«Հարկ է հասկնալ, որ դպրոցին դերն է
մանուկներուն սորվեցնել, թէ ի՛նչ է աշխարհը,
եւ զանոնք չդրոշմել ոչ միայն կեանքի արուեստով»
Հաննա Արենթ, իմաստասէր, Ի. դար
Այս օրերուն սփիւռքի հայկական մամուլը լայնօրէն կ՛ադրադառնայ հայ դպրոցներու աշակերտներու պետական քննութիւններու արձանագրած յաջողութիւններուն, երբեմն` հարիւր տոկոսով: Այս յայտարարութիւնները կոչ են, որպէսզի ծնողները իրենց զաւակները այս կամ այն յաջողութիւն արձանագրած լաւ դպրոցը ղրկեն:
Ներկայ եղած եմ հանդէսներու, երբ դպրոցի հաշուետուութեան մէջ լայնօրէն խօսուած է աշակերտներու պետական քննութիւններուն եւ համալսարան ընդունման բարձր եւ նախանձելի տոկոսներու մասին: Բնական է, որ դպրոցը, նաեւ` հայկական, աշակերտի յաջողութեան երաշխաւորը ըլլայ:
Բայց թող ներուի խօսիլ, ընդհանրապէս դպրոցի յաջողութեան կողքին, նաեւ յաջող հայ դպրոցի մասին: Բանաւոր թէ գրաւոր զեկուցումներուն մէջ հայ դպրոցի յաջողութեան մասին քիչ կը խօսուի, կամ չի խօսուիր: Այս մասին հանրային ու ծնողական պահանջ եւ ակնկալութիւն ալ չկայ:
Ինչպէ՞ս գնահատել հայ դպրոցի` որպէս այդպիսին, յաջողութիւնը:
Այս կամ այն երկրին մէջ, այս կամ այն համայնքը, կազմակերպութիւնը ինչո՞ւ հայկական դպրոց ստեղծած է եւ կը պահէ, կը ստեղծէ նորերը, երբ կան պետական վարժարաններ, ընդհանրապէս` ձրիավարժ, երբ հայ դպրոցին համար ծնողը զոհողութիւն պէտք է ընէ:
Պատասխանել հարցումին` խօսելով նպատակի մասին: Հայ համայնք եւ կազմակերպութիւն` պետութիւն չեն: Հայ աշակերտը տուեալ երկրի պետութեան կրթական համակարգէն օգտուելու իրաւունք ունի, ինչպէս` բոլոր քաղաքացիները: Համակարգէն դուրս ստեղծուած դպրոցը մասնաւոր է, հայկական կամ ոչ, անոր տնտեսական եւ որակի պատասխանատու են զայն ստեղծողները եւ իրենց զաւակները անոնց խնամքին յանձնող ծնողները: Ընտրանք, որ կ՛ենթադրէ նիւթական յանձնառութիւն եւ համոզում, կ՛ըսենք նաեւ` զոհողութիւն:
Սկզբունքային հարց. ինչո՞ւ ծնողներ իրենց զաւակները կը յանձնեն մասնաւոր վարժարանի մը, ինչո՞ւ հայ ծնողներ իրենց զաւակները կը յանձնեն հայկական վարժարանի:
Բարձր որակով աւանդութիւն ունեցող պետական վարժարաններ կան: Կրթութեան ժողովրդականացման պատճառով, ան չէ վերապահուած ընկերային վերնախաւի մը: Դպրոց յաճախել` իրաւունք է: Պետական դպրոցներ կան ամէնուրեք: Նաեւ` աշխատաւորական եւ համեստ թաղամասերու մէջ: Անոնց մակարդակը ընդհանրապէս ցանկալի չէ: Մասնաւոր վարժարանը աւելի բծախնդիր է ո՛չ միայն կրթութեան, այլ նաեւ դաստիարակութեան համար: Ան յաճախ մատչելի չէ բոլորին, քանի որ կրթական ծախսերը պէտք է վճարեն ծնողները: Տարբերութիւնը կը զգացուի շէնքերու, սարքաւորումներու որակի եւ մանաւանդ կարգապահութեան եւ հսկողութեան պատճառներով:
Կ՛իմանանք, որ պետական անձերու զաւակները կը յաճախեն մասնաւոր վարժարաններ, նոյնիսկ` նախարարներու: Հայկական վարժարանը, առաւել կամ նուազ, ունի մասնաւորի բծախնդրութիւնը: Անոր սկզբունքային առաքելութիւնն է, պէտք է ըլլայ, հայեցի կրթութիւնը, տարազ մը, զոր պէտք է ճշդել եւ կեցուածք որդեգրել:
Պետական քննութիւններուն` որպէս մասնաւոր վարժարանի խանդավառող յաջողութիւններու կողքին, հայ վարժարանը պէտք է ունենայ նպատակային այլ յաջողութեան մը հետապնդումը, ամբողջական հայեցի կրթութիւնը, որ միշտ ալ ծնողներու համար առաջնահերթութիւն չէ:
Բեմէն ըսուած եւ մամուլով տրուած զեկուցումներ գրեթէ չեն խօսիր հայեցի կրթութեան մարզին մէջ ձեռք բերուած արդիւնքներուն մասին: Այլ հարց է նաեւ, թէ ինչպէ՞ս գնահատել զանոնք, ինչպէ՞ս չափել մէկ դպրոցէ միւսը, մէկ համայնքէ միւսը, ո՞ր չափանիշներով` գիտնալու ստացուած հայերէնագիտութեան եւ հայեցիութեան որակը:
Եթէ բնական ժողովուրդ մը ըլլայինք, հայրենի պետութիւնը ստանձնած պիտի ըլլար կրթութեան, մասնաւորաբար հայերէնի ուսուցման վերահսկողութիւնը: Օրինակ, ֆրանսերէնի ուսուցումը Փարիզ, Մարսէյ, Քեպեք, Լիբանան կամ Սենեկալ նոյնն է` իր քերականութեամբ, շարահիւսութեամբ, բառամթերքով: Ո՛չ մէկ նոյնութիւն կայ արեւելահայերէնի, այսօր Հայաստան խօսուած եւ գրուած սովետահայերէնի (ուղղագրութիւն եւ բառամթերք), Իրանի հայերու արեւելահայերէնի ուղղագրութեան եւ արեւմտահայերէնի շարահիւսութեան եւ ուղղագրութեան միջեւ, որոնք, ի դէպ, կը խաթարուէին արդէն, եւ այդ կը շեշտուի Հայաստանէն տեղի ունեցած աղէտ-արտագաղթի պատճառով:
Գումարեցէ՛ք այն, որ նոր սերունդին համար հայերէնը յաճախ մայրենի բարբառ չէ:
Այս լեզուական խառնակութիւնը` հակառակ ոմանց (ընդհանուր համրանքին բաղդատած` փոքրամասնութիւն) քաջ եւ ազնիւ ջանքերուն, լաւ բան նախատեսել չի տար ազգի մեծամասնութեան հայախօսութեան եւ հայերէնագրութեան գծով` միշտ ի մտի ունենալով տեղական լեզուներու անշրջանցելի ազդեցութիւնը եւ համաշխարհայնացման ուղղակի-անուղղակի պարտադրած ամերիկերէնը, դպրոցներէն դուրս, թէ ներս: Իրականութիւնը բիրտ է, արեւմտահայերէնը` սփիւռքի մէջ, արեւելահայերէնը` Հայաստան, վտանգուած են, օղակը տեւաբար կը սեղմուի: Հայաստան, հազարաւոր օտար բառերու գրաւոր եւ բանաւոր ամէնօրեայ գործածութեամբ, հայերէնը կ՛ընթանայ դէպի տեղական էսփերանթոյի վիճակ:
Հայաստան եւ բազմադէմ սփիւռք(ներ), ազգային լեզուի պահպանման, հարազատութեան եւ ուսուցման հասարակաց կեցուածք չունինք, ինչպէս կ՛ըսեն, դոկտրին չունինք: Մասնակի եւ բջիջային ինքնագոհութեամբ, կը տնտեսենք հայերէնի վերջնական ձեւազեղծումը եւ հուսկ` անհետացումը, օր մը ունենալու համար տարբեր լեզուներ խօսող հայկական ծագումով խմբաւորումներ:
Պէտք է կացութիւնը իրատեսութեամբ դիտել եւ դատել: Եթէ ազգային-քաղաքական կամք ունինք, մտածե՛լ` թէ ի՞նչ կրնանք ընել, ի՞նչ պէտք է ընել: Ազգի մէկութիւն ստեղծելու համար մի՞թէ պէտք չէ ստեղծել լեզուի մէկութիւն: Այս ազգային գաղափարականի եւ քաղաքական կամքի հարց է:
Դպրոցներու մէջ հայերէնի ուսուցման համար, յատուկ ուսումնասիրութեամբ, իւրաքանչիւր տարիքի համար պէտք է կազմել հիմնական բառացանկ, ըստ այնմ պատրաստել դասագիրքերը եւ հայերէնով աւանդուող նիւթերը: Ո՞ր բառերը պէտք է գիտնայ հայերէն սորվողը` ըստ տարիքի, որպէսզի հայերէնը ըլլայ կեանքի լեզու, չըլլայ վանողական: Պէտք է տեւաբար առանձնացնել շրջապատէն սանձարձակ կերպով հայերէնի մէջ մուտք գործած եւ սովորական դարձած օտարաբանութիւնները, անոնք ըլլան ռուսաբանութիւն, ֆրանսաբանութիւն, անգլիաբանութիւն, թրքաբանութիւն, արաբաբանութիւն: Ֆրանսերէնի ուսուցիչները եւ քերականութեան գիրքերը, օրինակ, կը սրբագրեն անգլիաբանութիւնները (anglicismes) որոնք երգերու, ժապաւէններու, մեծերու պարագային` զանազան յարաբերութիւններու միջոցով լեզուի մէջ թափանցած են:
Քանի որ այս հարցով Հայաստան-սփիւռք իրաւ համագործակցութեան հնար չկայ հորիզոնի վրայ, նախատեսելի չէ, սփիւռքը, զանազանութիւնները, բաժանումները, համակրանք եւ հակակրանք գրանցելով` հայերէնի պաշտպանութեան եւ ուսուցման համասփիւռքեան խորհուրդ մը պէտք է կեանքի կոչէ, ոչ թէ այս կամ այն փառասիրութիւնները բաւարարելու, այլ` ազգային իրաւ մէկութիւն եւ հարազատութիւն ստեղծելու համար: Ի հարկէ ցանկութիւնը ունենալ այլ բան է, զայն իրականացնել` այլ:
Ո՞վ կեանքի պիտի կոչէ իր անուան արժանի ազգային մարմին մը` զայն օժտելով գործելու միջոցներով: Սովորական մրցակցութիւնները, յաւելեալ իրաւունքի ձեռքբերման ճիգերը, երեւելիական կիրքերը պէտք չէ որ դեր ունենան նման մարմինի մը ստեղծման մէջ: Ազգի գոյութենական բարձր գիտակցութեամբ եւ յանձնառութեամբ, հիւսիսէն հարաւ, արեւելքէն արեւմուտք, պիտք է ընդունինք լեզուի բիւրեղացման եւ անոր ուսուցման պատշաճող որոշումները:
Մենք մեզի, ազգին եւ գալիք սերունդներուն, գէթ այս խնդրով, պէտք է խնայել հատուածականութիւնները:
Ո՞վ պիտի նախաձեռնէ:
Արամ Ա. վեհափառ կաթողիկոսը միակ անձնաւորութիւնն է, որ այդ կրնայ ընել, կեանքի կոչել խորհուրդ մը, որ իր կարգին, մասնագէտներէ բաղկացած աշխատանքային խումբի մը կը յանձնէ նախապատրաստական աշխատանքները կատարել` գործի լծելով իրա՛ւ բանիմացներ, առանց տուրք տալու էսթեպլիշմընթային բարքերու: Կը պատրաստուի ընդհանուր ծրագիր մը` լեզուի զտման եւ հանգրուանային ուսուցման համար: Ի հարկին մասնակի պատշաճեցումներով` մէկ համայնքէ միւսը:
Այս ծրագրել եւ գործադրել` սիրողական (amateur) աշխատանք չեն:
Կաթողիկոսի յայտարարած «Սփիռքի տարի»-ն, այս նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ, սփիւռքի, ընդհանրապէս նաեւ ազգի մաշումին առաջքը կ՛առնէ, ինքնութիւն կերտելու բծախնդրութիւն կը յառաջացնէ եւ զայն կը դարձնէ հայապահպանման եւ հայու իրաւունքի պաշտպանութեան հիմնարար նախաձեռնութիւն:
Եթէ հնարաւոր ըլլայ, այս միացման եւ մէկութեան աշխատանքը ընել Հայաստան-սփիւռք համագործակցութեամբ, առանց գերադասի եւ ստորադասի յաւակնութիւններու, մենք մեզի դէմ կը տանինք ապագայակերտման իրաւ յաղթանակ:
Եւ «Սփիւռքի տարի»-ն կը մեծնայ եւ կ՛ըլլայ «Հայութեան տարի»:
Կը գտնուինք ինքնութեան եւ լեզուամշակութային խիստ սպառնական տագնապի մէջ: Անցեալ դարու մեծ մտածող Հաննա Արենթի միտքը պէտք է ըմբռնել, ըստ այնմ նախաձեռնել եւ գործել. ան ըսած է. «Հարկ է հասկնալ, որ դպրոցին դերն է մանուկներուն սորվեցնել, թէ ի՛նչ է աշխարհը, եւ զանոնք չդրոշմել ոչ միայն ապրելու արուեստով»: Այսինքն լաւ ապրելու, երջանիկ ըլլալու, յաջողութիւն հետապնդելու ուսուցումէն անդին` պէտք է ճանչնալ հիմնական արժէքները եւ կառչիլ անոնց: Նաեւ` մեր ազգի արժէքները:
Մեր ժողովուրդի պարագային` ապրիլ մեր ինքնուրոյնութեամբ եւ ինքնութեամբ, որպէսզի ընենք այնպէս, որ հայութիւնը եղած չըլլայ, մնայ պատմութեան բեմին վրայ:
Այս պատճառով ալ հայերէնի պաշտպանութիւնը, ուսուցումը եւ իւրացումը գիտակից հայուն համար հիմնական ազգային քաղաքականութիւն է:
Յաղթել ճակատագրապաշտութիւնը եւ իմաստաւորել հայոց հայրապետի «Սփիւռքի տարի»-ն` յիշելով Ի. դարու մեծ պատմաբան անգլիացի Առնոլտ Թոյնպիի խօսքը. «Քաղաքակրթութիւնները կը մեռնին ինքնասպանութեամբ, ոչ ոճիրով»:
25 յուլիս 2022, Նուազի-լը-Կրան