«Ազատ օր»-ի խմբագրութիւնը 2022-ին հրատարակեց բացառիկ թիւ` նուիրուած Փոքր Ասիոյ աղէտի հարիւրամեակի տարելիցին:
Խմբագրականին մէջ կ՛ըսուի, որ Զմիւռնիոյ եւ մերձակայ շրջաններու կեանքն ու ստեղծած նախանձելի կենցաղը մէկ առ մէկ կը տողանցեն այս էջերէն, տալով կորսուած քաղաքակրթութեան մը հարազատ պատկերը եւ մեր նախնիներու ստեղծած յառաջդիմութիւնը: Ներկայացուած են պատմական արձանագրութիւններ, ինչպէս նաեւ լուսարձակի տակ առնուած են թերթի աշխատակիցներուն մտորումները եւ հաստատումները, որոնք կապ ունին Արեւելքի քրիստոնեայ ժողովուրդներու հազարամեայ քաղաքակրթութեան մը ի սպառ անհետացումին եւ առնչուած են յատկապէս Յունաստանի մէջ գաղթականութեան ժամանումին ու գաղութահայ կեանքի առաջին տարիներու փոթորիկներուն հետ:
«Մեր անցեալի պատմութեան խորքը չննջող հեծեծանքներէն» խորագրեալ յօդուածին մէջ Կիրակոս Մկրտիչեան կ՛ըսէ, որ համիտեան ջարդերէն եւ Մեծ եղեռնէն ետք, մեր երկարատեւ պատմութեան «երրորդ հանգրուանը» սկիզբ առաւ 1922 սեպտեմբեր 9-ին: Անիկա կու գայ յուշելու եղեռնապատումը հայու արդար քրտինքով ոռոգուած Իզմիրին, երբ թուրքեր տեղահանութեան կ՛ենթարկէին դարերէ ի վեր կողք-կողքի ապրող հայերն ու յոյները:
«Ներկան դիմագրաւել անցեալի պատմութեան դասերով» խորագրեալ յօդուածին մէջ Մաննիկ Պէօրէքճեան-Աշրեան կ՛ըսէ, որ Փոքր Ասիոյ 1922-ի աղէտին եւ Զմիւռնիոյ հրկիզումի ահռելի հետեւանքներուն հիմնական պատճառը քրիստոնեայ ազգերու ոչնչացման թրքական դարաւոր քաղաքականութեան ծրագիրն է: Այսպէս, յոյներ եւ հայեր իրենց տունն ու տեղը կորսնցուցած, դարձան գաղթականներ եւ դիմագրաւեցին աքսորի ծանր հետեւանքները:
«Երախտապարտ ենք Հելլադային» խորագրեալ յօդուածին մէջ Միհրան Քիւրտօղլեան կ՛ըսէ, որ Զմիւռնիոյ քրիստոնեաները 1922-ին անպաշտպան մնացին Քեմալի հորդաներու վայրագութեանց դէմ` անտարբեր աչքերուն առջեւ իբրեւ թէ Թուրքիոյ թշնամի եւ Յունաստանի դաշնակից ուժերուն, որոնց ռազմանաւերը կը գտնուէին նաւահանգիստին բացերը: Այդ դաշնակից կոչուածները պարզ հանդիսատեսները եղան քաղաքի հրկիզումին եւ ահաւոր ողբերգութեան յոյն ու հայ քրիստոնեայ բնակիչներուն:
«Հայոց լեռները» խորագրեալ յօդուածին մէջ Շահան Ֆարաճեան կ՛ըսէ, որ Իզմիրի աղէտը կարելի է տեսնել երկու դիտանկիւնէ. մին ռազմական-քաղաքական, միւսը մարդկային: Մարդկայինը այնքան շշմեցուցիչ է որ կը գերազանցէ բոլոր մնացեալ վերլուծումները:
«Փառքի ու յաղթանակի ցնորք մը, որ հելլէնիզմի մեծագոյն աղէտին վերածուեցաւ» խորագրեալ յօդուածին մէջ Հռիփսիմէ Յարութիւնեան կ՛ըսէ, որ Փոքր Ասիոյ աղէտը խոր վէրք մըն է Յունաստանի համար. այդ պատճառով ալ անիկա կը համարուի հելլէնիզմի ամենամեծ պատուհասը:
«Գաղթականութեան մէջ եւ գաղթականութեան դիմաց» խորագրեալ յօդուածին մէջ Նորա Քիւրտօղլեան կ՛ըսէ, որ յունական պատմագրութեան մէջ Փոքր Ասիոյ աղէտին վկայութիւնները բազմաթիւ են եւ ցնցիչ: Ընտանիքներ բաժան-բաժան եղած են, զաւակներ որբացած, ազատողները ծով նետուած` իրենք զիրենք փրկելու համար` նաւու մը վրայ ելլելու յոյսով:
Իզմիրի եւ անոր շրջակայ բնակավայրերու հայ գաղութի պատմական հոլովոյթի, ինչպէս նաեւ 1922-ի աղէտին մասին պատմական ակնարկներէ ետք, տրուած են 1923-ին, Աթէնքի մէջ հիմնուած ու «Նոր Օր» օրաթերթի առաջին տարուան թղթակցութիւնները, որոնք հարազատ վկայութիւն են Փոքր Ասիոյ աղէտէն ետք Յունաստան ապաստան գտած հայ գաղթականութեան ապրած առօրեայ կեանքին, կրած տանջանքներուն եւ վերապրումի գոյապայքարին: