Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հէ՜յ… Մէկը Մեռաւ

Յունուար 10, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒԱՆ Ա. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Քեսապի մէջ եկեղեցիներու զանգերուն ղօղանջը այնքան յստակ ու հաճելի կը լսուի, յատկապէս` գարնան ու աշնան պարզ օրերուն:

Գարնան թռչուններուն ճլվլոցին հետ պահ մը կը վերանաս, անոնց ձայները լսելով` հոգեկան աշխարհդ կը խայտայ: Աշնան դեղնած ու գունաթափ սրճագոյնի երանգներով գետին թափած տերեւներուն եւ հովին միատեղ խաղին, խշխշոցին ձայները միախառնուելով` կը հասնին ականջիդ ու սրտիդ:

Ամրան ժխորին եւ խճողումին, ինքնաշարժներու ձայներուն եւ մարդոց բարձրացուցած աղմուկին մէջ ղօղանջին ձայնը կարծէք կը մեղմանայ: Մինչ ձմրան, երբ ցուրտէն պատսպարուելու համար դուռ ու պատուհան գոցած` կը նստինք, վառարանի ճարճատիւնին կը միանան անձրեւին ու որոտումին ձայները, ու դժուար կ՛ըլլայ ղօղանջին ձայնը վայելել:

Քեսապցիք երեք համայնքներու զանգերուն ղօղանջը կը զանազանեն անոնց թրթռացումներէն: Անոնց զանգերը կը հնչեն ամէն կիրակի, տօնական օրերուն, պսակներուն եւ կամ համայնքապետներու այցելութեան ուրախ առիթներով:

Աւելի վաղ ժամանակէ եկած սովորութիւն մըն ալ, որ մինչեւ այսօր կը պահպանուի, դպրոցական օրերուն, առաւօտեան ժամը 7:00-ին, եկեղեցիներու զանգերուն ղօղանջելն է: Արդեօ՞ք այդ սովորութիւնը յառաջացած է ժամանակին շատերուն մօտ ժամացոյցի չգոյութեան պատճառով…

Եկեղեցիներու զանգերուն ղօղանջը, վերոյիշեալ առիթներով հնչելու կողքին, մահուան բօթը փոխանցելու եւս կը ծառայէ: Մահացողը, ո՛ր համայնքին ալ պատկանի, այդ համայնքի եկեղեցւոյ զանգը եռեակ կշռոյթով կը ղօղանջէ (իրարու յաջորդող հերթական երեք հարուածներով): Այլ խօսքով, Քեսապի մէջ մինչեւ այսօր մահազդը չի գործածուիր մահուան գոյժը տարածելու համար: Մարդիկ եկեղեցւոյ «կտրուկ զանգով» կ՛իմանան, իսկ բօթը կայծակի արագութեամբ կը տարածուի: Անցեալին, եթէ գլուխդ պատշգամէն կամ պատուհանէն երկարէիր ու ոեւէ անցորդի հարցնէիր, կ՛իմանայիր մահացողին ով ըլլալը: Իսկ այսօր ընկերային ցանցը լուրերը արագօրէն փոխանցելու միջոց դարձած է:

Ծերոն նախակրթարանի երկրորդ դասարանի աշակերտ էր: Դասացոյցը ձեռքը առած` յաջորդ օրուան դասերը կը ստուգէր մօրը օգնութեամբ, իսկ աւարտած դասի գիրքն ու տետրակը դպրոցական պայուսակին մէջ կը տեղաւորէր:

Առաջին երկու դասապահերուն դասերը հազիւ աւարտած` եկեղեցւոյ զանգը կտրուկ երեք անգամ կը ղօղանջէ, ու ղօղանջը երկար ժամանակ կը կրկնուի:

Երբ «կտրուկ զանգը» երկար հնչէր, մահացողը երիտասարդ կ՛ըլլար, իսկ եթէ քանի մը անգամ միայն կրկնուէր, մահացողը Քեսապէն դուրս բնակող քեսապցի մը կ՛ըլլար:

Ծերոնին մայրը ականջները սրած` մտիկ կ՛ընէր եկեղեցւոյ զանգին ղօղանջը, ինք ալ մօր հետեւելով, պահ մը լուռ մտիկ ընելէ ետք զանգին ղօղանջը, կը բացագանչէ.

– Հէ՜յ… մէկը մեռաւ:

– Ծերո՛ն, տղա՛ս, ինչո՞ւ այս ուրախ բացագանչութիւնը,- կը հարցնէ մայրը զարմացած:

– Մա՛մ, վաղը կրօնի գրաւոր ունինք, հիմա մէկը մեռաւ, ուրեմն վաղուան գրաւորը յետաձգուեցաւ:

Մայրը թաքուն ժպիտով դիտեց իր անմեղ փոքրիկին ուրախութիւնը: Ան տակաւին մահուան իմաստն իսկ չէր ըմբռնած, սակայն շատ լաւ գիտէր, որ եթէ գիւղին մէջ մահ պատահէր, յաջորդ օր կրօնի պահը չեղեալ կը համարուէր, որովհետեւ Քեսապի մէջ կրօնի դասապահերը կը վերապահուէին գիւղին հոգեւոր հովիւին: Ուստի, եթէ գիւղին մէջ մէկը մահանար, հոգեւոր հովիւը անկասկած թաղման արարողութեան ներկայ պիտի ըլլար:

«Եաշխօրքը չուճօխ պըր ընուս» (Աշխարհին մէջ երեխայ պիտի ըլլաս), կը մտածէր մայրը: Երեխային համար միայն դասապահի մը չեղեալ համարուիլը ուրախութիւն կրնար առթել, նոյնիսկ եթէ ան կարողութիւն չունենար ուրախութիւնն ու տխրութիւնը, կեանքն ու մահը զանազանելու եւ դասապահի մը չեղեալ նկատուելուն համար այդքան զուարճանար:

 

 

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

«Անհրաժեշտ Է, Որ Սփիւռքեան Համայնքները Վերականգնեն, Վերարժեւորեն Իրենց Հիմնական Նպատակները» Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?