ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Խորհրդային Միութեան առաջին տարիներուն Ստալինին գործած բազում ոճիրներէն էր` Լեռնային Ղարաբաղը 7 յուլիս 1923-ին եւ Նախիջեւանը 9 փետրուար 1924-ին իբրեւ ինքնավար մարզ եւ հանրապետութիւն յանձնելը 1918-ին ստեղծուած Ազրպէյճանի վարչական հոգատարութեան:
Ո՛չ տարածքային ամբողջականութեան, Ո՛չ ալ Ազրպէյճանին մասն են անոնք: Խորհրդային Միութեան փլուզումին յաջորդ օրը եւ ցարդ Նախիջեւանը կը մնայ նոյն կարգավիճակին մէջ: Բայց Արցախը` ոչ: Ինչո՞ւ: Քանի որ, ըստ Ռուսիոյ նախագահ Փութինի հրապարակային վկայութեան, Արցախի հարցը հիմնականին մէջ ցեղային զտումով սկսաւ: Տես` «Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի` պատմութեան վերադառնալու շահեկան ելոյթները եւ հայկական դիւանագիտութեան ու մամուլին անհաւատալի անտարբերութիւնը» (1), յօդուածս, ուր Փութին կ՛ըսէ.

2. Նոյնպէս` անգլերէն էջը, ուր իբրեւ «Nakhichevan Autonomous Republic» կը ճանչցուի:
«Սակայն, վստահաբար, մենք չենք կրնար մոռնալ Համաշխարհային Ա. պատերազմի տարիներուն հայ ժողովուրդին ապրած ողբերգութեան մասին, որ հայ ժողովուրդին համար հսկայական ողբերգութիւն է: (Այսինքն` իբրեւ ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդի` մենք յատուկ կեցուածք ունինք*):
«Երրորդ մասը հիմնուած է այն փաստին վրայ, որ այս հակամարտութիւնը բռնկեցաւ ոչ միայն իբրեւ միջպետական հակամարտութիւն կամ տարածքներու համար պայքար: Ան սկսաւ իբրեւ ցեղային հակամարտութիւն: Ցաւալիօրէն փաստ է նաեւ, որ վայրագ ոճիրներ գործադրուեցան հայ ժողովուրդին դէմ (Ազրպէյճանի կողմէ*) նախ Սումկայիթի մէջ եւ ետքը` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Այս բոլորը պէտք է հիմք ընդունինք` մէկ պարունակի մէջ», տես` Ռուսիոյ նախագահին կայքէջը (2):

4. Ռուսիոյ նախագահական կայքէջին մէջ նշուած Սումկայիթի եւ Ղարաբաղի ջարդերը:
Այս բոլորը քանիցս գրուած ու բացատրուած են, սակայն հայկական կողմը ո՛չ նպատակ ունէր, ո՛չ ալ դիւանագիտութիւնը` օգտագործելու նախագահ Փութինի շատ դրական այս կեցուածքը` իբրեւ հզօր խաղաքարտ, քանի որ Հայաստան եւ սփիւռքէն մաս մը մխրճուած էին եւ են ամերիկեան անպէտք, անօգուտ ու անհեռատես հակառուս քարոզչութեան եւ ծառայութեան մէջ: Քանիցս ըսուած է ու կը կրկնեմ, թէ որո՛նց հետ կը դաշնակցինք ՃԱՇԱԿԻ ՀԱՐՑ ՉԷ: Մեր բնական դաշնակիցները` Ռուսիան եւ Իրանն են, որոնց դէմ այս իշխանութիւնը ամէն ինչ ըրաւ` խրտչեցնելու զանոնք: Մենք աւելի՛ պէտք ունինք անոնց:
Հայաստանի այս իշխանութիւնը արդէն թշնամիին ծախուած էր: Անարժան վարչապետ Փաշինեան` Ստալինէն աւելի վատ արարած մը, որ գերազանցելով Ստալինը, հայ ժողովուրդէն գաղտնի, անարգելով եւ ոտնակոխելով Հայաստանի սահմանադրութիւնը, ստորագրած է, ապա հրապարակաւ յայտարարեց Արցախը իբրեւ Ազրպէյճանի մաս: Եւ ի՞նչ պատահեցաւ… տարօրինակօրէն, այս մէկ անձին` վարչապետին կողմէ ստորագրութիւնը, Արեւմուտքին կողմէ անմիջապէս ու շատ արագ բաւարար նկատուեցաւ եւ ընդունուեցաւ… Հազարաւոր տարիներու մեր հայրենիքը իր ժողովուրդով միասին այսպէ՞ս կը յանձնուի թշնամիին:
Նրբութիւն մը, որ ընդհանրապէս կ՛անտեսուի, «տարածքային ամբողջականութիւն» եզրն է, որ առանց մակերեսին ծաւալը նշելու` ձեւական խօսակցութեան կը վերածուի: Սակայն Փաշինեան տարածքի թիւ մը նշելով, ինքը, լոկ` անձնապէս ճանչցեր է Ազրպէյճանի, այսպէս կոչուած, տարածքային ամբողջականութիւնը (աւելի վարը նախագահ Փութին դաս կու տայ եւ կը բացատրէ այս կէտը):
Հարցում մը` արեւմտեան աշխարհին, Ամերիկային, ՄԱԿ-ին եւ ՕԹԱՆ-ին, «Արդեօք Փրակայի մէջ հանդիպումի մը ընթացքին միայն Միացեալ Նահանգներու նախագահին ստորագրութիւնը բաւարա՞ր է Թեքսաս նահանգը յանձնելու Մեքսիքային…»:
Իսկ ՄԱԿ-ին` դէպի Արցախ ծիծաղելի եւ անամօթ առաքելութեան մասին տեղեակ չեղողները թող գիտնան, որ Ալիեւ կաշառած է ՄԱԿ-ը` այս առաքելութեան նախօրէին մէկ միլիոն տոլար նուիրելով` որպէսզի ի՛նք ճշդէ առաքելութեան անդամ երկիրները (3): Գիտէ՞ք` որո՛նք են այդ երկիրները. իր դաշնակիցները` Թուրքիան, Փաքիստանը, Ալպանիան եւ համակիր` Հունգարիան, որ կացինով հայ սպան քնացած ատեն սպաննող Սաֆարովը Ազրպէյճան ղրկեց, ուր այս ոճրագործը ազգային հերոս հռչակուեցաւ Ալիեւի կողմէ, եւ վերջապէս` Ռուսիա, որ արդէն Արցախի մէջ ներկայ է: Իսկ այս Ալիեւին խամաճիկ առաքելութիւնը Աղտամէն մուտք գործած է Արցախ եւ` ամէն ինչ հիանալի տեսած…

6. Ալիեւ մէկ միլիոն տոլարով կը կաշառէ ՄԱԿ-ը: Ձախէն` Ալիեւ եւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես:
Այս մասին կարդալ նաեւ «Արմէնփրես»-ի նշած ֆրանսացի ծերակուտական` Վալերի Պուայէի կարծիքը, որ ծաղրանք կը նկատէ ՄԱԿ-ի այս առաքելութիւնը. Valérie Boyer «”A masquerade”- French senator slams infamous UN mission՛s visit to Nagorno-Karabakh» (4): Ուրեմն բնաւ չզարմանալ անոնց տալիք եւ տուած վճիռին համար: ԱՅՍՔԱ՛Ն ԽԵՂՃԱՑԱԾ ԵՆՔ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՅՍ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՃԱՌՈՎ, որ Հայաստանին կարծիքը երբե՛ք չ՛առնուիր այս իշխանութեան օրօք: Ուրիշներ եւ թշնամին է, որ կ՛որոշեն Հայաստանի փոխարէն…
23-25 հոկտեմբեր 2023-ին Թուրքիա եւ Ազրպէյճան միացեալ մարտավարական ռազմափորձեր պիտի կատարեն Պաքու քաղաքին, Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան եւ «ազատագրուած տարածքներուն» (բռնագրաւեալ Արցախի) մէջ (5): Հայաստան նոյն օրերուն պէտք է Ռուսիա, Հայաստան եւ Իրան միացեալ ռազմափորձեր կատարէ.ԱՅԴ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՇԱՀԸ, որպէսզի 44-օրեայ պատերազմը չկրկնուի, որուն նախօրէին ալ Ազրպէյճան իր դաշնակիցներով միացեալ ռազմափորձեր կատարեց, եւ թրքական բանակի միաւորներ արդէն Նախիջեւանի եւ Ազրպէյճանի մէջ էին ու մասնակից դարձան պատերազմին: Ահաւասիկ նոյն «յաջող» բեմադրութիւնը կը կրկնեն թշնամիները, իսկ մենք…
Այստեղ պէտք է անտեսել ամերիկեան քարոզչութիւնը եւ նշել Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի Վալտայ ակումբին մէջ 6 հոկտեմբեր 2023-ի ելոյթէն «Ազդակ»-ի լրատուութենէն հետեւեալը, որ մեկնաբանութեան չի կարօտիր (6).
«Հայաստանը ի՛նք Լեռնային Ղարաբաղը Ազրպէյճանի կազմին մէջ ճանչցած է: Այս մասին Վալտայ ակումբին մէջ յայտնած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին:
«Անոր համաձայն, 2022 թուականի աշնան Փրակայի մէջ Գերմանիոյ, Ֆրանսայի եւ Եւրոպական Միութեան ղեկավարներու հովանիին տակ տեղի ունեցած է Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներուն հանդիպումը, որուն ընթացքին ալ ստորագրուած է յայտարարութիւն, որով Հայաստանը Լեռնային Ղարաբաղը Ազրպէյճանի կազմին մէջ ճանչցած է:
«Աւելի՛ն. պատուիրակութիւններու ղեկավարները, Հայաստանի ղեկավարները ուղղակիօրէն քառակուսի քիլոմեթրով նշած են Ազրպէյճանի տարածքը, որ, ի հարկէ, կը ներառէ Ղարաբաղը: Անոնք նաեւ ընդգծած են, որ կը ճանչնան Ազրպէյճանի գերիշխանութիւնը ժամանակին Խորհրդային Միութեան կազմին մէջ ներառուած Ազրպէյճանական Խորհրդային Հանրապետութեան ծիրին մէջ: Եւ, ինչպէս յայտնի է, Ղարաբաղը նոյնպէս եղած է Ազրպէյճանական Խորհրդային Հանրապետութեան կազմին մէջ: Այսինքն, ըստ էութեան, լուծուած է գլխաւոր առանցքային հարցը, որ Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցն էր», նշած է Փութին:
«Փութին նաեւ աւելցուցած է, որ այն, ինչ որ տեղի ունեցած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարութեան կողմէ Լեռնային Ղարաբաղը Ազրպէյճանի կազմին մէջ ճանչնալու անխուսափելի հետեւանքն էր:
«Այս ամէնը անխուսափելի էր Ղարաբաղի նկատմամբ Ազրպէյճանի գերիշխանութեան ճանաչումէն ետք: Միայն ժամանակի հարց էր, թէ ե՛րբ եւ ինչպէ՛ս Ազրպէյճանը այնտեղ սահմանադրական կարգ պիտի հաստատէր` իր պետութեան սահմանադրութեան շրջանակներուն մէջ», ըսած է Ռուսիոյ նախագահը:
«Երբ Լեռնային Ղարաբաղը յայտարարեց իր անկախութիւնը, ոչ ոք ճանչցաւ այդ անկախութիւնը, նոյնիսկ` Հայաստանը, ինչ որ, անկեղծօրէն, ինծի համար տարօրինակ է: Սակայն, բայց եւ այնպէս, այդպիսի որոշում տրուած է: Անոնք չճանչցան Ղարաբաղի անկախութիւնը», նշած է Փութին:
Ահա նախագահ Փութին դասեր կու տայ այս վարչապետով խեղճացած հայ պետականութեան:
Իրաւացի հարցում մը` դաւաճան Փաշինեանին. արդեօք ինք անձամբ չափերիզո՞վ չափած է Ազրպէյճանի տարածքը… Արդեօք Հայաստանի պատմական աշխարհագրութեան, քարտիսագրութեան ուսումնասիրութեան` Բ. Յարութիւնեանի անուան Հայաստանի պատմական աշխարհագրութեան եւ քարտիսագրութեան լապորատորիա` գիտաշխատանոցին կարծիքը առա՞ծ է… Ո՛չ, չէ առած, այնպէս` ինչպէս իր կատարած հարիւրաւոր այլ սխալ եւ ազգակործան որոշումներու պարագաներուն, ուր երբե՛ք Հայաստանի պատկան գիտական, պատմական եւ մասնագիտական հաստատութիւններուն կարծիքը չէ՛ առած, այլ` մի՛այն իր արտաքին պատուիրատուներուն որոշումները կատարած է:
ԱՅՍ ՀԱՐՑԸ ՀՈՍ ՉԻ ՎԵՐՋԱՆԱՐ ԵՒ ՊԻՏԻ ՉՎԵՐՋԱՆԱՅ: Ո՞ւր են Հայաստանի սահմանադրութեան պահապանները, բարձրագոյն ատեանները… Ամէն ինչ փճացա՞ծ է: Ազգին շահերը պաշտպանողներ չե՞ն մնացած Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութեան մէջ: Խելագար ու դաւաճան փողոցայինի մը ձե՞ռքը մնացած է հայ ազգը, որ մի՛այն թշնամիին կը ծառայէ: Մինչեւ վերջին սանթիմեթր հողն ու ժողովուրդը թշնամիի՞ն պիտի յանձնէ այս կախաղանի՛ արժանի ճիւաղը:
Ամէն գնով եւ որեւէ միջոցով հակասահմանադրական արարքներով յայտնի այս «չվարչապետին» բոլոր կատարած որոշումները անմիջապէս պէտք է չեղեալ նկատուին:
18 հոկտեմբեր 2023