ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ
Եթէ գիշերները տեսած երազներուս մասին գրել սկսիմ, պէտք է գործ բան թողած` գրելով զբաղիմ ու զզուեցնեմ ընթերցողներս եւ անմիջական շրջանակս: Գրելու մէջ ալ մարդ պէտք է չափի զգացում ցուցաբերէ… օր մը յանկարծ չգլտորուելու համար մոռացութեան գիրկը:
Բայց այս մէկը պէտք է պատմեմ, ինչ որ ալ ըլլայ գլխուս գալիք պատուհասը: Կարելի չէ երկար ատեն ճակատագրին տնօրինումէն հեռու ապրիլ, ոչ ալ` անոր ձեռքէն պրծիլ:
Տարիքի բերմամբ գիշերուան ընթացքին նուազագոյնը հինգ վեց անգամ կ՛արթննամ ու կը փորձեմ վերստին քունի մատչիլ: Մինչ այդ օրուան ընթացքին պատահած բազմաթիւ եւ բազմաբեւեռ դէպքեր կը տողանցեն երեւակայութեանս պաստառին վրայ` յաճախ իրենց երթին առանց հետք մը ձգելու: Երբեմն ալ, չսպասուած մէկ պահու, երազի վերածուելով, յանկարծ, առանց դրան զարկի, կը յայտնուի ու ներս կը մտնէ այդ գիշերուան այցելուն, ու մեր միջեւ կը սկսի երկխօսութիւն մը, կամ ալ բնաւ չսպասուած դէպքերու հետաքրքրական վերլուծումը: Սակայն գիշերուան աղօթքներուս ընթացքին յիշատակուած դէպքերու հերոսները, կամ ալ մահամերձ հիւանդները քիչ անգամ այցի կու գան` իրենց խոցուած սիրտը բանալով, քիչ մը թեթեւնալու ու ազատ շնչելու:
Թէեւ երազիս մէջ ամէն անակնկալ կը սպասէի եւ ամէն տեսակ պատկառելի անձնաւորութեան այց կ՛ընկալէի… բայց` ոչ այս մէկը: Իբրեւ հաւատացեալ քրիստոնեայ, ութ տասնամեակներէ ի վեր ծունկի գալով ջերմեռանդ աղօթքի պահերուն, սուրբ պատարագի ատեն կամ տանը մենութեանս մէջ փորձած էի զրուցել այդ նոյն Խաչեցեալ Արարիչին հետ, անոր տառապեալ Մօր ու միւս սուրբերուն հետ, սակայն, իբրեւ նուիրումիս երկնային պարգեւ, օր մը օրանց անոնցմէ ոեւէ մէկը երազներուս մէջ չէր յայտնուած: Ոչ ալ այդպիսի հրաշք մտքէս անցուցած էի: Կ՛երեւի աշխարհիկ ու հոգեւոր մեր կեանքին կարգն ու սարքն էր այս:
Արդ, այդ գիշեր պատահած անակնկալ այցելութիւնը ուղղակի շշմեցուց զիս: Եղբա՛յր, այս մեղաւոր անձը ո՜վ է, որ երկնային նման շնորհի արժանանար: Ի դէպ, ըսուած է, որ երկրաւոր մեր կեանքին մէջ անկարելի բան չկայ` ո՛չ հոգեւոր տարածքին մէջ եւ ո՛չ ալ առօրեայ վազքի ընթացքին:
Ուրեմն թոյլ տուէք, որ պատմեմ երազիս պարունակութիւնը:
«Յետմիջօրէ էր, երբ հիւրասենեակը, լեփթափիս ետին նստած` կը պարապէի: Անկեղծ ըլլալու համար գրութեան մը մէջ մխրճուած էի` հեռուստատեսիլին կողմը ատենը անգամ մը հետաքրքիր ակնարկ մը նետելով, փորձելով զոյգ հաճոյքները միախառնել, եթէ այս օրերուս հեռուստակայան մը դիտելու արարքին մէջ կռիւէ ու նախճիրէ զատ` հոգիդ բաւարարող լուր ու դէպք մնացեր է:
Առանց տատամսումի` տեղէս ելայ ու դէպի մուտքի դուռը ուղղուեցայ: Այցելուն երեսուն տարիքը նոր թեւակոխած, հայախօս, գեղադէմ երիտասարդ մըն էր, որուն խանդավառութիւնն ու վարակիչ ժպիտը զինք հաճելի ներկայութիւն մը կը դարձնէին:
– Յիսուս Քրիստոս…- ըսելով` անայլայլ ինքզինք ներկայացուց նորեկը: Ես ալ կատակելու սիրոյն`
– Պօղոս առաքեալ,- պատասխանեցի` ենթադրելով, որ նորեկը զիս ձեռք կ՛առնէր:
Առաջարկուած բաժակ մը խմիչքը չմերժեց` հայկական գինին նախընտրելով ու միշտ իրեն յատուկ ժպիտը պահելով, ընկերական մտերմիկ խօսակցութեան ձեռնարկեց` առանց վերէն առաքուածի հովեր առնելու:
Օրուան հրատապ հարցերու մատչեցանք, նորոգ հանգուցեալ Գոջունեանին մահը սգալէ ու երկուորեակ եղբօրս` Փիերին եւ ընտանիքիս միւս անդամներուն առողջական վիճակին անդրադառնալէ ու զանոնք օրհնելէ ետք, անցանք օրուան քաղաքական հրատապ հարցերուն:
– Տէ՛ր իմ, ի՜նչ պիտի ըլլայ մարդկութեան վերջը, նախամարդէն ի վեր չենք դադրած զիրար կոտորելէ ու զիրար ոչնչացնելու փորձեր կատարելէ…
– Ես ալ չեմ հասկնար անասնական այդ կիրքն ու բնազդը, որ տեղ գտած է, այսպէս կոչուած քաղաքակիրթ ժողովուրդներու մէջ, ինչպէս այսպիսի պարագաներուն հայերդ կ՛ըսէք, այն տիրելատենչական վերաբերմունքը, իրենց հպատակեցնելու ամբողջ մարդկութիւնը, տիրելու անոր հարստութեան եւ ինչքերուն… Ձեր պարագային, տակաւին թուրք ցեղը իր մէջ պահած է տիրելու, ջարդելու գազանային բնազդը, որ դարձեալ դրսեւորեց արցախեան պատերազմին: Ազերին` առանց Թուրքիոյ նեցուկին ու դրդումին, պիտի չհամարձակէր Արցախի վրայ յարձակիլ: Արեւմուտքն ու Ռուսիան ձեռնածալ դիտեցին այդ սոսկալի ողբերգութիւնը` առանց մատը մատին դպցնելու:
– Հապա՞ Ռուսիոյ սարքած նախճիրը Ուքրանիոյ մէջ…
– Հոն ալ Արեւմուտքին մատը տեսանելի է… Որո՜ւ հոգը` Ուքրանիան ՆԱԹՕ-ի անդամ եղեր է, թէ ոչ… Այդ քու մարդասէ՜ր Ամերիկան, միլիառներ կը ներդրէ Ուքրանիոյ եւ Իսրայէլի պատերազմական ճիգերուն, երբ իր փողոցները կը վխտան օրուան հացին կարօտ անտունիներով…
– Տէ՛ր իմ, պաղեստինցի-հրեայ անհոգի կոտորածները եւ անմեղ մանուկներու ջարդը ինչպէ՞ս բացատրել…
Յիսուս յուզուած` պահ մը լռեց… ապա`
– Քրիստոսը խաչող հասարակութիւնը պաղեստինցի արա՞բը պիտի խնայէր…
Գալով կրօնական հարցերուն, այն հարցումիս, թէ ինք` Աստուածորդին, մարդկութեան խոնարհութեան պատգամ մը տալու համար նախընտրեց ախոռի մէջ ծնիլ, երբ կրնար Հռոմի կայսեր պալատին մէջ աշխարհ գալ… Իսկ իրեն ծառայողները թագաւորական պատմուճան ու թագ կը կրեն պատարագի ատեն եւ անկէ դուրս ալ… այս ի՛նչ հակասութիւն է, որ հաւատացեալներու մէկ մեծ տոկոսը կը գայթակղեցնէ…
– Աղբարի՛կ, կղերը մի՛ այպաներ… մեծ մասամբ խոնարհ դասակարգի ծնունդ է: Հայերէն ասացուածք մը կայ, եթէ չեմ սխալիր` «Չտեսաւ պատից կախ, տեսաւ ճակտից կախ…»: Ասոր հետ մէկտեղ, դարերու աւանդութիւն է, որուն համար, դարձեալ կը կրկնեմ, կղերը կարելի չէ մեղադրել…
– Զիս չարչրկող ուրիշ հարց մը, Տէ՛ր իմ… Հապա՞ Քրիստոսի եկեղեցիին բաժան-բաժան ըլլալու պարագան ինչով բացատրել… Ինչո՞ւ միանալով` հզօր ուժ մը չդառնան… Մենք, Կիլիկեան Աթոռի վրայ կաթողիկոս մը ունինք Արամ Ա. անունով, որ մտաւորական գետնի վրայ այնքան կարող է ու զօրաւոր անհատականութեան տէր… կրնար Հռոմի ապագայ քահանայապետը դառնալ, եթէ միանայինք…
Քրիստոսին պատասխանը`
– Այդ ուղղութեամբ աշխատանք կը տանինք… Մեր ալ իղձն է ամբողջ մարդկութիւնը միացած տեսնել քրիստոնէութեան մեծ ընտանիքին մէջ… Հոգ մի՛ ըներ, ախպե՛ր ջան, բոլոր քրիստոնեաները վերջին հաշուով նոյն հաւատալիքներու, նոյն ծիսակատարութեան կը հետեւին… մնացեալը երկրորդական է ու ժամանակի հարց:
– Իսկ քու գրական-ստեղծագործական կեանքդ ի՞նչ ջուրի վրայ է,- հարց տուաւ Քրիստոս:
– Տէ՛ր իմ, այդ էջը չբանանք… հրատարակութեան պատրաստ տասնեակ մը անտիպ գործեր ունիմ… Առաջ երկու հազար օրինակով կը հրատարակուէին նոր գործերս ու ամբողջութեամբ կը սպառէին: Հիմա գիրք կարդացող չմնաց: Նուէր ալ տաս` կը մերժուիս: Հայ գրողներս երկնային հրաշքի կը սպասենք մեր անտիպներու հրատարակութեան համար:
Ու Քրիստոս շուարած, գլուխը շարժելով, գինիի գաւաթը քովի սեղանիկին վրայ զետեղելով, ոտքի կանգնեցաւ ու մեր յարկը օրհնելէ ետք մեկնելու պատրաստուեցաւ:
– Մի՛ յուսահատիր, լոյսը տեղէ մը կը ծագի,- եղաւ անոր յուսադրիչ պատասխանը:
Առիթ չունեցայ սրտիս ծանրացող կուսակրօնութեան հարցը արծարծելու…
Ռիչմոնտ, Վիրճինիա