ԴՈԿՏ. ԱՐԹՈՒՐ ԱՆԴՐԱՆԻԿԵԱՆ
Գրականութիւն ըսուածը մեզմէ ընդհանրապէս երբեմն աւելի կը պահանջէ. ընթերցումի եւ վերապրումի կրկնակ կարողութիւն: Գրողի ճիգէն դուրս առնուազն այլ ճիգ մը պէտք է գործադրուի, որպէսզի իրերու աշխարհէն ստացած տպաւորութիւնը լիարժէք ըլլայ: Ռոպէր Հատտէճեանի պարագային ասիկա անխուսափելի է. խոյս տալը` չհասկացուածութեան պարտութիւն:
Արդ, խուզասրկում մը, եթէ կ՛ուզէք, խուզարկու հայեացքի մը միջոցով միայն պէտք է պարզորոշել զուտ վիպական այն իրողութիւններու բնոյթը եւ էութենականութիւնը, զորս Ռ. Հատտէճեանի համար տարիներէ ի վեր լրջախոհաբար ծառացած է եւ հանգիստ չէ տուած անոր պէս իմաստասիրող վիպագրողին` ապրելու «Առաստաղ»-ի ներշնչման հրահրմամբ: Ըսել կ՛ուզեմ` զգացական եւ մտածական իմաստիւ վէպը հետաքրքրայարոյց ըլլալէ զատ, կը բացայայտէ ազգային պատմութեան հոգիին բովանդակութիւնը, մանաւանդ` անանուն ծերունիի մը մենախօսական սեւեռումներովը գրեթէ հիփնոսացած…
Արդեօք խնդրայարոյց ծերունին գրողական հնա՞րք մըն է, թէ՞ ուղղակի իրականութենէն կու գայ` խտացնելու ժողովրդային խառնուածքի պատմութեան ամբողջականութիւնը; Մանաւանդ եւ յատկապէս, որ ան արկածի մը պատճառով կը գտնուի հիւանդանոցին մէջ: Մենաւորութեան վիճակ մը, թերեւս, մինակութեան պարտադրուած անկասելի ձգտում մը. միայն այստեղէն կարելի կ՛ըլլայ քննախոյզ դիտել աշխարհը, խորհիլ, դուրս ելլել ներաշխարհային ներկայութենէն եւ միջավայրէն, ազատագրուիլ` ազատ մտածումին տրուելէն առաջ: Չշրջափակուիլ ներշնչումի հակազդեցութիւններէն. ուրեմն` ապրիլ տեսակ մը վերամարմնաւոր այն վիճակները, որոնք մարդկային ու ազգային են:
Առաստաղին խնդիրը, վէպի մը խորագրէն անդին, կը բացայայտէ գրողի մտածողութեան տարողունակ ըլլալու խորքն ու կերպայնութիւնը («Ճանճ մը կը մտածէ՞ հիւանդի եւ ճակատագրի վրայ»), վիպային ողջ ընթացքին նկարագիրը յորդումով կը սնուցանուի, մանաւանդ երբ առաստաղ-իրականութիւն համարժէք իրողութիւններու գոյութիւն մը դիտուի նոյն հարթութեան վրայ «Օր մը առաստաղին վրայ ճանճ մը կը դիտէի: Առաստաղը այն բանն է, զոր ամէնէն շատ կը դիտեմ` պառկած ըլլալով առ հասարակ կռնակի վրայ: Եւ առաստաղը բան մըն է, որ երբեք շահեկան չէ, վասնզի չի փոխուիր, միօրինակ է` բացի այն հազուադէպ վայրկեաններէն, երբ ճանճ մը կը քալէ անոր վրայ: Ուստի ես այդ առաստաղը առաւելաբար կ՛օգտագործեմ` որպէս պաստառ մը մտածումներուս համար»:
Չեմ գիտեր, արդէն յիշածս առաստաղ-իրականութիւնը խորքին մէջ գաղափար մը կու տայ, որ իրականութիւն ըսուածը ծերունիին այդժամեայ ապրածն ու վերապրածն սոսկ չի կրնար ըլլալ: Խնդրոյ առարկան կ՛ենթադրէ նաեւ տարածական գիտակցում մը, որ կու գայ Հատտէճեանի ազգային զգայնութենէն: Ճանճ մը բնաւ չի կրնար գիտակցումն ունենալ: Մարդ մը ի խնդիր հոգւոյ թելադրութեան միայն կ՛ապրի: Հոն է ճանճի մը կերպափոխուելու գրողական զգայապաշտութեան խնդրի արծարծումը. «Կ՛ապրէր (ճանճը, Ա. Ա.) առանց կեանքէ ձանձրանալու, առանց երջանկութեան կամ տառապանքի, առանց ազգութեան, առանց հայրենիքի… անձնասպան չէր ըլլար երբեք»:
Խորհուրդ մը կայ, որ ուրիշ բան չի նշանակեր, քան` մարդու մարդ ըլլալու դատապարտուածութեան երեւոյթը վերստին մասնայատկելն ու անոր նշանակալիութենէն խօսիլը: Մարդ մը, որ ունեցած է անցեալ եւ գերեւավար է իր մտածումէն: Ըսել կ՛ուզեմ` մտածումը կը շարունակուի, քանի դեռ չէ հեռացած անցեալէն ու չէ մոռցած մարդ ըլլալու իր կենսաբանական վիճակի գոյութիւնը` ատոր անկարողութեամբը: Հատտէճեան` իբրեւ գրող եւ հոգեբան, դէպի խորացում կ՛երթայ, վիճակներու բնականութեան (ինչ որ մարդկային է) եւ սեւեռումին ընդմէջ կը նշմարէ ճամբայ մը, որ ամէնէն առաջ դէպի ծերունին գացող խորհուրդ մը ունի: Աս ճամբան չէր կրնար ոլորապտոյտ չըլլալ, քանի որ ազգային է. ազգի մը կենսագրութիւն վերարտայայտող: Անոնցմով անհարկադրաբար կը պարզուի իրողութիւններու աշխարհի խորհուրդը: Անգամ մը, որ ընդունինք այդ իրողութիւններու «ինչպէս որ է»-ն, չենք տառապիր գրողական ճշմարտութիւնը գիտակցելէն, կ՛ունենանք ճշմարիտ համոզում մը, որ է` վէպը սպառ զերծ է սովորական վիպայնութենէն…
Իրականութեան այնկողմը անցնելէ առաջ գրողը կը խորհի. մտահոգութիւններու տեղատարափ մը, եթէ չըսենք` մենախօսութիւններու, յոյզերու անխառն պատմումի յորձանքը մարդիկը վար կ՛առնէ, ըլլան հիւանդապահուի, թէ հերթապահ բժիշկ, ասոնք ամէնքն ալ դիպուածային զգայնութիւններ արթնցնող են` սենեակի մը իրականութիւնը լեցնող, որոշապէս ամբողջացնող: Կը մնայ առաստաղին գոյութեամբ ապրիլը, որ խաղաղ սփոփում կը բերէ թանձրացած հոգի-ծերունուն.
«- Անցա՞ւ,- կը հարցնեմ` նայելով առաստաղին: Սիրտխառնուքդ անցա՞ւ»: Որքան ալ հարցումը Մարկոսին ուղղուած ըլլայ, նորէն իր մէջ առաստաղին ձգողութեան, վերէն վար դիտուած, գրողի մտածումէն չազատագրուող տագնապը ունի: Ասիկա կը կազմէ Ռոպէր Հատտէճեանի մտածումին (մարդու նկարագիրը խորքով ճանչնալու) ինքնաճանաչումի առանցքը, տագնապներու շրջածիրը: Ի՞նչ պիտի ըլլար, եթէ չբաժնուէին (օր մը Մարկոսն ալ դուրս դրուեցաւ հիւանդանոցէն), «Մարկոս, որ այնքան անհանդուրժելի թուած էր» կը գուժէ հարազատ մարդու մը բաժանման վտանգը: Զգուշ ընդվզում մը կ՛ապրի ծերունին, որ զգայ «երկու մարդոց երկարատեւ փոխյարաբերութեան անդիմադրելի վախճանը»: Մինակութիւն, մինակութեամբ ապրիլը ծերունու հոգը չէ եղած, ինչպէս որ մարդերէն խուսափիլը` անոնց կորսնցուցած չտեսնելու փափաքի պատճառով, զի առաստաղը տիեզերք մըն է. Սաթենիկը, Յակոբը, տիկին Ալիսը, Ռուբիկը, Սոնան եւ միւսներն ալ` «դատապարտուած ապրելու» առաստաղի սիրոյն, ներքին հաւասարակշռութեամբ մը կ՛ուզէին ապրեցնել նոյնիսկ առաստաղով, իրարմէ բաժնուած ըլլալու զգացումը հեռաւոր հարազատութեան ողբերգութիւնը կ՛արթնցնէ, ծերունին չի զգուշանար (ինչպէս ապրած է իր նկարագիրի խորութիւնը, սկիզբէն մինչեւ վերջ` «առաստաղ մը դիտելով»): Ան ինքնամփոփ է, բայց` վկայող, անխառն իր պատմումով. ի վերջոյ առաստաղի կործանումը իր կործանումը եղած է, իրողութիւն մը` շարունակելի յարաբերութեանց միջոցով` ճակատագրական. Ռոպէր Հատտէճեան գրողի համար տագնապներ` ազգային մարդկային, յարուցանող, ինքնատիպ եւ իրաւ:
Յատուկ «Ազդակ»-ին համար
Երեւան, 13 յուլիս 2022