ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
ՀՅԴ-ի 90-ամեակի առիթով կուսակցութեան ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու վարիչ մարմինը 1980-ի սկզբնաւորութեան առաջարկ ներկայացուց լիբանանահայ երաժիշտ, ձեռնադաշնամուրահար եւ խմբավար Ալեքսան Մնակեանին` կազմակերպել պատանեկան երգչախումբ մը եւ հանրութեան ներկայացնել ազգային եւ յեղափոխական երգերով երգահանդէս մը: Ալեքսան Մնակեան ուրախութեամբ ընդունեց առաջարկը, որովհետեւ ան խոր հաւատք ունէր յեղափոխական երգերու կարեւորութեան եւ առաքելութեան: Ան համոզուած էր, որ յեղափոխական երգերը կը մարմնաւորեն ֆետայական ազատագրական շարժումը, հայ մարտիկի նկարագիրն ու դիմագիծը, կը ծառայեն գաղափարի ու նպատակի սերունդէ սերունդ փոխանցման:
Ալեքսան մեծ խանդավառութեամբ լծուեցաւ գործի եւ կազմեց ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու երգչախումբը, որ բաղկացած էր հետեւեալ անդամներէն. Աբովեան Թամար, Արապեան Սոնա, Բրինձեան Լիզա, Գէորգեան Մանուշակ, Գուլաճեան Մարօ, Գուլաճեան Նորա, Գրիգորեան Սեդա, Եափուճեան Ռիթա, Էթիէմէզեան Թալին, Թեճիրեան Լենա, Թորոյեան Արուս, Իսթիլեան Զեփիւռ, Իսթիլեան Մակի, Լիպարեան Ալին, Խաչատուրեան Սիլվա, Խաչերեան Ցոլեր, Ծատուրեան Թալին, Կարապետեան Սեւան, Կուրկուրեան Մարիա, Հաճիմանուկեան Նորա, Հէյպէլեան Համեստ, Մահսէրէճեան Մարալ, Մամիկոնեան Լարա, Մկրտիչեան Զեփիւռ, Շահինեան Շաղիկ, Պետրոսեան Հուրի, Պօղոսեան Ծովիկ, Պօղոսեան Մարիժան, Ստանպուլեան Թանիա, Վարդանեան Յասմիկ, Վարդանեան Նազիկ, Տաղտէվիրեան Արսինէ, Տիրացուեան Սիրարփի, Քիւրիւմլեան Զեփիւռ, Արապեան Վիգէն, Բարիքեան Կարօ, Գարագալեան Հրաչ, Էթիէմէզեան Րաֆֆի, Էմմիեան Վահրամ, Լիպարեան Ներսեհ, Ծատուրեան Հրաչ, Պոյաճեան Ստեփան եւ Տէր Մարտիրոսեան Անդօ:
Ալեքսան յաջողցաւ քանի մը ամիսներու վրայ երկարած օրինաւոր, հետեւողական եւ լուրջ փորձերով պատանիներուն սորվեցնել փունջ մը ազգային եւ յեղափոխական երգեր: Ան իր երաժշտական եւ մանկավարժական հմտութեամբ գրաւեց պատանիներուն հետաքրքրութիւնը` հանդէպ ազգային եւ յեղափոխական երգերուն: Ան կարողացաւ պատանի երգիչներուն փոխանցել այն, որ ազգաշունչ, յեղափոխական երգերը պէտք չէ աղաւաղուին աժան երաժշտութեամբ եւ պարեղանակներով, ընդհակառա՛կը, պէտք է մեկնաբանուին հայկականութեամբ եւ յեղափոխական ըմբռնումով: Ան խանդավառութեամբ լծուած էր իրագործելու իրեն վստահուած գործը, զոր կը նկատէր խիստ կարեւոր առաքելութիւն մը: Ան յաջողեցաւ իր առաքելութեան մէջ` իր կողքին ունենալով հմուտ եւ փորձառու դաշնակահարուհի Շաքէ Պտղունի-Գազանճեանը:

30 մայիս 1980-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու երգչախումբը, խմբաւորութեամբ Ալեքսան Մնակեանի, Լիբանանի հայութեան ներկայացաւ ազգային յեղափոխական երգերու երգահանդէսով մը:
Երգահանդէսին առիթով պատրաստուած էր քանի մը էջնոց գրքոյկ մը, որուն մէջ Ալեքսան Մնակեան գրած էր հետեւեալը. «Հայ յեղափոխական երգը կ՛ընդգրկէ մեր երգարուեստի ժանրերու ամբողջականութիւնը: Անիկա մեր երաժշտութեան հարստութեան եւ ազգային նկարագրին կարեւոր արտայայտութիւնը կը յայտնաբերէ: Ժողովուրդի զգայարանքէն ծնունդ առած ու սնանած երգերը կը ներկայանան իբրեւ արտայայտութեան առաջնակարգ միջոց, ուր խօսքի եւ եղանակի կը վերածուին հայ մօր նուիրումը ազգային սուրբ գործին, ֆետայական ազատագրական շարժումը եւ հայ մարտիկի նկարագիրն ու դիմագիծը: Հայ յեղափոխական երգերը ֆետայական կեանքը արտայայտող եւ ձեւաւորող սքանչելի պատկերներ են, որոնք ծնունդ առած են մասնայատուկ դէպքերէ եւ մթնոլորտէ: Ներկայացնելով պատմական մօտաւոր անցեալի մը զգայուն եւ նուիրական մէկ երեսը` անոնք կը ներկայանան իբրեւ գաղափարի եւ նպատակի փոխանցման ներշնչման աղբիւր, եւ անոնց մոլութեան մէջ կը թրծուի մեր օրերու հայ յեղափոխականը»:

Երգչախումբը, դաշնակի ընկերակցութեամբ Շաքէ Պտղունի-Գազանճեանի, մեկնաբանեց Ալեքսան Մնակեանի կողմէ մշակուած եւ դաշնաւորուած ազգային-յեղափոխական հետեւեալ երգերը. «Մշակ բանուոր», «Աքսորի երգ», «Ձայն տուր, ո՛վ Ֆետա» (մենակատարներ` Զեփիւռ Քիւրիւմլեան եւ Թալին Էթիէմէզեան), «Պարզիր, աղբիւր» (մենակատար` Ծովիկ Պօղոսեան), «Զարթի՛ր, որդեակ» (Հայ մօր երգը), «Սուլուխի կռիւը», «Գարեգինը կարնեցի», «Մենք անկեղծ զինուոր ենք», «Գնդակ որոտաց», «Մեկնում» (մենակատար` Ծովիկ Պօղոսեան), «Դաշնակցական խումբ» (Անդրանիկի քայլերգը), «Կարկուտ տեղաց», «Պետոյի յիշատակին» (մենակատար` Ծովիկ Պօղոսեան), Գարեգին Նժդեհի երգը, «Բանտիս դռներն էին եօթը» (մենակատար` Ծովիկ Պօղոսեան) եւ «Արիւնոտ դրօշ»:
Սրահը խուռներամ լեցուն էր պատանի, երիտասարդ եւ տարեց հայորդիներով: Անոնք եկած էին հայ պատանիին շրթներէն ունկնդրելու մաքուր, անբիծ եւ հայկականութիւն բուրող ազգային-յեղափոխական երգերը: Իւրաքանչիւր երգի մատուցումէն ետք սրահը կը թնդար յոտնկայս ծափահարութիւններով: Խմբավարին ձեռքի մէկ շարժումով կայտառ եւ զուարթ երգչախումբը կ՛ընդառաջէր ներկաներուն ծափահարութեան` կրկնելով երգը:
Երգչախումբ արժանացաւ բազմութեան երկարատեւ ծափահարութեան եւ գովասանքի ու գնահատանքի խօսքերուն: Հայկական մամուլն ալ լայն արձագանգ տուաւ ու մանաւանդ խմբավար Ալեքսան Մնակեանին ուղղեց մեծ «վարձքդ կատար» մը:
Լիբանանի հայութեան բուռն փափաքին ընդառաջելով` երգչախումբ յաջորդ երկու շաբաթներուն հանրութեան ներկայացաւ հինգ երգահանդէսներով (նոյն յայտագրով), մեծ խանդավարութիւն ստեղծեց պատանեկան շարքերուն մէջ: Այսպիսով իրականացան Ալեքսանի հետապնդած ազգային նպատակները:
Երգահանդէսներու շարքը ձգեց լաւ եւ անմոռանալի յիշատակներ, որոնք մնացին լիբանանահայութեան եւ մանաւանդ հայ պատանիին յիշողութեան մէջ:

ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինը գեղեցիկ գաղափարը յղացաւ պատրաստելու երգահանդէսի երգացանկէն փունջ մը երգերով ձայնապնակ մը, որ կ՛ընդգրկէր հետեւեալ երգերը. «Մշակ բանուոր», «Աքսորի երգը», «Ձայն տուր, ո՛վ ֆետա» (մենակատարներ` Զեփիւռ Քիւրիւմլեան եւ Զեփիւռ Իսթիլեան), «Հայ մօր երգը», «Մեկնում» (մեներգող` Ծովիկ Պօղոսեան), «Սուլուխի կռիւը», Գարեգին Նժդեհի երգը, «Արիւնոտ դրօշ», «Գարեգինը կարնեցի» եւ «Մենք անկեղծ զինուոր ենք»: Ձայնապնակը շուտով մուտք գործեց հայ տուներէ ներս, ուր ազգային ու յեղափոխական երգերը եղան կենդանի ներկայութիւն:
Մոնրէալ, 19 յուլիս 2022