Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անհրաժեշտ Եւ Անյետաձգելի

June 10, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Տարեվերջ է:

Կրթական աննախընթաց եւ դժուար տարեշրջան մը եւս անցուցինք:

Մեր դպրոցները այս արտակարգ պայմաններուն մէջ փորձեցին լաւագոյնս տալ: Հայեցի դաստիարակութեան կողքին հայ ուսուցիչը ամբողջ տարեշրջանին եղաւ նաեւ ընկերային ծառայող: Իւրաքանչիւր աշակերտի հետ զգալու, ապրելու, բաժնեկցելու եւ զօրակցելու ճիգը անպակաս եղաւ բոլոր մակարդակներու վրայ:

Տնտեսապէս դժուար պայմաններու մէջ գտնուող վարժարանները` իւրաքանչիւրը իր միջոցներով, նաւարկեց հոսանքն ի վեր եւ հասաւ ծովափ:

Տարեշրջանը աւարտեցինք աւելի դժուար տարեշրջան մը վերսկսելու պատրաստակամութեամբ:

Սակայն ստիպուած ենք, պիտի շարունակենք: Այս դժուար տարիներն ալ պիտի անցնին, ինչպէս անցած են նախապէս: Կարեւորը հաւատքը զօրաւոր մնայ հայ դպրոցին հանդէպ եւ յոյսը մնայուն` հասնելու վարդահեղեղ արշալոյսին:

Տարեվերջ է:

Մեր ուսուցիչները, ինչպէս Լիբանանի մէջ գտնուող պետական եւ ոչ պետական բոլոր պաշտօնեաները, տակաւին կը վարձատրուին դրամանիշի արժեզրկուած գումարներով: Այլ խօսքով` չնչին ամսաթոշակներով, լուռ ու մունջ, առանց գանգատի, նուիրուածութեամբ եւ զոհաբերութեամբ, փայլուն աչքերով եւ ժպիտով, հաւատալով իրենց առաքելութեան վսեմութեան, համոզուած, որ անտէր չեն, գիտակցելով հայեցի դաստիարակութեան կարեւորութեան, մեր ուսուցիչները կը շարունակեն իրենց վեհ առաքելութիւնը` հանդիսանալով մեր կրթական կառոյցները ոտքի պահող զինուորները:

Տարեվերջ է:

Ճիշդ է, աւարտեցինք տարին, սակայն չենք կրնար շարունակել նոր տարին նոյն պայմաններու մէջ: Եթէ կը հաւատանք սերունդներու պատրաստութեան, դաստիարակութեան, հայեցի դիմագիծի պահպանման, կրթական մեր համակարգի գոյատեւման, վաստակաւոր ուսուցիչներու ֆիզիքական եւ բարոյական նեցուկին, պէտք է անյետաձգելի կերպով սրբագրուին ուսուցիչներու ամսաթոշակները:

Պէտք չէ սպասենք ընդհանուր իրավիճակի բարելաւման, շատ բան կորսնցնելու սեմին ենք, վաղն անգամ կրնայ ուշ ըլլալ:

Ճիշդ է, ամէն բան նիւթական չէ, բայց առօրեան ապրելու, շնչելու, կենցաղային նուազագոյնը ապահովելու պատասխանատուութիւնը բոլորին ուսերուն է:

Պէտք է գիտակցինք եւ քայլեր առնենք` յանուն գալիք սերունդներու հայեցի կրթութեան ապահովման:

 

 

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներ Մտահոգ` Ազրպէյճանին Անցած Տարածքներուն Մէջ Հայկական Մշակութային Ժառանգութեամբ

Յաջորդը

Հունգարիոյ Դեսպանը` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

RelatedPosts

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի. Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը

November 7, 2026
Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է
Անդրադարձ

Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է

November 7, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Համազգային Համախմբում

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.