Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հերկ Եւ Բերք» Գիրքի Յառաջաբան. Պարզատոմար Մը` Այս Հատորը

Յունուար 15, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊԵՏՐՈՍ ՀԱՃԵԱՆ (*)

Կարդալով Լեւոն Շառոյեանի գրադատական ու բանասիրական յօդուածներու այս ծաւալուն հաւաքածոն, յիշեցինք հայ տպագրութեան ռահվիրայ Յակոբ Մեղապարտի հրատարակած կէս տասնեակ գիրքերէն մէկը` «Պարզատոմար»-ը, ոչ թէ նմանութիւն մը փնտռելու համար երկու գիրքերուն միջեւ, այլ որովհետեւ «պարզատոմար» բառը տիպար բնորոշում մըն է եւ, ըստ էութեան, լաւապէս կը բացայայտէ Շառոյեանի այս աշխատութեան բովանդակութիւնն ու հեղինակային ուղղուածութիւնը:

Արդարեւ, այս գիրքին մէջ մէկտեղուած բոլոր յօդուածները շարադրելու ընթացքին հեղինակը` Լեւոն Շառոյեան, արծարծուած նիւթերը կը քննէ, կը զարգացնէ, կը վերլուծէ, յետոյ կ՛արձանագրէ իր նկատողութիւնները եւ կը յանգի համապատասխան եզրակացութիւններու` այնպիսի իւրայատուկ եղանակով կամ ոճով մը, որ ընթերցողին մտքին մէջ այլեւս տեղ չի մնար որեւէ հարցադրումի, կասկածանքի կամ նմանօրինակ վարանումներու:

Պարզ, պարկեշտ եւ ըստ ամենայնի յստակ ու դիպուկ են Շառոյեանի վերլուծումները` ըլլան անոնք գրախօսականներ թէ մշակութաբանական յօդուածներ: Մանաւանդ որ բոլորն ալ գրի առնուած են լեզուով մը, որ դիւրասահ է, զգայուն եւ նուրբ, զտարիւն արեւմտահայերէն, որ այսօր լապտերով կը փնտռուի ամէնուր…

Մնաց որ գիրքին ամբողջ բովանդակութիւնը, ինչպէս եւ իւրաքանչիւր գրադատական յօդուած, համակարգուած եւ կառուցուած է այնպիսի հետեւողական եւ ուղղափառ մեթոտով մը, որ կը դիւրացնէ նիւթերու անմիջական իւրացումը ընթերցողին կողմէ:

Այսպէս, համաձայն այս մեթոտին`

Ա) Գիրքին շուրջ 70 յօդուածները բաժնուած են ինը գլուխներու մէջ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը ներկայացնէ սփիւռքահայ տարեգրութեան, հանրային-հասարակական կեանքի, հայ եկեղեցւոյ, մամուլի թէ գրականութեան վերաբերող առանձին միաւոր մը: Օրինակ` «Եկեղեցին հայկական», «Նիւթեր սուրիահայութեան պատմութեան համար», «Գրականութեան շունչով օծուն», «Յուշերու տոպրակ», «Յարդանոցէն ներս» պայթուցիկ գլուխը եւ այլն. ստորաբաժանում մը, որով կը դիւրանայ գիրքին ընթերցումը եւ կ՛երաշխաւորուի ընթերցողին մտաւոր կեդրոնացումը: Այս ձեւով, ընթերցողը կ՛ունենայ իւրաքանչիւր գլուխով անջատ հատոր մը կարդացած ըլլալու տպաւորութիւնը:

Բ) Վերեւի գլուխներուն մէջ ընդգրկուած բոլոր յօդուածները անշեղ կերպով կը հետեւին հեղինակային կանոնակարգումի մը շնորհիւ, որուն ամէնէն առաջ կը կատարուի շօշափուող նիւթերուն ընդհանրացումը, եթէ ներկայացուածը գիրք մըն է` ամփոփ, բայց սպառիչ ծանօթութիւն կը տրուի անոր բովանդակութեան եւ հիմնական երեսներուն մասին, այնուհետեւ միայն կը հետեւին հեղինակին նշումները, ճշդումներն ու դիտողութիւնները, հուսկ բանաձեւելու համար եզրափակիչ արժեւորումը: Նիւթերու այսպիսի ընծայումով` ընթերցողը թէ՛ կը ծանօթանայ խնդրոյ առարկայ երեւոյթին եւ թէ՛ հեղինակին դրակամ կամ բացասական գնահատումին, ըստ այնմ` համաձայն ըլլալու կամ ոչ:

Բանասէրէ մը սպասուած ուղղամիտ եւ անկողմնապահ վերաբերում մը, որուն կը հետեւի հեղինակը:

Լեւոն Շառոյեան մէկն է յետեղեռնեան երրորդ սերունդի փոքրաթիւ այն դէմքերէն, որոնք վերջին տասնամեակներուն յայտնուեցան սփիւռքահայ ճակատին վրայ եւ նուիրուեցան պեղումի բեղմնաւոր աշխատանքի մը` հայ մշակոյթի, գրականութեան, եկեղեցւոյ, մամլոյ, լեզուի թէ մտաւոր այլ ժառանգութիւններու տարեգրութեանց մէջ: Մարզեր, որոնք կ՛ենթադրեն սրատես եւ յամառ հետախուզութիւն, կամք եւ համբերատար պրպտում, ճշգրտում ու տարրալուծում: Մանաւանդ` ուղղամտութիւն եւ անկողմնապահութիւն:

Ներկայ հատորը ցոյց կու տայ, որ անոր երիտասարդ հեղինակը օժտուած է վերեւի բոլոր արժանիքներով եւ զանոնք ի գործ կը դնէ պատասխանատուութեան ամենայն ծանրախոհութեամբ ու լրջութեամբ:

Վստահ ենք, որ մտաւոր հետաքրքրութիւն ունեցող ընթերցողին համար առինքնող եւ շահաւէտ հրատարակութիւն մըն է ներկայ հատորը, ուր մէկտեղուած են հեղինակին կարեւորագոյն այն յօդուածները, որոնք համեմատաբար կարճ ժամանակի մը ընթացքին (1995-2010), պարբերաբար լոյս տեսած են սփիւռքահայ մամուլին մէջ` մեր առջեւ փռելով գրախօսականներու, բանասիրական հետախուզութիւններու, ինքնագիր խորհրդածութիւններու շահեկան էջեր, բայց նաեւ` հայոց պատմութիւնը, հայ լեզուն, հայ եկեղեցին, սփիւռքն ու Հայաստանը շարժող բազմաթիւ երեւոյթներ կամ այժմէական մտահոգութիւններ շօշափող լրջամիտ հարցադրումներ:

Կ՛ուզենք քանի մը հաստատումներով փակել մեր այս կարճ յառաջաբանը:

ա) Ամէնէն առաջ պէտք է արձանագրել, որ Լեւոն Շառոյեան հմուտ աղբիւրագէտ մըն է եւ սրատես ու բծախնդիր հետազօտող մը, որ իր շօշափած հարցերը կ՛ուսումնասիրէ ամենայն լրջութեամբ եւ պատասխանատուութեան զգացումով:

բ) Բացի բանասիրական գիտութիւններու մէջ ունեցած իր լայն ու բազմակողմանի ծանօթութենէն, Շառոյեան օժտուած է նաեւ գրականագիտական ինքնածին ճաշակով եւ հոտառութեամբ: Սոյն հատորին է. գլուխին մէջ («Գրականութեան շունչով օծուն») մէկտեղուած գրականագիտական եւ գրաքննադատական իր խորհրդածութիւնները լաւագոյն ապացոյցն են մեր այս հաստատումին:

գ) Արեւմտահայերէնի մաքրութեան, պաշտպանութեան եւ պահպանումին անայլայլ ջատագովն է Շառոյեան, եւ գրիչ շարժողի իր այս վարմունքը անխափան կերպով կ՛երկարաձգուի գրեթէ իր բոլոր յօդուածներուն մէջ, իբրեւ ուղեցոյց եւ իբրեւ հաւատոյ հանգանակ:

դ) Շառոյեան արթուն եւ ուշադիր հսկող մըն է պատմագիտական փաստերու, զանցառութիւններու կամ անտեսումներու, եւ իրաւացի ընդվզումով կը կատարէ համապատասխան ճշգրտումները, առանց դիմելու անուանարկումի, հեգնանքի եւ այլն, ինչպէս ընդհանրապէս սովորական է նման բանավէճերու ընթացքին: Շառոյեան կը պահէ իր յարգանքը հանդէպ իր ընդդիմախօսներուն կամ զանցառու հեղինակներուն: Ասիկա ամէնէն ընդգծելի յատկանիշներէն մէկն է Շառոյեանի գրելաոճին: Վկայ` էջ 293-340 երկարող «Յարդանոցէն ներս» գլուխը:

ե) Անկախ բանասիրական բնոյթի իր հետազօտութիւններէն կամ տարբեր հրատարակութեանց (տարեգիրք, յուշամատեան, յուշագրութիւն, արձակ կամ քերթողական ստեղծագործութիւն եւ այլն) նուիրուած գրախօսականներէն,- որոնց կ՛ընկերանան ուշագրաւ եզրայանգումներ, նկատողութիւններ կամ թերիներու մատնանշումներ,- Շառոյեան շնորհալի գրող մըն է նաեւ, երբ կ՛ուզէ սպիտակ թուղթը (պէտք է ըսուէր… համակարգիչի պաստառը) ողողել տպաւորապաշտ ոգեշունչ ապրումներով կամ վերյիշումներով, ինչպէս է «Անհետացող սերունդ մը» կոչուող Զ. գլուխը ամբողջութեամբ:

Կրնանք ըսել, որ 500 էջ հաշուող այս գիրքով` Լեւոն Շառոյեան տիրականօրէն կու գայ բազմիլ հայ բանասիրական պրպտումներու աշխատանոցին մէջ, ուր մտնելը ինքնին նուաճում մըն է, զոր Շառոյեան ձեռք բերած է արդէն` վերջին տարիներուն ստանձնելով Թէոդիկի նշանաւոր «Ամէնուն տարեցոյցը»-ներու պատկառելի շարքին վերահրատարակման խմբագրութիւնը, այնքան հասողութեամբ:

Վերջին գաղափարը, որ կը յաճախէ մեր մտքին, հետեւեալն է. մարդ կարդալով այս գիրքին մէջ ուսումնասիրուած նիւթերը, ծանօթանալով հոն երեւցող դէմքերուն ու հարցերուն, իր մէջ կը հրահրուի… կարդալու փափաքը:

Պուէնոս Այրէս

(*) Պետրոս Հաճեան սրտի անակնկալ տագնապի մը հետեւանքով մահացաւ 4 սեպտեմբեր 2012-ին, Պուէնոս Այրէս: Իր սոյն յառաջաբանը գրի առնուած էր մահէն տարի մը առաջ:

Նախորդը

Հզօր Սփի՞ւռք՝ Ուժեղ Հայաստա՞նի Մը Համար

Յաջորդը

Ընթերցողի Տպաւորութիւններ. Լեւոն Շառոյեան. «Հերկ Եւ Բերք» (Գրադատական Եւ Վերլուծական Էջեր), Հալէպ, 2024

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?