ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Սիմոն Վրացեանի խմբագրութեամբ, ՀՅԴ Բիւրոյի հրատարակած «Յառաջ» օրաթերթին 19 նոյեմբեր 1919-ի համարէն (1) կը ներկայացնեմ բաժիններ, որոնք Ամերիկայի օրուան նախագահին, հայկական գաղութին եւ քաղաքական գործիչներուն կողմէ կարծէք թէ նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի այժմու կացութեան մասին գրուած են:
Ամերիկայի 1913-1921 թուականներու 28-րդ նախագահը` Վուտրօ Ուիլսըն (1856-1924), որ ականատես եղաւ Հայոց ցեղասպանութեան եւ ապա Հայաստանի Հանրապետութեան կերտումին, ապա իբրեւ իրաւարար` ճշդեց Սեւրի դաշնագիրով Հայաստան-Թուրքիա սահմանը, բարոյական բարձր արժանիքի տէր անձնաւորութիւն մըն էր եւ կը հաւատար, որ բարոյականութիւնը պէտք է իշխէ քաղաքականութեան վրայ:

Ան խաղաղութեան ջատագովը եղած է եւ արժանացած` 1919-ի Խաղաղութեան նոպէլեան մրցանակին: Սակայն Ա. Համաշխարհային պատերազմին, որ սկսած էր 28 յուլիս 1914-ին եւ աւարտած` 11 նոյեմբեր 1918-ին, միայն 6 ապրիլ 1917-ին է, որ Գերմանիոյ դէմ (ո՛չ թէ Թուրքիոյ եւ Պուլկարիոյ դէմ) պատերազմ յայտարարեց, երբ վերջինս դրժեց իր խոստումը եւ հիւսիսային Ատլանտեանի մէջ մարտանաւեր եւ սուզանաւեր տեղակայեց, ամերիկեան եւ այլ ճամբորդատար նաւեր խորտակեց ու փորձեց Մեքսիքան Ամերիկայի դէմ լարել:
Ա.- «Ուիլսընը եւ Հայաստանը» խորագիրով կը կարդանք. «Ուաշինկթընէն կը հաղորդեն, որ ամերիկեան Քոնկրեսի անդամներուն մէջ Հայաստանի շուրջ տեղի ունեցող տարաձայնութիւններուն առթիւ (Հարպորտի տեղեկագիրին` Հայաստանի եւ Թուրքիոյ հոգատարութիւնը ստանձնելու 13 թեր եւ 13 դէմ յանձնարարութեան պատճառով*), նախագահ Ուիլսըն հեռագիրով մը կը յորդորէ. «Մարդկային անհրաժեշտութիւն է զօրաւոր միջոցներ ձեռք առնել, եւ Միացեալ Նահանգներուն պարտականութիւնն է զինուորական ուժեր ուղարկել Հայաստան: Պարզապէս հայ ժողովուրդին գոյութիւնը կախեալ է Միացեալ Նահանգներու շտապ քայլէն եւ անմիջական օգնութենէն»:
Կ՛արժէ նշել, որ 1919 օգոստոսին նախագահ Ուիլսըն ուղարկած էր 50 անդամ հաշուող, որոնց մէջ` առնուազն երկու ամերիկահայ բարձրաստիճան զինուորականներ, առաքելութիւն մը` «Ամերիկեան զինուորական առաքելութիւն դէպի Հայաստան», գլխաւորութեամբ հազարապետ-զօրավար Ճէյմս Ճ. Հարպորտի (1866-1947): Հետագային ճանչցուելով իբրեւ «Հարպորտ առաքելութիւն»` անոր նպատակն էր ուղղուիլ Թուրքիա, Արեւմտահայաստան, ապա Հայաստանի Հանրապետութիւն` հետազօտելու եւ տեղեկագիր պատրաստելու քաղաքական, զինուորական, աշխարհագրական, վարչական, տնտեսական եւ այլ նկատառումներու, որոնք կը ներառեն ապագայի ամերիկեան հաւանական շահերը եւ պատասխանատուութիւնները տարածաշրջանին մէջ (2) (3), (4), (5):
Համաշխարհային Ա. պատերազմի աւարտէն ետք, 18 յունուար 1919-ին սկսած Փարիզի խորհրդաժողովին, որուն ներկայ էր Ուիլսըն, արդէն Ամերիկայի ստանձնելիք դերը յստակ էր եւ 26 ապրիլ 1920-ին էր, որ Սան Ռեմոյի մէջ տեղի ունեցող Դաշնակից ուժերու գերագոյն խորհուրդի նիստին որոշուեցաւ նախագահ Ուիլսընին յանձնել Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմանի իրաւարար վճիռը այն պայմանով, որ Էրզրումի, Տրապիզոնի Վանի եւ Պիթլիսի նահանգները Հայաստանին մաս պիտի կազմեն, Սեւ ծովու վրայ Տրապիզոն նահանգին շուրջ 200 քմ ծովեզերքով: Միեւնոյն ատեն նախագահ Ուիլսընին առաջարկուեցաւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ մնացեալ հողամասին հոգատարութիւնը (գաղութատիրութիւնը)` տրուած ըլլալով, որ Կիլիկիան արդէն յանձնուած էր Ֆրանսայի հոգատարութեան:
Բ.- «Զօրավար Հարպորտի կարծիքը» խորագիրով «Յառաջ»-ի նոյն համարին մէջ կը կարդանք (արեւմտահայերէն). «Զօրավար Հարպորտը ընդունելութեան մը ժամանակ ըսած է. «Այն րոպէին, երբ ներս մտանք Հայաստանի այժմու սահմաններէն ներս, զգացինք, որ քիչ մը քաղաքակրթութիւն կը բուրէր: Ամէն տեղ պատշաճ ու սրտբաց ընդունելութիւն գտանք: Կառավարութիւնը մեր վրայ լաւ տպաւորութիւն ձգեց, մանաւանդ` վարչապետ պարոն (Ալեքսանտր) Խատիսեանը:
«Անգլիական ուժերուն հեռանալը դրութեան վրայ նոր փոփոխութիւն չէ պատճառած, արդէն այդ ուժերը կռուի ժամանակ գործնական աջակցութիւն չէին տար: Անոնց ներկայութիւնը առաւելապէս բարոյական նշանակութիւն ունեցած է: Հայաստանի բանակն է, որ միայն իր ուժերով ետ մղած է յարձակումները` փաստելով, որ այս երկրին հարազատ զինուորական առաջնորդները կարող անձեր են»:
Կ՛արժէ նաեւ նշել, որ զօրավար Հարպորտ մարգարէացած էր իր տեղեկագիրին եզրակացութեան մէջ` գրելով. «Նախընտրելի է միլիոններ ծախսել հոգատարութեան, քան թէ միլիառներ` ապագայ պատերազմներուն: Ցայսօր Ամերիկան հազարաւո՛ր միլիառներ ծախսեց Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, եւ ըստ նախագահ Թրամփի` 7 թրիլիոն (6), այսինքն` 7 հազար միլիառ, եւ տակաւին պիտի շարունակէ ծախսել «Հարպորտ առաքելութեան» տեղեկագիրը լրջօրէն չուսումնասիրելուն եւ հոգատարութիւնը չընդունելուն պատճառով:

Գ.- «Ամերիկահայ ճարտարապետները Ուիլսընի տրամադրութեան տակ» խորագիրով կը կարդանք. «Ամերիկահայ ճարտարապետներու միութիւնը դիմած է (նախագահ*) Ուիլսընին` յայտարարելով, որ իրենք նախագահին տրամադրութեան տակ են Հայաստանի վերականգնումի գործին համար: Միութիւնը կազմած է հայ արհեստաւորներու խումբեր, որոնք պատրաստ են հայրենիք մեկնելու»:
Դ.- «Մորկընթաուի միջնորդութիւնը» խորագիրով կը կարդանք. Միացեալ Նահանգներու Պոլիսի նախկին դեսպանը (Հենրի 1856-1946, դեսպան` 1914-1918*)` Մորկընթաու Ամերիկա մեկնած է միջնորդելու համար, որ Միացեալ Նահանգները ստանձնեն Հայաստանի հոգատարութիւնը (mandate)»: Ստորեւ նշուած են «Ազդակ»-ի մէջ այս եւ վերոնշեալ նիւթերուն մասին աւելի մանրամասն յօդուածներս:
Ե.- Հայաստանի անկախութեան Ամերիկեան կոմիտէի նախագահ` Ճէյմըս Ճերըրտի (James Watson. Gerard (1867-1951) American Committee for the Independence of Armenia*) կոչը ամերիկեան մամուլին մէջ. «Մեծն Բրիտանիան եւ Ֆրանսան Ամերիկայէն նուազ պատասխանատու չեն այն վրդովեցուցիչ ողբերգութեան համար, որ տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի մէջ: Շատ մը ամերիկացիներ կը կարծեն, որ Հայաստանի վերաբերեալ մեր հետաքրքրութիւնը մի՛այն մարդասիրական է, հետեւաբար քանի մը տոլար տալով սովամահ հայերէն քանի մը տասնեակներ փրկելով չէ, որ գործը կը վերջանայ: Մինչ իրողութիւնը այն է, որ Ամերիկան եւ դաշնակիցները հայերուն հանդէպ մեծ պարտաւորութիւն ունին, որովհետեւ առանց հայերուն, Ռուսիան չէր կրնար իր յաջող ճակատամարտերը մղել Կովկասի մէջ, եւ թուրքերը պիտի կարենային միանալ Կասպից ծովի երկու կողմերուն գտնուող թուրանականներուն հետ: Այսօր մեր ազգային շահը կը պահանջէ, որ օգնենք Հայաստանին»:

«Այնուհետեւ մատնանշելով Հայաստանի դէմ Թուրքիոյ գործիքը դարձած Ազրպէյճանի կռուազան քաղաքականութիւնը եւ այն հանգամանքը, որ Լենինը եւ Թրոցքին դաշնակցած են Թալէաթի եւ Էնվերի հետ, Ճերըլտ կ՛ըսէ. «Հայկական փոքրիկ հողաշերտն է, որ կը բաժնէ թուրքերն ու թաթարները պոլշեւիկներէն: Հետեւաբար եթէ հայերուն զլանանք այն օժանդակութիւնը, որ տուած ենք գրեթէ բոլոր մեծ ու փոքր ազգերուն, այն ժամանակ պիտի գտնուինք երկու կարելիութեան առջեւ` կա՛մ հաշտութիւն պիտի կնքենք թուրքերուն եւ պոլշեւիկներուն հետ եւ այդպիսով վերահաստատենք Թուրքիոյ սարսափելի իշխանութիւնը եւ կա՛մ քաղաքակրթութեան պաշտպանութեան պատնէշ հանդիսացող հայերուն բնաջնջումէն ետք, դաշնակից եւ անոնց գործակից պետութիւններուն կողմէ մեծ բանակներ պիտի ղրկուին Արեւելք` կռուելու համար թուրքերուն եւ պոլշեւիկներուն դէմ»:
Աւարտին Ճերըրտ կ՛ըսէ. «Անհրաժեշտ է, որ անմիջապէս 10 հազար զինուոր եւ բաւականաչափ ռազմամթերք ուղարկուի հայկական 30 հազարնոց բանակ մը կազմելու համար: Դրութիւնը կրնանք փրկել, եթէ անմիջապէս գործի լծուինք: Հայերուն գոյութիւնն ու ապագան ձեր պատասխանէն կախեալ է: Անձկութեամբ կը սպասենք»:
Ամերիկայի նախագահին եւ այս կոչին չընդառաջեցին ո՛չ ամերիկեան Քոնկրեսը, ո՛չ ալ Եւրոպայի դաշնակիցները: Պոլշեւիկ-քեմալական եւ Անգլիա-քեմալական համաձայնութիւնները արգելք հանդիսացան Սեւրի դաշնագիրի Հայաստանի բաժինին գործադրութեան եւ, ընդհակառակը, անհաւատալիօրէն Հայաստանի Հանրապետութեան հողերէն, նահանգներէն Կարսը, Արտահանը, Սուրմալուն` Արարատ լեռով եւ Անիով, պոլշեւիկներուն կողմէ նուէր տրուեցան պարտուած Թուրքիոյ, իսկ Արցախն ու Նախիջեւանը` նորաստեղծ Ազրպէյճանին, իսկ Ախալքալաքը` Վրաստանին:

Զ. Առաջին էջի ճակատին կը կարդանք մշակութային երկու ծանուցումներ, որոնք ցուցանիշ են առաջին հանրապետութեան բազմաբնոյթ գործունէութեան` հակառակ պատերազմական, ապրուստի եւ տնտեսական բազմաթիւ դժուարութիւններուն: Առաջինը պետական խմբավարական դասընթացքներու մասին յայտարարութիւնն է. «Ներկայ ուսումնական տարեշրջանին հանրային կրթութեան եւ արուեստի նախարարութեան ձեռնարկութեամբ Երեւանի մէջ կը բացուին խմբավարական դասընթացքներ: Առաջին ուսումնական տարին պիտի դասաւանդուին.
ա. Երաժշտութեան տարրական տեսութիւն:
բ. Խազերգութիւն (solfège)` իբրեւ պարտադիր առարկայ:
գ. Դասաւանդումը դաշնամուրի եւ ջութակի վրայ:
Դասընթացքները երկսեռ են եւ միջնակարգ ուսում ունեցողները կ՛ընդունուին: Տարեկան կրթաթոշակը 300 ռուբլի է: Հրաւիրուած են Փեթերսպուրկի երաժշտանոցէն դասատուներ` Ս. (Սարգիս*) Բարխուդարեան եւ ջութակահար Ս. Ափարեան: Դիմումները կ՛ընդունուին տղոց վարժարանին մէջ, ամէն օր, ժամը 4-5:
Երկրորդ ծանուցումը քառաձայն, երկսեռ երգչախումբի մը կազմութեան մասին անդամահաւաքի հրաւէր է` Հայկօօպ ընկերութեան հովանաւորութեամբ, ղեկավարութեամբ երաժշտագէտ Սարգիս Բարխուդարեանի եւ երաժիշտներ Ռուբէն Տիգրանեանի եւ Միքայէլ Միրզոյեանի:

Կը տեսնենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան օրաթերթի մը այս համարին մէջ Հայաստանը յուզող աշխարհաքաղաքական վիճակը կը ներկայացուի: Տակաւին կան 17 ծանուցումներ եւս, խմբագրականը` սերմացուներու մասին, որ Վրացեանին մասնագիտութիւնն էր, պաշտօնական լուրեր, ռազմական լուրեր ճակատներէն, յօդուածներ, հեռագիրներ, խորհրդարանի սիւնակը, տեղական եւ արտասահմանէն վերջին լուրեր, տեղեկատու, նամականի, մամուլ, գնացքներու ժամանակացոյցն ու գիները, նախարարներու այցելութեան ժամանակացոյցը եւ այլն:
Վերջին ծանուցումը, նկար 10, շատ բան կը թելադրէ: Հայաստանի այս փոքր հանրապետութիւնը ներքին եւ արտաքին թշնամիներով շրջապատուած` աշխարհի հետ միակ շտապ կապը Վրաստանի միջոցով հեռագիրն էր, որ յաճախ կ՛ընդհատուէր, նմանապէս նամակատարութիւնը` Թիֆլիսի միջոցով: Անոր համար խմբագրութիւնը ճամբորդողներէն օտար թերթեր կը խնդրէ:
Այս իրավիճակին պարտադրած բոլոր հանգամանքներուն ծանօթանալով է, որ պէտք է արժեւորենք այն ժամանակուան անկարելին կարելի դարձնող մեր հիանալի ղեկավարութիւնը, հայկական բանակը եւ անկախութիւն կերտող ու սեփական ուժին վստահող մեր անկոտրում ժողովուրդը:
15 մայիս 2023
haroutchekijian.wordpress.com
* Լուսաբանութիւնները հեղինակին կողմէ
- «Յառաջ» օրաթերթ, Երեւան, Ա. տարի, թիւ 49, 19 Նոյեմբեր 1919, էջ 3:
- https://hyw.wikipedia.org/wiki/Հարպորտ_Առաքելութիւն
- https://www.youtube.com/watch?v=SW2juvDHayc
- https://www.youtube.com/watch?v=Z5m6fx2bFq8
- https://web.archive.org/web/20180410075125/http://www.fundamentalarmenology.am/Article/9/164/THE-HARBORD-MISSION-REPORTS-ON-ARMENIA,-1919-IN-THE-U.S.-DEPARTMENT-OF-STATE-ARCHIVES-(a-video).html
- https://www.news18.com/news/world/donald-trump-says-7-trillion-wasted-in-middle-east-wars-us-will-pull-out-of-syria-very-soon-1703487.html
Տես նաեւ`
«Սեւրի Դաշնագիրը Եւ «Հայաստանի Հովանաւորութիւնը»»
«Սեւրի դաշնագիրը եւ նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի «Քինկ-Քրէյն» եւ «Հարպորտ առաքելութիւն»-ները – Ա.»
«Սեւրի Դաշնագիրը Եւ Նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի «Քինկ-Քրէյն» Եւ «Հարպորտ» Առաքելութիւնները – Բ.»
«Զօրավար Հարպորտի այցելութիւնը Հայաստան 1919-ին (Հաղորդագրութիւն` Հայ հեռագրական գործակալութեան)»
«Սեւրի դաշնագիրը եւ Ամերիկան»
«Ինչպէ՞ս մերժուեցաւ Հայաստանի հոգատարութիւնը` «Յառաջ» օրաթերթի 17 յուլիս 1920-ի լրատուութիւնը»
«Միացեալ Նահանգներու Հանրապետական եւ Դեմոկրատական կուսակցութիւններուն Հայաստանի մասին դիրքորոշումները 1896-1928»
«Ամերիկացի ժողովուրդին, Ներկայացուցիչներու տան եւ ծերակոյտին մօտ արդէն զարգացած էր ազատ, անկախ Հայաստանի գաղափարը համիտեան ջարդերուն ընթացքին` 1895-ին, Սեւրի դաշնագիրէն 25 տարի առաջ»