Հայ Կնոջ Իրաւունքներուն Գերագոյնը, Վսեմագո՛յնն ու Յաւերժականը Հայ Ըլլալու, Հայօրէն Ապրելու, Իբրեւ Հայ Գոյատեւելու Իրաւունքն Է*
ՍԵԴԱ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ-ԽՏԸՇԵԱՆ 8 մարտը կիներու օր է, ձեր տօնը շնորհաւոր, սիրելի ԼՕԽ-ականներ, դուք կին էք բառին բոլոր ստորոգելիներով եւ ամբողջական իմաստով: Արդարեւ, աշխարհի ամենահզօր եւ ամենագեղեցիկ էակը` կինը, իգականութեան իմաստին մէջ կը պարփակէ մայր, քոյր, ամուսին, աղջիկ զաւակ հասկացողութիւնները եւ կ՛ընդգրկէ շատ աւելի խորունկ ու իւրայատուկ յատկանիշներ, որոնց հոմանիշ է կինը` սէր, գորովանք, դաստիարկութիւն, ջերմութիւն, նուիրում, զոհողութիւն, ներողամտութիւն, աւելցուցէք, տակաւին,...


















