Նշմար. Նոյն Ստորագրութիւնը
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Քանի մը դրուագ` աշխարհի տարբեր շրջաններէն, որոնց տակ կերեւին նոյն ստորագրութիւնը, նոյն հրէշին ականջները: Ա.- Ամերիկեան համալսարաններու մէջ իսրայէլեան իշխանութիւններուն կողմէ պաղեստինցիներու սպանդը, ցեղասպանութի՛ւնը դատապարտող, ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ պահանջող ուսանողներ ոստիկանական բիրտ ուժի դիմաց տեղի տուին եւ դուրս քշուեցան ցոյցի վայրերէն, բայց չպարտուեցան: Ցոյցերը սկսած էին խաղաղ, շարունակուեցան խաղաղ, մինչեւ որ... հակացոյցի անուան տակ իսրայէլեան դրօշակ պարզած խռովարարներ պատճառ դարձան...



















