Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2024-ի Առաջին Թիւը

Փետրուար 6, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հրապարակուեցաւ «Դրօշակ»-ի 2024-ի առաջին թիւը: Առաջնորդողին մէջ անդրադարձ կը կատարուի Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններու գրեթէ վեցամեայ ձախողած քաղաքականութեան, այս անգամ` ներազգային դաշտին մէջ:

Հեղինակներ Լուսինէ Մխիթարեան եւ Մանուէլ Մկրտչեան լուսարձակի տակ կ՛առնեն ձախողութիւններուն պատճառները` քննելով զանոնք ներհասարակական հոգեվիճակի, տրամադրութիւններու, ինչպէս նաեւ ազգային յօրինուածին մէջ բոյն դրած յոռի արատներուն առնչելով:

Պատմաբան Անի Մելքոնեանի յօդուածը նուիրուած է հայոց բանակի տարեդարձին: Պատմաբանի հայեացքով ան կ՛անդրադառնայ ներկայ հանրապետութեան հիմնադրութեան հետ ծնունդ առած եւ պատերազմներու դաշտերուն մէջ կոփուած հայոց բանակին անցած փառաւոր ուղիին, ինչպէս նաեւ կը ներկայացնէ օրուան իշխանութիւններուն հակազգային եւ հակաբանակ քաղաքականութեան  պատճառով բանակի կարեւորութեան ստորադասման, անոր արժեզրկման եւ` իբրեւ հետեւանք, թշնամիին յաղթանակներն ու պետութիւնը ինքնիրեն պաշտպանելու ունակութենէն զրկելու ողբերգական պատմութեան:

Ամերիկեան ուսումնասիրութիւններու հայկական կեդրոնը ներկայացուցած է 2023-ի ընթացքին ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու միջնորդական նախաձեռնութիւնները` հայ եւ ազրպէյճանական կողմերուն միջեւ: Ուսումնասիրութիւններու կեդրոնին եզրակացութիւնը այն է, որ ամերիկեան վարչակազմը աննախադէպ աշխուժութեամբ նախորդ տարի դերակատարութիւն ունեցած է հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու ոլորտին մէջ, ինչպէս նաեւ առանձնաբար` հայ պաշտօնեաներուն հետ կապ հաստատելով, ինչ որ կրնայ նախանշան ըլլալ Անդրկովկասի մէջ ամերիկեան քաղաքականութեան աշխուժացման սկիզբի:

«Դրօշակ»-ի այս առաջին թիւին մէջ ընթերցողին կը հրամցուին քաղաքական եւ ոչ քաղաքական այլ յօդուածներ:

Թիւը կարելի է ընթերցել հետեւեալ հասցէով https://www.arfd.am/wp-content/uploads/2024/01/%D4%B4%D6%80%D6%85%D5%B7%D5%A1%D5%AF-%D5%A9%D5%AB%D5%BE-1-2024%D5%A9..pdf

Նախորդը

Արդեօք Կը Տեսնե՞նք – 2. Էշը Կորսնցնողին Սպառնալիքի Պատմութիւնը

Յաջորդը

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Կը Յաջողուի՞ Սատանայական Շրջանից Դուրս Բերել Երկիրը

RelatedPosts

ՀԲԸՄ-ը Զսպուածութեան եւ Միասնականութեան Կոչ Կ’ուղղէ Հայաստանին
Անդրադարձ

ՀԲԸՄ-ը Զսպուածութեան եւ Միասնականութեան Կոչ Կ’ուղղէ Հայաստանին

Հոկտեմբեր 22, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրողութիւնները Քողարկելու Արուեստը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

ՀՕՄ-ը` 115 Տարեկան

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?