Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կեանքը Տարբեր Է Հոս…

June 14, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼՈՌԻ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Աշխարհի վրայ գոյութիւն ունին կենսական պէտքեր, որոնց բացակայութեան մարդկային կեանքը կը վերածուի յարատեւ տանջանքի: Անոնք են` ջուրը, հացն ու լոյսը: Աշխարհի նորօրեայ յառաջացումները այդ հիմնական պէտքերու շարքին աւելցուցած են` համացանցը, գործն ու դրամը: Իսկ ներկայիս` օրուան որեւէ մէկ ժամուն լիբանանցին զրկուած է այդ պէտքերուն գոնէ մեծամասնութենէն: Այդ առումով, Լիբանանի ու այլ երկիրներու միջեւ կայ կեանքի մակարդակի հսկայական տարբերութիւն:

Այս անտանելի վիճակը իւրաքանչիւր անձի կեանքին մէջ տարբեր ձեւով դրսեւորուած է: Լիբանանի տնտեսական վիճակին ու անհաւատալի սղութեան իբրեւ հետեւանք` լիբանանցին երկար ժամանակէ շատ մը բաներու կարօտ մնացած է: Այդ պատճառով ներկայիս շատ մը լիբանանցիներու լեզուն չորցած է Աստուծոյ փառք տալէն: Շատերու համար այլեւս ամէն կաթիլ ջուրը հրաշքի պէս արտասովոր երեւոյթ է: Իւրաքանչիւր հացի կտորը` հրճուանքի առիթ, իւրաքանչիւր այցելու` տարիներէ չտեսնուած մտերիմ ընկեր: Վերելակի մէջ անցուցած իւրաքանչիւր երկվայրկեանը` տօնի արժանի եղելութիւն, իսկ ելեկտրականութեան գոյութիւնը` անակնկալ պարգեւ: Լիբանանցին, որ իր գիշերային կեանքով ճանչցուած էր, հիմա կը պայքարի լոյսի դէմ, որ ինքնիրեն իրաւունքը տուած է ճշդելու լիբանանցիին քնանալու ժամը: Լիբանանցին, որ իր վայելքին համար ծախս չի խնայեր, հիմա ստիպուած է հաշիւ ընելու ամէն քայլը: Բարեբախտաբար լիբանանցին միշտ լուծումը կը գտնէ այսպիսի խնդիրներու: Սակայն ոմանք այնքան կարիքաւոր են, որ իրենց ցաւերը միայն Աստուած կրնայ դարմանել ու ուրիշներուն պատմելով` աղօթքներ կը հաւաքեն:

Այս հարցերը այնքան գէշ չեն թուիր, երբ զանոնք դիտես իբրեւ զբօսաշրջիկ: Ի վերջոյ, մարդը երեք-չորս շաբաթ կրնայ դիմանալ առանց մնայուն ելեկտրականութեան, համացանցի կամ ջուրի: Սակայն հազիւ այդ խնդիրները քիչ մը երկարին, հանդուրժելը կը դժուարանայ, ու սովորական պարտականութիւնները մարտահրաւէրներու կը վերածուին: Իսկ եթէ չորս շաբաթէն մարդը պիտի չմեկնի երկրէն, կը սկսի մնայուն լուծումներ ճարել, նոյնիսկ մտածել երկիրը լքելու կարելիութեան մասին: Երեք շաբաթ առաջ, երբ հասայ Լիբանան, այստեղի ընկերային կեանքի ջերմութենէն ու վայելքի մթնոլորտէն հմայուած` համոզուեցայ, որ պէտք է դարձեալ Լիբանան փոխադրուիմ: Այս գաղափարներովս մօտաւորապէս երկու շաբաթ ինքզինքս զուարճացուցի ու բոլոր խօսակիցներս ամբողջովին ապշեցուցի: Սակայն երրորդ շաբաթէն սկսեալ սկսայ Լիբանանը համտեսել ճիշդ լիբանանցիի պէս` իր բոլոր լաւ ու վատ կէտերով, ու թեւերս թրջուեցան: Որոշեցի կեդրոնացնել ուժերս` հեռաւոր երկրիս մէջ ապրելու, աշխատելու ու ապագայ կերտելու վրայ: Տխուր իրականութիւնը այն է, որ սովորական լիբանանցին աւելի հանգիստ երկիր մը մեկնելու առաւելութիւնն ալ չունի:  Ան հոս կ՛ապրի ու հոս ալ պիտի մնայ երեք շաբաթէն շատ աւելի երկար ժամանակ:

Սակայն որքան ալ չարչարանքի կրնայ նմանիլ լիբանանցիին ներկայ կենցաղը, արտագաղթողին սիրտը յաւերժ կը կարօտնայ Լիբանանի լեռները ու ծովափները, անոր բարձրունքներն ու ձորերը, բարեկամներն ու դրացիները, եւ այս բոլորին ճոխութիւնն ու սրտանց ապրելակերպը: Կեանքը տարբեր է Լիբանանի մէջ, լաւ ու վատ իմաստով: Տարբեր է…

 

 

 

Նախորդը

Սփիւռք` Շատերու «Ծանօթ» Եւ Նոյնքան Ալ «Անծանօթ»

Յաջորդը

Մանրապատում

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Վերակառուցումէն Հռչակագիր, Ապա Անկախութիւն

September 21, 2026
35 Տարի Առաջ.  Հայաստանի Անկախութեան Յայտարարութեան «Ազդակ» Կ՛անդրադառնար Առանձին Խմբագրականով Եւ Լրատուութեամբ
Անդրադարձ

35 Տարի Առաջ. Հայաստանի Անկախութեան Յայտարարութեան «Ազդակ» Կ՛անդրադառնար Առանձին Խմբագրականով Եւ Լրատուութեամբ

September 21, 2026
Համազգայինի Մելանքթոն Եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի Ժ. Դասարանի Հայաստանագնացութիւնը
Անդրադարձ

Համազգայինի Մելանքթոն Եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի Ժ. Դասարանի Հայաստանագնացութիւնը

September 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.