Պաղեստինեան Համաս կազմակերպութեան «Աքսայի ջրհեղեղ» ռազմա-ահաբեկչական գործողութեան շոքէն յետոյ, ուշադրութեան կեդրոնին է Իսրայէլի պատասխանը: Այսինքն` տարածաշրջանէն իր ուժերու ետ քաշումէն տասնութ տարի յետոյ երրորդ ներխուժումը, որ արդէն բնութագրուած է իբրեւ «պատերազմ»: Յիշեցման կարգով` առաջինը, «հալած կապար» գործողութիւն, տեղի ունեցաւ 2009-ին եւ տեւեց 15 օր, երկրորդը, «Պաշտպանիչ եզր» գործողութիւն, 2014-ին եւ տեւեց 19 օր: Իսրայէլեան հակադարձութիւնը բուռն ռմբակոծումներու եւ հետախուզական բնոյթի ներթափանցման փորձերով արդէն ծայր առաւ Համասի գործողութենէն քանի մը օր անց: Եւ ինչպէս պաղեստինեան զինեալ կազմաւորման ղեկավարները քաջ գիտէին, ոչինչ պիտի կասեցնէ իսրայէլեան պաշտպանութեան բանակի (Ցահալ) յառաջխաղացքը: Ի՞նչ տարողութիւն պիտի ունենայ այն, եւ արդեօք պիտի ընդլայնուի՞ Կազայէն անդին` վերածուելու համար տարածաշրջանային տարողութեամբ բախումի: Ահա այն երկու անմիջական հարցումները, որոնք պատերազմի նախօրեակին կը դրուին:
Առաջին հարցումին հանգամալից վերլուծում մը կ’ենթադրէ ե՛ւ անցեալի փորձառութեանց թելադրանքը, ե՛ւ Համասի վերջին գործողութեան քաղաքական եւ հոգեբանական անդրադարձի հաւանական չէզոքացումը: Այսինքն, եթէ մէկ կողմէ անցեալին Իսրայէլ փաստօրէն ո՛չ Համասը չէզոքացնել, ո՛չ ալ Կազան ամբողջական վերահսկողութեան տակ առնել յաջողած է, եւ այդ մէկը կրնայ յուշել նորագոյն փորձի մը ձախողութեան հաւանականութիւնը, այս անգամուան հակահարուածը անհրաժեշտաբար պիտի նպատակադրէ փորձել գերազանցել պաղեստինեան կազմակերպութեան արձանագրած թէկուզ եւ ժամանակաւոր յաջողութեան հոգեբանական ազդեցութիւնը: Ինչ կը վերաբերի պատերազմի տարողութեան ընդարձակման, ապա եւ այդ մէկը հիմնական մտահոգութիւնն է միջազգային հանրութեան, ներառեալ Իսրայէլի աներկբայ զօրակցած երկիրները, եւ առաջին հերթին Միացեալ Նահանգները: Ուաշինկթընի եւ Եւրոպայի երկիրներու համար մէկ կողմէն հարցականի տակ չի դրուիր Իսրայէլի ամբողջական զօրակցութիւնը, եւ այս անշուշտ նորութիւն չէ, միւս կողմէ սակայն Ուքրանիոյ պատերազմին ու Հնդկա-Խաղաղական ովկիանոսին մէջ ուժերու հաւասարակշռումի աշխարհաքաղաքական նոր փորձադաշտին առկայութիւնը շատ վտանգաւոր կը դարձնեն երրորդ ճակատ մը, այսինքն` Իրանի ներքաշուածութիւնը եւ աշխուժ մասնակցութիւնը, որ շատ հաւանաբար ինչպէս միշտ տեղի ունենայ Հըզպալլայի միջոցով: Պատմական փորձը ցարդ ցոյց կու տայ, որ Իրանէն Իսրայէլ կամ հակառակ ուղղութեամբ հրթիռակոծումը բացառուած է: Բայց պատմութիւնը կրնայ եւ չկրկնուիլ…
Շատ են պատճառները, որ իսրայէլապաղեստինեան այս նորագոյն բախումը անտարբեր չձգէ հայ հանրային կարծիքը: Միջին Արեւելքի հայ համայնքները ակնյայտօրէն, բայց նաեւ ամէնուրեք, ներառեալ Հայաստանը: Երեք ժողովուրդներու պատմական փորձառութեանց զուգահեռները, 1970-ականներուն Պաղեստինեան ազատագրական պայքարին անդրադարձը Հայ դատի քաղաքականացման վրայ, Իսրայէլ-Թուրքիա յարաբերութիւնները, բայց մանաւանդ Իսրայէլ-Ազրպէյճան ռազմական համագործակցութիւնը այդ պատճառներուն ամէնէն ցայտուններն են: Ճիշդ է նաեւ, որ անոնց հետեւումով, հայ հանրային կարծիքի հակազդեցութիւնը, այնպէս ինչպէս կարելի է Հայաստանի թէ սփիւռքի մամլոյ մէջ լոյս տեսած յօդուածներէն եւ մասնաւորաբար ընկերային ցանցերու մէջ պոռթկումնային թէ աւելի հանդարտ ստեղնաշարուած գրառումներէն հետեւցնել, հասկնալիօրէն աւելի յուզումնական է, քան բանական: Այս մէկը չի՛ նշանակեր անշուշտ, որ վերլուծական միտքը բացակայած է այդ գրառումներուն մէջ:
Ընդհակառակը, չեն պակսիր փորձերը` ե՛ւ ցարդ բացառաբար Համասի գործողութեան «դասեր»-ու բացատրութեան, ե՛ւ ճգնաժամի շատ աւելի հեռանկարային հետեւանքներուն կանխատեսման:
Կը մնայ, որ անհրաժեշտ է նաեւ կարեւոր զգուշաւորութիւն ցուցաբերել, երբ Համասի ռազմա-ահաբեկչական գործողութեան «դասեր»-ը կ’ուզենք ընկալել հայկական հայելիին ընդմէջէն: Այսինքն` ի մտի ունենալ նաեւ անոր իւրայատկութիւնները, որոնք այնքան ալ համատեղելի չեն հայկական կացութեան հետ: Ոչ իսկ զուգահեռներ գծելու համար անցեալի պայքարներուն հետ կամ փորձելով նման «դասեր» պիտանի նկատել դեռեւս գալիք առճակատումներուն համար:
Այսպէս, մէկ կողմէն կասկած չկայ, որ Համաս երկար ժամանակով ծրագրած է այս գործողութիւնը եւ լաւապէս պատրաստուած անոր` իրմէ շատ աւելի հզօր ուժի մը հետ առճակատման յատուկ «անհամաչափ պատերազմ»-ի տրամաբանութեամբ, որով եւ հարուածը եղաւ անակնկալ եւ աննախընթացօրէն ազդեցիկ: Այնքան որ նշուեցաւ Իսրայէլի պաշտպանուածութեան միթոսի խորտակումը եւ հետախուզական սպասարկութիւններու շռնդալից ձախողութիւնը: Միւս կողմէ, սակայն, դեռեւս հարցական կը մնան գործողութեան ռազմավարական նպատակները եւ անոր քաղաքական հեռանկարները: Այս երկու հարցումներուն պատասխանի որոնման փորձը չի՛ կրնար անտեսել Համասի էութիւնը իբրեւ իսլամական ծայրայեղական կազմակերպութիւն, որուն յատուկ է Քայիտայի, ինչպէս եւ Իրաքի, Սուրիոյ թէ Մաղրէպեան տարածաշրջանին մէջ անոր ծնունդ տուած տեղական խմբաւորումներու, եւ մանաւանդ ՏԱՀԵՇ-ի ահաբեկումի, առեւանգումի, լայնածաւալ սպանութիւններու ու անոնց ցուցադրումի գործելաձեւը:
Համաս ունի իր արտաքին հովանաւորներն ու իրեն ֆինանսապէս նեցուկ կանգնողները, բայց շատ կասկածելի է, որ իր ռազմական գործողութիւնները ծրագրէ ոչ թէ ինքնուրոյն կերպով, այլ համաձայն ինչ որ պատուէրի: Այսինքն` Համասի գործողութիւնը տեղի ունեցաւ իր ղեկավարութեան որոշումով եւ անմիջական նպատակ հետապնդեց ահաբեկումը (այն բառացի իմաստով, որ կը գործածուի տասնիններորդ դարուն ծնած եւ քսաներորդ դարուն իր զարգացումը ապրած զինեալ պայքարի իւրայատուկ ոճի մը, ահաբեկչութեան, համար): Ի տարբերութիւն, սակայն, ահաբեկչական այն գործողութիւններուն, որոնք յատկապէս 1970-1980-ականներուն ուղղուած են հանրային կարծիքի ուշադրութեան հրաւիրման ինչ որ մոռցուած կամ անտեսուած դատի մը վրայ, եւ առ այդ ունէին քաղաքականօրէն սահմանուած նպատակ, իսլամական ծայրայեղական կազմակերպութիւններու գործողութիւնները կը նպատակադրեն քաոս յառաջացնել: Քաղաքական նպատակը կա՛մ այնքան տիեզերական/մարգարէական է, որ փաստօրէն կը բացառէ սահմանուած, այսինքն` սահմանափակուած, նպատակի մը հետապնդումը, կա՛մ ալ այդ մէկը երկրորդական է, այսինքն` ստեղծուած քաոսային իրավիճակն է, որ անոնց ծնունդ կու տայ: Լայնածաւալ սպանութիւններն ու առեւանգումները, եւ մանաւանդ անոնց արագ սփռումը ընկերային ցանցերով, հիմնականօրէն հոգեբանական ազդեցութեան համար են: Մէկ կողմէ հանրային կարծիքի ահաբեկումը, միւս կողմէ իսլամական ծայրայեղական այսպէս կոչուած «մենակեաց գայլ»-երու ուղղուած հրաւէր` ինքնաբուխ, կամ ոչ այնքան… Դիմելու ահաբեկչական արարքի, ինչ որ ա՛լ աւելի պիտի խորացնէ, կամ աշխարհագրականօրէն տարածէ քաոսային պահը:
Թէ բացառաբար Կազայի համար ի՞նչ կրնայ բերել Համասի այս գործողութիւնը` այնքան ալ յստակ չէ: Ոչ անմիջականօրէն գոնէ: Բայց ե՛ւ տարածաշրջանային իմաստով, ե՛ւ աւելի անդին այն արդէն ստեղծած է առայժմ զսպուած պայթունավտանգ կացութիւն, ուր իւրաքանչիւր ուղղակի թէ անուղղակի դերակատար պիտի փորձէ իր շահերէն մեկնած դիրքորոշուիլ: Հըզպալլայի միջոցով Իրանի ներքաշումը առճակատման մէջ առանց որ Թեհրանն ի սկզբանէ նման օրակարգ ունենար, Իսրայէլ-Սէուտական Արաբիա համաձայնութեան առնուազն առկախումը, այսինքն` ամբողջ Միջին Արեւելքի մէջ նոր կացութեան մը ստեղծումը, երկուքին հետեւումով Միացեալ Նահանգներու ծրագիրներուն եւ տարածաշրջանային դերակատարութեան հարուածը, համաշխարհային իմաստով փրօ-պաղեստինեան եւ ընդհանրապէս իսլամական հանրային կարծիքի ցնցումը եւ զօրաշարժը, եւ Եւրոպայի մէջ իսլամական ծայրայեղական ահաբեկչութեանց նոր ալիքի մը ծաւալումը այս գործողութեան ստեղծած քաոսային պահու հաւանական հետեւանքները կրնան ըլլալ:
Այս հետեւանքներուն զարգացումը եւ տարածաշրջանային թէ համաշխարհային տարողութիւնը պիտի յստականայ մէյ մը, որ սկսի իսրայէլեան ներխուժումը եւ յայտնի դառնայ անոր վախճանական նպատակը, որ ինքնին հանելուկ եղած է միշտ: Համասի գործողութեան շոքին աննախընթաց բնոյթը երեւան կ’ելլէ նաեւ հակադարձութեան, այսինքն` ներխուժման, ծրագրումի այսքան երկարաձգման իրողութեան ընդմէջէն: Ըստ երեւոյթին, միջազգային եւ թերեւս տարածաշրջանային մտահոգութիւն կայ տագնապի ընդլայնման առնչութեամբ, բայց անշուշտ ոչ ոք կրնայ վստահեցնել, որ այդ մէկը տեղի չունենայ: Հետեւաբար, եթէ մէկ կողմէն համաշխարհային նման հնչեղութիւն ունեցած իրադարձութիւն մը չի կրնար «դասեր» չներփակել, խոհեմութիւն է նաեւ զգուշ ըլլալ անոնց ընկալման եւ մեկնաբանութեան ժամանակ: Ինչ կը վերաբերի «սորվել»-ուն, այդ մէկը ընդհանրապէս շատ աւելի դժուար է…
«Հորիզոն»