Կասկած չկայ, որ Հայաստանի անկախ պետութեան հռչակումը խորհրդանշող մայիս 28-ը մեր նորագոյն պատմութեան ամէնէն մեծ ազգային տօնն է, որմէ աւելի ուշ ծնունդ առին այլ փառապանծ տօներ, ինչպէս` անկախութեան վերահաստատումը, Արցախի ազատագրումը եւ Հայաստանի հողերուն վերստին ընդարձակումը:
Գագաթնակէտային այդ հանգրուաններուն կողքին, եւ իբրեւ լրացուցիչներ, բնականաբար ունինք հայուն արդարահատոյց բազուկին պատժական սխրանքները` 1920-ականներուն եւ 1970-ականներէն սկսեալ, Ցեղասպանութեան յիշատակման քաղաքականացումը` անցեալ դարու 60-ականներուն, որոնք սակայն ցարդ տեղ չեն գրաւած մեր տօնացոյցին մէջ: Կարելի է թուել նաեւ այլ յիշատակելի հանգրուաններ եւ իրագործումներ, որոնք, ինչպէս նշեցինք, բխում առած են Հայաստանի անկախութեան հռչակումէն եւ անդրանիկ հանրապետութենէն մեզի հասած բազմաբնոյթ պատգամներէն: Անոնց շարքին է ԱԶԱՏ, ԱՆԿԱԽ ԵՒ ՄԻԱՑԵԱԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ կենսագործման աւանդը, որ մինչեւ օրս ալ կը մնայ մեր քաղաքական հորիզոնը լուսաւորող բարձրակէտ-փարոսը:
Հպարտութեան Աղբիւրներ
Հայաստանի անկախութեան հռչակումը եւ հազիւ երկուքուկէս տարի կեանք ունեցող հանրապետութիւնը հպարտութեան եւ ներշնչումի անսպառ աղբիւր են: Անկախ հանրապետութեան անկումէն ետք ալ, տասնամեակներ շարունակ, մայիս 28 տօնած ենք յիշելու եւ ոգեկոչելու համար այդ կարճ ժամանակամիջոցին արձանագրուած իրագործումները, որոնք այսօր ալ իբրեւ հիմնաքար կը ծառայեն Հայաստանին եւ սփիւռքին:
Հպարտութեան առաջին պատճառը նոյնինքն Սարդարապատի ու զուգահեռ հերոսամարտերն են, որոնք իրականացան մեր ժողովուրդին միացեալ բռունցքով ու փակեցին օտարներու տիրապետութեան դարաւոր էջը, մեկնակէտը եղան հայկական ինքնիշխան պետութեան հիմնադրութեան:
Անկախ Հայաստանը ծնաւ դժուարին պայմաններու մէջ, մեր պատմական հայրենիքին մէկ փոքր տարածքին վրայ, ամբողջ կեանքը եղաւ թշնամի դրացիներու դէմ ճակատում, սակայն յաջողեցաւ ընդարձակել սահմանները, աւելի եւս տարածուելու իրաւունքին համար ապահովեց միջազգային ճանաչում եւ Սեւր: Արցախն ու Նախիջեւանը մաս կազմեցին հանրապետութեան: Անկախ հանրապետութեան շրջանին է, որ հիմնուեցան` մեր բանակը, դիւանագիտական ցանցը, տնտեսութիւնը, պետական համալսարանը եւ բազմաթիւ այլ կառոյցներ. այդ օրերուն էր, որ ամրագրուեցան ազգային դրօշը, քայլերգը, զինանշանը, եւ այս բոլորին կողքին, մեր հայրենիքը մաքրազտուեցաւ օտարամուտ տարրերէ: Հիմնադիր սերունդը հանրապետութիւնը դարձուց ՀԱ՛Յաստան:
Անկախութեան տարիները վարդագոյն չէին: Ախորժակները սրած դրացիներուն` թուրքին, ազերիին եւ վրացիին կողքին, կային ներքին խռովարարները, մէկ կողմէ` թուրք-ազերի տարրը, որ մնաց Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կամակատար գործիքը, իսկ միւս կողմէ` համայնավարները, որոնք տարուած էին «էնթերնասիոնալիզմ»-ով, այսինքն` այսօրուան համաշխարհայնացումի նախահայր-տարբերակով: Այսուամենայնիւ, երբ կը տօնենք մայիս 28-ը, առաւելաբար մեր ճակատը բարձր կը պահենք` այդ տարիներու իրագործումներն ու յաղթանակները յիշելով:
Գիտենք, որ այդ տարիներուն եղած են նաեւ թերութիւններ, սակայն անոնք առաւելաբար հետեւանք էին այն անձուկ պայմաններուն, ներքին ու շրջանային-արտաքին ազդեցութիւններուն, որոնց ակնարկեցինք քիչ առաջ: Այսօր համայնապատկերը կը դիտենք շատ աւելի առարկայական աչքերով, դրականէն ու թերիներէն օգուտ քաղելու տրամաբանութեամբ, սակայն ո՛չ երբեք` ՄԵԾ ԻՐԱԿԱՆԱՑՈՒՄԸ դատելու-դատապարտելու մօտեցումով: Անկախ պետութիւն հիմնող եւ անոր վրայ գուրգուրացող ՍԵՐՈՒՆԴԸ տարբեր «ղումաշէ» կերտուած էր, որովհետեւ կը միաձուլէր զինուորականն ու մտաւորականը, դիւանագէտն ու մշակոյթի մարդը, ժողովուրդի աշխատող խաւերը` մշակն ու բանուորը, հայութեան քաղաքական խճապատկերը կազմող բոլոր կուսակցութիւնները:
«Լուսանցքային»-ը, Որ Յետոյ…
Անկախութեան տարիները, ըսինք, կը յիշենք մեր ճակատը բարձր պահելու, երբեմն պարտադիր խոնարհումէն վերականգնելու կամքով, տօնին առիթով կը խուսափինք յիշելէ դրականը մթագնող «լուսանցքային» զարգացումները, որոնք սակայն այդ տարիներուն, բայց մանաւանդ` յաջորդող տասնամեակներուն, ունեցան ծանր հետեւանքներ:
Արդէն հպանցիկ ակնարկութիւն ըրինք ներքին խռովութիւններուն, մինչեւ իսկ հայը հայուն դէմ հանող դէպքերու, սակայն պէտք է կրկին շեշտել, որ նման զարգացումներ, ըստ էութեան, «ներշնչում» առած են արտաքին ազդեցութիւններէ:
Կ՛արժէ թուել մէկ քանին:
Անկախ հանրապետութեան վարիչները օր մը հարկադրուեցան իշխանութիւնը զիջելու համայնավարներուն` նկատի ունենալով Հայաստանի շուրջ բարձրացած փոթորիկները, խուսափելու համար ներքին բախումներու կրկնութենէն: Կարմիրները, սակայն, ունէին «տեսլականներ», որոնք հայուն համար օտարոտի ըլլալով հանդերձ, պարտադրուեցան ղեկը յանձն առնողներու կողմէ: Անոնք կը հաւատային, որ «առանց արիւնի կարելի չէ յեղափոխութիւն եւ իշխանութիւն ունենալ»: Հետեւանքները հասցուցին Փետրուարեան ապստամբութեան, որ ըստ ամենայնի, ի վերջոյ զսպիչ դեր ունեցաւ «Խեւ Աւիս»-ներու եւ Կասեաններու խմբակին սանձարձակութիւններուն դիմաց (չմոռնանք, որ այդ «հերոսներ»-ը կարճ ատեն մը ետք զոհ գացին իրենց բարձրացուցած սուրին…):
Անկախութեան անկումէն ետք հայութեան հորիզոնը կարճատեւ փայլատակումներու ականատես եղաւ Սիւնիքի մէջ բարձրացած դիմադրութեան շնորհիւ, սակայն այդ շողն ալ մարեցաւ կարմիրներուն բերած ճնշումներուն տակ:
Անկախութեան տարիներուն մոխիրներու տակէն դուրս եկած հայկական շատ բան ինկաւ կարմիրներու մանգաղին տակ: Սրագ թւումի կարգով յիշատակենք քանի մը փաստ.
– Ազգային պատկանելիութեան եւ իրաւունքի հարցերը արագօրէն նսեմացուեցան, որովհետեւ, ինչպէս ըսինք արդէն, նորերը տարուած էին միջազգայնական հովերով:
– Նախորդ տասնամեակներուն թուրք եւ այլ բռնաճնշողներուն դէմ խիզախումներն ու ծառացումները զգեստաւորուեցան նոր մտայնութեամբ: Ինչ որ ազգային էր ու ազգայինին հետ կապ ունէր, դարձաւ մերժելի, նման գաղափարներու դրօշակիրներն ու կրողները հալածանքի ենթակայ դարձան, հեռացուեցան Հայաստանէն (ոմանք խոյս տուին, ուրիշներ Սիպերիա քշուեցան կամ ինկան բանտերը): Այս արշաւներէն զերծ չմնացին մինչեւ իսկ անոնք, որոնք անվերապահ հաւատարմութիւն ցուցաբերած էին կարմիրներու դրօշին ու գաղափարներուն, «կարմիր ապագայ»-ի քարոզին (հոն ալ «ապագայ կայ» մը կար…): Ազգային կուսակցութիւնները, որոնք այլապէս ունէին գաղափարներու տարբերութիւն (ատոր մէջ անբնական բան չկայ), հեռացուեցան մայր հայրենիքէն: Ամէնէն սաստիկ հալածանքներն ու քարոզչութեան թիրախը եղաւ ու մնաց ՀՅ Դաշնակցութիւնը, ո՛չ միայն անոր համար, որ ամէնէն լայն ենթահողը ունէր հայրենիքին ու հայուն կեանքին մէջ եւ զայն շահած էր արեան գործով, բազկի ու միտքի պայքարով, այլ որովհետեւ կը հանդիսանար ԱԶԳԱՅԻՆ արեւելումին աննահանջ ջահակիրը: Հանրապետութեան անկումէն ետք, քանի մը տարի շարունակ, Հայաստանի մէջ Դաշնակցութիւնը ստացաւ ասելի ու անասելի աներեւակայելի որակումներ, մինչեւ իսկ հրապարակային յուղարկաւորութիւններ կազմակերպուեցան, որպէսզի ժողովուրդի հոգիին ու կամքին մէջ թաղուի Դաշնակցութիւնը, այսինքն` այն, ինչ որ ազգային էր հայուն մէջ: «Թաղումները» պարզապէս եղան անթեղումներ, որովհետեւ հայը չէր կրնար իր հոգիէն վերջնականապէս դուրս նետել ԱԶԳԱՅԻՆ-ը` պատկանելիութիւն, մշակոյթ, քաղաքական կամք եւ այլն, անկախ անկէ, թէ այդ արժանիքը պահպանողը Դաշնակցութի՞ւնն էր, թէ՞ որեւէ այլ կուսակցութիւն, միաւոր, որոնք պարտադրաբար հեռացուած էին հրապարակէն:
– Հանրապետութեան հիմնադրութեան մէջ անփոխարինելի դեր ունեցած Ազգային եկեղեցին եւս մատնուեցաւ հալածանքի եւ թողլքումի: Օրուան մենատէրը` Լենին, կը քարոզէր, որ կրօնը հոգիներուն համար ունի թմրեցուցիչի ազդեցութիւն: Մինչեւ իսկ եթէ այս վարդապետութիւնը անաստուածի մը համար որոշ նշանակութիւն ունի, անիկա ո՛չ մէկ կապ կրնար ունենալ Հայ եկեղեցւոյ հետ, որ կրօնական կառոյց մը ըլլալու կողքին, եղած էր ու կը մնայ իբրեւ ԱԶԳԱՅԻՆ գլխաւոր դերակատար` քաղաքական, մշակութային, կազմակերպական, կրթական եւ բազում այլ ոլորտներու մէջ: Եկեղեցիներ փակուեցան ու անոնց դերակատարութեան` ազգային դերակատարութեան նշաձողը իջաւ գետին: Այսօր ալ Հայաստանի տարածքին կան բազմաթիւ եկեղեցիներ, որոնք քար ու քանդ են ու չեն սպասեր, որ օր մը Արցախն ու Արեւմտեան Հայաստանը բռնագրաւող թուրքն ու ազերին գան զանոնք գետնի հաւասար դարձնելու… Ազգային այս հաստատութեան ճակատագիրը այլապէս եղաւ դառն: Եթէ Հայաստանի մէջ եկեղեցին ու եկեղեցականը հալածանքի եւ բեմէն հեռացուելու թիրախ էին, Հայաստանի սահմաններէն անդին, անոր վիճակուեցաւ բաժանարար դեր: Համայնավարներուն համար յստակ էր, որ եկեղեցի կոչուած հաստատութիւնը սոսկական աղօթավայր չէր, այլ անիկա պատմականօրէն եղած էր հայուն հայրենիքին մէկ մասնիկը, պետական իշխանութեան բացակայութեան` յանձն առած էր պետութեան դերը: Ուրեմն եկեղեցւոյ հանդէպ հայուն հաւատարմութիւնը, հոգեկան կապը պէտք էր օգտագործել ի սպաս իրենց ծրագիրներուն, գաղափարներու քարոզին: Ու եթէ Ս. Էջմիածինի դէմ որոշ կրօնաւորներու «մանր դերեր» վստահուեցան Հայաստանի մէջ (առանց մոռնալու կաթողիկոսի մը սպանութիւնը), աւելի ականաւոր «առաքեալներ» գործուղուեցան արտասահման` կարմիրներուն ազդեցութիւնը տարածելու համար գաղութներուն մէջ: Սա ունեցաւ դառն հետեւանքներ, որոնց մանրամասնութիւններուն մէջ մտնելը անհնարին է այս սեղմ սիւնակներուն մէջ, հետեւանքները բոլորովին չեն փարատած:
– Բաժանուածութեան սերմանումը այլապէս յատուկ «հոգածութեան» ենթարկուեցաւ անդրանիկ հանրապետութեան օրերուն, բայց մանաւանդ` յաջորդող տասնամեակներուն: Ազգայինը մերժողը սկսաւ այդ տրամաբանութեամբ դաստիարակել նոր սերունդները: Հրապարակ եկան «հիներ», «ժողովուրդի թշնամիներ», «մաուզերիստներ», «հակայեղափոխականներ» ու նմանօրինակ բազում որակումներ: Հետեւա՞նքը: Զաւակը դարձաւ ծնողքին մատնիչը, ուրացաւ ծնողները, եղբայրը ելաւ եղբօր դէմ, անցեալի զինակիցներ իսկ իրարու դէմ թշնամանալու պատճառներ ունեցան եւ տարուեցան լարուած թակարդներով: Բաժանուածութիւնն ու համայնավարներու հմայքը տարածելու համար օրուան վարիչները ետ չկանգնեցան մարդոց ապրուստի միջոցները լծակի վերածելէ: Գործ ու համեմատական բարօրութիւն գտնելը աւելի՛ դիւրացաւ անոնց համար, որոնք կը մտնէին կուսակցութեան շարքերը, կը դասուէին «մերոնց» շարքին: Նման հոսանքներու չենթարկուողներ կրնային բռնել Սիպերիոյ ճամբաները, իսկ չնչին փոքրամասնութիւն մը աչքը կը տնկէր դէպի արտաքին աշխարհ, կը փորձէր հնարք մը գտնել նախ Հայաստանէն հեռանալու, յետոյ ալ` իյնալու «Երկաթէ վարագոյր»-ին միւս կողմը: Մէկ (ո՛չ միակ) հետեւանքն ալ հայրենիք հասկացողութեան նսեմացումն էր, որովհետեւ, ի վերջոյ, հայրենիքի գաղափարի ըստ ամենայնի ԱԶԳԱՅԻՆ գիծ ունի, իսկ միջազգայնականութիւն քարոզողին եւ անոր հետեւողին համար իրողապէս ստեղծուած էր «որտեղ հաց` այնտեղ կաց» հոգեվիճակը:
– Բաժանուածութեան «ցունամի»-ն յատուկ ազդեցութիւն ունեցաւ մտաւորականութեան վրայ. մասնաւորաբար յետանկախութեան առաջին փուլին գրողն ու արուեստագէտը հարկադրուեցան (ոմանք ուզելով) վերածուելու «նոր գաղափարներու» քարոզիչներու: Ունեցանք Չարենց ու սերնդակիցներ, որոնք յետոյ իրենց կեանքով վճարեցին «նոր գաղափարներուն» համար: Եղան նաեւ խելամիտ եւ իմաստուն մտաւորականներ` գրող, նկարիչ երաժիշտ եւ այլք, որոնք հնարքը գտան իրենք զիրենք դուրս պահելու համայնավարներու ռատարներէն, ստեղծեցին գրական ու արուեստի կոթողական գործեր` զանոնք շղարշելով կարմիրներու ցանկութեանց համապատասխան քողերով: Շատ աւելի ուշ էր, որ բարեշրջական հովերը առիթ տուին կանգնեցնելու Սասունցի Դաւիթի, Հայկ նահապետի, Վարդան Մամիկոնեանի, Սարդարապատի ու Ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած յուշարձաններ:
– Մուրճի ու երկաթի քարոզչութեան դարաշրջանը ինքզինք չսահմանափակեց արուեստի, մշակոյթի, գրականութեան եւ զուգահեռ կալուածներու մէջ, այլ մինչեւ իսկ նուաճումներ արձանագրեց ազգային աւանդութիւններու եւ աւանդներու խորտակման գետնի վրայ, նախաքայլեր առաւ ընտանիք հասկացողութեան «նորացման» ճամբուն մէջ: Այսօր շատ չի խօսուիր վիճակի մը մասին, որուն խորագիրն էր խառն ընտանիքներու կազմութիւն. սա միշտ ալ եղած է, սակայն մեր խօսքը ալիքի մը մասին է, որուն մէկ երեսն ալ… անամուսին մայրերու երեւոյթն էր: Սա վերջին տասնամեակներուն Արեւմուտքի «նորաձեւութիւններէն» մէկն է, որ սակայն առաջին ծիծեռնակները Հայաստան (եւ այլուր) հասցուցած էր համայնավարութեան տասնամեակներուն, առաւելաբար Ռուսիոյ եւ Մոսկուայի ենթակայ դարձած երկիրներու ճամբով:
– Անկախութեան շրջանին, բայց մասնաւորաբար յաջորդ տարիներուն հայկական պատմական հողերու նկատմամբ Ազրպէյճանի ախորժակները տարբեր արտայայտութիւններ գտան. ամէնէն աղէտալին պատահեցաւ անկախութեան անկումէն քանի մը տարի ետք, երբ Ստալինի որոշումով եւ Հայաստանի օրուան վարիչներուն հլու ենթակայութեամբ Արցախն ու Նախիջեւանը խլուեցան մեզմէ, «եղբայրական նուէր» տրուեցան Ալիեւներու նախահայրերուն: Այսօրուան սուր տագնապներուն արմատները այդ օրերուն ծնունդ առին:
Անդրանիկ հանրապետութեան տարիներուն սկիզբ առած եւ հետագային անկաշկանդ արշաւներու վերածուած կարմիրի, այսինքն ազգայինէն հեռացումի «ներկարարութիւնը» ունեցաւ այլ «կենսագործումներ», որոնցմէ կը բաւականանանք թուելով վերոյիշեալները: Այդ «դարաշրջան»-ը տեւեց տասնամեակներ, թէեւ չմնաց նոյն դաժանութեան տիրապետութեան տակ: Խորհրդային Միութեան ապրած եղափոխութիւնը բնականաբար իր արձագանգները ունեցաւ նաեւ Հայաստանի մէջ, եղափոխութիւն, որուն բերած հովերուն շնորհիւ` օր մըն ալ «Երկաթէ վարագոյր»-ը դարձաւ քիչ մը թափանցիկ, սակայն ԱԶԳԱՅԻՆ-ին նկատմամբ վերապահութիւնն ու թշնամանքը ընդհանրապէս տիրապետող մնացին մինչեւ արցախեան շարժումի օրերը, մինչեւ վերանկախացում:
Այդ տարիներուն չեղա՞ն դրական զարգացումներ: Անշո՛ւշտ որ եղան, սակայն վիհերն ու «սպիտակ էջերը» բոլորովին չդարմանուեցան:
Այսօ՞ր
Մայիս 28-ի տօնին նախօրեակին ինչո՞ւ կատարեցինք վերոյիշեալ վերաքաղը, այն ալ` ՏՕՆ-ին առիթով: Չէ՞ որ տօն հասկացողութիւնը ընդհանրապէս դրական երանգ ունի, կը նախընտրենք լաւ բաներու, հպարտութիւն առթող իրագործումներու մասին խօսիլ…
Դժբախտ իրականութիւն է, որ մեր կամքէն ու ցանկութիւններէն անկախ (երբ կ՛ըսենք «մեր», նկատի չունինք մեր անձնական աչքերն ու դիտարկումները, այլ նաեւ` բոլոր անոնք, որոնք կ՛ուզեն հպարտանալ եւ պանծացումով յիշատակել Հանրապետութեան ծնունդն ու կերտիչները), այս տօնը վերջին տարիներուն քայլ առ քայլ անշքացումի մատնուած է, նման` ազգային այլ տօներու:
Հոս ալ արձանագրենք, թւումի կարգով, քանի մը իրականութիւն.
– Հայաստանի անկախութիւնը եւ հողերուն ամբողջականութիւնը վտանգուած են: Հայաստանի այսօրուան իշխանաւորնե՛րն անգամ, դեռ մինչեւ Ազգային ժողովի վերջին ընտրութիւնները` «Ապագայ կա՜յ» բացագանչողները կը խոստովանին վտանգները, կը խոստովանին, որ կարող չեն երաշխաւորելու հողերու ամբողջականութիւնը, նոյնինքն` պետութեան գոյատեւումը: Չմտնենք այն բանավէճին մէջ, թէ անոնք պետութիւն ունենալու հաւատք ունի՞ն, թէ՞ ի սկզբանէ լքած են այդպիսի «հին գաղափարներ», տարուած են նոր դարու «էնթերնասիոնալիզմ»-ով (պահ մը մոռնանք, որ «իզմերու չեն հաւատար»):
– Երկրին ու պետութեան գլխաւոր երաշխաւորը` բանակը, որուն հիմերը կ՛երկարին մինչեւ անդրանիկ հանրապետութեան արշալոյսը, իրողապէս մատնուած է թողլքուած եւ անգլուխ վիճակի: Բանակը, որ նա՛եւ այս իշխանաւորներուն օրով, մինչեւ 44-օրեայ պատերազմին նախօրեակը, հռչակուած էր անխորտակելի եւ մարտունակ, հիմա դարձած է իրողապէս անզէն, որովհետեւ իշխանաւորները բացէ ի բաց կը յայտարարեն, որ անկարող են անոր զինումը ապահովելու, թէեւ դրամ ունին: Սահմանային դիրքեր ու ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող բարձունքներ մէկը միւսին ետեւէն ինկած են ազերի թշմանիին ձեռքը կամ հակակշիռին տակ: Բանակային հրամանատարներ կը թիրախաւորուին յայտնապէս անտեղի կամ շինծու պատրուակներով, զինուորներ եւ սպաներ զոհ կ՛երթան ու կը վիրաւորուին հետեւողական եւ «սովորական դարձած» յարձակումներու, կրակոցներու պատճառով, ուրիշներ` նախնադարեան զօրակայաններ յիշեցնող կեդրոններու մէջ արկածի պատճառով: Իսկ ի՞նչ ըսել այն իրականութեան, երբ նահատակ զինուորներու մայրեր բառացիօրէն կը կոխկռտուին ու կը քաշքշուին, նահատակներու ընտանիքներ կ՛անարգուին ու կ՛անտեսուին: Ասոնք կը կազմեն բանակին ու զինուորական բազուկին տրուած հարուածներ:
– Արցախի պաշտպանութեան հարցը դուրս ինկած է գործօն օրակարգէ, դարձած է նաեւ միջազգային աճուրդի առարկայ… Վերջին քանի մը շաբաթներուն Տեղի, Սոթքի եւ այլ շրջաններու մէջ թշնամիին տրուած արժանի եւ ազդու հակահարուածները կը յուշեն, որ բանակին մէջ շատ բան անթեղուած կը մնայ, կը մնայ, որ այս բազուկը արժանանայ հանրապետութեան մը հարկադրած գուրգուրանքին եւ կազմակերպումին: Բանակի վերակազմակերպման մասին խօսքերը շօշափելի արդիւնք ցոյց չեն տուած, իսկ հազարաւոր դասալիքներու մասին շինծու ու ներածուած յայտարարութիւնները արդէն ուրիշ բան կը յուշեն:
– Դիւանագիտական բազուկը եւս, ըստ էութեան, ինկած է ձմեռնաքունի մէջ. Եւրոպայի կամ այլ քաղաքներու մէջ հատ ու կենտ քայլերը անբաւարար են հակազդելու թշնամիին ստեղծած ալիքներուն: Բարձրագոյն մակարդակի վրայ առնուած իւրաքանչիւր քայլ «կ՛աւետէ» նոր զիջումներու փուլի մը բացումը: Դիւանագիտութեան նեցուկը դառնալու կոչուած քարոզչական մեքենան եւս ընդհանուր առմամբ կը մնայ բութ, աւելի՛ն, բացայայտօրէն լծուած է իշխանաւորներու ձախաւեր վարմունքը քողարկելու եւ ցեխը իբրեւ մարմար ներկայացնելու առաքելութեան: Քարոզչական մեքենայի անդամներ եւ «ականաւոր դէմքեր» կրկին ու կրկին կը քարոզեն այն, որ Հայաստան Թուրքիայէն ու Ազրպէյճանէն պահանջ չունի, թշնամի չէ եղած, Արարատը կամ այլ խորհրդանիշներ հայութեան չեն պատկանած: Վաղը կրնան ըսել, որ Անին իսկ կառուցուած էր սելճուք-թաթարական արշաւանքներէ ետք, հետեւաբար ի ծնէ թրքապատկան էր: Այս ու նման ցնդաբանութիւններ հազուադէպօրէն զարմանք կ՛առաջացնեն իշխանաւորներու քարոզչութեան լծուածներու:
– Ազգային գաղափարնե՞րը եւ հաստատութիւննե՞րը: Դարձեալ ճիգ կ՛ըլլայ զանոնք նսեմացնելու: «Մենք գաղափարաբանութիւն չունինք» յայտարարող իշխանաւորները շատո՜նց բացայայտ դարձուցած են, որ զիրենք կառավարող «գաղափարաբանութիւնը» դրամ, աւելի դրամ եւ լոկ առեւտուր զարգացնելն է. անձնապէս կ՛ապահովեն, այն ալ` ինչպէ՜ս, իսկ երկիրն ու աղքատութի՞ւնը… Հալածանքի ենթակայ են ազգային գաղափարներ կրող կուսակցութիւններ (Դաշնակցութիւնը միակը չէ, սակայն սա դրական զարգացում կարելի չէ սեպել), անհատներ, մինչեւ իսկ ազգային եկեղեցին ու ուսումնական ծրագիրներ, որովհետեւ տիրականը նոր համայնավարութիւնն է (օտարերէնով` նէօպոլշեւիզմ): Ցաւալի երես մըն ալ այն է, որ իշխանութեան համակիրներ չեն անդրադառնար, թէ այս իշխանաւորները ինչպիսի՜ մոլուցքով տարուած են պետութիւն եւ ազգային մտածողութիւն խորտակելու արշաւներու, չեն յիշեր, որ իրենք իսկ տասնամեակներ առաջ ընդդիմախօս էին համայնավարներուն եւ անոնց ապազգայնացնող վարքագիծին: Երբ էութիւնը նոյնն է, սակայն անոր հագցուցած են թաւշեայ շրջազգեստ, իրականութենէն բան չի փոխուիր: Փոխուողը յուշակորոյսներն ու ազգային պատկանելիութեան զգացումէ պարպուածներն են: Յամենայն դէպս այս ծիրին մէջ պէտք է գոհունակութեամբ արձանագրել, որ հակառակ անցեալէն եկող կազմակերպական եւ յարակից տարբերութիւններուն, ազգային գլխաւոր հաստատութիւնը` եկեղեցին, միաձայն է հայրենիքի պահպանման եւ իշխանաւորները զգաստութեան հրաւիրելու ճիգին մէջ:
– Անուղղակի քայքայումի թիրախ է նաեւ հայ ընտանիքը, ճիշդ այնպէս` ինչպէս կ՛այլափոխուին պատմութիւնն ու աշխարհագրութիւնը: Ճիգ կ՛ըլլայ Արեւմուտքէն ներածուած այլանդակութիւններ կոխելու ժողովուրդին կոկորդէն վար: Զուգահեռաբար, համալսարան եւ բարձրագոյն ուսման ծրագիրներ կ՛այլանդակուին, բացայայտ քարոզչութիւն կը տարուի, որ մեր պատմութեան ու աշխարհագրութեան մասին մեր սորվածն ու գիտցածը թերի եւ սխալ են, ճիշդը թուրք-ազերիներուն հոլովածն է, թէ` Ցեղասպանութիւն չէ եղած, պէտք է ընդունինք, որ Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ պէտք է ըլլայ, ինչպէս կ՛ըսէին Ստալինն ու անոր կամակատար հայ համայնավարներու վոհմակը. լաւագոյն պարագային, թող արցախցիք ճիգ ընեն, որ ձեւով մը պաշտպանեն իրենց մարդկային տարրական իրաւունքները, թոյլ չտան, որ ազերիները իրենց քանդիչ արշաւները, հայաթափումը չտարածեն Հադրութէն, Շուշիէն եւ բռնագրաւեալ այլ շէներէ ասդին: Մէկ խօսքով, Արցախի հարցը կը մատնուի որեւէ այլ երկրի հոգածութիւնը վայելող` արտերկրի գաղութներուն ճակատագիրին, այն տարբերութեամբ, որ, օրինակի համար, արաբական երկիրներ փրկեցին եւ գուրգուրանք ցուցաբերեցին Ցեղասպանութենէ եւ հայրենիքի կորուստէ փրկուածներու հանդէպ, իսկ թուրքն ու ազերին բացարձակ հաւատարմութիւն կը ցուցաբերեն սուլթաններուն ու իթթիհատականներուն, Մուսթաֆա Քեմալներուն, Ալիեւներու նախնիներուն:
– Մեր Դատին տեսանկիւնէն ալ պատկերը մութ է եւ տարուէ տարի կը մթագնի: Օրինակի համար, Սեւրն ու զայն ձեռք բերողները «իմաստո՜ւն պատմագէտներու» եւ դիւանագէտներու կողմէ նսեմացումի կ՛ենթարկուին (ի՜նչ դիւրին է ԳՈՐԾՈՂները քննադատելը, անոնց պարտադրուած սխալ քայլերը մատի փաթթոցի վերածելը, մինչդեռ դուն չես օգտագործեր այսօր ձեռքիդ ունեցած գործիքներդ): «Նեմեսիս»-ի յուշակոթողին կանգնումը կը հռչակուի սխալ եւ անտեղի, մինչեւ իսկ ժպիրհներ կան, որոնք հայուն արդարահատոյց բազուկները որակեցին ահաբեկիչ (բառին այսօրուան` բացասական իմաստով): Ամբողջ ալիք մը կը բարձրանայ, որպէսզի անցեալի քաղաքական եւ հայդատական ձեռքբերումները, տասնամեակներու ընթացքին պայքարով, արիւնով ու քրտինքով շահուածները հովին տրուին, նման` այն բոլոր բաներուն, որոնք ազգային են: Հասած են տեղ մը, որ մեր Դատի շրջագիծը բերուած, սեղմուած է… 9 նոյեմբերի յայտարարութիւնը իրականացած տեսնելու մտածողութեան մէջ, լուսանցքայնացուած են Արցախի աւելի քան հինգ ամիսներու պաշարումն ու ամէն օր ծանրացող հետեւանքները, մնացեալ շրջանին հայաթափման սպառնալիքները, մոռցուած են Գետաշէնն ու Շահումեանը, մեր հողային, ազգային ու մարդկային բոլոր միւս իրաւունքներն ու պահանջները, մինչդեռ անդրանիկ հանրապետութեան օրերուն անոնք հիմնաւորուած եւ արմատաւորուած էին իբրեւ անզիջելի աւանդ:
Մէկ խօսքով, մայիս 28-ի տօնին բաց աչքերով կը տեսնենք, որ Հայաստանի անդրանիկ հանրապետութեան օրերուն իրականացած եւ անկէ մեզի աւանդ հասած ժառանգութիւններ, պատգամներ եւ աւանդներ օր աւուր կը նսեմացուին, իրողապէս կը փոշիացուին, լաւագոյն պարագային, յիշատակումներ (ինչպէս` ապրիլ 24-ի, նորագոյն նահատակներու յիշատակին խոնարհումը) կ՛ըլլան մասնատուած եւ հակադիր գլուխներով:
Հայաստանի անկախութիւնը արիւնով ու քրտինքով շահած, ոչինչէն հանրապետութիւն կերտած սերունդին պարտք ունինք այսօր եւ միշտ: Անոնց կեանքով ու վաստակով իրագործուած աւանդները, մասնաւորաբար հայկական հողերու հաւաքի կտակը կարելի չէ անտիրական թողուլ եւ տարուիլ կեղծ խաղաղասիրութեան երազներով: Կարճատեսներն ու հայրենիք-պետութիւն հասկացողութեան մէջ թերամիտներ վստահաբար երազ կը սեպեն միացեալ Հայաստանի գաղափարը, պատրաստ են հրաժարելու անկէ, ինչպէս կը հրաժարին Արցախէն, Սիւնիքի եւ սահմանային որոշ շրջաններէ: Մինչդեռ մայիս 28 տօնել` կը նշանակէ վերականգնել, ու պիտի վերականգնե՛նք ազգային բոլոր այն արժէքներն ու իրաւունքները, որոնք մեզի աւանդ հասած են հանրապետութեան կերտիչներէն, անոնք ալ այդ աւանդը յանձն առած էին իրենց նախորդներէն` ֆետայիներէն, Խրիմեան Հայրիկներէն, Աբովեաններէն, Իսրայէլ Օրիներէն, ուրարտացիներու եւ Հայկ նահապետի օրերէն, հայկական իրերայաջորդ թագաւորութիւնները արարողներէն ու պահպանողներէն, մերժած էին Պետրոս Գետադարձներու եւ Վեստ Սարգիսներու որդեգրած նիւթական շահի արեւելումը:
14 մայիս 2023