ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու 100-Ամեակ. Յուշեր Եւ Վկայութիւններ -2-
ՄԱՄԻԿՈՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու հիմնական նպատակն է դաստիարակել պատանիները, որպէսզի անոնք Դաշնակցութեան ճամբով ծառայեն ժողովուրդին եւ հայրենիքին: Միութիւնները կը պատրաստեն ազգասէր, հայրենիքին ու ժողովուրդին ծառայող ապագայի երիտասարդները, որոնց առաջնահերթութիւնն է հայրենիքին ծառայութիւնը: Պատանեկան միութիւններու հիմքը վարիչն է, որմէ ալ կախեալ է մեր ապագայ սերունդի դաստիարակութիւնը: Իմ խորհուրդս է վարիչ ընկեր-ընկերուհիներուն ըլլալ աշխատանքի մէջ անկեղծ եւ սիրով կատարել ամէն...




















