Հայ հինաւուրց սովորութիւն մը կայ տօնական օրերուն շնորհաւորութիւններ եւ բարեմաղթութիւններ փոխանակելու հարազատներուն ու բարեկամներուն միջեւ:
Շնորհաւորութիւնները իրենց խորքին մէջ ամփոփած կը պահեն կենսուրախութիւն, այսինքն որեւէ առիթ շնորհաւորելու համար անհրաժեշտ է ունենալ կենսուրախութեան տուեալներ` անձնական թէ հաւաքական մակարդակներու վրայ:
Անցեալ տասնամեակին Հայաստան, Արցախ, Սուրիա եւ Լիբանան անցուցին տագնապալի տարիներ: Տագնապը այնքան զարգացաւ, խորացաւ եւ սրեցաւ, որ այդ տեղի հաւաքականութիւններուն ու զանոնք բաղկացնող անհատներուն սրտերէն եւ դէմքերէն համարեա չքացան ուրախութիւնն ու նոյնիսկ ժպիտը:
Այսպէս, Հայաստան եւ Արցախ անցուցին 44-օրեայ ամօթալի պարտութեան պատերազմը. կորսնցուցինք Արցախի` արեամբ վաստկած տարածքին երեք քառորդը, նահատակ, վիրաւոր եւ անհետ կորսուած ունեցանք աւելի քան տասը հազար հայորդի, այսինքն աւելի քան տասը հազար ընտանիքներ գտնուեցան գոյատեւելու վտանգին դիմաց, վասն միջազգային շահերու ու մեծապետական հաշիւներու «դուխով» ծառայող ապազգային իշխանութիւններուն միջոցով: Ու ցայսօր կը շարունակուի շարանը այդ ինքնասպան պարտութիւններուն, թէ անոնք ո՛ւր կրնան հասնիլ, աներեւակայելի է բոլորիս համար: Ինչպէ՞ս ժպիտ ունենալ եւ զայն պահել մեր դէմքերուն վրայ եւ սրտերուն մէջ…
Սուրիան աւելի քան տասնամեակէ մը ի վեր կը տքայ միջազգային ահաբեկչութեան կեղտոտ եւ տղմոտ կրունկներուն տակ` առ ի ծառայութիւն մեծապետական հաշիւներուն, որոնց տէրերը քայլ մը առաջ անցնելով` Սուրիոյ «պարգեւեցին» տնտեսական պատիժներով պատերազմ մը, որուն մեծագոյն գինը կը վճարէ ժողովուրդը:
Լիբանան նոյնպէս «կը վայելէ» տնտեսական այդ պարգեւ-պատերազմը` «վայելելով» արեւմտեան պետական ահաբեկչութեան «բարիքները»:
Այս հաւաքականութիւններուն դէմքերէն եւ սրտերէն ժպիտը վերացած` ի՞նչը շնորհաւորել. Ամանո՞րը, Ս. Ծնո՞ւնդը, Ս. Զատի՞կը, մայիս 28՞-ն, Խանասորի արշաւանքի տարեդա՞րձը… Երբ ամէն օր կ՛ապրինք նոր ցեղասպանութիւն, նոր ապրիլ 24…
Ահա այսօր Արցախ 160 օրերէ ի վեր պաշարուած, ճանապարհները` փակուած` կը մաքառի իր գոյութիւնը պահելու եւ պահպանելու համար. Արցախ լուռ եւ սպիտակ ցեղասպանութիւն մը սկսած է ապրիլ. անոր նախերգանքն է, որ կ՛ապրի, եւ չենք ալ գիտեր, թէ պիտի կարմրի՞ այդ արարքը…
Հայաստան կ՛ապրի մերօրեայ իշխանութիւններուն խոստացած անապագայ-ապագայի բախտախաղի սեղաններուն վրայ: Եւ խաղին անատակ ու ապիկար իշխանութիւնները, որոնք պարտութիւնը իբրեւ յաղթանակ կը փորձեն «վաճառել» մեզի, համայն հայութեան ի՞նչ գին վճարել պիտի տան, երբ կանխաւ պարտուած են բախտախաղի սեղաններուն վրայ:
Այս ամէնուն ու տակաւին ինչերուն ու ինչերուն համար` ի՞նչ շնորհաւորութիւններ: Շնորհաւորել դժբախտութիւննե՞րը, տագնապնե՞րը, պարտութիւննե՞րը, հայրենիքին եւ երկիրներուն քայքայումնե՞րը… ի՞նչը, ի՞նչը…
***
Ընդգծելով հանդերձ վերի տողերուն մռայլութիւնն ու գորշութիւնը, չեմ ուզեր ծունկի գալ եւ կքիլ ժխտական իրողութիւններուն դիմաց: Կ՛ուզեմ բանականութեամբ, մտածելով, խոկալով…դրական մտածողութեամբ ու տրամաբանութեամբ վերաբերիլ այս բոլորին հետ:
Ու գտած եմ այդ մէկը` իբրեւ մխիթարութիւն եւ յարութիւն այդ բոլորէն, մաղթանքներուն` յոյսի մաղթանքներուն մէջ. բարեմաղթութիւններուն մէջ:
Բարեմաղթութիւններ, ո՛ւր ալ հասնին անոնք:
***
Համազգային Մաղթանքներ
Ցանկալով ազգիս միասնականութիւնը տեսնել` կը մաղթեմ, որ ան որդեգրէ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին յայտարարած «Սփիւռքի տարի Բ.-2023» հռչակագիրը իր ամբողջականութեամբ ու ձգտի իրագործել այնտեղ ընդգծուած գաղափարները: Այսպէս, կը մաղթեմ, որ վերակազմակերպուին մեր ազգային կառոյցները եւ վերաշխուժանան անոնք. ազգիս բաղադրիչները կառչած մնան մեր ազգային ու քրիստոնէական արժէքներուն, որոնք ներկայ ժամանակահատուածին մեծապէս նահանջած են. կը մաղթեմ, որ յաջողինք պահել ու ամրապնդել մեր ինքնութիւնը:
Կը մաղթեմ նաեւ, որ մեր ազգային միասնութիւնը` Հայաստանը, Արցախն ու սփիւռքը, դառնան մէկ ամբողջութիւն եւ ստեղծեն կամ մշակեն «Հայոց ազգային ուխտ»-ը:
Հայաստանի Համար Մաղթանքներ
Կը մաղթեմ, որ Հայաստանի քաղաքական բեմի խառնիճաղանճը բիւրեղանայ եւ գաղափարականանայ:
Հայաստան յաջողի վերակազմակերպել իր բանակը` ազգային բանակը, եւ ան վերատիրանայ իր մարտունակութեան` իբրեւ կառոյց, զինամթերք եւ բարոյական ու ոգեղէն ամբողջութիւն:
Կը մաղթեմ, որ մեր բանակը ամուր պահէ հայրենիքին սահմանները, պաշտպանէ անոր ամբողջականութիւնը եւ վերազատագրէ կորսուած տարածքները, մանաւանդ այն տարածքները, որոնք իշխանաւորներուն թուլամորթութեամբ եւ դաւաճանութեամբ յանձնուեցան ոսոխին:
Կը մաղթեմ, որ հայրենիքիս ժողովուրդը պինդ կառչած մնայ իր ազգային արժէքներուն, պայծառացնէ իր ազգային դիմագիծը եւ յաջողի թօթափել ապազգային ներկայ վարչաձեւը:
Մաղթանքս է, որ բարելաւուի ու բարգաւաճի, ապա նաեւ զարգանայ ազգային հաւաքական տնտեսութիւնը, աղքատ կամ կարիքաւոր չմնայ Հայաստանի մէջ. հոն տիրեն տնտեսական եւ ընկերային արդար կարգեր:
Արցախեան Մաղթանքներ
Ազգովին մաղթենք, որ Արցախը ամէնէն կարճ ժամանակամիջոցին յաջողի քանդել իրեն պարտադրուած պաշարումը, վերաբացուին Հայաստանին միացնող անցքերն ու ճամբաները…
Բոլորիս մաղթանքն է, որ ամէնէն կարճ ժամանակի ընթացքին Արցախի Պաշտպանութեան բանակը, պահելով իր անսասանութիւնը, յաջողի վերազատագրել Արցախի կորսնցուցած տարածքները:
Կը մաղթենք, որ այնուհետեւ Արցախը միանայ մայր Հայաստանին, թէկուզ` 30 տարի ուշացած ըլլալու իրողութեան լոյսին տակ:
Կը մաղթենք, որ Արցախը վերակազմակերպէ իր տնտեսութիւնը, բարելաւէ եւ զարգացնէ զայն ու հասնի այնտեղ, որ անցեալին նման` օժանդակէ Հայաստանի տնտեսութեան:
Աւելի ուշ Արցախը յաջողի վերաբնակեցնել իր տարածքները, մանաւանդ` վերաազատագրեալ տարածքները…
Հայ Եկեղեցւոյ Համար Մաղթանքներ
Բոլորիս մաղթանքն է, որ Հայ եկեղեցին` իբրեւ հայոց ոգեղէն տուն, անսասան մնայ, վերակազմակերպուի, վերաշխուժանայ, հզօրանայ իր զաւակներուն ճիգերով, միասնական ճիգերով եւ շարունակէ հովանի մնալ անոնց:
Կը մաղթեմ, որ Հայ եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներուն միջեւ կապը դառնայ աւելի ամուր` արտացոլացնելով մէկ ազգի, մէկ եկեղեցւոյ պայծառացած դէմքը:
Կը մաղթեմ, որ Հայ եկեղեցին հասնի աշխարհացրիւ հայութեան` զայն պահպանելով եւ պաշտպանելով ամէն տեսակի վտանգներէ:
Հայ Դպրոցին Համար Մաղթանքներ
Երազս եւ մաղթանքս է, որ հայրենիքի թէ սփիւռքի մէջ հայ դպրոցը շարունակէ մնալ հայ ազգի զաւակներուն եւ մանաւանդ նոր սերունդներուն դարբնոցը, եւ իբրեւ ազգային դիմագիծ ունեցող սերունդներ պատրաստող հնոց` յաջող ըլլայ անոր երթը:
Սփիւռքի աշխարհացրիւ ափերուն հայ դպրոցը շարունակէ մնալ հայապահպանութեան հնոցը եւ կարենայ իր մէջ ներառել օտար կրթական օճախներ յաճախող հայ աշակերտները:
Մաղթանքներ` Կուսակցութիւններուն Եւ Կազմակերպութիւններուն
Ի սրտէ կը մաղթեմ, որ հայկական կուսակցութիւնները իրենց գաղափարական իւրայատկութիւններով հանդիսանան զիրար ամբողջացնող կառոյցներ եւ ոչ թէ` զիրար խաչաձեւող:
Անոնք դառնան միասնական` գէթ ազգին դիմաց ծառացած մեծ մարտահրաւէրներուն դիմաց. յաջողին գտնել համահայկական հասարակաց յայտարարները եւ մշակել «Հայ ազգի միացեալ ուխտ» մը` ազգին մասնիկները ի մի բերող ողնաշարը:
Յատուկ Մաղթանքներ` Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութեան
Տողերուս հեղինակը` իբրեւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան մէկ անդամը, ի մտի ունենալով այս միութեան դժուարութիւններն ու մտահոգութիւնները, ստորեւ կ՛ուզէ արձանագրել իւրայատուկ մաղթանքներ:
Նախ եւ առաջ կը մաղթեմ, որ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը յաջողի իրագործել միութեան գերագոյն` Պատգամաւորական ընդհանուր ժողովներուն որոշումներն ու առաջադրանքները:
Կը մաղթեմ, որ իր ծրագիրներն ու պարտաւորութիւնները իրագործելու համար բարելաւուի միութեան նիւթական իրավիճակը:
Կը մաղթեմ, որ Կեդրոնական վարչութիւնը յաջողի իր ամբողջական նեցուկը տրամադրել Սուրիոյ եւ Լիբանանի կառոյցներուն: Նոյնպէս Հայաստանի մէջ` Երեւանի եւ Գիւմրիի (նորաստեղծ) գրասենեակներուն, տագնապալի Արցախի կառոյցին, Մոսկուայի եւ Փեթերսպուրկի կառոյցներուն, ինչպէս նաեւ` շրջանային կառոյցներուն:
Սուրիական Եւ Լիբանանեան Մաղթանքներ
Կը մաղթեմ, որ Սուրիան շուտով յաջողի վերագտնել իր տարածքային ամբողջականութիւնը, ազատագրուած տեսնէ Թուրքիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ ահաբեկչական խմբաւորումներու բռնագրաւած շրջանները:
Կը մաղթեմ, որ Սուրիան եւ Լիբանանը շուտով շրջանցեն իրենց պարտադրուած տնտեսական տագնապները, իսկ Լիբանանը շուտով ունենայ իր սպասուած նոր նախագահն ու կառավարութիւնը:
Սուրիահայութեան թէ լիբանանահայութեան կը մաղթեմ համբերութիւն, անվհատութիւն, տոկունութիւն: Կը մաղթեմ, որ անոնք շուտով վերագտնեն իրենց վերելքի դիրքերը բոլոր ասպարէզներուն մէջ` տնտեսական, ազգային, հոգեմտաւոր, մշակութային…
***
Վերի տողերը վերաքննելով` կ՛անդրադառնամ, որ պակասաւոր եւ ոչ ամբողջական մաղթանքներս ու իղձերս արդէն բազմաթիւ են եւ բազմատեսակ, իսկ զանոնք իրագործուած տեսնելու համազգային, համահայկական, նոյնիսկ մարդկային կարողութիւնները սահմանափակ եւ անբաւարար են, սակայն` խիստ կենսական:
Վերջին հաշուով, մարդ արարածը երազներ, տեսլականներ եւ տենչեր պէտք է ունենայ. յոյս պէտք է ունենայ, հասնելու բարձր գագաթներուն: Իսկ այդ ամէնը իրագործուած տեսնելու համար նախ ինքն իրեն մաղթանքներ պէտք է տայ, եւ ատիկա առաջին քայլը կը նկատեմ…
Իբրեւ վերջաբան` վերջին մաղթանքս պիտի ըլլայ, որ մայիս 28-ի 105-ամեակը, մայիսեան մարտերու յաղթանակները հանդիսանան պատգամներ` վերոյիշեալ մաղթանքները իրագործուած տեսնելու: Հանդիսանան լուսափայլ ոգին, միտքը եւ օրինակը:
Սարդարապատեան մաղթանք մը եւս.
«Երբ չի մնում ելք ու ճար,
Խենթերն են գտնում հնար…»:
Քեսապ