Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Համա-ՀՄԸՄ-ական Խաղերուն Առթիւ

Օգոստոս 4, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Լուսանկար՝ Հայկ-Պաղտասարեան(Photolure)

Երեւան, 18 ապրիլ, 1920… Իւրայատուկ եւ տօնական վիճակ մը կը տիրապետէր քաղաքին ու ժողովուրդին վրայ: Հազիւ երկու տարուան պատմութիւն ունեցող Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան` ՀՄԸՄ-ի սկաուտները ո՛չ միայն երաժշտութեամբ կը խանդավառէին, այլ միաժամանակ տուփերով հանգանակութիւն կը կատարէին:

Աւելի՛ն. մարզական մրցումներով, անոնք արժանացան հանդիսատեսներու խրախուսական ծափողջոյներուն:

Այդ օրերուն, աւելի քան հարիւր տարի առաջ, սկաուտական շարժումը հանրային կրթութեան նախարարութեան գուրգուրանքին առարկան էր եւ հետզհետէ աճող ժողովրդականութիւն կը վայելէր: Նոյնիսկ հայրենիքէն դուրս բնակող փորձառու ղեկավար ՀՄԸՄ-ականներ` Տիգրան Խոյեան եւ Վահան Չերազ, Երեւան եկած էին իրենց բարոյական լուման տրամադրելու:

Այս բոլորին մասին աւելի մանրամասն գրած է Սիմոն Վրացեան:

Երեւան, 20 յուլիս, 2022… Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ մարզախաղերուն նախապատրաստական աշխատանքին մեկնարկը տրուեցաւ պաշտօնական մամլոյ ասուլիսով մը: Օր մը ետք աշխարհի տարբեր շրջաններէ ժամանած աւելի քան վեց հարիւր մարզիկներ այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ եւ Եռաբլուր: Տասնեակ մը ՀՄԸՄ-ականներ զոհուած էին 44-ամեայ պատերազմին` սուգի մատնելով եւ յարգանք պարտադրելով աշխարհասփիւռ ընտանիքին: Յատուկ նպատակով էր, որ մարզախաղերը սկսան յուլիս 22-ին, որ հռչակուած է «Հայ մարզիկի օր»:

Աւելի քան մէկ շաբաթ տեւող համագաղութային մարզախաղերը սոսկական մրցումներ չեն: ՀՄԸՄ-ի ընտանիքի անդամներուն եւ միութեան համակիրներուն համար անոնք տարբեր խորք ու իմաստ ունին: Նոյնիսկ նորագոյն դարաշրջանի Ողիմպիական խաղերու «հայր» եւ Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի հիմնադիր Փիեռ տը Քուպերթէնի հռչակաւոր` «Կարեւորը յաղթանակ արձանագրել չէ, այլ` մասնակցութիւն բերել» խօսքէն աւելի վեր կը դասուին այս մարզախաղերը, ուր ոսկի մետալակիրն ու առաջին հանդիսացողը, ըստ էութեան, մարզական բարձր ոգին է, տիպար հայորդի կերտող, բարիք գործող, բարձրացող եւ իրեն հետ բարձրացնող ՀՄԸՄ-ԱԿԱՆԸ:

Ճիշդ այդ պատճառով է, որ մասնակցողները, մրցումներուն կողքին, հետեւեցան նաեւ դաստիարակչական ծրագիրներու, որոնք կ՛ընդգրկէին ազգային, հոգեւոր, մշակութային արմատներու հետ առնչուող նիւթեր, այսինքն` այն բոլորը, որ վերջին շրջանին տժգունիլ սկսած է Հայաստանի մէջ, առանց մոռնալու սփիւռքեան պայմանները:

Բարոյական առողջ միջավայր ստեղծող եւ ազգային ոգի սերմանող հնոց մըն է ՀՄԸՄ-ը, որ կը պայքարի այլասերման դէմ:

Յատկապէս այսօր, 44-օրեայ պատերազմին ստեղծած գահավէժ վիճակի դաժան օրերուն, Հայաստան եւ սփիւռք կարիքը ունին ՀՄԸՄ-ի ազգային ոգիին: Թրծուած սերունդին ճիգերով ու կամքով կը կերտուի ատակ եւ տիպար սերունդ: Այս ճշմարտութիւնը որոշ ժամանակի մէջ չէ պայմանաւորուած:

Հազիւ չորս տարի առաջ հայրենի պետութիւնը իր աւագանիով, իր նուիրապետական աթոռներով ու համայնքային հոգեւոր պետերով ներկայ եղաւ, ողջունեց եւ շնորհաւորեց հարիւրամեայ ՀՄԸՄ-ը, մինչդեռ յուլիս 22-ի բացման պաշտօնական եւ տպաւորիչ տողանցքէն բացակայ էին անոնք, մինչեւ իսկ կրթութեան եւ սփիւռքի (հիմա նախարարութիւն չէ, այլ յանձնակատարութիւն) նախարարութիւնները:

Մեծամասնութեամբ սփիւռքեան օճախներէ ժամանած, սակայն նաեւ ՀՄԸՄ-ի հայրենի ընտանիքի անդամ երիտասարդներ տողանցեցին. երկրի ղեկավարութեան անբացատրելի բացակայութեան դիմաց (թէեւ բացատրութիւնը յստակ է), աչքի կը զարնէին քանի մը դեսպաններ…

Արդեօք որքա՜ն պիտի տխրէր Սիմոն Վրացեան` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան վերջին վարչապետը, եթէ ականատես եղած ըլլար եւ բաղդատական մը ընէր հարիւր տարի առաջուան պատահածին հետ:

Սակայն ՀՄԸՄ-ին եւ իր ընտանիքի բիւրաւոր անդամներուն ու համակիրներուն համար Երեւանի իշխանութեան վրայ գտնուող ղեկավարներուն վերաբերմունքը երկրորդական է: Այս մարզախաղերը հայեցի մթնոլորտ են, ազգային ապրում եւ հաւաքական պատկանելիութեան գիտակցութիւն կը ներարկեն: Այս բոլորը օտարոտի բաներ են իշխանաւորներուն համար…

Համա-ՀՄԸՄ-ական մարզախաղերը միայն մրցում` յաղթել, մետալ շահիլ, բաժակ բարձրացնել, տիտղոս ապահովել եւ պարգեւատրում չեն, ո՛չ ալ` ժամանման կէտ առաջին հասնիլը կամ բարձրագոյն կէտերը ապահովելը:

Այս խաղերը հայութեան եւ անոր «կամաւոր բանակ»-ին հետեւողական պայքարն ու յաղթանակն են, այն հաւատքով, որ պիտի կերտենք այն օրը, երբ հայութեան եռագոյնը պիտի երթանք կոթողել գագաթներուն` հայրենի լերանց հեռագոյն:

Նախորդը

ՄԱԿ-ի Պաշտօնեան Ջնջած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Իր Թուիթըրեան Գրառումը` Թուրքիոյ Ճնշումներուն Ենթարկուելով

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մեծապէս Կը Սխալին
Անդրադարձ

Մեծապէս Կը Սխալին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. «Մեր Ժողովուրդը Ո՞ւր Է…»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?