Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Ձեզի, Մեզի Մեծ… Գոյժ

Յունուար 10, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գիտէք, չէ՞, աւետիսն ալ եղաւ «թաւշեայ յեղափոխութեան» զոհը, եւ այդ ալ` ի՜նչ «դուխ»-ով:

Աւետիսի փոխարէն` ձեզի, մեզի մեծ… գոյժ: Չէ՛, «սեւ կատակ» չէ պատահածը, ո՛չ ալ բառախաղ:

 

Այո՛, Հայաստանի Հանրապետութեան նէօ-բռնապետը, շփոթահար ազգին… ազգընտիր վարչապետը, այս անգամ այլ հին լծակներու ճամբով փորձեց ինքզինք պարտադրել եւ արգելք հանդիսանալ, որպէսզի, համաձայն տարիներու աւանդութեան, պետական պատկերասփիւռի կայանը ` Հ1-ը, տարեվերջին սփռէ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին Ամանորի ուղերձը: Փոխարէնը` Հ1-ը առաջարկեց Ամենայն Հայոց հայրապետին ուղերձը սփռել երեկոյեան լուրերու ընթացքին:

Երազի կամ երեւակայական ժապաւէնի մը մասին չէ մեր խօսքը:

Բազմիցս հանդիպած ենք, որ Վատիկանի մօտակայքը, եօթներորդ արուեստի աշխարհի երբեմնի կեդրոնին` Հռոմի «Չինէ Չիթա»-ին մէջ պատրաստուած ժապաւէններ կը պախարակեն եկեղեցին` զայն աղաւաղելու եւ  «սրբապղծելու» աստիճան: Օրինակները բազմաթիւ են` սկսելով Ֆետերիքօ Ֆելլինիի «Տոլչէ վիթա»-էն մինչեւ Լինա Վերթմիւլերի կամ դեռ աւելին` Փիեռ Փաոլօ Փազոլինիի ծայրայեղութիւնները:

Չշարունակենք, որովհետեւ կարելի չէ բաղդատել իրականութիւնն ու շարժապատկերը միջոց գործածող երեւակայութիւնը:

Պատշաճութիւնը կը պահանջէ, եւ փրոթոգոլն ալ կը հետեւի անոր, որ երկրի աշխարհիկ ղեկավարի ուղերձէն առաջ հեռարձակուի վեհափառ հայրապետին ուղերձը:

Ինչ որ եղաւ քանի մը օր առաջ, այսինքն` հոգեւոր առաջնորդի պատգամին լուսանցքայնացումը, լուրջ հարուած մըն է պետութեան, պետականութեան, հայոց պատմութեան եւ դեռ` աշխարհի ամենահին քրիստոնեայ երկրին:

Դէպք մը, որ վստահաբար ընդվզում կը յառաջացնէ մինչեւ իսկ  տարին հազիւ քանի մը առիթներով եկեղեցի այցելողին:

Ազգային արժէքներու ոտնահարման այս ու նմանօրինակ արտայայտութիւնները շատ աւելի մեծ հարցականներ կը ստեղծեն, թէ արդեօք «Իմ քայլ»-ական ղեկավարութիւնը մեծամոլութենէ եւ հալածախտէ՞ կը տառապի: Կացութիւն մը, որ սկսած է յիշեցնել Ռումանիոյ երբեմնի բռնապետ Չաուչեսքուն, որուն գնդակահարման տարեդարձը նշուեցաւ դեկտեմբերին:

Բաղրամեան 19-ի վարձակալները յայտնապէս գիտէին, որ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը իր պատգամին մէջ, սովորական արտայայտութիւններու կողքին, յատուկ տեղ պիտի տրամադրէր Արցախին: Պատգամէն մէջբերենք հետեւեալը եւ ընդգծենք. «Հոգածու սիրով շրջապատենք Արցախից բռնի տեղահանուած մեր քոյրերին ու եղբայրներին, նրանց մէջ առատացնենք յոյսը, որ երբեք չմարի հայրենի Արցախ վերադարձի տեսիլքը…»: Այս խօսքերը այդ օր` 31 դեկտեմբերին, «անյարիր» պիտի նկատուէին թեթեւսոլիկութեամբ վարակուած` Հիւսիսային պողոտայի եւ անմիջական մօտակայքի «ման եկող»-ներուն կողմէ, որոնք այլեւս շատ ալ չեն թաքցներ թշնամիին հաճոյանալու իրենց մոլուցքը…

Աւելի քան դար մը առաջ` 1901-ին, թատերագիր, վիպագիր, փիլիսոփայ եւ մտաւորական Լեւոն Շանթ իր «Եսի մարդը» թատրերգութեան մէջ ամենայն մերկութեամբ նկարագրած էր հայրենասէրի եւ եսասէրի բախումը: Բեմը Պոլիսն էր, սակայն կրնար ըլլալ աշխարհի որեւէ մէկ ծայրը: Ազգային ապրումներով տոգորուած Սեդրակ եւ տեղական ոստիկանութեան ծառայութեան լծուած գրպանամոլ  Մուշեղ ակն ընդ ական կը պայքարին, եւ ի վերջոյ հայրենասիրութիւնն է, որ կը գերիշխէ ընդդէմ եսասիրութեան:

Եզրակացնելու համար դարձեալ քաղուածք մը ընենք Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին Ամանորեայ ուղերձէն եւ ընդգծենք հետեւեալը. «Մենք ժառանգներն ենք մի ազգի, որ տառապել ու չարչարուել է, բայց չի յանձնուել, ցեղասպանուել է, բայց չի կործանուել, սրատուել է, բայց չի մահացել»:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնն ալ այս գծով գործի լծուած է եւ 2024 տարին Արամ Ա. կաթողիկոս  հռչակած է «Մարդուժի պատրաստութեան տարի»: Այս կամքը մեզ կը մղէ ըսելու, որ մեր ժողովուրդն ու հայրենիքն ալ պիտի վերածնին, եւ մենք ճակատաբաց պիտի ըսենք` «ՁԵԶԻ, ՄԵԶԻ ՄԵ՛Ծ ԱՒԵՏԻՍ»:

Նախորդը

«Անհրաժեշտ Է, Որ Սփիւռքեան Համայնքները Վերականգնեն, Վերարժեւորեն Իրենց Հիմնական Նպատակները» Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Մատենաշարը Ամբողջացնելու Առաքելութեամբ

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?