Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Թէ Ինչո՛ւ Այսօր Անզօր Ենք Նոր Աւարայրներ Դիմակայելու(Վարդանանց, 1573-Ամեակ)

Փետրուար 8, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Վերեւ յիշուած հարցադրումին համապարփակ պատասխանը հաւանաբար կրնայ ըլլալ այն, որ մենք ազգովին կորսնցուցած ենք հաւաքաբար դիմակայելու մեր երբեմնի կարողականութիւնը, աւելի՛ն, գիտակցութիւնն ու պատրաստակամութիւնը:

Այլապէս ալ այս տողերը չեն միտիր ստորագնահատելու, նուաստացնելու մենք մեզ,  որքան` յայտնելու ճշմարտութիւն մը անսեթեւեթ, որ կը վերաբերի հայութեան, ազգային մեր պարունակին եւ առօրեայ կեանքի մէջ արձանագրուած բազմատեսակ «խեղճութիւն»-ներու, որոնց ականատես վկաներն ենք ազգովին:

Փաստօրէն 451-ի Աւարայրի պատերազմը պարտադրուած էր եւ ունէր յստակ ու մեկին պատճառ: Պարսիկ արքայ Յազկերտ Բ.-ի աշխարհաքաղաքական երազներն ու նկրտումները բացայայտ էին. ճնշում բանեցնել հայութեան վրայ, ընդունիլ տալ զրադաշտական կրօնը եւ հայութիւնը պարպել իր ինքնութենէն, հաւատքէն:

Ձեւով մը այս պատերազմը ճակատակագրուած էր ընդդէմ հայութեան, օրուան քաղաքական, զինուորական ու կրօնական խաւին, որպէսզի կարենան ապացուցել իրենք զիրենք, վերցնել թշնամիին նետած ձեռնոցը, տէր կանգնիլ ազգային-բարոյական արժէքներու ու ատով ներկայանալ ապագայ սերունդներուն:

Ճիշդ է, որ հայութիւնը 301-ին ընդունած էր քրիստոնէութիւնը իբրեւ պետական կրօն ու դար մը ետք (406թ.) ստեղծած` իր սեփական այբուբենը, այդուհանդերձ, թշնամի պետութիւններ` Պարսկաստան ու Բիւզանդիոն,  բաժնած էին Հայաստանը (387թ.) երկու մասի: Արշակունեաց թագաւորութիւնը դեռ կը փորձէր պահել ու պահպանել ազգային դիմագիծն ու պետականութիւնը:

Հայոց ազգային ու պետական կեանքը տակաւ կը վատթարանար մէկ կողմէ Բիւզանդական կայսրութեան ուղղակի ճնշումներու եւ միւս կողմէ` Պարսկաստանի քաղաքական ու կրօնական սադրանքներուն պատճառով:

Հայոց աւագանին Տիզպոն հրաւիրելու յազկերտեան միտումները յստակ էին. բարոյալքել ու զիջումներու տանիլ զիրենք: Թէեւ հայ աւագանին առերես ընդունած էր կրօնափոխ ըլլալ, սակայն հայրենիք վերադարձով` անոնք վճռած էին դէմ դնել թշնամիին եւ պատրաստուիլ պատերազմի: Արտաշատի ժողովին հայ ազգի հոգեւոր ու քաղաքական դասը քննած էր կացութիւնը եւ որոշած` դիմակայութիւնը:

Պարսիկ մոգերու (700) Հայաստան մուտքը ազդանշան էր անոնց թշնամանքին: Անոնք կը միտէին զրադաշտական քարոզչութիւն կատարել եւ քանդել եկեղեցիները:

Հայութիւնը կը ստեղծէր վիճակ մը, երբ Անգղ գիւղի մէջ կը զգետնէր մոգերը եւ իր կարգին ազդանշանը կու տար մօտալուտ ճակատումին:

Պարսկական զօրքը Մուշկան Նիւսալաւուրտ զօրավարի գլխաւորութեամբ մուտք կը գործէ Հայաստան: Վասպուրական աշխարհի Հեր եւ Զարեւանդ գաւառի մօտ, Տղմուտ գետի ափին, Աւարայրի դաշտին վրայ, 451-ին Վարդան Մամիկոնեան հայոց զօրքին գլուխ անցած` կը պատերազմի գերհզօր պարսիկ բանակին դէմ:

Ճակատամարտի նախօրէին Յովսէփ Հողոցմեցի կաթողիկոսին, Ղեւոնդ Վանանդեցի ու հրամանատար Վարդանի ճառերը ոգեշնչող էին եւ տիրական: Ամէն գնով նետուիլ պայքարի դաշտ` յանուն ազգային արժանապատուութեան եւ վասն կրօնի պաշտպանութեան:

Հայ զինուորները առաջին ժամերուն կ՛արձանագրեն մեծ յաջողութիւն, սակայն տակաւ անոնք տեղի կու տան, երբ պարսիկ բանակը հայոց դէմ կը հանէ յաւելեալ ուժերով զինուած բանակային ստորաբաժանումներ: Հայոց հրամանատարի եւ 1035 զինուորներու նահատակութեամբ վերջ կը գտնէ ճակատամարտը:

Այսպէս ըսած, հայոց բարոյական յաղթանակով վերջ չէր գտներ Աւարայրը: Սակայն երեսուն տարի ետք, 484-ին, կը կնքուէր Նուարսակի դաշնագիրը` շնորհիւ Վահանեանց փարթիզանական կռիւներուն: Հայու բազուկը կը պարտադրէր ինքզինք:

Եթէ երբեք օրին յազկերտեան աշխարհաքաղաքական քարտէսագրումը յստակ էր, այսօր հայոց պետական կեանքի ու առհասարակ հայութեան առօրեային մէջ կը վխտան ու առկայ են այնպիսի թշնամական ու բնաջինջ ընող քարտէսագրումներ, որ մարդ կրնայ շշմիլ ու պահ մը հիասթափիլ` ի տես անոնց հետապնդած վախազդու նկրտումներուն:

Եւ հոս է էական հարցադրումը, թէ որքանո՞վ պատրաստ է հայութիւնը` դէմ դնելու նման ահաւոր բնաջնջումի ծրագիրներուն, երբ հայոց պետականութիւնը կը դիմագրաւէ ահռելի դժուարութիւն, հայոց բանակը Արցախի կորուստէն ետք կը փորձէ ոտքի կանգնիլ, պառակտուած է հայութիւնը, հզօր ազգ եւ ուժեղ հայրենիք մը ունենալու երազը լոկ կարգախօս կը մնայ, ազգային մակարդակի անտարբերութիւնը սոսկալի վիճակ կը պարզէ, օտարամուտ եւ խենեշ կազմակերպութիւններ յաջողած են այլանդակ դարձնել հայ երիտասարդութիւնը, իսկ ամէնէն վտանգաւորը` թուրքն ու ազերին կ՛աշխատին ծունկի բերել հայութիւնը, միանգամընդմիշտ հարուածել մեզ եւ իրագործել իրենց դարաւոր երազը` հայ ինքնութեան ու Հայաստանի վերացումը:

Աւարայրը նաեւ կամքի, որոշումի եւ դիմակայութեան պատգամ է:

 

 

Նախորդը

Քաջն Վարդանի Սպասումով

Յաջորդը

Եղիշէ Վարդապետ Եւ Անոր «Վասն Վարդանայ Եւ Հայոց Պատերազմին» Երկին Յաւերժական Պատգամը

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?