Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարցադրում

August 8, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Երէկ` 7 օգոստոսին, Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան իր պաշտօնական ֆէյսպուքեան էջով անդրադարձած է վերջին օրերու ազրպէյճանական յարձակումներուն: Կացութեան գնահատումէն, վտանգներու ներկայացումէն ու թշնամիի հետապնդած նպատակներու յստակացումէն ետք Բեգլարեան հաստատած է` նկատի ունենալով, որ Արցախը բացառիկ նշանակութիւն ունի Հայաստանի ու ողջ հայութեան համար եւ հաշուի առնելով վերոնշեալ վտանգները` միակ լուծումը Արցախի եւ Հայաստանի ռազմավարական դիմադրողականութեան մակարդակի շարունակական ու արագ բարձրացումն է հետեւեալ ոլորտներուն մէջ.

Ա.- Կայուն անվտանգութիւն
Բ.- Աճող ժողովրդագրութիւն
Գ.- Զարգացող տնտեսութիւն
Դ-.- Որակեալ կրթութիւն
Ե.- Արդիւնաւէտ կառավարում
Զ.- ԱԶԳԱՅԻՆ ԳԱՂԱՓԱՐԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ (ընդգծումը մեր կողմէ)
Է.- Գործնապաշտ միջազգային յարաբերութիւններ

Եւ շարունակելով` հաստատած, որ այս բոլորին հասնելու համար մեզի անհրաժեշտ է Արցախի հայկական ապագայի եւ հայոց պետականութեան զարգացման ու զօրացման շուրջ ապահովել համազգային կայուն եւ գործնական համախմբում:

Բեգլարեան եզրակացուցած է` ընդգծելով, որ` ԵԹԷ ԿՈՐՍՆՑՆԵՆՔ ԱՐՑԱԽԸ, ԱՊԱ ԿԸ ՇՐՋԵՆՔ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԵԹԷ ՈՉ ՎԵՐՋԻՆ, ԱՊԱ ՆԱԽԱՎԵՐՋԻՆ ԷՋԸ:

Այս բոլորին մասին, 9 նոյեմբեր 2020-ի յանձնուողական ու պարտուողական համաձայնագրի ստորագրութենէն ետք, հայ քաղաքական միտքը բազմիցս բարձրաձայնած ու նաեւ աւելի՛ խոր ու համապարփակ շեշտադրումներ կատարած է:

Պրն. Բեգլարեանի գրառման մէջ կը պակսի այս բոլորին գործնականացման միջոցներու ու գործօններու յստակացումը: Այդ յստակացման ուղին բիւրեղացնելու համար անհրաժեշտ է, որ ան նոյն յստակատեսութեամբ անդրադառնայ նաեւ այն հիմնահարցին ու հարցադրումին, որ` արդեօ՞ք այդ համաձայնագիրը ստորագրող իշխանութիւնը ի վիճակի է այս առաջադրանքներու գործնականացումը երաշխաւորելու, որպէսզի չշրջուին հայոց պատմութեան ոչ վերջին եւ ոչ ալ նախավերջին էջերը: Այս կէտի յստակացումը համազգային հնչեղութիւն ու հրատապութիւն ունի այսօր, եւ պետական նախարարի գրառումը կ՛օժտէ ամբողջական խորքայնութեամբ եւ պատասխանատուութեան դրսեւորմամբ:

 

Նախորդը

Ճատրակի Համաշխարհային Օլիմփիատ. Հայաստանի Տղոց Հաւաքականը Պարտուեցաւ Ուզպեքիստանէն

Յաջորդը

Ափսո՜ս , Նոյն Մտայնութիւնն Է…

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.