Զ.Գ.Ղ.
Այնճար հայաւանին մէջ կիրակի, 26 յունիս 2022-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Մեծարենցեան երեկոներ»-ու մշակութային ձեռնարկը` նուիրուած մեծ երգահան եւ երգչախումբի ղեկավար Բարսեղ Կանաչեանին:
Նախքան ձեռնարկը` օրուան հանդիսավար Զաւէն Ղարիպեան ներկաներէն խնդրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգել յիշատակը Մովսէս Այնթապլեանի, որ քառասուն օրեր առաջ մահացած էր: «Ան Այնճարի Գալուստ Կիւլպէնկեան-Յառաջ վարժարանի նախկին տնօրէն եւ Մեծարենցեան երեկոներու ձեռնարկներու հիմնադիր եւ քաջալերողը եղած էր», նշեց ան:
Ապա հանդիսավարը ներկայացուց Բարսեղ Կանաչեանի կենսագրութեան հիմնական գիծերը` նշելով, որ ան ծնած է 1885-ին, Պալգանեան թերակղզի Ռոտոսթօ քաղաքը, այժմ թրքական հողամաս` Թէքիրտաղ անունով:
Բարսեղ Կանաչեանի ընտանիքը կը փոխադրուի Պոլիս` Կէտիկ Փաշա, երբ ան երեք տարեկան էր: Ան կը յաճախէ դպրոց, անոր հայրը կօշկակար էր: 1890 թուականին հայերուն դէմ հալածանք կը սկսի թուրք պետութեան կողմէ: Կանաչեանին ընտանիքը անապահով զգալով` կը գաղթէ Պուլկարիա, սկիզբը Սիլվի քաղաք, ապա` այդ օրերու մայրաքաղաք Վառնա: Բարսեղ Կանաչեան կանուխէն հակում եւ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է երաժշտութեան նկատմամբ, տակաւին եօթը տարեկան` տախտակի կտորի մը վրայ թելեր կը գամէ ու եղանակ կը յօրինէ: Ան ուսումը աւարտելէ ետք վանեցի վաճառականի մը մօտ կ՛աշխատի որպէս գրագիր :
Հակառակ նիւթական նեղ պայմաններուն, հայրը տեսնելով իր զաւակին հակումը երաժշտութեան նկատմամբ` ջութակ մը կը նուիրէ անոր: Կանաչեանի երաժշտութեան առաջին ուսուցիչը կ՛ըլլայ Նաթան Պէյ Ամիրխանեան, որ աւարտած էր Պերլինի արքայական երաժշտանոցը: Կանաչեան մաս կը կազմէ Ամիրխանեանի երգչախումբին:
Շրջան մը վերջ Բարսեղ Կանաչեանի ընտանիքը կը գաղթէ Ռումանիա: Հոն Կանաչեան կը հետեւի երաժշտութական ուսումի, նոյն ատեն դաս կու տայ աշակերտներու:
1905- թուականին շրջանին մէջ քաղաքական տակնուվրայութիւն կը տիրէ, Կանաչեանի ընտանիքը կը տեղափոխուի տեղէ տեղ: Անոնք կը վերադառնան Պուլկարիա. իսկ 1908-ին` Պոլիս, ուր տեղի կ՛ունենար օսմանեան պետութեան նոր սահմանադրութեան հռչակումը: Հոն կը հանդիպի Կոմիտաս վարդապետին ու կը դառնայ անոր աշակերտը: 1915` Համաշխարհային Ա. պատերազմ, հայկական ջարդ, ցեղասպանութիւն: Բարսեղ Կանաչեան` թրքական բանակի զինուոր եւ հիւանդանոցի մէջ հիւանդապահ: 1918 դաշնակից յաղթական բանակները կը մտնեն Պաղեստին, Սուրիա, Հալէպ: Կանաչեան Հալէպ է եւ կը կազմակերպէ համերգներ` ի զարմանս Դաշնակից բանակի սպաներուն: Հայ ժողովուրդը մոխիրներէն յարութիւն կ՛առնէ:

Յաջորդ տարիներուն Կանաչեան կը շրջի զանազան երկիրներ` Եգիպտոս, Կիպրոս, Պոլիս, Եւրոպա:
1926-ին Կիպրոսի մէջ ան ՀԲԸՄ-ի Մելգոնեան կրթական հաստատութեան երաժշտութեան ուսուցիչ է եօթը տարիներ, նոյն ատեն կը կազմակերպէ համերգներ:
Բարսեղ Կանաչեան կ՛ամուսնանայ երկու անգամ, առաջինը 1924-ին` Քնարիկ Տէր Սարգիսեանին հետ, որմէ կ՛ունենայ երկու դուստրեր` Սեդան եւ Այտան: Քնարիկը հիւանդութեան պատճառով կը մահանայ: Կանաչեան երկրորդ անգամ կ՛ամուսնանայ այս անգամ Քրիսթինէ Գալֆայեանին հետ 1931-ին, կ՛ունենայ մէկ դուստր` Ռիթան:
1933-ին Բարսեղ Կանաչեան կը հաստատուի իր վերջնական կայանը` Լիբանան, Պէյրութ: Կը հիմնուի Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Բարսեղ Կանաչեանի: Համերգներ կը կազմակերպուին Պէյրութ, Թրիփոլի, Զահլէ, Դամասկոս, Հալէպ: Կը կազմուի «Գուսան» երգչախումբի միութիւն` Համազգայինի նախաձեռնութեամբ, թեթեւցնելու համար Կանաչեանի նիւթական եւ բարոյական ծանրաբեռնութիւնը: Ան կը մահանայ 1967-ին եւ կը թաղուի Պէյրութ Ֆըրն Շըպէք ազգային գերեզմանատունը:
Ապա հանդիսավարը խօսքը կը փոխանցէ օրուան բանախօս երաժիշտ Զաքար Քէշիշեանին, որուն չորրորդ դասախօսութիւնն էր «Մեծարենցեան երեկոներ»-ու` Կոմիտասէն, Ջիւանիէն ու Արամ Խաչատուրեանէն ետք:
Զաքար Քէշիշեան իր խօսքին սկիզբը ըսաւ, որ Բ. Կանաչեան մեծ երգահան եւ խմբավար մըն էր, ունէր 70-է աւելի յօրինումներ եւ դաշնաւորումներ: Բարսեղ Կանաչեանի ստեղծագործական դերը մեծ եղաւ երաժշտութեան ճիւղին մէջ. նշանաւոր էին անոր 7 ռոմանսները եւ 19 մանկապատանեկան երգերը` խմբերգի վերածուած: Ան Լեւոն Շանթի «Հին աստուածներ» թատրերգութիւնը օփերայի վերածեց, ինչպէս նաեւ ս. պատարագի երաժշտութեան հիման վրայ հոգեպարար օրաթորիա յօրինեց: Զ. Քէշիշեան դիտել տուաւ, որ «Նանօր» երկարաշունչ խմբերգը սքանչելի ստեղծագործութիւն մըն էր, որով ան կը վերականգնէր հայոց պատմութիւնը: Ուխտագնացութիւն Մշոյ Սուլթան Սուրբ Կարապետ վանք, սկիզբը աղօթքներ, ապա` գինէխնդութիւն: Ներկաները ձայներիզի վրայ ունկնդրեցին «Նանօր» խմբերգի կատարումը` Փարիզի «Կոմիտաս» երգչախումբի եւ նուագախումբի մեկնաբանութեամբ, ղեկավարութեամբ խմբավար Կարպիս Աբրիկեանի: Ներկաները նաեւ ունկնդրեցին «Տալիլօ» երգը` նոյն խումբին կատարմամբ:
Կանաչեանի ստեղծագործական եւ համերգներու ժամանակաշրջանը կը բաժնուի երկուքի` նախակոմիտասեան եւ յետկոմիտասեան: Անոր յօրինած երգերը` «Օրօր», «Պիճնկօ», «Ասում են ուռին» մանկապատանեկան երգերը եւ միւսները, երկար ժամանակ պիտի գոյատեւեն արեւմտահայութեան երկնակամարին վրայ` որպէս հայ երգի ստեղծագործական անգնահատելի ժառանգ:
Ատանայի մէջ բանաստեղծ Գէորգ Կառավարենցի բառերով եւ Բ. Կանաչեանի երաժշտութեամբ յօրինուեցաւ «Յառա՛ջ, նահատակ ցեղի անմահներ» երգը:
Զաքար Քէշիշեան իր խօսքի աւարտին ներկաներուն ծանօթացուց Հայկազեան համալսարանի Սփիւռքագիտական հետազօտական կեդրոնի տնօրէն դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանի 670 էջնոց գնահատելի գիրքը` նուիրուած Բարսեղ Կանաչեանին, որ կը կրէ հետեւեալ խորագիրը` «ԲԱՐՍԵՂ ԿԱՆԱՉԵԱՆ 1885-1967- ԿԵԱՆՔԻ ՄԸ ԵՐԱԺՇՏԱՑՈՒՄԸ»: