս), կարծէք մարուլը անհասկնալի հայերէն ըլլար զբօսաշրջիկներուն համար, որպէս հայերէն ներկայացող մարուլը թարգմանած էին արաբերէնի` հասկնալի ըլլալու համար. խաս: Այս օրինակը դիպուկ կերպով կը համապատասխանէ «բարձր հայերէն մի՛ գրէք»-ի պահանջին, եւ մեր խեղճ հազարը «բարձր հայերէն» էր:
Ճիշդ է` մարդիկ կ’ըսեն, որ ժամանակ չունին երկար յօդուածներ կարդալու, բայց ժամանակ ունին ժամերով հեռատեսիլին առջեւ նստելու եւ հայերէնէ զատ` ամէն լեզուներով սիրեմ-սիրես եւ ջարդեց-մեռցուց ժապաւէններ դիտելու: Բայց հայերէն երկար յօդուած կարդալու ժամանակ չունին: Հրապարակագիրը չորս տողով ինչպէ՞ս կրնայ բացատրել եւ վերլուծել քառասուն կուսակցութիւններով Հայաստանի վիճակը, կամ` սփիւռք(ներ)ի, այո՛, յոգնակի, հրաժարումները, փակուող դպրոցներու ողբերգութիւնը եւ երբեմն ալ` նորաբացներու ուրախութիւնը: Երկու պարբերութեամբ ինչպէ՞ս բացատրել դպրոցի մը փակումը եւ զգաստութեան հրաւիրել, որպէսզի չփակուի դպրոցը: Ինչպէ՞ս երկու պարբերութեամբ վկայել դպրոցի մը ստեղծման եւ պահպանման մասին: Թուիթըրով երկու տող պէտք է գրել` իմացնելու, որ այսինչ դպրոցը փակուեցաւ կամ այնինչ նոր դպրոցը բացին:
Բայց հայկական կամ օտար թերթի մէջ էջեր կարելի է գրել եւ կարդալ աստղերու, անոնց սիրականներուն, հագուստներուն եւ պտոյտներուն մասին, ի հարկէ` նախընտրաբար գունաւոր լուսանկարներով:
Դեռ ասոնք հայերէն ընթերցողի տեսակն են: Կայ նաեւ ստորակայութեան բարդոյթէ տառապող հայերէն թերթի եւ գիրքի ընթերցումէ հրաժարած բանգէտներու բանակը, սփիւռք(ներ), բայց հետզհետէ նաեւ` Հայաստան: Անոնք եզրակացուցած են, որ մեր թերթերը եւ լրատուամիջոցները չունին օտարալեզու լրատուամիջոցներու, média-ներու մակարդակը, հետեւաբար պէտք է հետեւիլ տեղականներուն, մասնաւորաբար` ֆրանսականին, ամերիկեանին, ռուսականին, արաբականին:
Ասոնք դեռ երբեմն կարդացող եւ հակազդողներն են: Փոքրամասնութիւն:
Ի՞նչ պէտք է ընել եւ ինչպէ՞ս, որ հեռացող-հեռացածները եւ անտարբերները, որոնք մեծամասնութիւն են, վերադառնան, ինչպէ՞ս զանոնք վերադարձնել ազգային աւազան, հայերէն խօսքի մտերմութեան: Ոմանք կը վերադառնան, ոչ անպայման` ազգային-հայկական նկատումներով, այլ այն պատճառով, որ իրենց «հայկական ծագում»-ը իրենց այս կամ այն նպատակի իրականացման դրամագլուխ կ’ըլլայ:
Այս մտմտուքներով ֆրանսացի Պերնար Փիվոյի արծարծած հարցը ինչպէ՞ս կարճ գրելով եւ «հաց պանիրի հայերէն»-ով ներկայացնենք: Մոգական իմաստութիւն ունեցողները, լուսանցքայնացածները եթէ ըսեն, հայ լրագրողները, բանախօսները եւ գրողները կը սորվին, կը վերաորակաւորուին, որպէսզի «հաց-պանիրի հայերէն»-ով գրեն:
Կրկին յիշեցի հայ մամիկի մը խօսքը: Ան կ’ըսէր, որ` «Ամէն անգամ որ ուղտը ծունկը գետին դնէ, հոն քարվանսերայ չի շինուիր»: Մամիկին խօսքը տասնմէկ բառով որպէս յօդուած կրնան կարդալ: Կը հասկնա՞ն: Թերթերը այդ տասնմէկ բառով էջ թող լեցնեն եւ «պարզ գրեցէ՛ք»-ի եւ «բարձր հայերէն մի՛ գրէք»-ի պահանջը կը բաւարարուի:
15 ապրիլ 2022, Նուազի-լը-Կրան