ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ
Անցեալ շաբաթ գրած էի աղմկայարոյց դէպքի մը մասին, երբ հայ պաշտօնեաներ թոյլ չէին տուած ֆրանսահայ համայնքի ղեկավար Մուրատ Փափազեանի, որ իր կեանքը նուիրած է Հայ դատի պաշտպանութեան, մուտք գործել Հայաստան` Երեւանի օդակայան ժամանելէն ետք: Թէեւ օդակայանին մէջ Փափազեանի բազմիցս հնչեցուցած հարցերուն, թէ ինչո՞ւ հայ պաշտօնեաները կ՛արգիլեն իր մուտքը երկիր, ոչ մէկ պատասխան տրուած է: Այժմ մեկնաբանեմ այս հարցի վերջին զարգացումները:
Սկիզբը պետական պաշտօնեաներ լրատուական միջոցներուն ըսին, որ չեն կրնար բացայայտել Փափազեանի վռնտուելուն պատճառը` անոր անձնական կեանքի իրաւունքը չխախտելու համար: Երբ Հայաստանի մէջ սփիւռքի հարցերով գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանի առաջին անգամ հարցուցին, թէ ինչո՞ւ Փափազեանին արգիլած են մուտք գործել երկիր, ան ըսաւ, որ գաղափար չունի: Այնուհետեւ Սինանեան սխալմամբ պնդեց, որ Փափազեանին գլխաւորած կազմակերպութիւնը` Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը (CCAF), իրաւունք չունի ներկայացնելու ամբողջ ֆրանսահայ համայնքը, քանի որ եղած-չեղածը մէկ կազմակերպութիւն է: Հակառակ Սինանեանի յայտարարութեան` CCAF ոչ թէ մէկ կազմակերպութիւն, այլ ֆրանսահայ շուրջ 60 կազմակերպութիւններու համախմբում է:
Աւելի ուշ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի անանուն օգնականներէն մէկը անցեալ շաբաթ ծաւալուն հարցազրոյց տուաւ «Արմէնփրես» գործակալութեան` պնդելով, որ Փափազեանին արգիլած են մուտք գործել Հայաստան` «Օտարերկրացիներու մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի 8-րդ յօդուածի «1.գ» եւ «1.զ» կէտերը խախտելուն համար: Օգնականը շարունակեց` պնդելով, որ Փափազեան այն մարդոցմէ է, որ 1 յունիս 2021-ին Փարիզի մէջ յարձակած է Փաշինեանի ինքնաշարժներու շարասիւնին վրայ: Ի՞նչ պատահեցաւ կառավարութեան սկզբնական պատճառաբանութեան, ըստ որուն, չէր կրնար բացայայտել Փափազեանին վտարման պատճառը` պաշտպանելու համար անոր անձնական կեանքի իրաւունքը: Անոր վտարման իրական պատճառը վարչապետին անհանդուրժողականութիւնն է հանդէպ ամէն մարդու, որ կը համարձակի ընդդիմանալ իր վարչակարգին:
Ահա իրական փաստերը. ես ճշդեցի, որ Փափազեան մասնակից չէ եղած Փաշինեանի ինքնաշարժներու շարասիւնին վրայ որեւէ յարձակման, քանի որ ան հոն ներկայ չէ եղած: Բողոքի արարքը տեղի ունեցած է խումբ մը երիտասարդներու կողմէ, որոնք, ցաւօք, լոլիկ նետած են Փաշինեանի ինքնաշարժներու շարասիւնին վրայ: Օտար հողի վրայ պատշաճ չէ նման բան ընել Հայաստանի ղեկավարին նկատմամբ: Այսուամենայնիւ, անցեալ տարուան միջադէպը Հայաստանի կառավարութիւնը այնքան անկարեւոր համարած էր, որ Փարիզի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը նոյնիսկ բողոք չէր ներկայացուցած Ֆրանսայի իշխանութիւններուն:
Երկրորդ` շատ տարօրինակ է, որ 1 յունիս 2021-ին, Փարիզի մէջ տեղի ունեցած ինքնաշարժներու շարասիւնի միջադէպէն ետք, Փափազեան չորս տարբեր առիթներով այցելած է Հայաստան, եւ Երեւանի օդակայանին մէջ ոչ ոք խոչընդոտած է անոր մուտքը: Եթէ վարչապետին օգնականը լուրջ կը վերաբերի Փափազեանին ուղղուած իր անհիմն մեղադրանքին, ապա ինչո՞ւ կառավարութիւնը չ՛արգիլեր անոր մուտքը Հայաստան` մէկ տարի շարունակ, այլ` միայն անոր հինգերորդ այցելութեան ժամանակ: Վարչապետին օգնականը, այսպիսով, կ՛ընդունի, որ Հայաստանի պաշտօնեաները այնքան անձեռնհաս են, որ նոյնիսկ չեն կրնար պատշաճ կերպով իրականացնել իրենց սեփական որոշումները:
Աւելի՛ն. Փաշինեանին օգնականը ստապատիր պնդած է, որ Փարիզի միջադէպին մասին մամուլի մէջ կան հրապարակումներ, որոնց շարքին` տեսանիւթեր համացանցի վրայ, որոնք ցոյց կու տան Փափազեանին եւ միւսներուն բողոքը: Փաստը այն է, որ նման տեսանիւթ չկայ, որ ցոյց կու տայ Փափազեանին մասնակցութիւնը այդ բողոքի արարքին, զուտ այն պատճառով, որ ան հոն ներկայ չէ եղած: Եթէ նման տեսանիւթ ըլլար, ապա Հայաստանի կառավարութիւնը զայն լայնօրէն կը տարածէր Փափազեանին մեղքը ապացուցելու համար:
Քանի որ վարչապետին օգնականը Փափազեանի ուղղած իր մեղադրանքը հիմնաւորած է «Օտարերկրացիներու մասին» ՀՀ օրէնքի 8-րդ յօդուածի «1.գ» եւ «1.զ» կէտերով, զիս հետաքրքրեց այն, որ նոյն օրէնքի 8-րդ յօդուածի 6-րդ կէտին մէջ նշուած են հետեւեալ պետական պաշտօնեաները, որոնք միայն կրնան մուտք գործել` Հայաստան մուտքի արգելք ունեցող մարդոց սեւ ցուցակը` «Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմ, Ազգային անվտանգութեան գործակալութիւնը, ոստիկանութեան լիազօրուած պաշտօնեաները, ԱԳՆ պաշտօնեաները, դատարանները եւ դատախազութիւնը»: Կարեւոր է, որ ո՛չ անձամբ վարչապետը, ո՛չ ալ անոր օգնականները կան ցուցակին մէջ այն պաշտօնեաներուն, որոնք իրաւասու են մուտք գործելու սեւ ցուցակ: Փաշինեանի օգնականը ուրկէ՞ գիտցած է, որ Փափազեանին անունը սեւ ցուցակի վրայ է, եւ թէ` ինչո՞ւ արգիլուեր է անոր մուտքը երկիր: Ասիկա օրէնքի ակնյայտ խախտում է, այն նոյն օրէնքին, զոր մէջբերած է Փաշինեանին օգնականը` արդարացնելու համար Փափազեանին մուտքի արգելքը: Ժողովրդավարական օրինաւոր երկրի մը մէջ այս օգնականը եւ անոր վերադասները քրէական պատասխանատուութեան կ՛ենթարկուէին օրէնքը խախտած ըլլալնուն համար: Այն, ինչ որ անոնք ըրած են Փափազեանին նկատմամբ, իշխանութեան չարաշահում է: Հայաստանը Փաշինեանի սեփական տունը չէ, որ ան որոշէ, թէ զո՛վ ներս պիտի առնէ եւ որո՞ւ պիտի արգիլէ:
Վերջապէս, մինչ կառավարութիւնը զբաղած է արգելափակելով ազգայնասէր հայու մը մուտքը երկիր, ընկերային ցանցերու մէջ լայնօրէն տարածուած տեսանիւթի մէջ կ՛երեւի, թէ ինչպէ՛ս թուրք ծայրայեղականը Երեւան` Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրի մէջ, լեզուն դուրս հանած, գայլի պէս կ՛ոռնայ, ջղագար կը քրքջայ, կը ծաղրէ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ թրքական «Գորշ գայլեր» ահաբեկչական խմբաւորման ձեռքի շարժումը կ՛ընէ` կրելով թրքական ոտնագնդակի ակումբի դրօշը, ուր պատկերուած են կիսալուսինն ու աստղը` Թուրքիոյ Հանրապետութեան խորհրդանիշը: Թէեւ ոստիկանութիւնը միշտ չէ, որ կրնայ կանխել այսպիսի այլանդակ միջադէպեր, սակայն եթէ հայ պաշտօնեաները այդքան զբաղած չըլլային իրենց քաղաքական հակառակորդները լռեցնելով, անոնք աւելի ժամանակ կ՛ունենային զբաղելու հայ ազգի իսկական թշնամիներով: Որքա՜ն հեգնական է, որ հայ ազգայնասէրին կ՛արգիլեն մուտք գործել Հայաստան, միեւնոյն ժամանակ թուրք ծայրայեղականին թոյլ կու տան մուտք գործել երկիր եւ վիրաւորել Ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակը:
Շատ աւելի լաւ կ՛ըլլար, որ հայ պաշտօնեաները ըսէին ճշմարտութիւնը` խոստովանելով, որ Փափազեանը պէտք չէ վռնտէին Հայաստանէն, այլ ոչ թէ իրենց սկզբնական սխալը կոծկելու համար նոր սուտեր յօրինէին:
Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ


