Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Մէջ Նկարահանուած Ժապաւէնէն Մասեր` Ազրպէյճանական Քարոզչական Ժապաւէնին Մէջ. «Ազատութիւն»

Յունուար 11, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վաւերագրող բեմադրիչ Սեդա Գրիգորեան այժմ կը փորձէ ամերիկեան ընկերութենէն եւ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ նկարահանումներու անձնակազմ գտնող միջազգային հարթակէն պարզել, թէ ինչպէ՛ս կարելի է, որ Ուրարտուի մասին պատմական ժապաւէնին համար կատարած իր նկարահանումները յայտնուած են ազրպէյճանական քարոզչական ժապաւէնին մէջ, սակայն տակաւին պատասխան չկայ:

Ազրպէյճանական CBC ալիքը 2 յունուարին 37 վայրկեան տեւողութեամբ ժապաւէն մը սփռեց: Անոր մէջ Երեւանը կը ներկայացուի` իբրեւ ազրպէյճանական քաղաք, ուր իբր թէ կը վերացուին ազրպէյճանական հետքերը եւ թրքական մշակոյթը: Ուշագրաւ է, որ ժապաւէնին մէջ, բացի ազրպէյճանցիներէ, կը խօսին նաեւ երեւանցիներ, նկարահանումներ կատարուած են Երեւանի կեդրոնը, Էրեբունիի պատմահնագիտական եւ Սիսիանի թանգարաններուն մէջ. ժապաւէնին մէջ կը խօսին նաեւ այդ թանգարաններուն տնօրէնները, կան նաեւ տրոնով նկարուած տեսարաններ:

Ժապաւէնին վերնագիրը եւ նկարագրութիւնը կը ստեղծէ այն տպաւորութիւնը, որ ազրպէյճանական… պատկերասփիւռի ընկերութեան տրոնը նկարահանած է տեսարաններ եւ ազրպէյճանական լրագրողական խումբն է, որ նախապէս ծրագրած է եւ զգուշօրէն, առանց յաւելեալ ուշադրութիւն գրաւելու, նկարահանումներ կատարած:

«Ազատութիւն»-ը այս հարցով դիմեց Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան, որ յորդորեց հարցը գրաւոր ուղարկել: Սակայն արդէն յայտնի է, որ ազրպէյճանական ժապաւէնին համար նկարահանումները կատարուած են դեկտեմբերի սկիզբը: Անոնց մէկ մասը նկարահանուած է 2 դեկտեմբերին, վաւերագրող բեմադրիչ Սեդա Գրիգորեանի կողմէ, որ չգիտցաւ, թէ իր նկարահանած նիւթը հետագային պիտի երեւի ոչ թէ Ուրարտուի մասին պատմող ամերիկեան պատմական վաւերագրական ժապաւէնի մէջ, այլ` ազրպէյճանական քարոզչական ժապաւէնին:

Դիմատետրի վրայ Գրիգորեան պարզաբանող գրառում մը կատարած է` նշելով, որ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ նկարահանումներու անձնակազմ որոնող worldfixer հարթակին միջոցով իրեն հետ կապ հաստատած է ամերիկեան No Frontiers LLC կազմակերպութիւնը:

Իբրեւ ամերիկացի արտադրիչ ներկայացած Ալեքս Ճիլ գրած է, որ պատմական նիւթով վաւերագրական ֆիլմաշար կը պատրաստեն, եւ որ` ժապաւէններէն մէկը կը վերաբերի Ուրարտուին, այդ պատճառով կ՛ուզեն հարցազրոյց կատարել Էրեբունի թանգարանի տնօրէնին հետ:

Այդ ծաւալուն հարցազրոյցէն փոքր հատուած մը` 30 երկվայրկեան, որուն մէջ կը խօսուի ոչ թէ Ուրարտուի, այլ Հանրապետութեան հրապարակի պեղումներուն մասին, յայտնուեցան ազրպէյճանական ժապաւէնին մէջ:

Էրեբունիի թանգարանի տնօրէն Միքայէլ Բադալեանի` ազրպէյճանական ժապաւէնին մէջ օգտագործուած խօսքը բովանդակային որեւէ կապ չունի ժապաւէնին եւ անոր մէջ ներկայացուած թեզերուն հետ:

«Փաստօրէն նման խաբէութեամբ հսկայական նկարահանումներ են կատարուել. այդ ժապաւէնում իմ կողմից նկարահանուած նիւթերից են Էրեբունու թանգարանում արուած պատկերները, վերջում օգտագործուած 4-5 տրոնի պատկեր: Մնացած նիւթն ինձ անծանօթ է: Ես սարսափելի ցաւում եմ տեղի ունեցածի համար եւ համարում եմ, որ պէտք է աւելի ուշադիր ու զգուշաւոր լինէի, քանի որ իմ մասնագիտութիւնը լայն դաշտ է ստեղծում նման խաբէութիւնների ու ձեռնածութիւններու համար», Դիմատետրի վրայ գրեց Սեդա Գրիգորեան:

Իսկ կը պարզուի, որ Սիսիանի թանգարանին մէջ նկարահանումները կատարուած են 9 դեկտեմբերին. թանգարանի տնօրէն Թաթուլ Սիւնի յայտնեց, որ Սերգէյ անունով ներկայացած ռուս լրագրողը այցելած է իրեն` երկու հոգիէ բաղկացած նկարահանող խումբով, եւ ըսած է, որ հետաքրքրուած են թանգարանով եւ հարցազրոյց կատարած իրեն հետ:

Ամերիկեան համալսարանի փրոֆեսէօր, քաղաքագէտ Ստեփան Աստուրեան կ՛ըսէ, որ Հայաստանի մէջ չեն ընկալեր, թէ որքա՛ն խոր եւ համակարգուած կ՛աշխատի Ազրպէյճանը` պետական մակարդակով յառաջ մղելու հայատեաց իր թեզերը:

«Ազրպէյճանական ազգայնականութեան բնոյթը հիմնականում հիմնուած է հայատեացութեան վրայ, գիտեմ, որ բազմաթիւ յօդուածներ եղան, բայց խորքը այդ հայատեացութեան դեռ չի ըմբռնուել, մարդիկ շեշտում են այն, ինչ որ հանրային է կամ կոպիտ է, բայց մի ամբողջ մեքենայ կայ` պատմաբանների, հնագէտների, մարդաբանների, որոնց գործն է պետականօրէն համակարգուած` հերքել հայերի ներկայութիւնը պատմականօրէն Հարաւային Կովկասում, ձեւացնել, որ իրենք այստեղ էին վաղուց ի վեր, հայերը եկուորներ են եւ այլն: Շատ հետաքրքրական երեւոյթ է, որովհետեւ այդ խօսքերը, որ ասւում էին իրենց մասին 90-ական թուականներին, թէ նորեկներ են, ինքնութիւն չունեն, պետական մեքենայի գործունէութեամբ հայելային ձեւով վերադարձնում են», նշեց Աստուրեան:

Այս առաջին դէպքը չէ, երբ ազրպէյճանական լրատուամիջոցներուն եւ ընկերային ցանցերուն վրայ իբր թէ ազրպէյճանցիներու կողմէ Երեւանի մէջ նկարահանուած տեսարաններ յայտնուած են:

«Նախորդ դէպքը դարձեալ 2023 թուականի դեկտեմբերի սկզբին էր, նոյն այն օրերին, երբ ազրպէյճանական քարոզչական ժապաւէնի համար նիւթ էր հաւաքւում: Դեկտեմբերի 6-ին ազրպէյճանցի քաղաքագէտ Թելման Գասիմովն էր հայերէնով տեսանիւթ տարածել, որում պնդում էր, թէ եղել է իր ծննդավայր Երեւանում, այցելել իրենց շէնքի բակը, անգամ բարձրացել 5-րդ յարկ` իր նախկին բնակարանը: ԱԱԾ-ն, սակայն, պարզել էր, որ տեսանիւթը նոր չէ, Ազրպէյճանի քաղաքացին Երեւանում չի եղել, այդ պատկերները այլ մարդ է նկարահանել եւ ուղարկել Ազրպէյճան դեռ 6 տարի առաջ», կը տեղեկացնէ «Ազատութիւն»-ը:

Նախորդը

Ազրպէյճանցիները Քանդած Են Արցախի Թթու Ջուր Տարածքի Խաչքար-Յուշաղբիւրը

Յաջորդը

Ակնարկ Մը Քեսապի Տնտեսութեան Հոլովոյթին Վրայ Եւ Հմայեակին Հորթին Ճակատագիրը

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Յանձնառու ՀՕՄ-ականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Յանձնառու ՀՕՄ-ականը

Հոկտեմբեր 27, 2025
Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում
Անդրադարձ

Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին
Անդրադարձ

Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?