Յակոբ Աբրահամեանին` Արժէքաւոր Հայու Մը Մահուան Առիթով*
ՅՈՎՍԷՓ ՏԷՐ ԳԷՈՐԳԵԱՆ Մղձաւանջը կը շարունակուի: «Քորոնա»-ի համաճարակին, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին, Արցախի պատերազմի դաւադիր պարտութեան, Լիբանանի շարունակուող տնտեսական տագնապին, Լաչինի միջանցքի յանձնման բօթին պատճառով համայն հայութեան, յատկապէս լիբանանահայութեան ապրած դառն ու ծանր վիճակին վրայ կու գան աւելնալու անհատական կորուստներ, անժամանակ մահեր: Արդարեւ, Յակոբ Աբրահամեանին` մեր քեռայրին անակնկալ մահը ծանր հարուած էր... Սիրելի՛ Յակոբ, Այս անակնկալ մահուանդ նկատմամբ բազմաթիւ հարցումներ կը...




















