Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեզմէ Պիտի Չլսէք

Օգոստոս 6, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Պիտի չլսէք մեզմէ ձեզ հանգստացնող խօսքեր:

Հանգիստ չէ հայաշխարհը ահա արդէն քանի՜ դարէ ի վեր: Մենք կը զգանք այդ անհանգստութիւնը, այդ իսկ պատճառով ծնունդ ենք առեր 132 տարի առաջ: Մենք կը կրե՛նք այդ անհանգստութիւնն ու կ՛ենթարկուինք անոր հետեւանքներուն, եւ մեր նպատակն է, որ ազգը հաւաքաբար կրէ այդ անհանգստութիւնը, որպէսզի ի վերջոյ կարենանք յաղթահարել մեզ անհանգստացնող ազդակները, եւ այս արեւուն տակ մե՛նք ալ ապրինք հանգիստ միւս ժողովուրդներուն հետ:

Պիտի չլսէք մեզմէ ձեզ հանդարտեցնող խօսքեր:

Ինչպէ՞ս կրնանք ուզել ձեզ հանդարտեցնել, երբ ամեն օր հալածանքի ենթարկուած էք, ե՛նք բոլորս միասի՛ն: Կը հալածուինք տեւաբար, որովհետեւ չենք ուզեր հրաժարիլ մեր ինքնութենէն, երես դարձնել մեր հաւատքին, այլոց լեզուներով փոխարինել մե՛ր լեզուն, մերուիլ ուրիշներու, խառնուիլ, փոշիանալ ու անհետանալ: Ոճիր պիտի ըլլայ ձեզ հանդարտեցնելը, մղելը, որ համակերպիք, հաշտուիք, ընդունիք ձեզի պարտադրուող ճակատագիրը:

Պիտի չլսէք մեզմէ ձեզ ինքնախաբէութեան մղող խօսքեր:

Այո՛, մենք ալ տեսած ենք արութեան գործեր, մենք ալ ունեցած ենք փայլուն յաղթանակներ, այո՛, մենք ալ քաղաքակրթութիւն ենք կերտած ու աշխարհին բաշխած «միտք, առած, երգեր», բայց չենք կրնար անոնցմով շլանալ ու չտեսնել մեր ներկայ վիճակը: Չտեսնել մեր ինքնութիւնը պաշտպանելու անկարողութիւնը, մեր սահմանները պաշտպանելու անկարութիւնը, մեր իրաւունքները պաշտպանելու ապիկարութիւնը:

Պիտի չլսէք այդ խօսքերը, բայց պիտի լսէք այլ խօսքեր:

Պիտի լսէք կռիւի մղող կոչեր, յարատե՛ւ կռիւի, ինչպէս պատգամեր է մեզի մեր հիմնադիրներէն անմահն Քրիստափոր` յիշեցնելով, թէ ազատութեան հասնելու համար տարբեր ազգեր որքա՜ն երկար մարտնչեր են` 50 տարի, 100 տարի, իրլանտացիները` 600, հիմա արդէն` աւելի քան 700 տարի®

Պիտի լսէք բողոքի պոռթկումներ, ընդվզումի փայլատակումներ, ըմբոստացման հրաւէրներ` ընդդէմ մեր դէմ նիւթուող դաւերուն, մեզ տակաւին ա՛լ աւելի ճնշելու փորձերուն, մեզ նորանոր ցեղասպանութիւններու, մաքրագործումներու ենթարկելու նկրտումներուն:

Պիտի լսէք եւ պահանջատիրական խօսքեր, պահանջատիրական` ուղղած ամէնէն առաջ մենք մեզի, ապա` նաեւ աշխարհին: Պահանջատիրական` մեր տունը կարգի դնելու, մեր ուժերը համախմբելու, մեր միջոցները խնայելու եւ ամրապնդելու, մեր արժէքներուն ու մեր պատմութեանը տէր կանգնելու, մեր թիրախները յստակացնելու, մեր հարուածներն անշեղ դարձնելու ու անվհատ շարունակելու մեր հայամարտը, իսկ մեր դրացիներէն, մեր դաշնակիցներէն ու մեր բարեկամներէն պահանջելու, որ տարածաշրջանի խաղաղութեան սիրոյն, աշխարհի՛ խաղաղութեան սիրոյն հասկնան, որ իւրաքանչիւր ազգ բոլորին հաւասար իրաւունքներ ունի, իրաւունքներ` խաղաղ ապրելու եւ ստեղծագործելու:

Մենք մեր այս ինքնութենէն, մեր այս առաքելութենէն հրաժարողը չենք: Այլապէս կը դադրինք մենք մե՛նք ըլլալէ: Կը կորսնցնենք գոյութեան մեր իրաւունքը:

Այո՛, 132 տարեկան երիտասարդէ մը դուք երբեք պիտի չլսէք պարտութեան համակերպելու խօսքեր:

«Դրօշակ» թիւ 7,  յուլիս 2022

Նախորդը

Երկնային Վաչկատուններ

Յաջորդը

«Հորիզոն»-ի Խմբագրական. Դաշնակցութիւնը Հալածելու Իշխանութեանց Մոլագարութիւնը Ազգային Ներուժի Կազմաքանդման Կ՛առաջնորդէ

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Յանձնառու ՀՕՄ-ականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Յանձնառու ՀՕՄ-ականը

Հոկտեմբեր 27, 2025
Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում
Անդրադարձ

Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին
Անդրադարձ

Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?