Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արդեօք Կը Տեսնե՞նք – 3 – Ուշ Հասկցողներ…

February 7, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Եթէ պահիկ մը մոռնանք, լուսանցքի վրայ ձգենք թուրք-ազերիական բարեկամական-թշնամական տրամադրութիւններու մասին ՔՊ-ապետին եւ «ուսապարկերուն» ամէն օր, ամէն ժամ իրենք զիրենք հակասող, զիրար ժխտող յայտարարութիւնները, կեցուածքներն ու կեդրոնանանք վերջին օրերու փուլին վրայ, կը տեսնենք, որ մարդուկները սկսած են աւելի յաճախ խօսիլ Պաքուի (եւ Թուրքիոյ) ոչ խաղաղասիրական տրամադրութիւններուն մասին, նոր յանկերգ մը մտած է քաղաքական բեմ (առաւելաբար` ներքին սպառումի համար), թէ` Ազրպէյճան խաղաղութիւն չ՛ուզեր, կը խոչընդոտէ խաղաղութեան ճիգերը, մեր խաղաղասիրութեան եւ անկէ բխող առաջարկներուն կը պատասխանէ ռազմատենչ եւ վտանգալից յայտարարութիւններով, գործերով:

Անկախ թուրք-ազերիական զինավարժութիւններէն ու Պաքուի զէնքի մթերանոցները ուռճացնելէն` արձանագրուեցաւ ո՛չ արհամարհելի խորհրդանշական բան մըն ալ: Ալիեւ Էրտողանէն նուէր ստացաւ… կացին մը` յիշեցնելով ու պանծացնելով սաֆարովեան «հերոսութիւնը» (խօսք կայ, որ Արցախի ամբողջութեան բռնագրաւումէն առաջ Բերձորի անցքը մօտաւորապէս տարի մը փակ պահած «կենսոլորտի պաշտպաններ»-ը նոր գործի մը կոչուած են. սկսած են բազմացնել գայլերու գորշագոյն սերունդ մը…):

Հակառակ այս իրազեկութեան խաղին` «Մենք խաղաղութեան հաւատարիմ ենք»-ը կը մնայ ծամոց: Իսկ թէ ո՛ւր պէտք է փնտռել ապուշ մը, որ խաղաղութիւն չի ցանկար, բոլորովին այլ հարց է:

Ընդդիմադիր ճակատէն եւ մասնագիտական իրազեկ շրջանակներէ տարիներէ ի վեր հնչած են ու կը հնչեն Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ թշնամական տրամադրութեանց մասին ահազանգեր, իրարու կը յաջորդեն ՓԱՍՏԵՐ, սակայն իշխանաւորները մի՛շտ ալ արհամարհած են դաժան իրականութիւնները եւ իրենց չնաշխարհիկ երազներու աշխարհին մէջ կը փորձեն պահել բարեմիտ զանգուածը: Հիմա, երբ իրենք ալ որոշ չափով սկսած են ձայնակցիլ վերահաս վտանգին մասին ահազանգողներուն (կարծեմ` քիչ մը շատ լաւատես եմ. մարդիկը չեն ահազանգեր, այլ պարզապէս աւելի յաճախ կը կրկնեն իրական մտահոգութիւնը), ստեղծուած է պատկեր մը, որ կը յիշեցնէ բաւական հին անեկդոտ մը:

Մարդ մը կենդանաբանական պարտէզ կ՛երթայ ժամանցի համար: Կը տեսնէ, որ կենդանիները գահ-գահ կը խնդան, մէկ քանին` գետինը տապլտկելու աստիճան: Կը նկատէ, որ էշը միակն է, որ հանդարտ կանգնած է անժպիտ: Կը հարցնէ, թէ ի՞նչ պատահած է: Անասնապահ մը կը բացատրէ, որ փիղը զուարճալիք մը պատմած է:

Քանի մը օր ետք մարդը դարձեալ կենդանաբանական պարտէզ կ՛երթայ եւ կը տեսնէ, որ բոլորը հանդարտ նստած են կամ իրարու հետ կը զրուցեն, միայն էշն է, որ խնդալէն կը ճաթի, գետինները կը տապլտկի: Մարդը անասնապահին կը հարցնէ, թէ էշը ինչո՞ւ այդքան ուրախ է առանձինն: Բացատրութիւն. «Կը յիշե՞ս, քանի մը օր առաջ փիղը ճոք մը պատմած էր, ու բոլորը կը խնդային: Էշը այսօր հասկցաւ այդ ճոքը»…

***

«Առակս ի՞նչ ցուցանէ», պիտի հարցնէր մանկութեանս օրերու մէկ ուսուցիչս: Այն, որ ՔՊ-ականները նոր սկսած են հասկնալ այն, ինչ որ բանիմաց մարդիկ տարիներէ ի վեր կը կրկնեն ու կը կրկնեն, կը զգուշացնեն Ազրպէյճանի հետ խաղաղութեան սին երազներով տարուելէ, կ՛ահազանգեն, թէ համաթուրանական ծրագիրը կը մնայ ի զօրու, թէ` Երեւանի վարիչները մասնակից կը դառնան անոր իրականացման, սակայն իշխանականները կը յամառին իրենց «քայլ»-երթին մէջ` «թռի էլ` էծ է» տրամաբանութեամբ:

Յիշեալ անեկդոտը պատմելով` նպատակ չունինք վարկաբեկելու ոեւէ մէկը, մանաւանդ… էշը, որուն մասին կայ աղուոր խօսք մը, թէ` նոյն փոսը երկու անգամ չ՛իյնար: Իսկ երբ այս վարչախումբը, իր պետին առաջնորդութեամբ, սովորութիւն դարձուցած է իյնալ նոյն փոսը` ինքզինք խաբելով, որ փոսը նոյնը չէ, մի՛շտ աւելի խորն է, հետեւութիւնը կը վստահիմ ընթերցողիս:

Բուն վտանգը հո՛ն է, որ իրենց «իյնալները» միայն իրենցմով չեն սահմանափակուած, այլ իրենց հետ անյատակ անդունդն ի վար կը տանին հայրենիքն ու ամբողջ ազգը: Ո՞վ է վտանգին ահագնութիւնը տեսնողը, իսկ տեսնողները ո՞ր օրուան կը սպասեն:

Ահա թէ ինչո՛ւ ամէն ժամ կ՛ահագնանայ իշխանափոխութեան պահանջը, որ դարձած է անյետաձգելի հրամայական: Այս «ուշ խնդացողներուն» հեռացումը պիտի չնշանակէ, որ յաջորդ օրն իսկ փրկութեան նաւը բարձրացած պիտի ըլլանք, այլ անիկա պիտի ըլլայ փրկութեան նաւուն կառուցման առաջին գործնական արարքը: Անկէ անդին, կայ նո՛յնքան երկար ճամբորդութիւն` հետզհետէ աւելի՛ փոթորկող ծովերու վրայ:

27-29 յունուար 2024

Նախորդը

Օրհներգի Մէջ «Թշնամի» Բառը Կայ, Եղեր…

Յաջորդը

Ողիմպիականի Ախոյեան Պրազիլ 1-0 Արդիւնքով Պարտուեցաւ

RelatedPosts

Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Խաւարի Մէջ Լոյս. Սուրբծննդեան Տօնը Արցախի Հայաթափման Եւ Քրիստոնեայ Աշխարհի Անտարբերութեան Դիմաց

January 9, 2026
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գոմին Մէջ Ծնած Մանուկը (Ծնունդ)

January 6, 2026
Խաւարէն Դէպի Լոյս
Անդրադարձ

Խաւարէն Դէպի Լոյս

January 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.