Խաչիկ Թէօլէօլեան Եւ Սփիւռքագիտութիւնը (Զ.)
ԳԱՌՆԻԿ ԱՒ. Ք. Գ. Զ.- Ազգ-Պետութիւններ Ի.- Ի՞նչ են ազգն ու պետութիւնը: Նախ` ազգը: «Արմատական բառարան»-ը «ճիւղ» կ՛ըսէ: Ուրեմն իր ծագման մէջ բառը փոխաբերութիւն մըն է: Ազգերը մարդկային ծառին ճիւղեր են: «Նոր բառգիրք Հայկազեան լեզուի»-ն ալ կ՛ըսէ. սեռ, տեսակ, սերունդ, զարմ, տոհմ, ցեղ, ազն, ժողովուրդ, նոյնիսկ` ամբոխ եւ այլն: Հոմանիշները կը պատմեն բառին շփոթիլը: Նախքան Թէօլէօլեանի սահմանումին հասնիլս` փափաքեցայ այստեղ...




















