Դժուար իրավիճակ է ստեղծուել տարածաշրջանում, նաեւ` մեր երկրի համար: Իմ ընկալումով, մանաւանդ պատերազմից յետոյ, պէտք է ուժեղացնել հայոց պետականութիւնը, պետական կառավարման համակարգը եւ բանակը: Այսպիսի իրավիճակում պէտք է յառաջացնել մի գաղափար, որ կարողանայ համախմբել հայութիւնը: Դա ազգային գաղափարախօսութեամբ է ձեւակերպւում:
Թրքագէտ Ռուբէն Սաֆրաստեան – 13 յուլիս 2022
Անվերծանելի գաղտնի՞ք մը յայտնած կ՛ըլլանք, երբ ըսենք, որ ժողովուրդներ թէ ազգեր կը յարգուին, երբ ունին սեփական պատմութիւն, քաղաքակրթական եւ համաշխարհային նուաճում, ինքնիշխան պետականութիւն եւ ապրելու կամք:
Բացառապէս մայրենի լեզուով, ստեղծարար միտքի ու ոգեկան բարձրութեամբ յատկանշուող ազգեր թէ ժողովուրդներ կարողութիւնն ու կարելիութիւնը ունեցած են դիմակայելու արտակարգ իրավիճակներն անգամ, պաշտպանած են իրենց տեսակը, դիմագիծն ու յաղթանակ ապահովելու իրաւունքը:
Միւս կողմէ, սակայն, դարերու խորերէն մեզի հասած է պատմաքաղաքական թէ իմաստասիրական ճշմարտութիւն մը, անառարկելի հասկացութիւն մը, որ հաւաքական կեանք ունեցող եւ համախումբ ապրող մարդիկ պիտի չկարենային գոյատեւել, կայացած, ուժեղ եւ ապագայակերտ հայրենիք մը ունենալ, առանց պետական համակարգի թէ ընդհանրապէս պետութեան:
Խօսքը անշուշտ կառուցային եւ համարժէք ըմբռնում ունենալու առընթեր նաեւ պետական ուժի մասին է, այսինքն` խոր արմատներ եւ կազմակերպական ուժ ձեւաւորած համակարգի մը մասին, որուն կարօտը ունեցած ենք, տակաւին ունինք մենք` հայերս, պատմութեան ամբողջ թաւալքին զուգահեռ:
Փաստօրէն, հայոց պարագային, ի՞նչը եղած է այն հիմնական դրդապատճառը, որ հաւաքական մեր միտքի շտեմարանին մէջ բացակայած է ուժի ըմբռնումը, ուժեղ եւ հզօր դառնալու հրամայականը: Այստեղ ընդգծելին ֆիզիքական ուժեղացումը չէ, որքան այն մտածական տարածքը, որով կը յատկանշուին քիչ թիւով պետական կառոյցներ եւ ժողովուրդներ:
Այո՛, մտածական տարածք, որով զինուած են մեր շրջապատին մէջ ապրող եւ գործող ամբողջ ժողովուրդներ եւ պետական կառոյցներ, որոնք, ունենալով հանդերձ պատմական յիշողութիւն եւ ինքնակառավարման փորձ, այդուհանդերձ քայլ պահած են արդի ժամանակներու պարտադրած տնտեսական, աշխարհաքաղաքական, ընկերային, արհեստագիտական, ռազմական թէ բարոյահոգեբանական գործօններու հետ:
Եթէ նմանօրինակ պետականութիւն ունեցող ժողովուրդներ կը յոխորտան կամ ամէն քայլափոխի կ՛արդարացնեն իրենց պետական շահերուն համընկնող լաւ թէ վատ արարքներ, միւս կողմէ ալ կը ծիծաղին բոլոր անոնց վրայ, որոնք ի զուր կը փորձեն մեղադրել զիրենք, տուրք տալով իրենց ապիկար վարքագիծին, խեղճացած ու տխեղծ առօրեային, փտած ու կաշառուած գործելակերպին:
Իսկ ի՞նչն է, որ պիտի կարենայ պաշտպանել մտածական տարածքը ազգի մը կեանքին մէջ, եթէ ոչ պետութեան ուժ հայթայթող գործընթացներու որդեգրումն ու ապահովումը: Այս պարագային ծիծաղելի է դարձեալ ընդգծել, որ պետական իւրաքանչիւր համակարգի համար օդի եւ ջուրի պէս կարեւոր են տնտեսագիտական նուաճումներ, աշխարհաքաղաքական ընկալումներ եւ սեփական արհեստագիտութիւն ապահովելու անսպառ ճիգն ու աշխատանքը:
Պիտի ըսուի, որ վերեւի ընդգծումները կ՛իյնան տեսական բաժինին մէջ, որով կարելի չէ ապահովել պետականութեան յարատեւութիւնը, եթէ երբեք չապահովուին այլապէս գործնական, մարտավարական թէ անվտանգային ազդակները: Փաստօրէն, արդի կեանքի պետական համակարգի որակական բարձրակէտը, որ գոյութիւն ունի եւ յաճախ «ուրացում»-ի կ՛ենթարկուի, արդեօք խորունկ պետութիւն կոչուած հասկացողութիւնը չէ՞, որ աշխարհով մէկ ինքզինք կը պարտադրէ բազմաթիւ տարբերակներու առկայութեամբ:
Արդ, շփոթի չմատնուելու թելադրութեամբ տեղին է յիշել, որ հայոց թագաւորական տարբեր դարաշրջաններու թէ իշխանական տուներու պատմագրութեան մէջ ուժի հասկացողութիւնը ունեցած է տարբեր մեկնաբանութիւն կամ արտայայտութիւն:
Այլ խօսքով` յաղթելու, տիրելու, գրաւելու, ստրկացնելու, իշխանութիւն ձեռք ձգելու թէ անձնական փառքի պատմուճանը հագնելու սովորական մարմաջին եւ մղումին առընթեր, միշտ ալ բացակայած է ուժի վերածուելու ըմբռնումը, մօտեցումը:
Փաստօրէն, ժամանակի թաւալքին հետ, թագաւորութեան, իշխանութեան թէ տոհմի մը վերացումով, անշքացումով, արդէն իր աւարտին կը հասնէր հաւաքական ղեկավարութիւնն ու ուժեղ մնալու գիտակցութիւնը:
Պիտի ըսուի, որ հայոց պատմութեան քառուղիներուն քիչ թէ շատ ծանօթ ոեւէ հայորդի կրնայ հակառակիլ վերեւ նշուածին` այն առումով, որ հայութեան կեանքին եւ կենցաղակերպին պատճառահետեւանքային բոլոր արտայայտութիւնները, եթէ մէկ կողմէ ունեցած են իրենց առարկայական տուեալները, միւս կողմէ զանց պէտք չէ ընել բարոյահոգեբանական ազդակները:
Եւ սա ինքնարդարացումի, ինքնախաբէութեան թէ ազգային հիւանդութեան մէկ դիպուկ պատկերն է, որ ուղեկցած է մեզի` հասնելով մեր օրերը:
Մայիս 28:
Համայնապատկերն է մեր ազգային կեանքին, շունչին եւ տոկալու ուժին:
Անիկա հերոսապատումի, ինքնաճանաչման եւ ինքնաղեկավարման դիպաշարերու ամբողջ գեղեցկութիւն մըն է ինքնին, հրաշքի համազօր երեւոյթ եւ ազգային հասունութեան միտքի ու ապրումի անկրկնելի դրսեւորում:
Աւելի՛ն. մայիսեան խորհուրդը հրաշապատումի մէկ դիպուկ դրսեւորումն է այն ճշմարտութեան, զոր ապրեցաւ հայութիւնը վերջին աւելի քան հարիւր տարուան ընթացքին:
Դարաւոր ստրկութեան ճիրանէն դուրս գալու հաւաքական ճիգէն մինչեւ համիտեան բարբարոսութիւն, ապա երիտթրքական Հայոց ցեղասպանութիւնը, այս բոլորը մաս կը կազմեն սեւ ճակատագիրի մը երիզին, որ մեզ կը միացնէ սգալու, ողբալու, սպաննուելու եւ օտար երկիր գաղթելու պարտադրանքին ներքեւ:
Միւս կողմէ, հայոց յեղափոխական թէ ֆետայական շարժումին ընդառաջ հայ ազատագրական պայքարի մտածողութիւնն էր, որ կ՛արմատանար երիտասարդներու միտքին մէջ, կը խարսխուէր մատղաշ սերունդի հոգիին մէջ, շնորհիւ բուռ մը ազատատենչ եւ անսովոր կամքի տէր քաջորդիներու, որոնք կրցան հայոց պատմութեան թաւալգլոր ընթացքը փոխել եւ ազգային պարունակը ջրդեղել:
Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի համաժողովրդական թէ համազգային մարտերը ի՞նչ էին, եթէ ոչ սեփական ուժին հաւատալու եւ անպայման յաղթելու վճռականութեան անգերադասելի օրինակներ:
Աւելի՛ն. հակառակ մայիսեան հերոսամարտերու նախօրէին պատահած թրքական ուժերու յառաջխաղացքին թէ ներազգային կեանքի խառնափնթոր կացութեան, երեւան եկաւ հոգեւոր թէ աշխարհիկ տղամարդոց հոյլ մը, յանձինս` Գէորգ Ե. կաթողիկոսի, Արամ Մանուկեանի, Գարեգին Նժդեհի թէ հայկազուն ֆետայիներու, որոնց միտքի ու հոգիի փայլատակումին շնորհիւ հայ ազատատենչ ոգին արթնցաւ, հայը վերագտաւ ինքզինք եւ նետուեցաւ սրբազան մարտի դաշտ` ծունկի բերելով գազանացած թուրքն ու թրքութիւնը:
Միթէ հերոսական խոյանքներու նախօրէին հայութիւնը յուսալքութեան, վախի թէ յանձնուողական վիճակներու չէ՞ր մատնուած, երբ նոյնիսկ հայ սպաներ, այս կամ այն ճակատին վրայ, բարոյալքուած վիճակի մէջ ըլլալով` մէյ մը նահանջի, մէյ մը թուրքին յանձնուելու ամօթալի տրամադրութիւն ցոյց կու տային, որպէսզի սեփական մաշկը փրկէին եւ, այսպէս ըսած, խաղաղ ապրէին ցեղասպանի դրացնութեամբ:
Անկեղծ ըսած, կ՛արժէ հարց տալ, որ եթէ երբեք չըլլային ազգային ազատագրական պայքարի հնոցէն անցած ու արիւն թափած արծուասիրտ հրամանատարներ եւ ֆետայական խումբեր, արդեօք հայութիւնը պիտի կարենա՞ր պատուով դուրս գալ կենաց մահու պատերազմէն:
Ո՞վ էր կամ ինչպիսի՞ գիտակցութիւն, ներուժ, կորով, կամք ու նուիրում ամբարած էր երեսունիննամեայ դաշնակցական Արամը, որ յաջողեցաւ հայութեան կեանքի թաւալքը շրջել եւ հայոց պետականութեան հիմերը խարսխել:
Ճիշդ է, Արամը առանձինը չէր, որ կերտեց Հայաստանի Հանրապետութիւնը, ան իր կողքին ունէր հրաշալի տղաներ եւ սպաներ, ֆետայութեան բովէն անցած հերոս մարդիկ, բայց մանաւանդ ժողովրդական շարժումին մասնակից ստուարաթիւ հայեր, որոնք եթէ օրեր առաջ ուժասպառ էին, յուսալքուած թէ հիասթափած, ահա Արամ Մանուկեանի (Սերգէյ Յովհաննիսեան) ազգային շունչին ու յեղափոխականի կամքին ընդառաջ անոնք վերածնան իբրեւ ազգ, կազմակերպուեցան իբրեւ ժողովուրդ եւ ճակատբաց նետուեցան լինել-չլինելու մարտի դաշտ:
Արդար է ըսել, որ մայիսեան խորհուրդի գերակշիռ իմաստը, հերոսական սխրանքի կողքին, ցոյց տրուած վստահութիւնն էր հանդէպ տիքթաթորի մը, որ կրցած էր իր մարդկային արժանիքներուն թէ գաղափարական մեծութեան շնորհիւ ամբողջ ազգի ներուժը համախմբել եւ գործի մղել` յանուն հայրենիքի փրկութեան եւ ազգային տեսակի պաշտպանութեան:
Այո՛, խօսքը կը վերաբերի ղեկավար սերունդի մը, որ գիտցաւ ճիշդ ժամանակին գնահատել եւ պատմական մէկ փուլին տէր կանգնիլ իր կոչումին, որով պիտի կարենար, կրցաւ ներշնչել ազգը եւ դէպի ապագայ հունաւորել զայն:
Արամն ու անոր գաղափարակից ընկերները, որոնք ժողովրդական խաւի եւ ՀՅ Դաշնակցութեան գաղափարական հաւատամքին ծնունդն էին, ինչպէ՞ս կրցան ցոյց տալ փրկութեան ճանապարհը, եթէ երբեք չունենային ղեկավարելու ինքնուրոյն եւ անգնահատելի արժանիք, նուիրումի եւ հայրենասիրական ոգի: Ի զուր կը փորձուի ինքնախաբէութեամբ, զրպարտութեամբ թէ եղերամայրի բարբաջանքով նսեմացնել Արամի սխրանքն ու պետականաստեղծ մարդու եզակի հանգամանքը:
Եթէ երբեք այս օրերուն, վերջին երեսուն տարիներու հայոց պետութեան թէ համակարգին մէջ Արամի եւ անոր նմաններու հոգեկերտուածքէն հիւլէ մը ըլլար, արդէն բաւարար պիտի ըլլար ազգային պարունակը հզօրացնելու եւ պետութեան հիմերը առաւել ամրացնելու: Հոգեպէս տկլոր եւ մտովին բոպիկ պետական այրերու շքերթը մեզ հասցուց այս տժգոյն եւ անմխիթար վիճակին, որուն ականատես ենք ազգովին: