Զրուցակիցիս Հետ Դէմ Յանդիման Պանք Օթոմանի Մասին (Մեղմ Քննարկում)
ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Սովոր է եղած, երկար ժամանակէ ի վեր, գրիչը առնել ու գրել Պանք Օթոմանի մասին: Պատճա՞ռը, պարզ ու մեկին. ստացուած դաստիարակութիւնն է: Այո՛, պատանեկանի օրերէն սկսեալ մինչեւ չափահաս տարիք, իրերայաջորդ սերունդներու ջամբուեցաւ, աւելի՛ն. հոգիին ու մտքին մէջ ամրապնդուեցաւ հայ յեղափոխական պատմութենէն այնպիսի դրուագներ, դիպաշարեր թէ հերոսական դէմքերու կերպարներ, որոնք, օրին, եթէ երբեք մէկ կողմէ նպաստեցին տեսակի ու դիմագիծի մը...


















