Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Առաջին Ուսուցիչ Մեսրոպ Մաշտոցին Եւ Մեր Օրերու Տառապող Հայ Դաստիարակին (Ուսուցչաց Տօն – 9 Մարտ)

Մարտ 9, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ       

Մեսրոպ Մաշտոց: Մտքի աշտարակ մը` Մասիսէն վեր հաւանաբար: Զանգակատուն մը` Հայոց յաւիտենական ցերեկին ու լոյսի յաւիտենական պատարագին հրաւէր-կանչը ղօղանջող:

ԵԴՈՒԱՐԴ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

Թերեւս «ծիծաղելի» թուի այսքան դարեր ետք սիրոյ ու երախտագիտութեան խօսք արձանագրել սպիտակ էջի վրայ` փառաբանելով անկրկնելի եւ արտասովոր անձ մը, անհատականութիւն մը, որ յաջողեցաւ ժողովուրդի մը ինքնութիւնը կերտել, պատկանելիութեան զգացողութիւնը հրդեհել, ինքզինք լաւապէս ճանչնալու պատեհ առիթը ստեղծել, հաւաքական կամք ու խանդավառութիւն կռանել, ազգային արժէք, մշակոյթ ու հաւատամք ձեւաւորելու պերճանքը շնորհել, այ խօսքով` ժողովուրդ մը ամբողջ քաղաքակրթել, ստեղծարար մտքի վեհագոյն մակարդակին հասցնել:

Թէ ինչո՞ւ «ծիծաղելի» կրնայ նկատուիլ, պարզապէս որովհետեւ այսքան դարեր ետք, ո՞վ չի ճանչնար եզակի այս հայը, որուն հանճարին արգասիքն է եղած մեր մայրենին` հայոց այբուբենը, որով հայը քանդակեց իր հայկականութիւնը, տեսակը:

Սա չի ժխտեր այն իրականութիւնը, որ նախամեսրոպեան ժամանակներուն, հասնելով մինչեւ խոր թուականներ, հայոց լեռնաշխարհին վրայ ապրող մարդիկ, հաւաքականութիւն, նոյնիսկ թագաւորութիւններ, ճանչցուած էին իբրեւ եզակի դիմագիծ ունեցող ժողովուրդ մը, որ` ապրելով տուեալ հողատարածքին վրայ, յաջողեր է պահել ու պահպանել իր հազարամեայ ինքնուրոյնութիւնը:

Փաստօրէն, նախաքրիստոնեայ ու նախամեսրոպեան դարերու հայութիւնը իր խոր արմատներուն եւ նուաճումներուն շնորհիւ սապէս կրցեր է դիմակայել ու տոկալ, հակառակ մեր պատմութեան մէջ արձանագրուած դաժան իրադարձութիւններուն եւ ներհայկական կեանքի խաղքութիւններու:

Այդուհանդերձ, հայութիւնը պաշտպաներ է ինքզինք մե՛րթ զինու զօրութեամբ, մե՛րթ հաւաքական գիտակցութեամբ թէ` գոյատեւելու հրամայական պահանջով:

Եւ ահա, վերոնշեալ հրամայական պահանջն է ստիպեր, որ իր ժողովուրդին ծոցէն ծնունդ առած աստուածահաճոյ վարդապետ մը, եզակի ակումիտ, իմացական բարձր արժանիքներու տէր անձնաւորութիւն մը լծուի սրբազան աշխատանքի, իր թիկունքին ունենալով տիտան անձնաւորութիւններ` Սահակ Պարթեւ կաթողիկոսի եւ Վռամ Շապուհ թագաւորի անմնացորդ աջակցութիւնն ու օժանդակութիւնը:

Հայոց Տարօն աշխարհի Հացեկաց գիւղի ծնունդ այս գիտնականը, փաստօրէն, աւելի քան 1600 տարի առաջ մտայղացումն էր ունեցեր արարելու իր ժամանակին ու բոլոր ժամանակներու հզօրագոյն զէնքը, մեր պարագային` հայոց ոսկեղենիկը, որուն շնորհիւ ան արժանացած է կոչուելու հայոց առաջին ուսուցիչը, մտաւորականն ու մարտունակ ոգիի տէր գաղափարապաշտը:

Անառարկելի է, որ Մեսրոպ Մաշտոց, թէեւ կրցաւ ստեղծել հայու կերպարն ու կանխորոշել ճակատագիրը շնորհիւ իր պայծառ իմացականութեան, այդուամենայնիւ այդքան ալ հեզասահ չընթացան աշխատանքները: Անոր սրբազան առաքելութեան դիմաց անպակաս չէին խոչընդոտները, տագնապներն ու փոթորկոտ պահերը:

Արդ, մտովին թէ երեւակայութեամբ սաւառնիլ է պէտք հասնելու խաւարի դարեր, պարզապէս շօշափելու տուեալ ժամանակին մէջ առկայ քաղաքական, զինուորական, ընկերային, կրօնական թէ ներհայկական կեանքի պատկերները, ըմբռնելու համար Մեսրոպ Մաշտոցի դիմագրաւած անպարագծելի դժուարութիւնը:

Ան տառապեցաւ ու մաքառեցաւ յանուն հայոց ոգեկան թէ մտային արժէքներու ձեւաւորման, պաշտպանութեան եւ յաւիտենականութեան:

Հացեկացի հսկան յաջողեցաւ իր ժողովուրդին նուիրել մտքի արժեհամակարգ մը, գոյատեւելու գաղտնիք մը անյաղթահարելի, որոնցմով հայը նուաճեց աշխարհի քաղաքակրթական զանազան հարթակներ ու ինքզինք պարտադրեց մարդկութեան քարտէսին վրայ:

Փաստօրէն, հայութիւնը` շնորհիւ սեփական գիրերուն, դարձաւ ազգ, կառուցեց  գաղափարի տաճարը եւ նետուեցաւ պայքարի յորձանուտին մէջ` խաւարի դարերէն ճախրելու արդի ժամանակները:

Ու հասանք այն օրը, իմանալու, թէ մայրենիին պատկանող լեզուաճիւղ մը` արեւմտահայերէնը, կը գտնուի կորուստի վտանգին դէմ յանդիման:

Արդարեւ, ինքնամեղադրանքը բաւարա՞ր է ցոյց տալու անպատասխանատու մեր վարքագիծը, թէ` ամէն ինչ դարձեալ վերագրել հայոց ապրած դառն օրերուն ու ճակատագրին: Արդեօք Օշականի իր շիրիմին մէջ հանգչած հայոց ուսուցչապետին հոգին խաղա՞ղ է ի տես հայութեան ապրած անտարբերի ու ինքնասպանի վիճակին:

Հարցադրումներ, որոնց պատասխանը կը դժկամի տալ հայութիւնը:

Բոլոր դարերու ամենահզօր զէնքը` հայոց մեծասքանչը արարած Վարդապետին դիմաց արդեօք չի՞ մեղանչեր ազգը, իր հասարակական թէ պետական կառոյցներով, որոնք այսքան մեղկութեամբ կը վերաբերին հայոց լեզուին, փոխանակ զայն վերածելու ամրակուռ վահանի:

Ուսուցչաց տօն:

Ըստ երեւոյթին հեռու չէ այն օրը, ցաւ ի սիրտ, որ այս աւանդական տօնն ալ պիտի գտնուի «կորուստի» վտանգին դէմ յանդիման, որովհետեւ յատկապէս սփիւռքի տարածքին, երբ հայ վարժարաններ տակաւ կը փակուին, մայրենին դասաւանդող ուսուցիչներու քանակը կը նուազի, հայ դաստիարակ-ուսուցիչի տիպարը կը չքանայ, օտար վարժարան յաճախող աշակերտներու թիւը կ՛աւելնայ, խառն ամուսնութիւնը իր աւերները կը գործէ մեր աչքերուն դիմաց, միջինարեւելեան երկիրներու հայահոծ գաղութներու կացութիւնը կը վատթարանայ, ալ ի՛նչ խօսք արեւմտահայերէնի ուժեղ ներկայութեան մասին:

Հայոց ուսուցչապետը, որ դարեր առաջ իսկ ահազանգած էր, զգաստութեան հրաւիրած ու փրկութեան ճանապարհը ցոյց տուած, այսօր ինչպիսի՞ վերաբերումի կ՛արժանանայ սեփական ազգի կողմէ:

Հակառակ արեւելահայերէնի վայելած պետական մակարդակի հովանաւորութիւնը, երանի՜ թէ ան գտնուէր նախանձելի վիճակի մէջ, սապէս, գնահատելի ու աւելի ազդու ներդրում ունենալու` արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան ի խնդիր:

Թէեւ վերջին տասնամեակին այս առումով որոշակի ծրագիրներ կեանքի կոչուեցան` տարբեր տեսակի նախաձեռնութիւններու ընդմէջէն, բայց եւ այնպէս կացութիւնը մնաց յամեցող եւ մտահոգիչ:

Յետեղեռնեան սփիւռքը, որ աւելի քան հարիւր տարիէ կը տանի իր դժուարին պայքարը` հայապահպանումը, իր կարգին, մատնուած է հոգելլկումի:

Հայերէն գիր ու գրականութիւն, հայոց պատմութիւն թէ մշակոյթ դասաւանդող հայ ուսուցիչ-դաստիարակը երբէ՞ն նման կացութեան մատնուած էր, ոչ բարեկեցիկ տասնամեակներու առընթեր: Առանձնացնելով Լիբանանի պարագան, ուր ահաւոր եւ ճնշիչ առօրեայ մը կ՛ապրի ընդհանրապէս ուսուցիչը եւ ի մասնաւորի հայերէնի դասատուն, ինչպիսի՞ վերաբերումի կ՛արժանանայ Մեսրոպ Մաշտոցի շունչն ու ոգին փոխանցող դաստիարակը, որուն ուսերուն է սերունդներու դաստիարակութիւնը:

Ճիշդ է, որ հայ վարժարաններու տնօրէններ, խնամակալ թէ հոգաբարձու կազմեր, ամէն ճիգ ի գործ կը դնեն` բարելաւելու ուսուցիչներու կացութիւնը, սակայն հաւաքական կեանքի մեծագոյն մտահոգութիւնը կը մնայ արեւմտահայերէնի, հայ արժէքներու, մշակոյթի եւ աւանդութեան պահպանումը:

Իսկ նման վսեմ աշխատանքի սպասարկուն հայ ուսուցիչ-դաստիարակն է, որուն հանդէպ պէտք է ցոյց տալ յաւելեալ գուրգուրանք, գնահատանք եւ արժեւորում:

Մտահան չընել, որ հայ վարժարանի գոյութեան իմաստը, առաքելութիւնը,  վերոնշեալ արժէքներու պաշտպանութիւնն է, ջամբումը` մարդկայինին առընթեր:

 

 

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու 100-Ամեակ. Յուշեր Եւ Վկայութիւններ -2-

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?