Անդրադարձ

Եղիշէ Վարդապետ Եւ Անոր «Վասն Վարդանայ Եւ Հայոց Պատերազմին» Երկին Յաւերժական Պատգամը

Եղիշէ Վարդապետ Եւ Անոր «Վասն Վարդանայ Եւ Հայոց Պատերազմին» Երկին Յաւերժական Պատգամը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ  Եղիշէ վարդապետ Վարդանանց հաւատամարտի ականատես եւ մասնակից դիւցազներգու պատմիչն է, եւ հայկական պատմագիտական գրականութեան գանձարանին մէջ իր պատուաւոր տեղը ունի անոր հեղինակած «Վասն Վարդանայ եւ հայոց պատերազմին» երկը: Եղիշէ վարդապետի կենսագրութեան մասամբ աւանդական, մասամբ ալ իրական տեղեկութիւնները գրուած են «Ճառընտիր»-ին մէջ` անանուն գրիչի կողմէ: Եղիշէ վարդապետ ծնած է Ե. դարուն սկիզբը: Գիրերու գիւտէն ետք բացուած դպրոցներէն մէկուն մէջ...

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Թէ Ինչո՛ւ Այսօր Անզօր Ենք Նոր Աւարայրներ Դիմակայելու(Վարդանանց, 1573-Ամեակ)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Վերեւ յիշուած հարցադրումին համապարփակ պատասխանը հաւանաբար կրնայ ըլլալ այն, որ մենք ազգովին կորսնցուցած ենք հաւաքաբար դիմակայելու մեր երբեմնի կարողականութիւնը, աւելի՛ն, գիտակցութիւնն ու պատրաստակամութիւնը: Այլապէս ալ այս տողերը չեն միտիր ստորագնահատելու, նուաստացնելու մենք մեզ,  որքան` յայտնելու ճշմարտութիւն մը անսեթեւեթ, որ կը վերաբերի հայութեան, ազգային մեր պարունակին եւ առօրեայ կեանքի մէջ արձանագրուած բազմատեսակ «խեղճութիւն»-ներու, որոնց ականատես վկաներն ենք ազգովին: Փաստօրէն...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  «Հայաստանը Հոս Էր, Դուն Ալ Տեսա՞ր»

Քաջն Վարդանի Սպասումով

ԿԻՒԼԷՆ ԳՈՃԱՅԵԱՆ  «Նանի՜, կրնա՞մ հետդ խօսիլ... Շատ կարօտցած եմ». ձայնային կարճ նամակին յաջորդող հեռաձայնի զանգէն աչքերս կը բանամ ու հազիւ «հելօ» ըսած, կը լսեմ թոռնիկիս` Լոռիիս երաժշտախառն կանչը` «Նանի՜»: Ժամին կը նայիմ, կէս գիշեր է մեր մօտ: Բջիջայինիս հետ կամացուկ մը դուրս կ՛ելլեմ ննջարանէն եւ ուրախութեամբ` «Պատմէ՛,- կ՛ըսեմ,- ի՞նչ ըրիր այսօր»: Առանց դադար առնելու կը խօսի, ըսելիքներուն շարանը երկար է:...

Սթափելու Ժամանակը

Ինչ Նպատակ Կը Հետապնդէ Սահմանադրական Փոփոխութիւնը

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Ի՞նչ ձեւաչափով տեղի կ՛ունենան Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ բանակցութիւնները: Աւելի քան վեց ամիսներէ ի վեր ոչ մէկ հանդիպում կատարուած է թէ՛ ռուսական կողմի միջնորդութեամբ եւ թէ՛ արեւմտեան կողմի (Եւրոպական Միութեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու) մասնակցութեամբ: Բոլոր միջնորդներն ալ ենթադրաբար իրականացուցած են իրենց ակնկալութիւնները: Այդ ակնկալութիւնները, որոնք չեն բացայայտուած, կը թուի, որ կ՛ենթադրէին ստեղծուած ներկայ իրավիճակը, այսինքն` Արցախի հայաթափումը...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Արդեօք Կը Տեսնե՞նք – 3 – Ուշ Հասկցողներ…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Եթէ պահիկ մը մոռնանք, լուսանցքի վրայ ձգենք թուրք-ազերիական բարեկամական-թշնամական տրամադրութիւններու մասին ՔՊ-ապետին եւ «ուսապարկերուն» ամէն օր, ամէն ժամ իրենք զիրենք հակասող, զիրար ժխտող յայտարարութիւնները, կեցուածքներն ու կեդրոնանանք վերջին օրերու փուլին վրայ, կը տեսնենք, որ մարդուկները սկսած են աւելի յաճախ խօսիլ Պաքուի (եւ Թուրքիոյ) ոչ խաղաղասիրական տրամադրութիւններուն մասին, նոր յանկերգ մը մտած է քաղաքական բեմ (առաւելաբար` ներքին սպառումի համար),...

Օրհներգի Մէջ «Թշնամի» Բառը Կայ, Եղեր…

Օրհներգի Մէջ «Թշնամի» Բառը Կայ, Եղեր…

Տ. ՍԵՐՈԲ ՔԱՀԱՆԱՅ Գնացէք` կարդացէք Բրիտանիայի օրհներգը, ուր «Թշնամիներին ցրում եւ տապալում են»: Իրլանտայի օրհներգերում «Անպատուութիւն չունեցող պատերազմող ազգի որդիներ ենք»: Արժանթինի օրհներգում, «Պայքարում պսակուենք փառքով, կամ երդուենք մեռնել փառաւոր»: Ինչո՞ւ մի փոքր նեղութիւն չէք քաշում Մեքսիքայի օրհներգը կարդալու. «Մեքսիքացինե՛ր, պատերազմի կոչին պատրաստեցէ՛ք երկաթն ու սանձը, թող երկիրը դողայ թնդանօթի որոտումներից»: Ամերիկան իր հերթին բրիտանացիներին պատասխանել է. «Կարմրաբոսոր հրթիռները, ռումբերը...

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.    Կը Յաջողուի՞ Սատանայական Շրջանից Դուրս Բերել Երկիրը

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Կը Յաջողուի՞ Սատանայական Շրջանից Դուրս Բերել Երկիրը

Եթէ փորձ արուի արժեւորելու Փաշինեանի գլխաւորութեամբ ներկայ իշխանութեան գրեթէ վեցամեայ գործունէութիւնը, ապա այլ գնահատական չի կարող լինել, քան` ամբողջական ձախողումը: Արցախի կորուստն ու Հայաստանի ներկայ քաղաքական վիճակը ասուածի անվիճելի ապացոյցն են: Խօսքը, սակայն, միայն արտաքին քաղաքականութեանը չի վերաբերում, այլեւ` ներազգային, տնտեսական եւ այլ ոլորտներին: Ի՞նչ իրավիճակում ենք ներազգային առումով: Հայաստանում հասարակութիւնը յուսալքուած է այն չափով, որ չի հաւատում, թէ ունակ...

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2024-ի Առաջին Թիւը

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2024-ի Առաջին Թիւը

Հրապարակուեցաւ «Դրօշակ»-ի 2024-ի առաջին թիւը: Առաջնորդողին մէջ անդրադարձ կը կատարուի Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններու գրեթէ վեցամեայ ձախողած քաղաքականութեան, այս անգամ` ներազգային դաշտին մէջ: Հեղինակներ Լուսինէ Մխիթարեան եւ Մանուէլ Մկրտչեան լուսարձակի տակ կ՛առնեն ձախողութիւններուն պատճառները` քննելով զանոնք ներհասարակական հոգեվիճակի, տրամադրութիւններու, ինչպէս նաեւ ազգային յօրինուածին մէջ բոյն դրած յոռի արատներուն առնչելով: Պատմաբան Անի Մելքոնեանի յօդուածը նուիրուած է հայոց բանակի տարեդարձին: Պատմաբանի հայեացքով ան...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Արդեօք Կը Տեսնե՞նք – 2. Էշը Կորսնցնողին Սպառնալիքի Պատմութիւնը

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Ամէն անգամ, երբ Արեւելքէն կամ Արեւմուտքէն Հայաստանի-հայութեան ի նպաստ կեցուածք հնչէ, Ազրպէյճանի ուղղուած դատապարտանքի արդար խօսքեր եւ զգուշացման կոչեր արձակուին,  ըսեն, թէ այսինչը կարմիր գիծ է, եւ Ազրպէյճան (իմանալ նաեւ` Թուրքիա) պէտք չէ անկէ անդին անցնի, ոտնատակ պէտք չէ ընէ Արցախն ու Հայաստանը, ի՞նչ մեղքս պահեմ, կը յիշեմ առածի կարգ անցած պատմութիւն մը, որ մանկութեանս լսած եմ երէցներէս:...

Բարի Ապաքինման Մաղթանք` Գէորգ Պէպէճեանին

Բարի Ապաքինման Մաղթանք` Գէորգ Պէպէճեանին

ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ Պարոն Զաքարին (Քէշիշեան) Համազգայինի «Կարկաչ» երգչախումբը ղեկավարած տարիներուն, ես ալ շատերուն նման կը վայելէի երգարուեստի եւ հայկականութեան ամբողջ մշակոյթ մը, որ առիթէ առիթ յիշողութիւնս կը գրգռէ եւ յաճախ կ՛արթնցնէ գեղեցիկ յիշատակներ: Քանի մը օր առաջ, մեքենայական գործ մը կատարելու ժամանակ, սկսայ անզգալաբար քիթիս տակէն երգել «Ապրիլ, կրկին ապրիլ» երգը: Յիշեցի, թէ որքա՜ն սիրած էի երգը` մանաւանդ մեներգողին հանդիպելնէս...

Նեթանիահուի Նշած Միջազգային Երաշխիքներու Ստորագրութեան Նշանակութիւնը

Նեթանիահուի Նշած Միջազգային Երաշխիքներու Ստորագրութեան Նշանակութիւնը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Իսրայէլ Կազայի դէմ շուտով 200 օրուան հասնող պատերազմին ընթացքին իր ճշդած նպատակներէն ոչ մէկը իրագործած է եւ կը շարունակէ մարտերուն ընթացքին ծանր կորուստներ կրել: Մեծ կորուստներ կը կրէ նաեւ անոր տնտեսութիւնը: Թել Աւիւ կարողացած է որոշ թիւով իսրայէլացի գերիներու ազատագրումը ապահովել, այդ ալ միայն գերիներու փոխանակման գործարքի մը շուրջ պաղեստինեան Համաս շարժումին հետ գոյացուցած համաձայնութիւններու ծիրին մէջ եւ...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Արդեօք Կը Տեսնե՞նք – 1. Հայաստան Արդէ՛ն Ինկած Է Թուրքիոյ Տիրապետութեան Տակ…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Երեւանի իշխանաւորներուն ձախաւեր ու կործանարար վարքագիծը քննադատողները մերթ ընդ մերթ, օր աւուր կը զգուշացնեն, որ մեր հայրենիքը կրնայ մօտ ատենէն ամբողջականօրէն իյնալ Թուրքիոյ տիրապետութեան տակ, թէ` բախտաւոր պէտք է նկատենք մենք մեզ, եթէ Երեւանի շուրջ պատառիկ մը հող մնայ Հայաստան անունով: Եկէ՛ք եւ իրականութիւնները դիտենք աւելի՛ ցաւցնող ակնոցով, չոր իրականութիւնները ՏԵՍՆԵԼՈՒ տրամաբանութեամբ, քով-քովի բերենք ընդհանուր պատկերին մասնիկները եւ...

Ռազմիկ  Դաւոյեան

Նոր Տարիին

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ Տարին հինցաւ, գնաց, օրերու կաղութիւնն ալ գնա՞ց: Տառապեալներու, զրկեալներու, զոհերու կողքին Ամբողջ աշխարհը ցնծութեան տօն ունի այսօր: Աշխարհի վիճակը վիճակ չէ՜, Նոր տարին այս բաները չի գիտեր սորվելու ժամանակ ալ պիտի չունենայ, սկիզբը աղուոր աղուոր պիտի ժպտի բոլորին` բարիին չարին, աջին ձախին: Յետոյ օր նոր` խնդիր նոր ձեռքով-ոտքով մէջը պիտի իյնայ. Որքա՜ն սուտ ու սով, խաբկանք ու արհաւիրք...

Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ

Անդրադարձ. «Ազդակ»-ի 63-րդ Առցանց Լսարանին Առիթով. Եթէ Իրաւատէր Հայաստանը` Իբրեւ Պետութիւն, Պիտի Չպաշտպանէ Արցախի Ու Արցախահայութեան Իրաւունքները, Սփիւռքը Պարտաւոր Է Գտնել Հարաւային Ափրիկէի Եւ Ուրուկուէյի Նման Պետութիւն Մը, Որ Ստանձնէ Այս Աշխատանքը Միջազգային Ատեաններու Մօտ

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ «Ազդակ»-ի 63-րդ առցանց լսարանին նիւթն էր` «Արցախեան հակամարտութիւնը եւ սփիւռքը»: Կարելի չեղաւ ուղղակի մասնակցիլ այս լսարանին, սակայն հետեւելով լսարանին տեսերիզի արձանագրութեան (1)` կարելի է ըսել, որ դասախօսը հետեւեալ իրարմէ կախեալ երկու եզրակացութիւններուն յանգեցաւ. 1.- Մոնթեվիտէոյի մէջ, Ուրուկուէյ, Արցախի ի նպաստ ցոյց:  2.- Հարաւային Ափրիկէն յաջողութեամբ կը ստանձնէ Կազայի մէջ տեղի ունեցող ցեղասպանութեան դատը: 1.- Հայաստանի Հանրապետութիւնն է, որ իբրեւ...

Տարիք Եւ Տարեդարձ`  Երկու Գեղեցիկ Զուգահեռներ

Տարիք Եւ Տարեդարձ` Երկու Գեղեցիկ Զուգահեռներ

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ - Այս ամիս տարեդարձդ է... Սենեակին անկիւնը իր նստած տեղէն կինս էր յիշեցողը, երբ հին տարուան օրացոյցէն նորին կ՛անցնէր կարեւոր թուականներու իր կատարած նշումները: - Գիտեմ,- ըսի` իբրեւ պատասխան, անկեղծ եւ արդար ու մանաւանդ` յարգանքով ու զուարթ ժպիտով: Ու ինչ մեղքս պահեմ, ամէն անգամ, երբ տարեդարձիս մասին խօսուի, ինքնաբերաբար տրամադրութիւնս զիս տարբեր ուղիներ կ՛առաջնորդէ: Այո՛, այս ամիս է...

Պրիսմակէս.   Սիրոյ Պատմութիւն Մը

Պրիսմակէս. Սիրոյ Պատմութիւն Մը

ՄԱՐՈՒՇ ԵՐԱՄԵԱՆ Երկու սնտուկ հին նամակներ: Հին որ կ՛ըսեմ, չկարծէք թէ երեսուն-քառասուն տարի մը նկատի ունիմ: Այս նամակները ճիշդ 108 տարեկան են: Համաշխարհային երկու պատերազմ տեսած են, գրաքննութենէ անցեր են (յաճախ չեն իսկ անցեր) եւ հասեր են մեզի, իրենց խունացած էջերուն մէջ բազմաթիւ եւ այլազան պատմական տեղեկութիւններուն կողքին` սիրոյ հեքիաթ մը պահած: Գուրգուրանքով կը հանեմ առաջին նամակը իր պահարանէն, կը...

Գեղամ Ստեփանեան Եւ Արտակ Բեգլարեան Քոնկրեսին Մէջ Ներկայացուցին Արցախահայութիւնը Յուզող Հարցերը Եւ Անոր Ձգտումները

Գեղամ Ստեփանեան Եւ Արտակ Բեգլարեան Քոնկրեսին Մէջ Ներկայացուցին Արցախահայութիւնը Յուզող Հարցերը Եւ Անոր Ձգտումները

Քոսթայի հետ Քոնկրեսի շէնքին մէջ, Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին կազմակերպած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, որուն մասնակցեցան նաեւ Ներկայացուցիչներու տան անդամներ Ճէյմզ Քոսթա եւ Պրետ Շըրմըն, Արցախի Հանրապետութեան մարդկային իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան եւ նախկին պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան ներկայացուցին  Արցախի ժողովուրդին անքակտելի իրաւունքները, ազգային շահերը եւ ժողովրդավարական ձգտումները: «Մենք հոս ենք պահանջելու ապահով կերպով իրենց տուները վերադառնալու` Արցախի գաղթականներուն իրաւունքը....

«Մեր Հայրենիք»-ին Մասին

«Մեր Հայրենիք»-ին Մասին

ՍԷՐՈՒԺ ԳՐԱՃԵԱՆ Վերջերս կրկին «Մեր հայրենիք»-ին ոչ հայկական ըլլալու մասին աղմուկներ կը լսուին Հայաստանի Հանրապետութեան պատասխանատու դէմքերու կողմէ: Մանաւանդ այս դժուար օրերուն, կորուստներով լի մեր իրականութեան մէջ օրհներգի քննարկումը մեր վերջին հոգը պէտք է ըլլայ: Բայց իմ տեսութիւնը կրկին կը տեղադրեմ փաստերով, պարզապէս` որպէս ճշմարտութիւն: Օրհներգը կարելի է սիրել կամ չսիրել: Բայց սխալ տեղեկութիւններ տալ օրհներգին «օտարածին» ըլլալու մասին, անընդունելի...

ԵԽԽՎ-ն 76 Թեր Եւ 10 Դէմ Ձայներու Յարաբերակցութեամբ Քուէարկեց` Ազրպէյճանը Արտաքսելու

ԵԽԽՎ-ն 76 Թեր Եւ 10 Դէմ Ձայներու Յարաբերակցութեամբ Քուէարկեց` Ազրպէյճանը Արտաքսելու

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ Օրէ օր օղակը աւելի կը սեղմուի նախագահ Իլհամ Ալիեւի պարանոցին շուրջ: Եւրոպական միութեան արտաքին քաղաքականութեան ղեկավար Ժոզեփ Պորել 22 յունուարին զգուշացուց Ազրպէյճանը` ըսելով, որ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան որեւէ խախտում «լուրջ հետեւանքներ» պիտի ունենայ: 17 յունուարին Ֆրանսայի ծերակոյտը 336 կողմ եւ 1 դէմ ձայներու յարաբերակցութեամբ բանաձեւ ընդունեց` Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան աջակցելու եւ Ազրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներ...

Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ

Հայաստանի Անկախութեան Ամերիկեան Կոմիտէին Եւ Ամերիկացի 375 Երեւելիներուն Խնդրագիրը Նախագահ Վուտրօ Ուիլսընին` Ի Նպաստ Ամբողջական, Անկախ, Ծովէ Ծով Հայաստանին, Մարտ 1919-ին, Իսկ Այժմու Ամերիկա՞ն…

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Անհրաժեշտ է, որ հայ ժողովուրդը յիշէ եւ յիշեցնէ այժմու Ամերիկայի նախագահին, ժողովուրդին, եկեղեցիներուն, նահանգապետներուն եւ համալսարաններուն` 1919-ին անոնց նախորդներուն արդար խնդրանքն ու զօրակցութիւնը` ՄԻԱՑԵԱԼ, ԱԶԱՏ ՈՒ ԱՆԿԱԽ, ԾՈՎԷ ԾՈՎ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԳՈՅԱՑՈՒՄԻՆ, ՈՐ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿՐՕՆԱԿԱՆ, ՆԱՀԱՆԳԱՅԻՆ ԵՒ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ԱՒԱԳԱՆԻԻՆ ԽՆԴՐԱՆՔ- ՊԱՀԱՆՋՆ ԷՐ: Հայաստանի անկախութեան Ամերիկայի յանձնախումբին աշխատանքով Նախագահ Վուտրօ Ուիլսընին ուղղուած այս խնդրագիրը ստորագրած են Ամերիկեան եկեղեցւոյ 85 եպիսկոպոսները,...

Page 161 of 807 1 … 160 161 162 … 807

Արխիւներ