Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Չմոռնալ Ժամանակի Եւ Միջավայրի Հրամայականները

Մարտ 6, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Այս յօդուածը կը գրեմ Երեւանէն, ուր կարճատեւ այցելութեամբ կը գտնուիմ մասնակցելու համար գիտաժողովի մը, որ կազմակերպուած է Համազգայինի Հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակին եւ Խ. Աբովեանի անուան Հայկական պետական մանկավարժական համալսարանին կողմէ` գործակցաբար: Գիտաժողովը տեղի ունեցաւ շատ յաջող կերպով: 17 բանախօսներ, բոլորն ալ համալսարանական դասախօսներ, պատմաբաններ ու բանասէրներ քննեցին «Հայ հասարակական-քաղաքական միտքը 19-րդ դարի վերջին եւ 20-րդ դարի առաջին կէսին-պատմութիւն եւ արդիականութիւն» նիւթը:

Ինչո՞ւ ընտրուած է այս նիւթը: Հայաստանի հասարակական-քաղաքական կեանքին ուշադիր հետեւողները նկատած պիտի ըլլան, որ շատ յաճախ, քաղաքական քննարկումներու եւ բանավէճերու առիթով բաղդատութիւններ կը կատարուին աւելի քան հարիւրամեայ անցեալի եւ ժամանակակից դէպքերու ու դիրքորոշումներու միջեւ:

Ներկայ դիրքորոշում մը արդարացնելու համար, յատկապէս իշխանական պատասխանատուներ կը մէջբերեն հեռաւոր անցեալին վերաբերող խօսք մը, քաղաքական կեցուածք մը կամ կայացած համաձայնութիւն մը: Հարցը կը վերաբերի հայ-թրքական յարաբերութիւններուն, թուրքերու հետ հայերու գործակցութեան փորձերուն, այդ փորձերու ձախողումներուն ու հայկական պարտութիւններուն: Կարծես ժամանակը կանգ առած է 1920-ական թուականներուն ու ետ աշխուժացած է Հայաստանի անկախութեան օրերուն, 1991-էն ետք: Կարծէք հարիւրամեայ ու աւելի երկար այս ժամանակաշրջանին աշխարհը բնաւ չէ փոխուած, պայմանները մնացած են միեւնոյնը, համաշխարհային ղեկավարման կեդրոններու փոփոխութիւն չէ եղած, եւ ամէն բան մնացած է նոյնը: Մենք ալ չենք փոխուած, դէմքերը ուրիշ են, սակայն նոյն անձնաւորութիւնները իրենց հին ժամանակներու մտածողութեամբ կը շարունակեն գործել:

Անհրաժեշտ է յիշեցնել, որ հայ ազատագրական պայքարը, որ յանգեցաւ Առաջին հանրապետութեան ստեղծումին, արդիւնք է 19-րդ դարի կէսերէն սկսած երկարատեւ հոլովոյթի մը, որուն ընթացքին հետզհետէ կազմաւորուեցաւ հայ հասարակական-քաղաքական մտածողութիւնը: Հայ մարդը Օսմանեան եւ ռուսական կայսրութիւններուն հաւատարիմ հպատակէն վերափոխուեցաւ միասնական ազգի մը անդամ քաղաքացիի: Այդ վերափոխումը հեշտութեամբ չեղաւ: Սկսելով մարդկային տարրական իրաւունքներու յարգումին խնդրանքով, ապա պահանջ ձեւաւորելով` համոզուած, որ բնական այդ իրաւունքները ի վերջոյ պիտի յարգուին, հայ մարդը դիմեց պահանջատիրական պայքարի: Ունեցաւ ե՛ւ յաղթանակներ ե՛ւ պարտութիւններ, սակայն չընկրկեցաւ երբեք ու հաւատաց վերջնական յաղթանակին` անկախ ու միացեալ Հայաստանին:

Ներկայ ժամանակներուն, վերջին պատերազմի պարտութեան ու յանձնուողական պայմանագրի ստորագրութեան յաջորդած հասկնալի պատրանաթափութեան պայմաններուն տակ, կարելի չէ վերադառնալ անցեալին ու այնտեղ փնտռել այսօրուան ձախողումներուն աղբիւրները: Ըսել, որ մէկուկէս դար սխալ ապրած ենք, սխալ գործած ենք ու այդ երկարատեւ սխալին հետեւանքն է ներկայ կացութիւնը: Օսմանեան եւ ռուսական հպատակը եւ այսօրուան Հայաստանի ազատ քաղաքացին բաղդատելի եզրեր չեն: Ամէն մէկը կը գործէ, գործած է ի՛ր ժամանակի պայմաններուն մէջ, իր այդ ժամանակի կարգավիճակով եւ ժամանակի ընձեռած պայմաններով:

Գիտաժողովի ընթացքին, քննարկման ժամանակ անուղղակի կերպով արծարծուեցաւ այս հարցը: Ռուբինա Փիրումեանի զեկոյցէն ետք վէճ մը ստեղծուեցաւ: Զեկոյցին նիւթն էր. «Հայ քաղաքական մտքի վերջին թռիչքը` ճիգ ազգայինից պետական մտածողութեան անցնելու (1918-1920)»: Մասնակիցներէն մէկը զեկոյցի նիւթին հետ առնչութիւն չունեցող երկու հարց արծարծեց: Առաջինը, յաւիտենական բարդոյթ, պահանջեց ընդունիլ, որ խորհրդային իշխանութեան 70 տարիներու ընթացքին տեղի ունեցած են ազգային մշակոյթի եւ այլ յառաջդիմութիւններ, զորս զեկուցաբերը ընդունեց. երկրորդ` ընդունիլ, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը եւս, ներկայ իշխանութիւններուն նման, թուրքերու հետ լեզու գտնելու փորձեր կատարած է: Պատասխանուեցաւ, որ տարբեր ժամանակներու մէջ եւ տարբեր միջավայրերու մէջ կատարուող յարաբերութիւնները բաղդատելի չեն: Ի վերջոյ ըսուեցաւ նաեւ, որ Դաշնակցութիւնը յարաբերութեան, նոյնիսկ գործակցութեան դէմ չէ. դէմ է այդ յարաբերութիւնները կառուցելու համար հայ ժողովուրդի իրաւունքներէն զիջումներ կատարելու եւ համաձայնագիրով զանոնք ամրագրելու գաղափարին: Առանց նախապայմաններու փոխյարաբերութիւնը բնական երեւոյթ է երկու դրացի, սահմանակից երկիրներու միջեւ:

Այս կարգի եւ քաղաքական ցածրագոյն որակի հարցեր կ՛արծարծուին անդադար, ամէն տեղ, ամէն առիթով: Նպատակը արդարացումն է իշխանութիւններուն իբր թէ խաղաղասիրական քաղաքականութեան: Ամէն գնով խաղաղութեան հասնելու ձգտումը գործընթաց մըն է, որ ամէն քայլափոխի զիջում ու իրաւունքներէ հրաժարում կ՛ենթադրէ: Ցեղասպանութեան ճանաչումը ժխտենք, պահանջատիրութենէն հրաժարինք, Հայաստանի սահմաններու փոփոխութիւնը ընդունինք, Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը մոռնանք եւ զայն Ազրպէյճանի մաս ընդունինք եւ այլն, եւ այլն: Ասոնք են գինը փայփայուած խաղաղութեան, որուն հատուցումը կը փորձուի արդարացնել հեռաւոր անցեալին հայութեան մղած պայքարին ժամանակաւոր ընկրկումներով:

 

 

Նախորդը

Պէտք Չէ Ներքաշուիլ Համաթուրանական Թելադրանքներու Ծուղակին Մէջ

Յաջորդը

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2023-րդ Երկրորդ Թիւը

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?