Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պէյրութի Մէջ Ցուցադրելով Իր Արդիական Գործերը. Դալար Եսայի Աղպաշեանի Նորագոյն Նուաճումը` Ինքնատիպ Պաստառներու Ճոխ Հոյլով

Յունուար 9, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊԱՐՈՅՐ ԱՂՊԱՇԵԱՆ

Նկարչական արուեստը, իր պաստառային թէ շրջանակային տարբերակներով միշտ ալ գրաւած է իւրայատուկ տեղ ու դեր, որովհետեւ որքան ալ թատրոնը, կերպարուեստը, երգարուեստը, շարժապատկերը իրենց զանազան արտայայտութիւններով, գոյներով եւ երանգներով յատկանշելի ըլլան, ան կ’առանձնանայ իր բազմակողմանիութեամբ, բազմաշնորհութեամբ ու բազմագրաւչութեամբ:

Նկարչական արուեստը աշխարհի ժողովուրդներուն համար հանդիսացած է  այն կալուածը, ուր ան դարձած է այնպիսի բեմահարթակ մը, որ մարդկութիւնը, բնութիւնը, դիմաքանդակութիւնը, տեսարանապաշտութիւնն ու բազմաթիւ այլ ու քովընտի պատկերներ կը զուգորդէ, կ’ընդգրկէ, կը միացնէ, կը խորհրդանշէ` իր դիպուկ ճառագայթումներով, լուսաւորումներով, շեշտադրումներով եւ անուանարկումներով:

Վստահաբար այս է պատճառը, որ նկարչական արուեստը լայն ժողովրդականութեան արժանացած է, արուեստասէր հասարակութիւններ զայն նկատած են այն պատուանդանը, ուրկէ կարելի է խորաչափել ու գնահատել բազմագոյն երեսներ եւ երեւոյթներ, որոնք իրենց տեսականիով եւ որակով, կրնան խայտաբղէտ համանկարներու հորիզոններ բանալ:

Պատահական չէ, որ հակառակ Լիբանանի մէջ տիրող տագնապներուն` ապահովական, քաղաքական, տնտեսական, եւ այլն, արուեստը կը մնայ գերիշխող ու փնտռուած` իր հարուստ ոլորտներով, ընդ որուն` նկարչականը գտնուելով առաջին գիծի վրայ:

Կը նշանակէ, թէ լիբանանցի արուեստագէտ եւ արուեստասէր հասարակութիւնը որքանո՞վ կառչած է նկարչական արուեստի կախարդականութեան, որքանո՞վ կ’ապրի անոր հմայքներով ու գեղեցկութեամբ, որքանո՞վ անիկա կը հրապուրէ ու կ’ոգեւորէ զինք:

Յիշատակելի է նաեւ, որ լիբանանցի ու լիբանանահայ բազմաթիւ տաղանդաւոր գեղանկարիչներ իրենց ստեղծագործութիւններով ոչ միայն արժեւորած են իրենց շնորհալիութիւնները, այլեւ հարստացուցած` լիբանանեան գեղարուեստի այս մարզը, դառնալով անուանի ու հեղինակաւոր վաստակաւորներ, պատիւ բերելով իրենց հայրենիքին:

Ասով է, որ Լիբանանի մէջ նկարչական արուեստին կը տրուի յատուկ իմաստ` դպրոցներէն եւ արուեստանոցներէն ներս կարեւորելով զայն, հասցնելով արժանաւոր ու խոստմնալի սերունդներ, մինչ գեղարուեստից տուներն ու հիմնարկները գործելով ամէնուրեք, ճոխ ու բազմաշերտ իրենց ցուցադրութիւններով կը լիացնեն ու կը գերեն դիտորդները:

***

Այդպիսի նշանաւոր ցուցասրահ-կեդրոն մըն է «MARFA»-ն, (իմա` նաւահանգիստ հասկացողութեամբ), որ գտնուելով նաւահանգիստին մօտ, արդէն դարձած է արուեստի եւ արուեստագէտներու հաճելի եւ ուսանելի հաւաքավայրի մը:

Արուեստանոցին տնօրէնութիւնը, գլխաւորութեամբ ժրաջան Ժումանա Օսէյլիի, կազմակերպած էր յատուկ ցուցահանդէս մը` Լոնտոնէն հրաւիրելով լիբանանահայ Դալար Եսայի Աղպաշեանը, որպէսզի ան իր նորագոյն գործերը ցուցադրէ արուեստասէր հասարակութեան:

Նշելի է, որ Դալարը 2018-ին արդէն նոյն արուեստի տան մէջ հանդէս եկած է ցուցադրութեամբ` արժանանալով մեծ գնահատանքի եւ արձանագրելով բարձր յաջողութիւն:

Ան 1998-էն ի վեր կը գծէ, եւ իր գործերը ցուցադրուած են Անգլիոյ, Գերմանիոյ, Լիբանանի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ, ինչպէս` Պէյրութի Սըրսոք պալատին մէջ (2003, 2004, 2007) եւ այլ նշանաւոր ու հանրածանօթ կեդրոններու, Պէյրութ թէ այլուր:

Իսկ 2005-ին Պէյրութի ֆրանսական դեսպանատան մշակութային կեդրոնին, ապա 2015-ին Տուպայի մէջ եւս ցուցադրած է իր գործերը` արժանանալով Անգլիոյ «Ճոն Մուրզ» բարձրարժէք մրցանակին:

Այժմ ան կ’ապրի Լոնտոն ու հոն կը շարունակէ ստեղծագործել` անմիջական ապագային յաջորդաբար նաեւ ցուցադրելով, Անգլիոյ, Գերմանիոյ եւ Իտալիոյ մէջ:

Դիտել տանք, մր Դալարը շրջանաւարտ է ՀԲԸ Միութեան Դարուհի Յակոբեան վարժարանէն, ապա աւարտած` Լիբանանեան համալսարանի գեղարուեստից բաժինը` ստանալով պսակաւոր արուեստից վկայականը, 2003-ին այնուհետեւ մասնագիտանալով Լոնտոնի արուեստի ու գծագրութեան բաժնին մէջ, մագիստրոսի տիտղոսով, 2008-ին ալ շարունակելով ուսումը Լոնտոնի Պըրքպեք համալսարանին մէջ, 2010-ին:

2003-2007-ին դասախօսած է Լիբանանի «Մանար» համալսարանին մէջ (Թրիփոլի), ինչպէս նաեւ` Լոնտոնի NHM եւ VLA թանգարաններուն մէջ (2009-ին եւ 2010-ին):

***

Ցուցադրութեան բացումը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 13 դեկտեմբեր 2023-ին, «Մարֆա»-ի ցուցասրահին մէջ, ժամը 6:00ին, ի ներկայութեան արուեստասէր ընտրանի հասարակութեան մը, ինչպէս նաեւ` Ամերիկայի, Քանատայի ու Ֆրանսայի դեսպաններուն, որոնք ճեմելով սրահներուն մէջ, իրենց հիացմունքն ու սքանչացումը յայտնեցին` զմայլելով պաստառներու տպաւորիչ ու գօտեպնդիչ գեղեցկութիւններէն:

Դալարը իր հանդիպումը արուեստասէր ներկաներուն հետ սկսաւ նախ բացատրութիւններ տալով իր արուեստի հնարքներուն, ոճերուն եւ եղանակներուն մասին, ապա ներկայացնելով իւրաքանչիւր նկարի մասին` իր պատկերացումները, շարժառիթներն ու ուղեգիծները, որոնք տուն տուած են այս գեղարուեստական ակունքներուն, իր ներաշխարհի մտածողութեամբ ու զգացականութեամբ բնանկարներ ստեղծելու, դրոշմելու ու կենդանացնելու գծանկարային արուեստին իրականացման յատկանիշներով:

Այս բացատրութիւնները մերթ ընդ մերթ ֆրանսերէն լեզուով կը թարգմանուէին արուեստագիտակ Լեթիսիայի կողմէ, որ աւելի աշխուժ կը դարձնէր զրուցավարութիւնը:

Արուեստագիտուհիին վկայութեամբ`

– Ամէն ինչ ծառ է` ունենալով իր ճիւղերը, տերեւներն ու ծաղիկները, որոնք կը գտնուին ու կը շնչեն կենդանութեան եւ անդէականութեան միջեւ, առանց որ իրարմէ բաժնուին կամ անջատուին:

Just After Seven

– Իմ բնապատկերներս դանդաղաշարժ անցումներ են դաշտանկարային նիւթերով, բայց` միշտ անոնց մէջ գտնելով իրապաշտական տեսարաններ, որոնք կը վերապրին կամ կը նշմարուին մեր շրջապատին ու միջավայրին մէջ, զանոնք տեսնելու ու շօշափելու ճշմարտութեամբ:

Բացայայտ է, որ Դալարը փիլիսոփայական խորքով ու լիցքով ողողուած արուեստագիտուհի մըն է, որ ունի իր ուրոյն տեսիլքն ու աշխարհը եւ ատոնց վրայ հիմնուելով կը ստեղծագործէ, միշտ` ինքնատիպ գիծերով ու պատկերներով, հայեացքներով եւ արտայայտամիջոցներով, դառնալով իր կոչումին հարազատ կրողը:

Թէեւ իր պաստառները օղակուած շղթաներով` զիրար կ’ամբողջացնեն ու կը համալրեն, սակայն իւրաքանչիւրը իր մէջ կը պարփակէ ու կը խորացնէ` մարդն ու բնութիւնը, շարժումն ու յատկանիշը, որոնց միջոցով կը ձեւաւորուի ու կը դրոշմուի ճոխաճրագ բնապատկերի մը այս կամ այն նկարագրութիւնն ու թարգմանութիւնը` վերածուելով խօսուն ու էացնող լիարժէքութեան մը:

Թափանցելու համար Դալարի բնապատկերներու շահեկանութեան եւ արդիականութեան մէջ, անհրաժեշտ է ունենալ սուր դիտողականութիւն, փափկանկատ զգացողութիւն ու պայծառ դատողութիւն, որովհետեւ ամէն մէկ անկիւնի ու ծալքին մէջ կայ թաքնուած ու պարզորոշ միտք մը, նորութիւն մը, այժմէականութիւն մը, որոնք ձուլուելով իր ամբողջականութեան մէջ` ծնունդ կու տան իրապաշտական դպրոցի բարիքներուն, ճառագայթական փայլուն ցոլքերով:

Mamoth at the Museum

Վերջին հաշուով, Դալարին արուեստը ԿԵԱՆՔՆ է` իր լիիրաւ մասնիկներով եւ յենակներով, ա՛յն կեանքը, որ կապուած է ՀՈՂԻՆ հետ եւ մէկը միւսին կու տայ փայլք ու հմայք, ատոր մէջ տեսնելով յաւիտենականութեան երթը` իր զանազան ճիւղաւորումներով ու բաժանումներով:

Կասկած չկայ, որ Դալարը իր ինքնուրոյնութեամբ եւ իւրայատկութեամբ, գեղարուեստական բնագաւառին մէջ ունի իր ինքնադրոշմ տեղը ու կը պարուրուի սլացիկ անհատականութեամբ մը:

Կը շնորհաւորենք մեր սիրելի արուեստագիտուհին, կը գնահատենք անոր արուեստի թռիչքը` մաղթելով անսահման յաջողութիւններ ու բարգաւաճ հեռանկարներ, օր մըն ալ իր գործերը տեսնելով հայրենի ոստաններուն մէջ:

Ծանօթ.- Ցուցահանդէսը կը տեւէ ԵՐԿՈՒ ամիս:

 

Նախորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

Յաջորդը

Երազիս Քրիստոսատիպ Այցելուն

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?