Միացում. Ուրկէ՞ Սկսիլ Վերականգնումը
Յ. ՊԱԼԵԱՆ Այս օրերուն շատ գրուեցաւ եւ խօսուեցաւ ՄԱՅՐԵՆԻ-ի մասին: Աւանդութիւն է. կը նշենք ՄԱՅՐԵՆԻԻ ՕՐ-ը, կարծէք` կ՛ուզենք յիշեցնել եւ յիշել, որ ան հետզհետէ կը դադրի, դադրած է այդպէս ըլլալէ, ազգի ո՞ր տոկոսին համար հայերէնը մայրենի է: Ներկայի մեր քաղաքական բարդ կացութեան մէջ միացումը ըմբռնուեցաւ եւ կ՛ըմբռնուի ընդhանուր բնութագրումով` որպէս քաղաքական, մասնաւորաբար Հայաստանի Հանրապետութիւն-Արցախ քարտէսով, չի խօսուիր բռնագրաւուած Արեւմտահայաստանի եւ...




















