Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Համահայկական Սփիւռք

March 7, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՀԷ ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ

Ներածական

Պատմականօրէն հայկական սփիւռքը գոյութիւն ունեցած է Քրիստոսէ քանի մը դարեր առաջ: Այս հայկական սփիւռքը, ժամանակներու պատմական փոփոխութիւններու ազդեցութեան տակ, որոշ շրջաններու մէջ ամրապնդուած համայնքներ դարձած է, իսկ այլ շրջաններ անհետացած եւ կամ տկարացած հանգամանք ստացած է յարափոփոխ յաճախականութեամբ: Ընդհանուր առմամբ, գաղթականութեան տուեալներով, գաղութներ կազմած են եւ կեցութիւն հաստատած` ազգային, կրթական, կրօնական եւ այլ կենցաղային ու համայնքային պատկանելիութիւն ստեղծելով:

Նպատակ

Վերոյիշեալ տուեալներով եւ սերնդափոխութեան որոշակի համակերպութիւններով, ազգային ոգին ստացած է զանազան տեսակի գունաւորում, ուր հատուած մը ազգայինի եւ կրօնականի կառչած մնացած է, իսկ ուրիշ հատուած մը ազգային առումով նուազ շեշտուած նկարագիրի ընթացք առած է: Այլ խօսքով` երկու ոչ ծայրայեղ եւ աւելի նուազ հանգամանքով ծայրայեղ բնոյթի կը հանդիպինք:

Ներկայի տուեալներով եւ անցեալի ըմբռնողութեամբ, ազգային միասնականութեան եւ սփիւռքի սահմանումը միասնական ճակատ ունենալու իր խորքային հասկացողութեամբ ոչ միասնական յատակագիծ կը պարզէ, ուր ազգային միասնականութիւն ըմբռնողութեան հակադրուած է հիմնականօրէն մայր հայրենիքի, սփիւռքի եւ Արցախի եռեակ տուեալը:

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին «Սփիւռքի տարի» հռչակելու առիթով հրապարակուած պատգամը ոսկեղէն տառերով արտատպուելու է իր ամբողջականօրէն հարազատ նկարագրուածքով: Առաւել, ըլլալով 2022 տարուան 11 դեկտեմբեր 2022-ին Ազգային ընդհանուր ժողովի մասնակիցներուն ներկայութեամբ մատուցուած կիրակնօրեայ Ս. պատարագին վեհափառ հայրապետին քարոզին նիւթը ազգային մեր սփիւռքեան ուղիին հարցով շեշտուած յատկանիշով յաւելեալ մտահոգութիւն եւ հրամայական էր, որոնք ներկայացուեցան համանման ժողովներու: Մղուած այս իրականութենէն, գործնական եւ արհեստավարժ մօտեցումով, ներկայի վերլուծողական զարգացումներով եւ կարելի վիճակագրական ուսումնասիրութեամբ ու կիրարկելի առաջնորդութեամբ, ներկայ գրութիւնը կը պարզէ ընթացք մը, որ սփիւռքի պատմական փուլերը լուսարձակի տակ կ՛առնէ եւ ընթացքը ազգային բնոյթին հասարակական որոշումներ տալու ենթահողը կ՛առաջադրէ:

Փուլեր

Հինի եւ նորի միջեւ` ընկերային ու քաղաքական զարգացումներու բերումով, փոփոխական հանգամանքներու կ՛ենթարկուի սփիւռքի ընկերային բաղադրութիւնը:

Սփիւռքի յատկանիշերը փոխանցումի շրջանէ կ՛անցնին, ինչպէս շեշտեց վեհափառ հայրապետը իր քարոզին մէջ: Խորհրդային ժամանակներու Հայաստանի եւ ի մասնաւորի Երեւան մայրաքաղաքի ենթակառոյցը օրինակելի քաղաքի հիմքը կազմած է, ուր միջազգային հանգամանքով ընթացող ներկայի Եւրոպական ապրելաոճի եւ նկարագրի համապատասխան համամարդկային հանգամանքով ապրող գրաւիչ նորութիւններ ունի հրամցնելիք եւ հայերու հպարտացուցիչ ազդակ է միջազգային գետնի վրայ: Սփիւռքի ներկայ իրականութեան մէջ կը տիրէ փոխանցումային շրջան մը, արդարեւ, արտագաղթի ընթացքը խորհրդային ժամանակաշրջանէն եւ հետագայ անկախութեան թուականէն, նաեւ ներկայի իշխանութեան օրով փոփոխութիւններ յառաջացուցած է սփիւռքի հայութեան բազմաթիւ եւ նշանակելի համայնքներուն ու գաղթօճախներուն մէջ: Այս  մէկը, ի մասնաւորի Հայաստանէն արտագաղթը, նոր տուեալներ է մտցուցած սփիւռքի կառոյցին մէջ, ուր Ցեղասպանութեան իբրեւ հետեւանք նոր գաղթօճախներու ծագումը, առաւել ըլլալով նախկին գաղթօճախները, կազմուած էին որոշ յատկանիշերով, եւ որոնց մէջ այսօր կը մտնեն նոր կենցաղային զգալի տարբեր վարժութիւններով սփիւռքի նոր նշանակելի հատուածներ` միանալով այդ նախօրօք արդէն իսկ արմատ նետած սփիւռքին: Այս ընթացքը ինքնին երկփեղկումներով հարուստ լուծումներու աշխատանքի եւ նոր կանոնագրային կազմակերպչական որոշումներու ու կամքի նոր ուղիներու պահանջք կը ստեղծէ:

Հիմնականին մէջ սփիւռքի մէկ կարեւոր հատուած մը Հայաստանի նկարագիրի տուեալներուն, կենցաղավարութեան եւ մտածելաոճին հետ կապուած կը մնայ, գէթ ներկայի պայմաններուն մէջ, եւ անսպասելի չէ, որ Հայաստանը սփիւռքի իմաստաւորումը աւելի շեշտակի կերպով դիտէ իր անկիւնէն եւ աւելի նուազ փորձառական տուեալներով վարուի արմատացած հանգամանք ստացած սերունդներուն հետ, ուր թեմական պարտաւորութիւններ Ամենայն Հայոց եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւններու թեմական յանձնառութիւնները փոփոխական գունաւորում ստացած են: Այս երկբայութեան միջեւ շարունակական հասկացողութեան ենթահողը մնացած է առողջ, թէեւ ոչ դիւրըմբռնելի` սփիւռքի տարբեր հատուածներուն ըմբռնողութիւնը նկատի առնելով:

Ընդհանրապէս` գեղեցկագիտական անկիւնէն դիտելով, պայծառ անցեալի մը տուեալները մեր աչքերով դիտուած եւ քանդակուած կ՛ըլլան մեր սրտերուն ու մտքին մէջ եւ թաւալող տարիներուն այդ տպաւորութիւնները իշխող կը մնան յառաջացող տարիքի եւ ժամանակներու ընթացքին: Միջազգայնացման ճնշումի տակ եւ տնտեսական աճին դիմաց այդ հայեցակէտը փոփոխական ակնոցով կը դիտուի այլոց աչքին, ուր անձնականը կը դառնայ նուազ ազդեցիկ, նոյն ատեն իշխանութեան պարտաւորութիւնը մնալով անփոփոխ եւ անխախտ` պահպանելով կերտուած ազգայնաշունչ անմահութիւնները մշակութային, կոթողային, դաստիարակչական, կրօնական, անվտանգութեան, կրթական, գեղարուեստական, տնտեսական, ընկերային, մարզական, ստեղծագործական, շինարարական, բարեսիրական, մանկավարժական, վաճառականական, օրէնսդրական, քաղաքական, լրատուական, արդարադատական, մէկ խօսքով` քաղաքական ու ընկերային բոլոր այլ մարզերուն մէջ:

Ներկայի առողջ մօտեցումին ամբողջական աշխատանքը դիմակալելու հասկացողութեան ճանապարհը արագընթաց փոփոխութիւններու դիմաց կարելի է կեդրոնացնել հայրենիքի պետականութեան շուրջ ներքին եւ միջազգային գետնի վրայ որոշումները բարելաւելու հայեացքով: Իշխանութեան առաջին պարտականութիւնն է հիմնականին մէջ ապահովել իշխանութեան սահմանապահպանումը` անվտանգութիւնը, զօրացնելով ներուժը` պաշտպանողական բանակով եւ ազատամարտիկներով գործակցաբար, ներքին ապահովական կացութեան տէր դառնալով եւ կենցաղային բարեկարգումներով:

Սփիւռքը` հասարակաց արժեւորումներով եւ համապատասխան ըմբռնողութեան անկիւնէն դիտած, յստակացումներու կը կարօտի: Եթէ առնենք համահայկական տուեալները սփիւռք հասկացողութեան, ինքնին խառնաշփոթ եւ անորոշ յատկանիշներու կը հանդիպինք նոյնիսկ մշակութային առումով: Այս հատուածը որոշ աշխատասիրութեան կը կարօտի: Սփիւռք ըմբռնողութիւնը հայրենիքի կառոյցին հետ կարենալ դասելու, իմաստաւորում տալու համար սփիւռք հասկացողութեան օգտագործումը միջազգային հարթակին վրայ աւելի դիւրացնելու ծրագիրով կարեւոր փուլ պիտի ըլլայ աշխարհատարած երկրամասին վրայ յստակացնել որոշ յատկանիշներ սփիւռք ըմբռնողութեան: Ներկայիս այդ մէկը Ցեղասպանութեան հետ առնչուած է բացորոշ կերպով: Բացորոշ յատկանիշ մը եւս Արցախի կարգավիճակին այսօրուան պայմաններուն ընդմէջէն դիտած լուրջ երկփեղկում կը ներկայացնէ հայութեան էականօրէն ոչ որոշիչ ուղեցոյցի պատճառաւ: Միջազգային դիրքորոշումը քառասնօրեայ պատերազմին յստակ ցոյց կու տայ, որ սփիւռքի հայութեան դիրքորոշումը այս առնչութեամբ միջազգային հատուածին կողմէ մեծամասնօրէն ժխտական դիրքորոշում ցուցաբերեց հայկականօրէն փափաքելի սեփականատիրութիւնը Արցախի Հայկական իրաւատիրութեան ծիրին մէջ: Հայկական տարածքային բնակչութիւնը մեր մշակոյթին տէր կանգնելու  առումով անբաւարար էր, մեղմ ասաց, եւ ուր պաշտպանական հեռատեսութիւնը տասնեակներ տարիներու ընթացքին վերատիրացումէն յետոյ մնաց լրջօրէն խոցելի եւ ենթակայ վերակորուստի, հակառակ մշակութային եւ աշխարհագրական մի գուցէ շատ ու շատ հարուստ այս երկրամասին Մեծն Տիգրանի իշխանութեան պատմական օրրանին, ուր մշակութային կոթողներու քանակը եւ որակը հայկականութեան հարստութեան խտացած ծաւալը կը շնչէ: Մենք չկարողացանք մեր ստեղծագործած մշակոյթի ունեցուածքին տէր կանգնիլ` ո՛չ տիրական պաշտպանութեամբ, եւ ոչ գործնականօրէն բնակեցման զանգուածային արցախաբնակեցութեամբ:

Սփիւռքին ընելիքը հայրենադարձութեան կեդրոնացած, ծաւալուն, արագ եւ գործնական աշխատանքով կ՛արդարացուի` տէր կանգնելով ազգային մեր արժէքներուն, պահապան եւ տարածքային տիրութեան, ներդրումային ու շինարարական աշխատանքներով:

Հայրենադարձութեամբ չհետաքրքրուող եւ հաւանաբար անկարող եւ անորոշ հատուածները Հայաստանի միջազգային քաղաքական հարթակին զօրացուցիչ հանգամանքով եւ մասնակից դառնալով կրնան իրենք զիրենք արդարացնել: Սփիւռք-Հայաստան գործակցութեան յառաջընթացին նպաստելու համապարփակ նոր ծրագիրի անհրաժեշտութիւնը զգալի է սուր կերպով: Թշնամական ոգին`  անվտանգութեան հետ առնչուած, կը մնայ եւ այդ մէկը պետականութեան ինքնապաշտպանութեան տարրական բնոյթին հետ կապուած ընթացք  բնորոշող յատկանիշ է:

Լծուինք վերակազմաւորումի վերականգնումի աշխատանքին` հետեւելով եւ գործադրելով ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հօր «Սփիւռքի տարուան» համապարփակ պատգամը եւ հիմք ունենալով մեր հայրենի պետականութեան զօրացումը:

 

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ ( 6 Մարտ 2023)

Յաջորդը

Սուրիոյ 11-Ամեայ Տագնապի Փորձառութեան Դասերէն

RelatedPosts

Վերամուտը` Դասարանէն Անդին
Անդրադարձ

Վերամուտը` Դասարանէն Անդին

September 15, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Աւազակապետութիւնը` Լիբանանի Մէջ. Ջուրէն Մինչեւ Աղբ

September 15, 2026
Ապրուած Օրեր.  Բ. Մեծ Հօրս Մեծ Հին Ռատիոն
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. Բ. Մեծ Հօրս Մեծ Հին Ռատիոն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.