Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

102-Ամեակ Սեւրի Դաշնագիրին. Սեւրի Դաշնագիրին Անժամանցելի Պատգամը

Օգոստոս 9, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց` ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Սեւրի հաշտութեան դաշնագիրը Ա. Համաշխարհային պատերազմէն պարտուած դուրս ելած Օսմանեան կայսրութեան եւ յաղթական Դաշնակից պետութիւններուն` Մեծն Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի, Իտալիոյ, Ճափոնի, Պելճիքայի, Յունաստանի, Լեհաստանի, Փորթուգալի եւ Ռումանիոյ միջեւ ստորագրուեցաւ 102 տարի առաջ, 10 օգոստոս 1920¬ին, Փարիզի մօտակայ Սեւրի մէջ: Հայաստանի Հանրապետութեան անունով դաշնագիրը ստորագրեց Աւետիս Ահարոնեան:

Սեւրի դաշնագիրին համաձայն, Թուրքիոյ կը մնային Պոլիս եւ շրջակայքը, իսկ ասիական Թուրքիա կը սեղմուէր արեւմտեան Անատոլուի մէջ: Թուրքիա կը հրաժարէր իր գերիշխանութենէն Թրակիոյ նկատմամբ, Եգէական ծովու կղզիներէն, Կիպրոսէն, Եգիպտոսէն եւ արաբական տիրոյթներէն:

Ազգերու լիկայի միջոցով Մեծն Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի թեւարկութեան կը յանձնուէին Միջագետքը, Պաղեստինը եւ Սուրիան, Հիճազ եւ Հայաստան անկախ պետութիւններ կը դառնային:

Դաշնագիրին Հայաստանի նկատմամբ բաժինը կ՛ընդգրկէր 88-93-րդ յօդուածները:

Թուրքիա Հայաստանը կը ճանչնար իբրեւ ազատ եւ անկախ պետութիւն:

Թուրքիա եւ Հայաստան կը համաձայնին Էրզրումի, Տրապիզոնի, Վանի եւ Պիթլիսի վիլայէթներուն մէջ երկու պետութիւններու միջեւ սահմանագծումը ձգել Միացեալ Նահանգներու նախագահի որոշումին եւ ընդունիլ անոր որոշումը եւ Հայաստանի դէպի ծով ելք տալու ու յիշեալ սահմանագիծին յարող օսմանեան բոլոր տարածքներու ապառազմականացման վերաբերեալ առաջարկները:

Ազրպէյճանի եւ Վրաստանի հետ Հայաստանի սահմանները պիտի որոշուին այդ պետութիւններու հետ ուղղակի բանակցութիւններու միջոցով: Եթէ այդ պետութիւնները չյաջողին համաձայնիլ, ապա Դաշնակիցները խնդիրը պէտք է լուծեն յատուկ յանձնաժողովի օգնութեամբ:

Սեւրի դաշնագիրով կը թոյլատրուի բնակչութեան կամաւոր փոխանակում: Տասնութէն բարձր տարիք ունեցող անձեր կրնան քաղաքացիութիւն ընտրել տարածաշրջանի մէկ այլ երկրին մէջ` իրենց ազգային կամ կրօնական պատկանելիութեան համապատասխան, ուր անոնք մեծամասնութիւն կը կազմեն: Այդ մարդիկ կը պահպանեն իրենց իրաւունքը անշարժ գոյքի նկատմամբ:

Լքեալ գոյքի մասին օսմանեան կառավարութեան 1915-ի օրէնքը անօրինական կը յայտարարուի:

Թուրքիոյ մէջ ազգային փոքրամասնութիւններու պաշտպանութիւնը, կեանքը եւ ազատութիւնը պէտք է ապահովէ կառավարութիւնը:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսըն 22 նոյեմբեր 1920-ին իր որոշումը յանձնեց եւրոպական պետութիւններուն: Անոր որոշումին համաձայն, Հայաստան պէտք էր ստանար Վանի եւ Պիթլիսի նահանգներուն երկու-երրորդը, Էրզրումի գրեթէ ամբողջ նահանգը եւ Տրապիզոնի նահանգին արեւելեան հատուածը, ներառեալ` համանուն քաղաքը: Ընդհանուր առմամբ, այդ տարածքը կը կազմէր 90 հազար քառ. քմ, որ միաւորուելով արդէն գոյութիւն ունեցող Հայաստանի Հանրապետութեան հետ` հայկական անկախ պետութիւնը կ՛ունենար շուրջ 160 հազար քառ. քմ տարածութիւն:

 

 

Նախորդը

Կրթական Տարին Աւարտեցաւ, Նաեւ` Հայկական. Հարկ Է Ընել Հակակշիռներ

Յաջորդը

Սեւրեան Երազանք, Հայ Քաղաքական Մտքի Բոպիկութիւն Եւ «Երրորդ Բեւեռ»-ի Հրաւէր (10 Օգոստոս 1920)

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?