Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հորիզոն»-ի Խմբագրական. Դաշնակցութիւնը Հալածելու Իշխանութեանց Մոլագարութիւնը Ազգային Ներուժի Կազմաքանդման Կ՛առաջնորդէ

Օգոստոս 6, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի (CCAF)-ի համանախագահ Մուրատ Փափազեանի Հայաստան մուտքը արգիլելու ՀՀ իշխանութիւններու քայլին յաջորդեցին ՀՅԴ Հոլանտայի «Գարեգին Նժդեհ» երիտասարդական միութեան անդամ Սիւնէ Աբրահամեանի եւ Հոլանտայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Մասիս Աբրահամեանի հայրենիք մուտքը խափանելու դէպքերը:

Ըստ երեւոյթին, Լեւոն Տէր Պետրոսեանի հակադաշնակցական ջղագար արշաւին օրերուն նման, այսօր եւս գործող իշխանութիւնները կազմած են դաշնակցական գործիչներու «սեւ ցուցակ» մը եւ «անբաղձալի անձ»-երու ցանկ մը:

Ընդդիմադիր կուսակցութիւններն ու քաղաքական հոսանքները ժողովրդավարական պետական համակարգի անբաժանելի մասնիկն են: Որեւէ երկրի ժողովրդավարութեան մակարդակը պայմանաւորուած է գոյութիւն ունեցող ընդդիմութեան բազմաբնոյթ գործունէութեան արժեչափով: Մէկ խօսքով, ժողովրդավարութիւն որդեգրած երկրի մը իշխանութեանց գործունէութեան վերահսկողութիւնը վերապահուած է նոյն այդ երկրի ընդդիմութեան:

Հայաստանի գործող իշխանութիւնները, որոնք չորս տարի առաջ յանուն ժողովրդավարութեան իշխանութեան տիրացան, այսօր խախտելով իրենց իսկ «սկզբունքները»` կատաղախտով համակուած կը հալածեն ընդդիմութեան առաջամարտիկ Դաշնակցութեան առաջնորդները, գործիչներն ու անդամները:

Արդէն յստակ է, որ գործող վարչակարգը ամբողջատիրական կառավարման համակարգ հաստատած է երկրէն ներս, ուր սահմանադրական իրաւունքներու եւ ազատութիւններու փաստացի խախտումները, ընդդիմախօս հասարակութեան նկատմամբ համատարած ատելավառ վարքագիծը, ընդդիմութեան գործիչներու եւ  այլախոհներու դէմ կիրարկուող բռնութիւնները եւ ժողովրդավարական տարրական չափորոշիչներու ոտնահարումը երկիրը հասցուցած են անդունդի եզրին: Ժամանակակից եւ արդիւնաւէտ ժողովրդավար պետութեան մը համար այնքան կենսական օրէնքի գերակայութիւնը այսօր անգոյ է մեր երկրին մէջ, եւ ոչ մէկ երաշխիք գոյութիւն ունի, որ այս վարչակարգը բարոյական պատասխանատուութիւնը ունի իր պարտաւորութիւնները ի կատար ածելու ժողովուրդին հանդէպ:

Ժողովրդավարութեան հիմնախարիսխը իրաւունքի գերակայութեան երաշխաւորումն է եւ անոր հիմանարար արժէքներու` ազատութեան, արդարութեան եւ համերաշխութեան օրինաչափ պաշտպանութիւնը եւ ոչ թէ` մարդ անհատի եւ կամ երկրի քաղաքացիական հասարակութեան դէմ կազմակերպուած հալածանքն ու բռնամիջոցներու գործադրութիւնը:

28 տարի առաջ նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան չյաջողեցաւ արմատախիլ ընել ՀՅ Դաշնակցութիւնը, երբ իր «սեւ ցուցակ»-ով դաշնակցական ղեկավարներու մուտքը արգիլեց Հայաստան եւ համատարած ձերբակալութիւններով կալանքի ենթարկեց Հայաստանի դաշնակցական կուսակցականները: Այսօր Նիկոլ Փաշինեանի ու իր խունթայի քաղաքական օրակարգին մաս կը կազմէ ընդդիմութեան, բայց մանաւա՛նդ Դաշնակցութեան հանդէպ անհանդուրժողականութիւնն ու քինախնդրութիւնը, որուն ակնյայտ հետեւանքն են «Զուարթնոց» օդակայանի մէջ կատարուած դէպքերը:

Պատերազմէն մէկ տարի ետք ՀՅ Դաշնակցութեան երիտասարդական կառոյցը իր ուշադրութիւնը կեդրոնացուց Արցախի եւ Սիւնիքի վրայ եւ մեր պետութեան ողնաշարը հանդիսացող Սիւնիքի դիմադրականութիւնը բարձրացնելու եւ տեղւոյն բնակչութեան աջակցելու նպատակով զօրաշարժի ենթարկեց աշխարհասփիւռ ՀՅԴ երիտասարդական- ուսանողական միութիւնները, որոնք 2021 թուականէն ի վեր յատուկ առաքելութիւններ կը կազմակերպեն Սիւնիքի մէջ: Այդ առաքելութիւնը գործադրելու համար Սիւնիք գործուղուած Սիւնէ Աբրահամեանին արգիլուեցաւ հայրենիքին մէջ հայրենակերտման իր պարտականութիւնները կատարել:

Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութեանց արտաքին քաղաքականութեան ամրապնդման համար Դաշնակցութիւնը քաղաքական իր ամբողջական ներուժը ի սպաս դրած է Հայ դատի յանձնախումբերու միջոցով եւ նոյն այդ Հայ դատի յանձնախումբի կամաւոր ծառայողները հայոց պետականութեան արտաքին քաղաքականութեան հունաւորման դիւանագիտական-քարոզչական անպաշտօն դեսպաններն ու քաղաքական գործիչներն են տասնամեակներէ ի վեր: Այսօր Հայ դատի գործիչ Մասիս Աբրահամեանի հայրենիք մուտքը նոյնպէս արգիլուած է դաւադիր վարչակարգին կողմէ:

Դաշնակցութեան դէմ հրահրուած ատելավառութիւնը, մաղձը, ոխակալութիւնն ու հալածանքը ազգային հաւաքական ներուժի ջլատման կ՛առաջնորդեն, որմէ կրնայ օգտուիլ միա՛յն մեր հայրենիքի թշնամին: ՀՅ Դաշնակցութիւնը պատասխանատուութեան կուսակցութիւն է եւ հակառակ իր դէմ ծաւալած հալածանքներուն` պիտի շարունակէ համազգային մարտահրաւէրները դիմագրաւելու իր առաքելութիւնը ի հեճուկս իր դէմ նիւթուած դաւադրութիւններուն ու որոգայթներուն:

Նախորդը

Մեզմէ Պիտի Չլսէք

Յաջորդը

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական. Արցախի Պետականութեան Պահպանումն ու Զարգացումը` Հիմնական Թիրախ

RelatedPosts

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Սեւրեան Երազանք, Հայ Քաղաքական Մտքի Բոպիկութիւն Եւ «Երրորդ Բեւեռ»-ի Հրաւէր (10 Օգոստոս 1920)

Օգոստոս 9, 2022
Սեւրի Դաշնագիրի Վերակենդանացման Հեռանկարով
Անդրադարձ

102-Ամեակ Սեւրի Դաշնագիրին. Սեւրի Դաշնագիրին Անժամանցելի Պատգամը

Օգոստոս 9, 2022
Մտորում` Դիպուածէն, Տեղեկութենէն  Եւ Յուզումէն Տարբեր Ալիքներու Վրայ.  Այս Է Մեր Ճակատագիրը: Դիմանալ Է Պէտք: Յետո՞յ…
Անդրադարձ

Կրթական Տարին Աւարտեցաւ, Նաեւ` Հայկական. Հարկ Է Ընել Հակակշիռներ

Օգոստոս 9, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In